Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն «Մելգոնեանցի ըլլալը չի բացատրուիր՝ այլ կ՚ապրուի»

Մելգոնեանի Մարզական Կեանքը

 

Վարդգէս Գուրուեան

 

 

Արտադպրոցական Մրցումներ

 

Որպէս երկրորդական վարժարան, բնականաբար Մելգոնեանը մարզական զանազան մակարդակներու եւ մարզաձեւերու մրցումներ պիտի ունենար ուրիշ վարժարաններու դէմ։

Ամենասպասուածը ՝  Մելգոնեան – Ինկլիշ Սքուլ – Ամերիքըն Աքատէմիի մրցումներն էին։ Այս երեք վարժարաններու միջեւ տեղի ունեցած աթլէթի մրցումները շատ կարեւոր էին մեզի համար։ Մրցումները տեղի կ՚ունենային Ինկլիշ Սքուլի արդիական լաւագոյն յարմարութիւններով օժտուած մարզադաշտին վրայ։ 1960-ական թուականներուն, այդ մարզադաշտը հաւանաբար Կիպրոսի լաւագոյն մարզադաշտն էր։ Մեզի համար մրցումներուն յաղթելը կարեւոր էր ոչ միայն որպէս մարզիկներ, այլ՝ որպէս Մելգոնեանցի եւ հա՛յ։ Ինկլիշ Սքուլի եւ Ամերիքըն Աքատէմիի մարզիչներն ու մարզիկները ամէն հաշիւ կ՚ընէին միասնաբար Մելգոնեանին յաղթելու։ Այս՝ մենք գիտէինք, եւ հետեւաբար կը փորձէինք լաւագոյնս պատրաստուիլ այդ մրցումներուն։ Մասնակցող մարզիկները ամիս մը առաջ կը սկսէին օրական «յաւելեալ սնունդ» ստանալ – հաւկիթ, հալլում պանիր (ըստ Պրն. Աբգարեանին, «լում-լում-լում՝ հալլում»), տուփի կաթ, պտուղ, մսեղէն եւայլն։ Ամէն օր, առաւօտեան ժամը 5։00-էն 7։00 եւ կ.ե. ժամը 3։30 – 5։30 դաշտն էին անոնք լուրջ փորձերու համար։ Հոն էր նաեւ մարզիչ Տիգրան Միսիրեանը «Վարպետ Տիգ»ը ։ Այս փորձերուն ներկայ կ՚ըլլային նաեւ այն տղաքը, որոնք «յոյս» ունէին ապագային մասնակցելու այս մրցումներուն։ Պատիւ էր տղոց համար մաս կազմել աթլէթի այս խումբին։ Մելգոնեանի եւ հայերուս համար պատիւի հարց էր յաղթելը։

Մելգոնեանի աշակերտութեան թիւը այդ օրերուն (1960-ական թուականներուն) կը տարուբերուէր 220 – 240 աշակերտներու միջեւ։ Եթէ 100 – 110 ուսանողուհիներ կային, ուրեմն 120-ի շուրջ մանչ աշակերտ ունէինք որոնցմէ 75-80 աշակերտները փոքրերն էին։ Որեմն 40 աշակերտներուն մէջէն պէտք էր պատրաստուէին մարզիկներ, որոնք կարենային Ինկլիշ Սքուլի մօտ 1000 եւ Ամէրիքըն Աքատէմիի շուրջ 600 աշակերտներուն դէմ մրցիլ։ «Մենք քիչ էինք, բայց մեզ հայ (եւ Մելգոնեանցի՛) էին ասում»… Ուրեմն հայութեան պատիւը շալկած, «հասարակ մահկանացու» աշակերտներս քալելով իսկ մարզիկներն ալ պասով կը կտրէինք մօտ 5 մղոն հեռաւորութիւնը մինչեւ Ինկլիշ Սքուլ եւ անձկութեամբ կը սպասէինք զէնքի առաջին կրակոցին։

Քանի որ մրցումները տեղի կ՚ունենային Ինկլիշ Սքուլի դաշտին վրայ, ուրեմն իրաւարարներուն ալ մեծ մասը «իրենցմէ» կ՚ըլլար։ Բնականաբար տեղի կ՚ունենային «սխալ դատումներ» ի նպաստ մեր մրցակիցներուն, բայց ուժերու համեմատութեամբ եւ մեր «տուխին» (ոգիին) շնորհիւ քանի մը կէտով կամ կը յաղթէինք կամ ալ, ինչպէս տարի մը պատահեցաւ մեր մէկ մարզիկին շփացածութեան պատճառաւ (երեք քայլ հեռացատկին), մէկ կէտով կորսնցուցինք Յաղթանակի Բաժակը։ Դպրոց վերադարձին այդ շփացածին պիտի «սատկեցնէին» տղաքը, բայց ՝  «պրծաւ»։ Շաբաթներով այդ շփացածին հետ տղաքը չխօսեցան։

Տարի մը, Մելգոնեանի նախկին ուսուցիչներէն մին Ինկլիշ Սքուլի մէջ սկսած էր դասաւանդել, եւ աթլէթի մրցումներուն ալ իրաւարար կարգուած էր։ Նշան Չէչէնեանը 110 մեթր արգելարշաւին առաջին ելաւ, բայց Ինկլիշ Սքուլի մարզիկն ալ շատ մօտ էր, հազիւ քանի մը սանթիմ ետ։ Այս ուսուցիչն ալ իրաւարար էր այդ մրցումին։ Հակառակ որ անգլիացի եւ յոյն իրաւարարները արդադօրէն Նշանին տուին առաջնութիւնը, այս  «հայ» իրաւարարը, պնդե՛ց որ Ինկլիշ Սքուլի մարզիկը շահեցաւ, որպէսզի իր տէրերուն հաճելի երեւնար։ Կրնա՞ք երեւակայել իր գլխուն թափուած հայհոյանքներն ու «սրիկայ դաւաճան»ները։

Բացի աթլէթի եռանկիւն մրցումներէն, տեղի կ՚ունենային նաեւ Մելգոնեանի եւ Ինկլիշ Սքուլի միջեւ ֆութպոլի (փոքրերն ու մեծերը) պասքէթպոլի եւ վոլիպոլի մրցումներ։ Ըսեմ, որ մենք միայն մէկ մարզիչ ունէինք, «Վարպետ Տիգ»ը (Տիգրան Միսիրեան), իսկ Ինկլիշ Սքուլը, Ընդհանուր Մարզիչէն զատ (Պրն. Մավրոսը), ունէր նաեւ ֆութպոլի, պասքէթի եւ վոլէի մարզիչներ, փոքրերու եւ մեծերու համար զատ-զատ, ինչպէս նաեւ մասնաւոր մասնագէտ մարզիչներ, աթլէթիզմի մարզումներուն համար։

Առաւօտուն տեղի կ՚ունենային պասքէթի, վոլիի եւ փոքրերու ֆութպոլի մրցումները, իսկ կէսօրէ ետք ՝ մեծերու ֆութպոլի մրցումը։ Հակառակ Ինկլիշ Սքուլի դաշտավայրերուն վայելած առաւելութիւններուն եւ մարզիչներու առատութեան, Մելգոնեանցիներս միշտ ալ պատիւով դուրս եկած ենք այս մրցումներէն։ Տարիներու վրայ եթէ գումարենք յաղթանակներն ու պարտութիւնները, շատ աւելի յաճախ յաղթած ենք ՝ քան պարտուած։

Դասընկերներէս Նիկողոս Մարոնեանը «ահաւոր» մարզիկ էր։ Գրեթէ ամէն առտու,   ժամը 5։30-ին դաշտ կ՚իջնէր վազելու, եւ շուրջ ժամ մը վազելէն ետք կու գար լուացուելու։ Նոյնպէս, կ.ե. ժամը 4։00-5։00 դաշտն էր ան զանազան մարզաձեւերու փորձերուն մասնակցելու։ Աթլէթիզմի մրցումներուն ան 400, 800, 1500, 1650 մեթր, մէկ քայլ եւ երեք քայլ ցատկումներուն ախոյեանն էր։ Նաեւ, վոլիի, պասքէթի եւ ֆութպոլի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը։ Ինկլիշ Սքուլի աթլէթի մրցումներուն առաւելագոյն ոսկի մետալ շահողը ինք կ՚ըլլար (իրաւունք ունէր միայն երեք անհատական մարզաձեւերու մասնակցիլ, եւ ուրեմն «միայն» երեք ոսկի մետալ կը շահէր… առաւել դրօշարշաւները), իսկ միւս մրցումներուն, պասքէթի եւ վոլիի մրցումներէն ետք անմիջապէս կը վազէր ֆութպոլի դաշտ ՝ փոքրերու խումբէն ֆութպոլ խաղալու, իսկ կէսօրէ ետքն ալ ՝ մեծերու խումբէն խաղալու։ «Յոգնիլ» բայը իրեն համար գոյութիւն չունէր։ Երբեմն, Մելգոնեանի ներքին մրցումներուն, մասնաւոր առիթ կու տար փոքր տղոց որ իրենք առաջնութիւնը շահին, մետալ ստանան եւ քաջալերուին։  Հակառակ իր շատ փայլուն մարզիկ ըլլալուն, շատ համեստ եւ բարի տղայ մըն էր ան (Աստուած հոգին լուսաւորէ)։

Պօղոս Եալընըզեան անունով շատ լաւ պասքէթ խաղացող տղայ մըն ալ ունէինք, որ սքանչելի դերասան եւ կատակասէր ալ էր։ Արտադպրոցական խաղերուն, անպայման քանի մը անգամ մեր կիսադաշտը պաշտպանած ժամանակ, երբ մրցակից խաղացող մը իրեն դպնար, յանկարծ ոտքը բռնած գետին կ՚իյնար եւ «սարսափելի ցաւ»երու մէջ կը տապլտկէր որպէսզի դիմացինները «փանիէ» չառնէին։ Ներքին, միջ-դասարանային խաղերուն չէր քալեր անիկա, որովհետեւ գիտէինք իր խաղերը…

Առտու մը, Պրն. Ստեփան Պաղչէճեանը, Մելգոնեանի մառանապետը (որ «Պրն. Գործ» ածականը ունէր), գրասենեակս եկաւ եւ «եկուր նայէ դպրոցին փիք-ափը ի՞նչ ըրած են տղաքը» ըսաւ։ Գիշերը քանի մը տղաք այդ փիք-ափը առած եւ քշած էին եւ պզտիկ արկած մըն ալ ունեցած, որուն պատճառով լոյսերէն մին ջարդուած էր։ Երբ տղոց հարցուցի որ ո՞վ ըրած է, անշուշտ մարդ լուր չունէր… Որպէս հերթապահ ըսի, որ եթէ չխոստովանին, բոլորն ալ պիտի պատժուին։ Քանի մը վայրկեան ետք Պօղոսը եկաւ եւ ըսաւ որ ինքն է «չարաճճի տղան» եւ թէ պատրաստ է վնասը հատուցանելու։ «Պրն. Գործ»ին հետ որոշեցինք որ հարցը ծածկենք Տնօրէնէն, որպէսզի Պօղոսը շատ խիստ պատիժի չենթարկուի։ Ան կրնար մինչեւ անգամ վտարուէր Մելգոնեանէն (Պրն. Պաղչէճեանին մասին աւելի ուշ պիտի գրեմ)։

1975-ին էր կարծեմ, անգամ մը պասքէթի մրցումի գացինք Ամերիկեան Հիւպատոսարանին դէմ  մրցելու իրենց մարզադաշտին վրայ։ Այն տարիներուն, վստահաբար Կիպրոսի լաւագոյն գոց մարզադաշտն էր ան։ Նոյնիսկ Ինկլիշ Սքուլը նման մարզադաշտ չունէր։

Մենք յաղթեցինք։ Ամերիկացիները շատ լաւ հիւրասիրեցին մեզ, եւ առաջարկեցին որ ամիս մը ետք կրկին միասին խաղայինք։ Քանի որ յաղթած էինք, Վարպետ Տիգը ընդունեց հրաւէրը։

Եկաւ օրը։ Երբ դաշտ մտանք, մեր ամենաբարձր խաղացողը անոնց ամենակարճ խաղացողէն ալ կարճ էր… Մենք ազնուօրէն արտօնեցինք որ Ամերիկացիները փառաւոր յաղթանակ մը տանին մեր վրայ … Իմացանք որ Յունաստանէն եւ Գերմանիայէն (բանակատեղիներէն) խաղացողներ բերած են Ամերիկայի պատիւը փրկելու։

 

(Շարունակելի)

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ