Հայրենական Տպաւորութիւններ
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Հայրենիքի ամբողջ տարածքին, դպրոցական նոր տարեշրջանը աւետող Առաջին Զանգի արարողութեան պահն է:
Սեպտեմբեր 1, 2016: Օրը՝ Հինգշաբթի առաւօտ:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերութեան հովանաւորութիւնը վայելող Երեւանի « Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոց եւ համայնքային կենտրոն» նորակառոյց ու շքեղ համալիրէն ներս կը տիրէ համընդհանուր ցնծալից պահ մը՝ բառին հոգեկան եւ իմացական զոյգ առումներով: Արդարեւ, աւելի քան 500 երկսեռ աշակերտութիւն, իրենց տնօրէնութեամբ եւ ուսուցչական կազմով, առաւել՝ պաշտօնական հիւրեր եւ հրաւիրեալներ կ՚ապրէին դպրոցական վերամուտի օրուան ուրախառիթ խորհուրդը:
Առաջին այցելութիւն մը նորակառոյց այս համալիրին, կը թողու անջնջելի տպաւորութիւն մը՝ լի հիացումի եւ գնահատանքի բարձր տպաւորութեամբ:
Դպրոցաշէնքը՝ իր արդիական մասնաբաժիններով ու յարմարութիւններով, կը համապատասխանէ շինարարական արուեստի ամէն կարգի առաջնակարգ պայմաններուն: Վայրը,- որ ընտրուած է բարերար ընտանիքի բաղձանքով,- կը գտնուի մայրաքաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանէն ներս, յատկապէս համեստ կենսամակարդակի ընտանիքներէն եկող աշակերտներուն անվճար ուսում ջամբելու յանձնառութեամբ: Երեւոյթ մըն է այս՝ մեծապէս գնահատելի եւ ազգօգուտ, մանաւանդ՝ երբ նկատի ունենանք հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին վիճակուած տնտեսական ներկայ անձուկ պայմանները։
Դպրոցը հիմնուած է 20 Սեպտեմբեր 1999-ին, 99 տարուան անվճար վարձակալումով մը՝ հին դպրոցաշէնքի մը օգտագործումով: Շուրջ 15 տարի, այս համեստ պայմաններէն մեկնելով եւ ընդառաջելով ուսումնատենչ աշակերտներու հոսքին, նոյն քաղաքամասի մօտակայ մէկ վայրին մէջ, 2012-2014ին կը կառուցուի նոր համալիր մը՝ յաւելումովը «Գրիգոր եւ Պէաթրիս Պիլեզիկեան» մասնաշէնքին: Արդարեւ, իբրեւ սփիւռքահայ այցելու, անկարելի է անխառն գոհունակութեամբ ու գնահատանքով չդիտել այս մեծ իրագործումը՝ կատարուած ամերիկահայ բարերար ու նուիրատու անհատներու կողմէ, հովանաւորութեամբ ու վարչական տնօրինութեամբ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան:
Վերոյիշեալ իրագործումը պիտի չարդարացնէր ինքզինք, եթէ ուղիղ համեմատութեամբ մը չունենայինք ուսումնատենչ աշակերտութիւն եւ նոյնքան երախտաշատ՝ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին 15 տարիներու տքնաջան աշխատանքով իրենց վայելած բարոյական հեղինակութիւնը:
Տնօրէնուհին՝ Մելանիա Գեղամեան (Տիկին Մարտոյեան) Մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածու է եւ դափնեկիր Հ.Հ. Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան յուշամետալին՝ իբրեւ լաւագոյն տնօրէնուհի (Հոկտ. 2004թ.): Թէեւ անծանօթներ էինք նախապէս, սակայն Սփիւռք Գիտաուսումնական Կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի հետ իրենց ունեցած համագործակցութիւնը առիթ ընծայեց, որ մեր քայլերը ուղղուին դէպի Խ. եւ Շ. Աւետիսեան դպրոց, եւ իբրեւ սփիւռքահայ գրող մեր խօսքը արտասանենք 2016-2017 դպրոցական տարեշրջանի Առաջին Զանգի առիթով:
Արդարեւ, Դպրոցին բակէն ներս կը տիրէր հոգեկան բերկրանքի երջանիկ ժամ մը: Բացման առիթով արտասանուած խօսքերը գեղարուեստական փոքր հանդիսութեան մը կը վերածէին պահը, մանաւանդ՝ երբ տնօրէնուհին շեշտեց կարեւորութիւնը հայրենի ներկայ իրականութեան, անկախ Հայաստանի 25-ամեայ մաքառումներուն ու նուաճումներուն, ու նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան վսեմ գործին: Ապա՝ տուաւ ազդանշանը Առաջին Զանգին: Օրուան խորհուրդին շուրջ, աշակերտութեան իր ողջոյնի խօսքը արտասանելու հրաւիրուեցաւ տողերս գրողը, որ կեդրոնացաւ հետեւեալ կէտերուն վրայ.-
ա.- Անկախութեան 25-ամեակի կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ, իբրեւ հայրենաբնակ եւ սփիւռքահայ.
բ.-Սփիւռքահայ բարերարներու անսահման սէրն ու գուրգուրանքը,- այս պարագային՝ ամերիկահայ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան ընտանիքի անդամներուն, եւ յարակից միւս բարերարներու, նուիրատուներու եւ Հոգաբարձու մարմիններու, որոնց շնորհիւ ամէն տարի բազմահարիւր աշակերտներ կ՚ուսանին այս վարժարանէն ներս:
գ.- Կառչիլ հայրենի հողին սրբութեան: Տասնեակ տարիներ ետք, ապագայի այս սերունդն է, որ տէր պիտի կանգնի Հայաստան աշխարհին: Ձեր ստացած ուսումը, ապա՝ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները ուր պիտի շարունակէք ձեր համալսարանական կրթութիւնը, մեր երկիրը պիտի վերածեն այնպիսի հայրենիքի մը, որուն պիտի ուղղուին աչքերն ու քայլերը Սփիւռքի մեր տարագիր զաւակներուն: Շնորհաւոր վերամուտ եւ յաջող տարի մը բոլորիդ:
***
Պաշտօնական բացման հանդիսութենէն ետք, աշակերտներ ուրախ մթնոլորտի մէջ խումբ առ խումբ ուղղուեցան դէպի իրենց դասարանները, ի բաց առեալ երէց կարգերու սան-սանուհիներէն, որոնց համար նախատեսուած էր յատուկ ծրագիր մը,- մտորումներ օրուան խորհուրդին շուրջ,- իբրեւ շարունակութիւն բացօթեայ շրջափակէն ներս տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեան:
Յարգարժան տնօրէնուհին, հանգամանօրէն կարեւորեց սփիւռքահայութեան կատարած նիւթաբարոյական ներդրումները հայրենի իրականութեան մէջ, մանաւանդ այս վարժարանի պարագային՝ երբ ամերիկահայ բարերարներու եւ հովանաւորներու ամբողջանուէր աջակցութեան շնորհիւ ծնունդ առած է եւ կանգուն կը մնայ կրթական այս հաստատութիւնը: Ապա՝ ներկայացուց կրկին օրուան հիւր- բանախօսը, որ իր խօսքը ուղղէ երէց աշակերտներուն՝ որոնք յառաջիկայ տարիներուն մաս պիտի կազմէին Հայաստանի Հանրապետութեան բազմահազար համալսարանական ուսանողութեան մեծ բանակին:
Այնտեղ արտասանուած բանաւոր խօսքս, կ՚ուզեմ ամփոփել հետեւեալ տողերուն մէջ.-
«Նախ կ՚ուզեմ յայտնել շնորհակալ զգացումներս վարժարանիս տնօրէնութեան, որու հրաւէրին ընդառաջելով կը գտնուիմ ձեր ներկայութեան, սփիւռքահայ մարդու սրտի խօսքս ուղղելու երէց դասարաններու աշակերտութեան:
Յարգանք ու սէր ձեր հայրերուն, որոնք տէր կանգնեցան մեր պապենական հողերու այս մէկ-տասներորդ մասունքին, եւ ձեր սերունդը արիաբար պիտի պաշտպանէ սրբութիւնը հայրենի հողին, ինչպէս պատահեցաւ դեռ երէկ՝ Արցախի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին:
Անշուշտ, գիտէք թէ՝ սփիւռքահայութեան թուաքանակը քառապատիկն է Հայաստանի հայ ազգաբնակչութեան: Դժբախտաբար, տխուր է ապագան արտերկրի հայութեան, որ գերմարդկային ճիգերով, հոսանքն ի վեր թիավարելով կը պայքարի յանուն իր ինքնութեան պահպանումին: Այս նպատակով էր, որ ձեր դպրոցին բարերարները՝ ամերիկահայ Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեաններու զաւակները հիմնեցին կրթական այս համալիրը Երեւան մայրաքաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանին մէջ, յանուն իրենց հանգուցեալ ծնողաց անմեռ յիշատակին:
Այսօր, Սեպտեմբեր 1-ին, երբ Հայաստանի ամբողջ տարածքին մեր դպրոցներու դուռները լայնօրէն կը բացուին բազմահարիւր հազարներով ուսումնատենչ աշակերներուն դաստիարակութիւն ջամբելու համար, եկէք, օրուան իբրեւ բնաբան առնենք ու միասնաբար արտասանենք շուրջ երեքհազարամեակ մը առաջ սաղմոսերգու Դաւիթ Մարգարէին հետեւեալ յաւերժախօս պատգամը. «Առաքեա մեզ Տէր զլոյս քո եւ զճշմարտութիւն քո…» ինչու՝ որպէսզի մեզ առաջնոդեն եւ բարձրացնեն դէպի իր սրբազան լեռներն ու յարկերը: ԼՈՅՍ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ: Այս վարժարանը, եւ ասոր նմանօրինակ բոլոր վարժարանները հիմնուած են Լոյսի ու ճշմարտութեան ուսուցման համար: ԼՈՅՍ՝ իր հոգեւոր , իմացական եւ առարկայական եռեակ իմաստներով: ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ՝ դարձեալ իր եռեակ իմաստներով: Ուրեմն, դասարանային ձեր բոլոր գիրքերէն ստացած եւ ստանալիք գիտելիքներուն ՄԱՅՐն է Լոյսն ու Ճշմարտութիւնը եւ դուք ձեր աչքերը պիտի յառէք այս սրբազան պատգամին:
Ձեր սերունդին կը մաղթեմ Գիտութեան Լոյսի անսպառ բարիքներուն ընկալումը վերածել առարկայական լուսաւորութեան: Բացատրեմ միտքս: Գիշերային մութն ու խաւարը մենք կը լուսաւորենք ելեկտրական հոսանքի ստեղծումով եւ անոր օգտագործումով: Աւանդոյթ դարձած ելեկտրականութիւնը ըլլալով մեծածախս, անոր գործածութիւնը կը կատարենք խնայողաբար, որու պատճառով նոյնիսկ՝ մայրաքաղաքէն հեռու գտնուող շրջաններու, վայրերու, գիւղերու բնակիչները մասամբ կը զրկուին անոր բարիքներէն: Մանաւանդ, հեռաւոր մարզերէն դէպի Երեւան հոսող մայրուղիները գիշեր ատեն անհրաժեշտօրէն կարիքն ունին լուսաւորումի: Դուք, իբրեւ աշակերտները այս վարժարանին, քաջատեղեակ էք, որ ամբողջ լուսաւորումը այս համալիրին, արդիւնք է արդի գիտութեան շնորհած բարիքներուն, այսինքն, արեգակնային ելեկտրուժի (solar energy) դրութեան, որ մեծապէս կը նուազեցնէ վարժարանիս պարտադիր ծախսերը: Ուրեմն, սիրելի աշակերտներ, ձեր դպրոցէն սկսելով, կոչ կ՚ուղղեմ Հայաստանի բոլոր դպրոցներու եւ համալսարաններու ուսանողութեան, որպէսզի գիտնան իսկական եւ ամբողջական իմաստն ու բարիքը ԼՈՅՍԻ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ: Արեւաշող երկիր մըն է մեր հայրենիքը: Օգտուինք աստուածային այս պարգեւէն եւ ոչ մէկ հայ զրկուի անոր բարիքէն: Գիտէ՛ք անշուշտ, հայերէն լեզուն որքա՛ն հարուստ է իր բառագանձով: Առնենք «պատուհան» եւ «լուսամուտ» բառերը: Պատ–ու–հանը պատին վրայ բացուածք մըն է, որ ցերեկին բնութեան լոյսով կ՚օժտէ մեր սենեակները: Այս պարագային, մենք զայն կը կոչենք «լուսամուտ»՝ բայց ոչ՝ պատուհան. եւ այդ բառը կը վերապահենք միայն այլապէս օգտագործուող «բացուածք»ներու:
Իմ բաղձանքս է, որ ձեր ՄԻՏՔին ու ՀՈԳԻին լուսամուտները մշտապէս բաց ըլլան ընդունելու համար «Լոյսն ու ճշմարտութիւնը»:
Դուք էք ԱՊԱԳԱՆ Հայաստանի: Երբ «դուք» կ՚ըսեմ, խօսքս կ՚ուղղեմ Հայաստանի ամբողջ երիտասարդութեան: Կեցցէ՛ք դուք:
Իսկ մեր Հայրենիքին կը մաղթենք անամպ ու խաղաղ երկինք, անվտանգ սահմաններ, յաղթական նուաճումներ՝ միշտ ի բարօրութիւն հայրենի ժողովուրդին»:
***
Շնորհակալ զգացումներով ու քաղցր յիշատակներով հրաժեշտ կ՚առնեմ հայրենաշունչ այս կրթական համալիրէն: