Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Չարթըր վարժարաններու այլընտրանքը Ամերիկայի հայկական կրթական հաստատութիւններուն համար

ԴՈԿՏ. ՅՈՎՍԷՓ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

 

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական դպրոցները, ինչպէս սփիւռքի այլ դպրոցներ, կը դիմագրաւեն նիւթական դժուարութիւններ: Չափազանցութիւն չէ ըսել, որ իսկական մարտահրաւէրի կը վերածուի արդէն ոչ թէ կրթական բարձր մակարդակ ապահովելը, այլ դպրոցի նիւթական ինքնաբաւութիւնը: Հայկական վարժարաններու տնօրէններու եւ հոգաբարձութիւններու մեծագոյն մտահոգութիւնը կը մնայ պիւտճէի հաւասարակշռութիւնը: Բոլորին յայտնի է, որ աշակերտներու վճարած կրթաթոշակներով, առաւել՝ տրամադրուած զեղչերով, կարելի չէ հաւասարակշռել սփիւռքահայ որեւէ վարժարանի պիւտճէ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ միջին հաշուով իւրաքանչիւր աշակերտի համար պետական դպրոցները կը տրամադրեն 10,000 ամ. տոլար: Ոչ պետական դպրոցներու տարեկան կրթաթոշակի գիները կը տարուբերին 20,000-էն 40,000 տոլարի միջեւ: Իսկ հայկական դպրոցներու միջին տարեկան կրթաթոշակը 3000-էն 6000-ի (9000 – Խմբ.) միջեւ է: Եւ այս, առանց նկատի ունենալու նիւթապէս անապահով ընտանիքներու անխուսափելի զեղչերը: Թիւերու այս հսկայական տարբերութիւնը, բնականաբար պիտի ազդէ հայկական վարժարաններու ուսումնական բարձր մակարդակ ապահովելու խնդրի լուծմանը եւ հանգեցնէ դժուար որոշումներ կայացնելու երկընտրանքին առջեւ: Շարունակե՞լ բախել նուիրատուներու դռները: Շարունակե՞լ մեծագումար զեղչերու տրամադրումը: Ինչպէս շարունակել պահել կարող ուսուցիչներ կամ տնօրէններ միջինէն ցած աշխատավարձերով: Մինչեւ երբ շարունակել հսկայական ջանքեր գործադրել հաւասարակշռելու ամէն տարի գոյացող եւ հետզհետէ ուռճացող պիւտճէական բացերը: Իսկապէս քուն փախցնելիք հարցեր: Այստեղ պէտք է հաստատեմ, որ մեր բոլոր դպրոցներու պատասխանատուները մեծապէս գնահատելի զոհողութիւններով տակաւին կը դիմադրեն, շարունակելով բաց պահել հայկական դպրոցները:

 

Չարթըր Դպրոցներու Տարբերակը

Իմ 17 տարուայ հայկական չարթըր դպրոցի մէջ պաշտօնավարումս, նաեւ այս ուղղութեամբ համալսարանական դասաւանդումներս եւ ուսումնասիրութիւններս, ինծի յուշեցին կիսել իմ փորձառութիւնս հայկական դպրոցներու ապագայով մտահոգ հանրութեան հետ:

Չարթըր դպրոցները պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուող, ուսումնական որոշ իւրայատկութիւններով օժտուած պետական հաստատութիւններ են: Չարթըր դպրոցներու շարժումը սկսաւ Ամերիկայի Ուսուցիչներու Միութեան, 1974-1997 թուականներու նախագահ Ալպերթ Շէնքըրի նախաձեռնութեամբ: Յետագային անոր միացաւ Մէսէչուսէց համալսարանի դասախօս Ռէյ Պատը: Ի տես Ամերիկայի պետական դպրոցներու ոչ պատշաճ ուսումնական մակարդակին, վերոյիշեալները ծնողներուն ընտրութեան հնարաւորութիւն տուին, իրենց զաւակները վստահելու Չարթըր դպրոցներուն: Այլեւս կարեւոր չէր, թէ ընտանիքը ուր կը բնակէր, նաեւ, այլեւս ընտանիքը ստիպուած չէր իր զաւակը ուղարկել իր տան մօտակայքը գտնուող բայց ձախող վարժարանը: Կար Չարթըրի տարբերակը, որ ծնղողներուն պիտի գրաւէր իր ուսումնական յաջող ծրագիրներով: Քանի մը տարիէն այս շարժումը մեծ արձագանգ գտաւ ու տարածուեցաւ ամէնուր: Այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ 2,9 միլիոն աշակերտներ կ’ուսանին 42 նահանգներու մօտ 6700 չարթըր դպրոցներու մէջ: Պէտք է նշել, որ այս շարժումը թափ առաւ ի հեճուկս պետական դպրոցներու դիմադրութեան, որոնք կը պատճառաբանէին թէ չարթըր դպրոցներու գոյութիւնը կը վնասէ պետական դպրոցներու կայացման գործին: Այս առնչութեամբ պէտք է նշել, որ Միշիկընն ու Քալիֆորնիան ունին կայացած չարթըր վարժարաններու համակարգ: Փետրուար 2015-ի դրութեամբ 307 չարթըր վարժարաններ կային Միշիկընի մէջ 140,000 աշակերտներով. իսկ Քալիֆորնիոյ մէջ չարթըր վարժարաններու թիւը 1230 էր 581,000 աշակերտներով:

 

Միշիկընի ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Չարթըր Դպրոց

Մեր վարժարանը իր դռները բացաւ 1969 թուականին, շնորհիւ ազգային մեծ բարերար Ալեք Մանուկեանին: Առաջին տարին դպրոցը ունէր 20 աշակերտ եւ 2 ուսուցչուհի: Տարիներու ընթացքին դպրոցը ունեցաւ մինչեւ 200 աշակերտներ: Սակայն, հակառակ Ալեք Մանուկեանի տարեկան աւելի քան 500,000 տոլարի յատկացումներուն, նիւթական դժուարութեանց պատճառով դպրոցի երկրորդական բաժնի դռները փակուեցան: Ահա այդ ժամանակ, ինչպէս միշտ, Ալեք Մանուկեան գտաւ իւրօրինակ լուծում: 1995 թուականին ստորագրուեցաւ համաձայնագիր Central Michigan University-ի հետ, ըստ որուն Մանուկեան վարժարանը դարձաւ չարթըր դպրոց: Այս փոփոխութիւնը էապէս բարելաւեց վարժարանին նիւթական կացութիւնը, որը իր կարգին պատճառ հանդիսացաւ ոչ միայն ուսումնական բարձր մակարդակը պահպանելուն, այլեւ այն հասցնելու Միշիկըն նահանգի լաւագոյն դպրոցներէն մին ըլլալու պատուաւոր կարգավիճակին:

Յաջողութիւնները յաջորդեցին մէկը միւսին, մինչեւ որ 2012 եւ 2013 իրերայաջորդ տարիներուն, ըստ “US News and World Report”-ի Մանուկեան վարժարանի երկրորդականի բաժինը դասուեցաւ Ամերիկայի մօտ 5400 երկրորդական վարժարաններէն լաւագոյններէն մին: Առ այդ, վարժարանս արժանացաւ պրոնզ կարգի շքանշանի: Այս յաջողութիւնները քաջալերեցին բարերարներ Լուիզ եւ Ռիչըրտ Մանուկեանները իշխանավայել նուիրատուութեամբ կառուցել արդի բոլոր պայմանները բաւարարող երկրորդականի նոր մասնաշէնքը: Դպրոցի աշակերտութեան թիւը հասաւ 400-ի: Մանուկեան վարժարանի աւարտականներու համալսարանական յաջողութիւններու համբաւը հասաւ նաեւ ոչ հայերուն, որոնք իրենց զաւակները սկսան վստահիլ այս հայկական դպրոցին: Այստեղ հարց կրնայ առաջանալ թէ արդեօ՞ք ոչ հայերու մուտքը չի խանգարեր հայեցի դաստիարակութեան առաքելութեան եւ հայկական նիւթերու դասաւանդման: Անշուշտ, ըլլալով պետական հաստատութիւն, մեր դպրոցի դռները բաց են բոլոր դիմողներուն համար: Սակայն մենք մտահոգուելու բնաւ պատճառ չունինք մեր երեխաներու օտարներու հետ շփումէն: Մանաւանդ, որ մենք բնաւ չենք զիջած մեր հայոց լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ դասաւանդելու պարտաւորութենէն: Իւրաքանչիւր աշակերտ, մանակապարտէզէն մինչեւ 12-րդ դասարան հայ կամ ոչ հայ, պարտաւոր է ամէն օր մէկ ժամ մասնակցելու հայերէնի դասաւանդման: Ոչ հայախօսներուն համար յատուկ մշակուեցաւ ծրագիր Armenian as a Second Language (ASL): Կարելի է զարմանալ, թէ ինչպէս տարբեր ազգի երեխաներ (ուքրանացիներ, քաղդէացիներ, ռումանացիներ, ասորիներ, լիբանանցիներ) կը սորվին հայկական այբուբենը, կամ ինչպէս կ’երգեն Վարդանանցի երգերը, կամ՝ կը սորվին հայոց պատմութեան կարեւոր դրուագները: Կը մնայ կրօնի դասաւանդման պարագան: Իբր պետական հաստատութիւն մենք չենք կրնար կրօն դասաւանդել. սակայն այդ բացը կարելի է լրացնել Կիրակի օրերը արձանագրուելով հայկական եկեղեցիներու կիրակնօրեայ վարժարաններ:

Անշուշտ պէտք է խոստովանիլ որ ոչ բոլոր չարթըր դպրոցները յաջողակ դարձած են: Շատեր փակուած են վատ կառավարման եւ նիւթական մսխումներու պատճառով: Նոյնիսկ կայ թուրք իմամ Ֆէթուլահ Կիւլէնի օրինակը, որ իր եւ իր ընկերակիցներու մօտ 140 չարթըր դպրոցներու հասոյթներով Թուրքիոյ մէջ քաղաքական կազմակերպութիւն մը կը հովանաւորէր: Սակայն, չարթըր դպրոցներու ընդհանուր առմամբ արձանագրած յաջողութիւնները եւ կրթական մարզին մէջ յառաջացուցած բարեփոխումները կը քաջալերեն մեծ առեւտրական հաստատութիւնները միլիոնաւոր տոլարներով օժանդակելու չարթըր դպրոցներու տարածման:

Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութը նոյնպէս, իմ կարծիքովս պէտք է կարողանայ օգտուիլ չարթըրի ընձեռած հնարաւորութիւններէն: Անշուշտ չարթըր դպրոց ըլլալու պայմանները կը տարբերին նահանգէ նահանգ, սակայն աներկբայ է, որ կողմնորոշուելով դէպի չարթըր, ապահոված պիտի ըլլանք մեր հայկական դպրոցներու ապագան առանց դոյզն ինչ զիջելու մեր հայապահպանման առաքելութենէն: Մենք գիտենք, որ կան ծնողներ որոնք իրենց զաւակները հայկական դպրոցներ պիտի չուղարկեն ինչ ալ ըլլան այդ դպրոցներուն մակարդակն ու պայմանները: Սակայն իբր պատասխանատուներ, պէտք է լուծումներ գտնենք ամերիկահայ այն ծնողներուն համար, որոնք հեռու կը մնան հայկական դպրոցներէն նիւթական պատճառներով, եւ չարթըր դպրոցի տարբերակը վստահաբար պիտի օգնէ այդ կարգի ծնողներուն:

 

Ծանօթ.-Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան տնօրէնն է ՀԲԸՄ-ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան երկրորդական վարժարանի: Ան նաեւ Կեդրոնական Միշիկընի Համալսարանէն ներս հեռակայ կարգով կը դասաւանդէ «Դպրոցական Ղեկավարում», «Դպրոցի Ուսումնական Ծրագրաւորում» եւ այլ առարկաներ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ