Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գաղափարի վաստակաւոր հրապարակագիր՝ Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան (1922՝ Գահիրէ – 2016՝ Պոսթոն). ՌԱԿ-ի Երախտաւորները

 

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

 

Ընկ. Նուպար Պէրպէրեան շուրջ 40 օրեր առաջ բաժնուեցաւ մեզմէ, իր ետին թողնելով սփիւռքահայ վաստակաւոր գործիչի, հայրենասէր հայու, գաղափարապաշտ ռամկավարի օրինակելի անցեալ մը։ Ստորեւ, մեր աւագ աշխատակիցներէն Արա Ահարոնեանի գրութիւնը Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանի անձին ու գործին մասին պատմող, պատրաստուած՝ անոր մահուան քառասունքին առիթով։

«Նոր Օր»

 

Երախտաւոր Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան ծնած է Գահիրէ 1922 Սեպտեմբերին, արաբկիրցի ծնողներէ՝ Գէորգ եւ Արեգնազ Պէրպէրեան։

Հայրը ֆրանսերէն լեզուին ծանօթ ըլլալով, կը դառնայ Գահիրէի հանրակառքի ընկերութեան տնօրէնը։

Գահիրէի ատենոյ հայաշատ արուարձան Հիլիոպոլսոյ ծանօթ Նուպարեան ազգային վարժարանը կը յաճախէ Պէրպէրեան՝ նախակրթական իր ուսումը ստանալու համար, ու ապա երկրորդական կրթութեան համար կը յաճախէ ֆրանսական լիսէն, ծանօթանալով ֆրանսերէն լեզուին, ուրկէ ստացած է ֆրանսական պաքալորէայի  առաջին ու երկրորդ վկայականները, յաջողութեամբ աւարտելով իր երկրորդական ուսումը։

1941-ին Գահիրէի մէջ բարձրագոյն ուսման համար կը հետեւի իրաւագիտութեան։

Եգիպտահայ ազգային հասարակական ատենոյ եռուզեռը, կլանած էր Պէրպէրեանին ու սերնդակից երիտասարդները նուիրուելու գաղթաշխարհի մէջ իրենց ապրած գաղութի  կեանքին։ Պէրպէրեան մուտք կը գործէ նոյն տարին Ռամկավար Կուսակցութեան շարքերը եւ կը դառնայ օգնական խմբագիրը «Արեւ» օրաթերթին, որուն խմբագրապետն էր վաստակաշատ երախտաւոր՝ Վահան Թէքէեանը։ Այս պաշտօնը ան կը վարէր մասնակի ժամանակով, միւս կողմէ հետեւելով իր համալսարանական ուսման։ Անկասկած Պէրպէրեանի համար որպէս ազգային ծառայութիւն, սկիզբ մը պիտի ըլլար այս քայլը։ Նոյն տարին ան կարգ մը խանդավառ երիտասարդներու հետ կ՚անդամագրուի ՀԲԸ Միութեան Գահիրէի մասնաճիւղին։

Յաջորդ տարին իրեն կ՚առաջարկուի դառնալ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան վարիչ քարտուղարը, որուն կ՚ատենապետէր Էօժէն Բաբազեանը, իսկ Միհրան Տամատեան կը մասնակցէր որպէս պատուակալ նախագահ այդ կազմին։ Վահան Թէքէեան, Լեւոն Աճեմեան, Պետրոս Տեփոյեան ու ՌԱԿ-ի այլ երախտաւորներ նոյնպէս մաս կը կազմէին այդ օրերու Կեդրոնական Վարչութեան, որուն կեդրոնատեղին էր Գահիրէն իր «Արեւ» պաշտօնաթերթով։

1944-ին կը ստանայ «Լեսանս»ը իրաւաբանութեան մէջ ու որպէս իրաւաբան կ՚արձանագրուի եգիպտական խառն դատարաններու մօտ։ Տարեվերջէն առաջ կ՚որոշէ տարուան մը համար մեկնիլ Պէյրութ ու յաճախել Ամերիկեան Համալսարան, իր մասնագիտութիւնը կատարելագործելու, Դոկտորայի հետեւելէն առաջ։ Հոն առիթը կ՚ունենայ հանդիպելու ՌԱԿ ատենոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանին, որ դասախօս էր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս, ու իրենց ծանօթութիւնն ու կուսակցական գործունէութիւնը սկիզբ մը կ՚առնէ ամբողջ տասնամեակներ, մինչեւ Թովմասեանի մահը՝ 1991-ին, Պոսթոնի մէջ։

1945-ի աւարտին կը մեկնի Փարիզ, հետեւելու պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժնի երկամեայ շրջանին, դոկտորայի վկայականը ստանալու համար։

Միջազգային իրաւագիտութեան դոկտորայի աւարտաճառը կը ներկայացնէ 1947-ին, իբրեւ նիւթ ունենալով «Ապահովութեան Խորհուրդը – Անոր Հիմնական Տարբերութիւնը Ազգերու Ընկերութեան Խորհուրդին»։ Իբրեւ աւարտաճառ Լա Հէյի Միջազգային Ատեանի նախագահներէն եւ Միջազգային օրէնսգիտութեան աշխարհահռչակ հեղինակաւոր դէմք Փրոֆ. Ժորժ Սէլը իրեն կ՚առաջարկէ ատեանի մէջ պաշտօն ստանձնել, բայց Պէրպէրեան կը մերժէ, հայ ազգին ծառայելու առաքելութիւնը նախընտրելով։ Նոյն տարուայ ընթացքին, Փարիզի մէջ կը գումարուի ՌԱԿ Ը. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի աւարտական նիստը, որուն կը մասնակցի Պէրպէրեան, որպէս ժողովի երիտասարդագոյն անդամը, ու հոն կը հանդիպի Միացեալ Նահանգներէն ժամանած Հրաչ Երուանդին ու Անդրանիկ Անդրէասեանին։

1947-ին Պէրպէրեան կը ստանձնէ Փարիզ հրատարակուող «Ապագայ» երկլեզու (հայերէն ու ֆրանսերէն) շաբաթաթերթի խմբագրի պաշտօնը տարուան մը համար, ու կը հետեւի Փարիզի լրագրութեան դասընթացքներուն (1947-48)։

Փարիզի մէջ իր միութենական խանդավառութիւնը պիտի շարունակուէր Արշակ Չօպանեանի ու Արտակ Դարբինեանի կողքին։ Աւելցնենք, որ Պէյրութ գտնուած շրջանին որպէս երիտասարդ համալսարանական, կը դառնայ ատենապետը Բարեգործականի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան համալսարանականներու վարչութեան։

1948-ի աւարտին կը վերադառնայ Գահիրէ ու կը ստանձնէ «Արեւ» օրաթերթի խմբագիրի պաշտօնը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ յաջորդ 10 տարիներուն ընթացքին։ Իր խմբագրութեան շրջանին հեռակայ մասնակցութիւն կը բերէ «Ապագայ»ին ու «Զարթօնք»ին։ Պէտք է ըսել, որ հայրենադարձութեան տարիներէն ետք, «Արեւ» օրաթերթը շարունակեց իր անսայթաք հրատարակութիւնը յարաբերաբար նօսրացած եգիպտահայութեան համար ու դարձաւ հայրենասիրութեան անշեղ ջատագովը։

Երախտաւորը իր խմբագրականներով դարձած էր փնտռուած հրապարակագիրը Միջին Արեւելքի գաղութներուն համար, մանաւանդ 1956-ին ծայր տուած եկեղեցական տագնապի շրջանին։ ՌԱԿ-ի մամուլի պաշտօնաթերթերուն լիցքաւորումը անկասկած իր շինիչ ու գործնական անդրադարձը կ՚ունենար, քանդիչ երկփեղկումէ հեռու պահելու եգիպտահայ գաղութը այդ օրերուն։ Պէրպէրեան իր մասնագիտութիւնն ալ որպէս իրաւաբան ի գործ դրած էր 1949-էն սկսեալ, անցնելով Եգիպտոսի ազգային դատարանները, ուր բազմալեզու իրաւաբաններու կարիքը կար, ու դարձած էր անդամ Եգիպտոսի փաստաբաններու կաճառին։

1950-ին իր աշխոյժ մասնակցութեամբ մաս կը կազմէ եգիպտական մամուլի ընկերութեան ու կը դառնայ հոգաբարձու այն վարժարանին, ուր ստացած էր իր նախակրթական ուսումը Հիլիոպոլսոյ մէջ։ Աւելի ուշ կը դառնայ նաեւ ատենադպիրը եգիպտահայ Ազգային Միացեալ վարժարաններու ուսումնական խորհուրդին։

1958 Սեպտեմբերին, իրեն կ՚առաջարկուի ստանձնել Քալիֆորնիա հրատարակուող ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագրի պաշտօնը, որ այդ օրերուն կը հրատարակուէր Ֆրեզնօ, ուր գոյութիւն ունէր ազգային ու հասարակական աշխոյժ եռուզեռ մը։ Պէրպէրեանի համար Փարիզէն ու Գահիրէէն ետք, նոր միջավայր մըն էր Արեւմտեան Ամերիկայի գաղութը, որ ինք կարճ ժամանակի մը մէջ մօտէն պիտի ծանօթանար։ Երկու տարի մնալէ ետք Ֆրեզնօ, կը հրաւիրուի Պոսթոն, ուր կը գործէր ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի ու Քանատայի Շրջանային Վարչութիւնը իր «Պայքար» օրաթերթով։ Իրեն կը վստահուի վարիչ քարտուղարի պաշտօնը Շրջանային Վարչութեան, որ պիտի վարէր շուրջ տարուան մը համար ու 1961-ին Պէրպէրեան կը դառնայ խմբագրապետը «Պայքար» օրաթերթին, վերջնականապէս հաստատուելով Պոսթոն։

Պոսթոնի մէջ երախտաւորը ամբողջական ժամանակով կը նուիրուի հրապարակագրական ու միութենական գործունէութեան։ Պաշտօնաթերթի կողքին նաեւ «Պայքար» հաստատութիւնը ունէր տարեգիրքը, որ կը հրատարակուէր անսայթաք։ Բիւրակն գրական ծածկանունով Պէրպէրեան արդէն իր մասնակցութիւնը սկսած էր բերել քերթուածներով ու նորավէպերով։ ՌԱԿ-ի Ամերիկայի ու Քանատայի շրջանակներուն համար, 60-ական թուականներուն, երախտաւորը դարձած էր փնտռուած հրապարակախօս մը ու յաճախ կը հրաւիրուէր Նիւ Եորք, Շիքակօ, Մոնթրէալ, Ֆիլատելֆիա, Փրաւիտենս եւլն.։

Երախտաւոր Հրաչ Երուանդ որ կը գլխաւորէր Պոսթոնի մէջ կեանքի կոչուած ՌԱԿ-ի վաստակաւորներու հիմնադրամը, յառաջացած տարիքին այդ պաշտօնը կը վստահի Պէրպէրեանին։ Հիմնադրամի ատենապետի պաշտօնը ան կը վարէ իր այլ հանգամանքներու կողքին։ 1967-ին Պոսթոնի մէջ կեանքի կը կոչուէր պետական արտօնութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը. Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան մաս կը կազմէ հիմնադիր կազմին, իրաւաբան Տիգրան Սմսարեանի եւ երգահան Համբարձում Պէրպէրեանի կողքին։ Ան կը ստանձնէ կազմի ատենադպիրի պաշտօնը, ու այդ հանգամանքը պիտի գար աւելի ծանրաբեռնելու երախտաւորը, հասարակական իր այլ պաշտօններուն կողքին։

70-ական թուականներուն Պոսթոն կարեւոր ազգային-հասարակական եռուզեռի կեդրոն մըն էր իր միութենական-եկեղեցական կառոյցներով։ Արեւելեան Ամերիկայի գաղթօճախներուն հասնելու հայաբոյր գաղափարախօսութեամբ ու հայ մշակոյթին ծառայելով «Պայքար» հաստատութիւնը եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իրենց կարեւոր դերը ունեցան, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ուր հետզհետէ կեանքի կոչուեցան ԹՄՄ-ի մասնաճիւղեր։ Պէրպէրեանի մասնակցութիւնը խթան մը եղաւ միութենական վերելքին, մանաւանդ իր արխիւային հաւաքածոն գործնական դարձուց զանազան գաղափարապաշտ ու մշակութային հրատարակութեանց լոյս ընծայումը։

1977 Սեպտեմբերին, Պէյրութի մէջ երախտաւորը կը մասնակցի ՌԱԿ ԺԵ. ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին, ու հոն կը հանդիպի պատգամաւորներու, որոնցմէ շատերուն ծանօթ էր 30 տարիներ առաջ, երբ մասնակցած էր Ը. ընդհանուր ժողովին Փարիզի մէջ։ Երախտաւորին ունեցած ու հաստատած կապերը զանազան ՌԱԿ-ի շրջանակներուն հետ, անտարակոյս շաղկապեց կուսակցական պաշտօնաթերթերը զանազան շրջանակներէ ներս, մանաւանդ 1975-ին կեանքի կոչուած Մոնթրէալի «Ապագայ» եւ Պուէնոս Այրէսի «Սարդարապատ» շաբաթաթերթերը։

Երախտաւորին 40-ամեայ վաստակաշատ հրապարակագրական վաստակը համագաղութային գնահատանքով նշուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ՝ 1981 Նոյեմբերին։ Այդ առիթով իր խմբագրած «Պայքար» պաշտօնաթերթն ալ յատուկ թիւ մը հրատարակեց նուիրուած անխոնջ հրապարակագիրի 40-ամեայ վաստակին, ուր կ՚երեւին Պէրպէրեանի ուղղուած գնահատական խօսքերը։

1982-ին երախտաւորը հանգստեան կը կոչուի խմբագրապետի պաշտօնէն, բայց հրապարակագրական անվերապահ աշխատակցութիւնը կը բերէ ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթերուն, մանաւանդ «Նոր Օր»ին, «Պայքար»ին ու Մոնթրէալի «Ապագայ»ին։ Յաջորդ երկու տասնամեակներուն իր ներդրումը ու մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ԹՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, որպէս մնայուն ցկեանս անդամ ու կազմի երկարամեայ ատենադպիր։

Յառաջացած տարիքին ամփոփուելով ան տակաւին կը շարունակէր արխիւային նիւթեր կուտակել, ու զանոնք տրամադրել «Պայքար»ի արխիւային եւ հետազօտութեան կեդրոնին։ Այդ կեդրոնը «Պայքար» հաստատութեան խնամակալ մարմինը կ՚որոշէ իր անունին ձօնել, բայց յատուկ ընդունելութեան արարողութեան ներկայ չի կրնար ըլլալ Պէրպէրեան, անհանգստութեան պատճառով հիւանդանոց փոխադրուած ըլլալով։ Պէտք է ըսել, որ իր բազմաթիւ խմբագրականներն ալ ամփոփուած են այդ կեդրոնին մէջ։

Գնահատանքի արժանավայել նմոյշ մը եղաւ վաստակաշատ նուիրեալին համար, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին կողմէ ընծայումը «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» շքանշանը, երբ 2009-ին ան վերջին անգամ հայրենիք կ՚այցելէր։

Իսկ 2012-ի Մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեան, Պէրպէրեանին կը շնորհէ «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը, որ իրեն կը յանձնուի Պոսթոնի մէջ՝ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։

Յառաջացած տարիքին վաստակաշատ նուիրեալը Հայ Դատին ու իր ծառայած գաղափարախօսութեան, շուրջ 75 տարիներ, Պոսթոնի մէջ յաւիտեան իր աչքերը կը փակէ Նոյեմբեր 23, 2016-ին, 94 տարեկան հասակին։

 

***

 

Երախտաւորի յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգը ազգային բնոյթով տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 26-ին, գաղափարի ընկերներու ու բարեկամ ազգայիններու ներկայութեամբ։

Բազմաթիւ ցաւակցագիրեր ստացուած էին այս առիթով, իսկ դամբանականը արտասանեց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Խաժակ Արք. Պարսամեանը, որ նաեւ ընթերցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին խօսքը։

Ընտանիքին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց Նիւ Ճըրզիէն ժամանած զարմուհին՝ Արուս Դարբինեանը։

 

***

Այս տողերուն հեղինակը առաջին անգամ երախտաւորին հանդիպած է Լոս Անճելըսի մէջ՝ 1980 Յուլիսին, երբ Պէրպէրեան եկած էր ներկայ գտնուելու ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի հիմնարկէքին։

Իրմէ ստացուած վերջին երկտողով ան կը գրէր.

Սիրելի Արա, ներփակ կը գտնես «Պաքար»ի բացառիկը, զոր ուզած էիր ունենալ։ Խոստումիս համաձայն, անհրաժեշտ ու խորհրդապահական տեղեկութիւններ կու տամ քու նախընտրած կուսակցական դէմքերու մասին, զորս անձամբ ճանչցած եմ։

Յարգալիր բարեւներ՝ ազնիւ տիկնոջդ եւ սիրելի ծնողքիդ։ Լաւագոյն բարեմաղթութիւններով՝

Նուպար

Պոսթոն, 25 Յուլիս

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ