Տարին թէեւ Ողիմպիական էր,
Սակայն հունձքը բաւարար չէր.
Ապրի՛ն տղաները քաջարի,
Ոսկի արծաթ շահած բերին
Պարծանք դարձան ողջ աշխարհին՝
Հայու անունն իրենց ճակտին։
Նոյնն էր տղան Մխիթարեան
Հայ ֆութպոլի ներկայ արքան,
Միշտ թող տածէ համակ սէր
Ու պայքարի հոսանքն ի վեր։
Տեղքայլ էր տարին շախմատային
Չեղան բեկումներ շահ-մաթ-ային,
Լեւոն Արոնեանն ու միւս տիտաններ,
Մնացի՛ն, կա՛ն, բայց կ՚ուզենք աւել։
Քաղաքական տարին որքա՜ն բերաւ
Անակնկալներ իրաւ-անիրաւ.
Ապրիլը դարձաւ նոր Ապրիլ ցաւոտ
Եւ Արցախը՝ փորձադաշտ արիւնոտ։
Սահմանապահը հերոսն է տարուան,
Հայ ժողովուրդին դէմքն է իսկական։
Եկաւ Յուլիսը իրեն հետ բերելով «Սասնայ ծռեր»,
Ծուռ ճամբաներով շիտակին հաւատացողներ,
Միամիտ թէ հեռատես քայլերով զինուած,
Ալիքներ բերին, թոյլ կազմակերպուած։
Ներքին կեանքը զոյգ հանրապետութեանց
Պէտք էր դառնար յոբելեանական,
Երկու քսանհինգամեակներ պատուական՝
Մայր ու որդի տօնէին համահայկական։
Եկան տարեդարձները եւ գացին արագ
Չկրցանք ըմբոշխնել տօնական կարկանդակ։
Սահմանը թէժ է, հարեւանները՝ հարեւանցի…
Հիւսիսի քեռին, մեզ կը կարծէ իր գերին,
Իսկ Սէմ հօբարը, աշխարհը խառնած,
Հիմա Տանըլտ հօբարի անուան տակ եկած…
Բայց ո՞ւր են մեր հին հօբարները Լեւոն ու Ռոբերթ,
Որ գան իրենց աղբօրը՝ Սերժին օգնեն արտահերթ.
Կայ նո՜ր հօբար մը, կուշտ ու գործունեայ
Ամէնքի յոյսը հիմա նա է նա.
Ե՛կ թել ու ասեղով տղայ Կարէն,
Որպէսզի կարկտան երկիրդ կարեն։
***
2017-ի Կաղանդչէքներ
Սփիւռքահայ մանուկներուն՝ հայախօսութիւն
Ամերիկահայ ծնողներուն՝ հայախօսութիւն
Մեծ-մեծ մամաներուն եւ պապաներուն՝ հայախօսութիւն
Հայաստանի ժողովուրդին՝ հայախօսութիւն
Հայաստանի պրեզիդենտին՝ հայախօսութիւն
Ղարաբաղցիին՝ հայախօսութիւն
Ֆղանսայուն՝ հայախօսութիւն
Եւ վերջապէս՝ հայ դպրոցին… հայախօսութիւն։
Ամէն։
***
Ամէն տարի խաղաղութիւն կը մաղթենք Աշխարհին,
Եւ ամէն տարի խաղաղութիւն պիտի մաղթենք Աշխարհին,
Եկէք չմաղթենք այս տարի, այլ՝ պահանջենք խաղաղութիւն,
Եւ մե՛նք սկսինք այդ խաղաղութիւնը… պատերազմելով յանուն խաղաղութեան…
***
Ամէն տարի Հայաստան Աշխարհը կ՚ուզենք տեսնել շէն ու պայծառ,
Եւ ամէն տարի պիտի շարունակենք ուզել տեսնել շէն ու պայծառ,
Եկէք մե՛նք ստեղծենք Հայաստան Աշխարհը շէն ու պայծառ,
Եւ չսպասենք, որ մեր հարեւանները սարքեն մեր երկիրը շէն ու պայծառ…
***
Միասնականութի՜ւն… հոգէառ բառ մը բազմիմաստ,
Եկած թառած է մեզմէ ամէն մէկուն սիրտին վրայ չարաբախտ,
Դեռ քանի՜ կտոր պիտի դառնանք ազգով համայն,
Որ խելքի գանք, որ պէտք չեն բառեր, այլ իսկութիւն միասնական։
Աշխարհը կրակներու տակ, Արցախն ու Հայաստանը վտանգի տակ,
Իսկ հայութենէ խօսող միամիտներ ու չարամիտներ ստահակ,
Կը քանդեն սրբութիւն, ազնուութիւն, հաւատք եւ ոգի,
Դառնալով օտարին ջրաղացին գերի։
Իսկ ինչո՞ւ է պէտք միասնականութիւն՝
Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեան,
Դրօշակներու զանազանութեան,
Էջմիածնական եւ Անթիլիասական,
Կաթոլիկութեան թէ բողոքականութեան,
Ուղղագրութեան թէ ուղղախօսութեան,
Հին ու նոր ժողովրդավարութեան…
Հին ու նոր «ախպար»ներու գոյութեան…
Հին ու նոր «հայաստանցի»ներու սփիւռքեան…
Վերջապէս, ինչո՞ւ այսքան տառապանք,
Թող երկու ըլլանք, երեք, տասներեք,
Հարիւրերեք, ու հազարերեք,
Մինչեւ ըսենք մեր հարեւաններուն թուրք-թաթարական
Եկէք եւ կերէք, այս է մարմինը մեր… միլիոնուերեք։
***
Կաղանդչէ՞քը 2017-ի…
Երեք բառեր են պարզ ու շատ մեկին՝
«Դա՛րձ, դէպի տուն»։
Բարի Նոր Տարի։