Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Տօնախմբութիւն՝ Նուիրուած Անմահ Բարերարներ Կարապետ Եւ Գրիգոր Մելգոնեան Եղբայրներու Յիշատակին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հիմնադրման 90-ամեակի Առիթով

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

Մելգոնեանցիները բնութագրող յայտնի առած մը, կամ ասացուածք մը կայ, որ կ՚ըսէ. «Մելգոնեանցի ըլլալը չի բացատրուիր, այլ կ՚ապրուի միայն»: Բոլոր անոնք, որոնք ներկայ ու մասնակից էին աշխարհասփիւռ Մելգոնեանցիներու հաւաքին, Կիպրոսի մէջ, 14-էն 22 Յուլիս երկարող օրերուն, տեսան, զգացին ու ապացուցին վերոյիշեալ պատգամին ճշմարտութիւնը: Անոնք լի ու լի վերապրեցան իրենց Մելգոնեանի աշակերտական տարիներու հի՜ն ու անդարձ օրերը, կարօտով վերյիշեցին իրենց պատանեկան սէրերու եւ կապո՜յտ երազներու քա՜ղցր ու անվերադարձ հմայքը: Առիթը ունեցան այցելելու Մելգոնեանի իրենց երբեմնի դասարանները, ճաշարանները, ննջարանները, գիտական աշխատանոցները, հանդիսասրահը, խաղավայրերը եւ այլ յիշատակելի վայրերը: Խոնարհեցան անմահ բարերարներու դամբանին առջեւ, իրենց երախտագիտութեան տուրքը մատուցելու եւ աղօթելու անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար, եւ ուխտեցին վառ պահել Մելգոնեանի երազը իրենց հոգիներուն մէջ: 

Մելգոնեանէն շրջանաւարտ եւ թերաւարտ սերունդներ տարիներ շարունակ ամուր պահեցին Մելգոնեանի աւանդը իրենց սիրտերուն մէջ: Նոյնիսկ   անոր փակումէն ետք, 2005-ին, Մելգոնեանը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ իր բազմահարիւր սաներուն հոգիներուն մէջ, ոգեւորելով ու համախմբելով իր աշխարհասփիւռ սաները, որոնք Մելգոնեանի ջամբած բարձրորակ ուսման եւ ազգային դաստիարակութեան շունչին շնորհիւ հաղորդակից դարձած էին մեր ազգային ցաւերուն, երազներուն եւ իղձերուն: Անոնց գիտակցութեան մէջ արմատացած էր այն համոզումը, որ Մելգոնեանը կարեւոր նպաստ կրնայ բերել սփիւռքի հայոց գոյապայքարի ճիգերուն, մանաւանդ ներկայ ժամանակներուն, երբ ազգային արժէքներու եւ աւանդութիւններու նկատմամբ ցուցաբերուող անտարբերութիւնը եւ հայերէն լեզուի ահազանգային նահանջը վտանգի ենթարկած են սփիւռքահայութեան գոյատեւումը:

Այսօր, իր փակումէն 11 տարիներ ետք, Մելգոնեանի կալուածը, իր շէնքերով եւ այլ կառոյցներով , տակաւին կը շարունակէ մնալ իր տեղը: 2008-ին, Կիպրոսի կառավարութեան յատուկ մէկ հրամանագրով Մելգոնեանի շէնքերն ու ընդհանուր հողատարածքին 60 տոկոսը, իբրեւ Ազգային Ժառանգութիւն (National Heritage), դարձան անձեռնմխելի: Իսկ պատմական զոյգ շէնքերուն յարակից պուրակը դարձաւ Կանաչ Գօտի: Ուրեմն, մինչեւ այսօր հաստատ կը կանգնին ամրանիստ զոյգ շէնքերը Մելգոնեանի: Իսկ նոճիներու պուրակին ծառերը տակաւին կ՚արձագանգեն ճի՛չը զիրենք տնկող առաջին որբերուն, եւ կը շարունակեն կանգնիլ որպէս կենդանի յիշատակարան մը ցեղասպանութեան զոհերուն:

Վերջին տարիներու ընթացքին Մելգոնեանի շրջանաւարտ կարգ մը դասարաններ կազմակերպեցին դասարանային հաւաքներ նշելու համար իրենց շրջանաւարտութեան 35րդ, 40րդ, եւ կամ 45րդ տարեդարձները: Այդ հաւաքներէն մի քանին տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ, իսկ անոնց մեծ մասը՝ Կիպրոսի մէջ, ուր Մելգոնեանի  հողին կանչը կը հրաւիրէր իր երբեմնի սաները, ջերմանալու եւ ուրախանալու անոնց ներկայութեամբ: 1968-ի, 70-ի, 75-ի, 76-ի եւ 82-ի շրջանաւարտներու վերոյիշեալ վերահաւաքները կամ reunion-ները ունէին դասարանային բնոյթ առաւելաբար: Մելգոնեանի հողը կարօտն ունէր իր աշխարհասփիւռ սաներու զանգուածային մէկ համախմբումին՝ իր ծոցին մէջ:      

2016 թուականը կը զուգադիպի Մելգոնեան Հաստատութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին: Մելգոնեանցի տարբեր խմբաւորումներ եւ անհատներ մտածած էին պատշաճ կերպով նշել զայն, կազմակերպելով որոշ միջոցառումներ: Լիբանանի Մելգոնեան Սանուցը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի, ծրագրած էր վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստել նուիրուած Մելգոնեանի ժառանգութեան (legacy-ին): Մինչ այդ Լոս Անճելըսի մէջ կազմուած էր յատուկ յանձնախումբ մը, որ կը ծրագրէր կազմակերպել փառաւոր տօնախմբութիւններ, ոգեկոչելու համար անմահ բարերարներ՝ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներուն յիշատակը եւ արժանավայել շուքով նշելու՝ Մելգոնեանի հիմնադրութեան 90-ամեակը: Յանձնախումբի կազմութենէն մի քանի շաբաթ առաջ տեղի ունեցած էր տարեկան փիքնիքը, մասնակցութեամբ մեծ թիւով Մելգոնեանցի սաներու, որոնք մէկդի դրած իրենց տարակարծութիւնները՝ եկած էին ամրապնդելու իրենց վաղեմի բարեկամութեան կապերը: Ստեղծուած էր համագործակցելու տրամադրութիւն մը: 1988-ի շրջանաւարտ Արսինէ Շիրվանեան կարեւոր դեր ունեցած էր փիքնիքի բացառիկ յաջողութեան մէջ, իր եռանդուն ու նուիրեալ աշխատանքին շնորհիւ, եւ արժանացած՝ բոլորին սիրոյն ու գնահատանքին: Մի քանի շաբաթ ետք, 2015-ի Նոյեմբերին, Արսինէի տան մէջ կայացած ժողովի մը ընթացքին կազմուեցաւ 90-ամեակի յանձնախումբը տարբեր խմբաւորումներու եւ տարբեր դասարաններու ներկայացուցիչներու միացումով:          

90-ամեակի առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 17 Յունուար 2016-ին, Սբ. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, ոգեկոչելու համար Մելգոնեան բարերարներու յիշատակն ու անոնց թողած ժառանգութիւնը, աւանդը: Շուրջ 250 Մելգոնեանցիներ եւ բարեկամներ մասնակցեցան այդ տօնախմբութեան, Փասատինայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Կիրակոս սրահին մէջ: Ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձաժողովի անդամները, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետուհի Տիկ. Թալին Եագուպեանի, ինչպէս նաեւ այլ հիւրեր:

Անկէ ետք ամիսներ շարունակ տեղի ունեցան ժողովներ ու բծախնդիր ծրագրումներ, կազմակերպելու համար աշխարհասփիւռ Մելգոնեանցիներու ընդհանուր հաւաք մը Կիպրոսի մէջ: Կապեր հաստատուեցան Կիպրոսի, Քանատայի, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու Մելգոնեանցիներուն հետ, ապահովելու համար անոնց առաւելագոյն մասնակցութիւնը: Եւ այսպէս, նուիրեալ ու հետեւողական աշխատանքի որպէս արդիւնք՝ իրականացաւ այդ աննախընթաց հաւաքը Կիպրոսի մէջ, 14-էն 22 Յուլիս երկարող օրերու ընթացքին: Իւրաքանչիւր օրուայ համար ծրագրուած յայտագիրները ստեղծեցին տօնական մթնոլորտ, մասնակիցներուն պարգեւելով հէքիաթային երջանիկ տրամադրութիւն եւ յիշատակելի, անմոռանալի օրեր: 15 Յուլիսի երեկոյեան Հիլթըն պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուեցաւ Լիբանանի Մելգոնեան Սանուցի ջանքերով պատրաստուած «Տաճար Լուսոյ» (Temple of Light) վաւերագրական ժապաւէնը: Յաջորդ օրը, 16 Յուլիսի երեկոյեան, Հաստատութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 90-ամեակի կարեւորագոյն ձեռնարկը, ճաշկերոյթ-խրախճանքը (Gala-Banquet-ը), գեղարուեստական ճոխ յայտագիրի մը գործադրութեամբ: Պատուոյ հիւրերն էին Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահը, Աղլանճայ աւանի քաղաքապետը եւ Կիպրոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչը: Ձեռնարկի հանդիսավարը, Արսինէ Շիրվանեան, իր բարեգալուստի բացման խօսքի վերջաւորութեան յոյս յայտնեց, որ 90-ամեակի այս տօնակատարութիւնը առիթ հանդիսանայ Մելգոնեան  Հաստատութեան կրթական առաքելութեան վերահաստատման:

Օրուան գլխաւոր պատգամախօս՝ Վարդան Թաշճեան, նախկին Մելգոնեանցի սան, վաստակաշատ ուսուցիչ, տնօրէն եւ յայտնի գեղանկարիչ, համապարփակ ու գեղեցիկ կերպով ներկայացուց Մելգոնեանցիի կերպարը, եւ թուեց Մելգոնեանցի սերունդներու անգնահատելի դերն ու ազդեցութիւնը՝ սփիւռքի եւ Հայաստանի կրթական ու մշակութային կեանքին վրայ: Ապա, ան թարգմանը հանդիսացաւ Մելգոնեանցիներու փափաքին ու փայփայած յոյսին՝ Մելգոնեանը վերաբացուած տեսնելու երազին:

Ուրիշ ուշագրաւ օր մըն էր  Կիրակի, 17 Յուլիսը: Մելգոնեանցի ուխտաւորները Նիկոսիոյ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղան պատարագի հոգեպարար արարողութեան եւ բարերարներու հոգեհանգստեան պաշտօնին: Ապա, անոնք ուղղուեցան հայոց նոր գերեզմանատունը, ծաղկեփունջեր զետեղելու Սեպուհ Աբգարեանի գերեզմանին վրայ եւ աղօթելու անոր հոգւոյն խաղաղութեան համար: Կէսօրէ քիչ ետք հոգեճաշ սպասարկուեցաւ Նիկոսիոյ ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Նոյն օրը, երեկոյեան, դարձեալ Հաստատութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-խրախճանք մը նուիրուած՝ ՄԿՀ ուսուցիչներուն: Օրուան հանդիսավարը, Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, փոխանցեց Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանի օրհնութեան եւ ողջոյնի գիրը: Ապա, ան բեմ հրաւիրեց ուսուցիչները, որոնք արժանացան ջերմ գնահատանքի եւ ծափողջոյններու: Անոնցմէ շատեր սրտի հակիրճ խօսքերով իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին եւ վերյիշեցին հաճելի դրուագներ իրենց պաշտօնավարութեան օրերէն:

Պաշտօնական այդ կարճ յայտագիրէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Մելգոնեանի վաստակաւոր ուսուցչուհի Տիկ. Հերմինէ Պէքիարեանը, որու ղեկավարութեամբ ներկաները սկսան խումբով երգել իրենց աշակերտական օրերու սիրուած երգերը, ինչ որ սովոր էին ընել սկաուտական խարուկահանդէսներուն: Ուսուցիչներուն եւ անոնց երբեմնի աշակերտներուն համար շատ յարմար առիթ մը ստեղծուեցաւ պատմելու մանրապատումներ իրենց Մելգոնեանի քաղցր ու զուարթ յուշերէն: Վարդան Թաշճեանի զուարճալի պատմութիւնները ստեղծեցին զուարթ մթնոլորտ մը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Մելգոնեանի արժանաւոր սանուհիներէն Մելօ Գանթարճեան-Էքիզեանի ամուսինը, Տիգրան Էքիզեան, որ իր ծիծաղաշարժ կատակներով ու պատումով կուշտ ու կուռ խնդուքի ալիքներ յառաջացուց: Ուշագրաւ էր մանաւանդ Տիգրան Էքիզեանի մէկ լուրջ վկայութիւնը, որ կը վերաբերէր Մելգոնեանի թողած աւանդին, երբ  ան կը յայտնէր թէ Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի իր ուսուցիչներուն կարեւոր մէկ տոկոսը Մելգոնեանի շրջանաւարտներ էին, որոնք իրենց աշակերտներուն կը փոխանցէին այն բոլոր արժէքները որ ստացած էին Մելգոնեանէն: Այդ առիթով մտաբերեցի որ այստեղ, Խաղաղականի այս հեռաւոր ափերուն եւ աշխարհի զանազան երկիրներու հայկական դպրոցներուն մէջ քանի՜ Մելգոնեանցի ուսուցիչներ կը ծառայեն անսակարկ նուիրումով, նոր սերունդին փոխանցելու ազգային ոգի, հայրենասիրութիւն ու մեր ազգային կառոյցներուն ծառայելու պատրաստակամութիւն: Վերջերս ցանկ մը պատրաստեցի այն ուսուցիչներուն որոնք վերջին մի քանի տասնամեակներուն ծառայած են Քանօկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս: Յաջողեցայ գտնել 12 ուսուցիչներու անուններ, որոնք Մելգոնեանցի էին: Եւ ասիկա՝ մէկ դպրոցի մէջ միայն: Այստեղ չեմ թուեր տակաւին այն բոլոր տնօրէնները, խմբագիրները, հասարակական գործիչները, գրագէտները, բժիշկները, ճարտարագէտները, գործարարները եւ տարբեր ճիւղերու մէջ մասնագիտացած անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց ազգային ծառայութեան ու հայրենասիրութեան կրակը ստացած են Մելգոնեանէն:      

Ութօրեայ տօնախմբութիւններու վերջին չորս օրերուն, մասնակիցները առիթը ունեցան այցելելու Կիպրոսի տեսարժան վայրերն ու  յուշակոթողները, միաժամանակ վայելելով այս պատմական կղզիին առասպելական գեղեցկութիւնը, մասնաւորաբար ծովափնեայ Փրօթարաս հանգստավայրին եւ Միջերկրական ծովու կապոյտ ու ջինջ ջուրերուն պարգեւած հանգիստ ու անմտահոգ մթնոլորտը:

Այստեղ պարտք կը զգանք տօնախմբութեան մասնակից բոլոր Մելգոնեանցի ուխտաւորներուն կողմէ փոխանցել մեր շնորհակալութեան ու գնահատանքի ջերմ զգացումները կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, Արսինէ Շիրվանեանին, Ռաֆֆի Ցնծալեանին, Սինթիա Գէորգեանին եւ Արմիկ Տատուրեանին, որոնք տիւ եւ գիշեր աշխատեցան անսակարկ նուիրումով, այս ծրագիրը հասցնելու իր յաջող եւ փառաւոր լրումին: Շնորհակալութեան խօսք ունինք նաեւ կիպրաբնակ Մելգոնեանցիներէ բաղկացած ենթայանձնախումբի անդամներուն, Տիկ. Հերմինէ Պէքիարեանին, Հայարփի Տեմիրճեանին, Հուրիկ Ադամեանին, Մարալ Ատուրեանին, Լորա Ատուրեանին, Ժանէթ Արմենակեանին, Թանիա Գալֆայեանին եւ ուրիշներու: Բոլորին վարձքը կատա՛ր:

Մելգոնեան սաներու այս աննախընթաց հաւաքը յայտնաբերեց այն ներուժը, որ կրնայ աշխարհասփիւռ Մելգոնեանցիները միացնել իրարու եւ  հիմնել ՄԿՀ համաշխարհային կառոյց մը, որպէսզի ի պահանջել հարկին Մելգոնեանցիները իրենց ազդու խօսքը ունենան Մելգոնեանի ապագային, եւ կամ բարերարներու գործն ու անունը յաւերժացնելու ծրագիրներուն մէջ: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ