Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութեան (Հ.Ե.Մ.) 80-ամեակը

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

 

                Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութեան եւ անոր հովանաւորութեամբ գործող Ժառանգաւորաց եւ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի կողքին որպէս աշխարհիկ կազմակերպութիւններ եւ կամ միութիւններ, գոնէ վերջին հարիւրամեակին, սփիւռքի նաւուն ղեկը իրենց ձեռքը առած են Երուսաղէմի Հայ Բարեսիրական Միութիւնը («Բարեսիրաց», հիմնուած 1925-ին), ՀՄԸՄ-ը, Համազգայինը եւ Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը։ Վերջինիս գործունէութեան որակն ու ծիրը համեմատաբար աւելի զգալի եղած է անցեալին եւ այժմ։

                1937-ին էր, երբ քանի մը Սաղիմացի երիտասարդներ իրենց քսաններուն մէջ, ըսել է թէ ծնած էին ցեղասպանութենէն քանի մը տարիներ առաջ, պայծառ գաղափարը կ՚ունենան հիմնելու երիտասարդական միութիւն մը, որ ի մի հաւաքէր գաղափարակից, նմանօրինակ երազներով եւ յոյսերով լի երիտասարդներ, որպէսզի կազմակերպուին, դառնան մէկ բռունցք եւ գալիք սերունդները պատրաստեն հայրենիքին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ Պաղեստինահայ համայնքներուն զանազան ընկերային, մարզական ու մշակութային կարիքներուն օգտակար հանդիսանալու համար։

                Տեսիլք ունեցող այդ երիտասարդներուն սիրտն ու հոգին էր Ընկ. Հայկազ Մխալեան, որուն անունը այսօր կ՚արտասանուի խոր յարգանքով ու երախտագիտութեամբ։

                – Իբր գաղափար եւ մտայղացում եւ անոր ծնունդ տուող հանգամանքները պէտք է փնտռել այն բարոյա-հոգեբանական պայմաններուն մէջ, ուր հասակ սկսած էին առնել յետ-եղեռնեան հայութիւնն ու մեր գաղութը։ Հ.Ե.Մ.-ի հիմնադրութեան յղացումը եւ անոր յարատեւութիւնը կարելի պիտի չըլլար երեւակայել, եթէ չըլլար Սաղիմահայ մեծ երախտաւոր Ընկ. Հայկազ Մխալեան հայրենասէր մտաւորականը։ Ան էր որ գլուխը անցաւ այս միութեան եւ շնորհիւ իր վայելած վստահութեան ու համակրանքին՝ դարձաւ հայրը Հ.Ե.Մ.-ի ։ Այդ պատիւը անյափշտակելի է իրմէ, որուն համար ան արժանացած է Սաղիմահայութեան խոր յարգանքին,- կ՚ըսէ Հ.Ե.Մ.-ի երկարամեայ անդամ եւ երկու շրջանի ատենապետ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան։

                Հ.Ե.Մ.-ը չսահմանափակեց իր գործունէութիւնը Երուսաղէմի ու շրջակայ սրբավայրերու մէջ, այլ իր մասնաճիւղերը ունեցաւ նաեւ Յոպէի (Եաֆա) եւ Հայֆայի մէջ մինչեւ արաբա-հրէական քաղաքացիական կռիւներու հետեւանքով վերջին երկու քաղաքներու հրէականացումը։

                Խանդավառութիւնը մեծ էր ամէն կողմ եւ ամէն հայ երդիքի տակ։ Այդ խանդավառներէն մէկն էր երիտասարդ բանաստեղծ, ապա վարդապետ ու Պատրիարք Եղիշէ Տէրտէրեան (Եղիվարդ), որ հիմնադրութեան օրերուն կը գրէր իր յայտնի բանաստեղծութիւնը եւ որ շուտով կը դառնար Հ.Ե.Մ.-ի մաղթերգը։

 

                                                                Անդունդներէն տառապանքին,

                                                                Ծնունդ աղուոր մենք պարմաններ,

                                                                Նորոգելու ուխտն ենք ըրեր

                                                                Գիրը ճակտին մեր դարաւոր,

 

                                                                Զի թարմութիւնն ենք մենք այսօր։

 

                Ի դէպ այս մաղթերգը մոգական ազդեցութիւն մը կ՚ունենայ այն բոլոր Սաղիմահայ Հ.Ե.Մ.-ականներու վրայ, որոնք, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուին սարսուռ մը կ՚ապրին ու խոնաւ աչքերով աղօթքի ու շարականի պէս կ՚երգեն զայն, վասնզի անով մեծցած ու դաստիարակուած են անոնք։

                – Ինծի նման շատերու համար հինգ-վեց տարեկանէն Հ.Ե.Մ.-ը եղած է մեր տունը, դպրոցը, հայրենասիրութեան դարբնոցը եւ մեր գաղափարներուն, ազգին ու եկեղեցիին ծառայելու հարազատ միջավայրը,- կ՚ըսէ Ընկ. Յակոբ Շէօհմէլեան՝ ՌԱԿ «Էօժէն Բաբազեան» ակումբի ներկայի ատենապետը։ Գայլիկ, սկաուտ, վարչական եւ ապա ատենապետ, Հ.Ե.Մ.-ը եղած է իմ հարազատ տունս եւ գուրգուրանքիս առարկան։ Հո՛ս է որ ես եւ մեր տարեկիցները թրծուած ենք հայրենասիրական անսակարկ  ոգիով՝ ազգին եւ մեր արժէքներուն շահերը դասելով ամէն բանէ վեր։

                Խորունկ է պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ամէն տարիքի Հ.Ե.Մ.-ականի սրտին ու հոգիին մէջ, որովհետեւ անոնք ուժգնօրէն կը հաւատան, թէ դպրոցին ու տունին չափ եւ թերեւս ալ աւելի՝ այս հարազատ յարկին տակ իրենք գտած են իրենց ինքնութիւնը։

                Կը յիշեմ ամրան տաք երեկոյ մը, երբ պատանիները կը խաղային վանքին «մեծ բակին» մէջ, աղջնակներէն մէկը վիճաբանութեան մը ընթացքին ինքզինքէն ելած ուղղակի ճչաց. «Հո՛ս նայէ, ես Հ.Ե.Մ.-ական եմ, հասկցա՞ր…»։ Իսկ քանի մը ամիսներ առաջ, երբ բացումը կը կատարուէր երիտասարդներու եւ արի-արենուշներու կողմէ նորոգուած պասքէթպոլի դաշտին, երիտասարդ համալսարանական ու գործօն անդամ Ընկ. Յակոբ Ճռնազեան իր խօսքին մէջ ըսաւ.

                – Աւստրալիա էի, ազգականներու եւ բարեկամներու մէջ. սկսանք խօսիլ Հ.Ե.Մ.-ի գործունէութեան մասին, անցեալն ու ներկան իրար խառնելով։ Այդ պահուն տանտէրը՝ խանդավառ Հ.Ե.Մ.-ական մը, ոտքի ելաւ, նախ բացատրեց մաղթերգին ամէն մէկ բառին իմաստը եւ ապա բոլորս միասին երգեցինք խոնաւ ու կարօտաբաղձ աչքերով։

                2017-ը յոբելենական տարի է, որուն մեծ շուքով կը պատրաստուին Երուսաղէմի եւ սփիւռքի տարածքին ապրող Հ.Ե.Մ.-ականները։ Այս պանծալի Միութիւնը պիտի դառնայ 80  տարեկան։ Եթէ մարդ արարածին համար այս տարիքը ծերութեան շրջանն է, այդպէս չէ պարագան միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ ազգերու, որոնք յոբելեաններէն ետք կրկին անգամ կ՚երիտասարդանան։ Հ.Ե.Մ.-ը կը պատկանի այդ վերանորոգուող ու վերընձիւղուող հաւաքականութեան, որուն ղեկավարութիւնը ստանձնած է այսօր Միութեան երկարամեայ նուիրեալ անդամ, բազմիցս վարչական եւ այժմ ատենապետ Ընկ. Յակոբ Գալայճեան։

                Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան, Հայ Պատրիարք Երուսաղէմի,  Հ.Ե.Մ.-ի 80-ամեակին առթիւ գրած իր ողջոյնի խօսքին մէջ կ՚ըսէ.

                – Մարդկային  պատմութիւնը, սիրելի  Հ.Ե.Մ.-ականներ, մանկական հէքիաթներու հսկան է, եւ մարդկութիւնը` անոր ուսերուն նստած գաճաճը, որ կը փորձէ տեսնել հեռուն, ապագան: Ութսուն տարիներ ետք հէքիաթի գաճաճին նման, Հ.Ե.Մ.-ի ղեկավարները նստած պատմութեան ուսերուն, պարտին նայիլ հեռուն` դէպի փառայեղ հարիւրամեակ մը, բայց միշտ կառչած իրենց, հիմնադիրներու հայաշունչ ոգիին եւ ազնիւ սկզբունքներուն,  հեռու նկարագրի խաթարող անձնական հաշիւներէ:

 ***

Ստորեւ կը ներկայացնենք Սաղիմահայ բանաստեղծ եւ երկարամեայ կրթական մշակ, նուիրեալ ՀԵՄ-ական (իր եղբօր՝ Ընկ. Կարապետ Չափատարեանի նման) Նազարէթ Չափատարեանի «Ձօն»ը։

 

     ՁՕՆ Հ.Ե.Մ.-ին

Ծիլ մըն էիր երէկ Դուն,

Այսօր՝ աճած սէգ կաղնի,

Ու կը սընես օրն ի բուն,

Մտքեր, յոյզեր պարմանի։

Դարձար ջահ մը լուսատու,

Բեկորներուն հայութեան.

Թախծութիւնը աչքերու

Վերածեցիր բերկրութեան։

Զաւակներդ Սփիւռքի,

Հաւաքեցիր յարկիդ տակ,

Ու ջամբեցիր հոգիի

Նոր կրակներ՝ սրտէդ տաք։

Հասակ առին սերունդներ

Քու տեսիլքով սրբազան.

Տարածեցին լոյս սերմեր,

Անցան ծովեր ու ովկիան։

Քեզ կը մաղթեմ մի՛շտ վերելք,

Հոսուն աւիշ յարաժամ,

Որ մնաս Դուն ընդերկար,

Տաս բիւր բերքեր քաղցրահամ։

 

Նազարէթ Չափատարեան

Երուսաղէմ, 1987

 

Նկարներ.-

ա.- Հ.Ե.Մ.-ի զինանշանը

բ.- Հիմնադիրներու կազմը, 1937 թ.

գ.- Հ.Ե.Մ.-ի հռչակուած երկսեռ փողերախումբը փորձի պահուն՝

Մայրավանքի մեծ բակին մէջ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ