Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Խորհրդածութիւններ Նոր Տարուան սեմին

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

 

Տարեվերջը ինքնաքննութեան եւ հաշուեկշիռի պահն է. սկսելով անձէդ, ընտանիքէդ, ընկերային-հասարակական կեանքէդ, շրջապատէդ, բնակած երկրէդ եւ հայրենիքէդ, յանգելու համար շրջանային եւ համաշխարհային ոլորտներուն մէջ։

Բնականաբար, յարաբերական ու թէական ըլլալով վերոյիշեալ հաշուետուութիւնը, անոր ամբողջական կամ մասնակի գործադրութիւնը, փորձենք անդրադառնալ անոնցմէ մէկ մասին։

Ընտանիքը եւ օճախը դարձած են ու կը մնան այն կրանիթեայ կռուանները, որոնք ապահոված են հայ ժողովուրդին գոյատեւումը դարերու ընթացքին։ Հետեւաբար, ամէն հայ գուրգուրալու է, անքակտելի պահելու համար ընտանեկան յարկը Դամոկլեան սուրի պէս մեր գլխավերեւ կանգնած այլասերումը դիմագրաւելու համար։ Հայոց լեզուն ու մեր աւանդութիւնները, հաւատքը, կարելի չափով մը մաս կազմելու են մեր առօրեային։ Միջոցներն ու ձեւերը բազմատեսակ են՝ հայրենիքի եւ հայագաղութներու տեղական պայմաններուն համաձայն, ու միշտ հնարաւոր է պատշաճեցումներ կատարել։

Սփիւռքահային համար հայրենիք այցելութիւնը, մայր երկրին հետ հաղորդականութիւնը լրացուցիչ, ներշնչող գործօններ են ազգապահպանման։

Հայկական վարժարաններ, հայոց եկեղեցին, ընկերային, մշակութային, մարզական, սկաուտական, հայրենակցական, ինչպէս նաեւ արհեստագիտական – բժիշկ, իրաւաբան, ոսկերիչ, եւլն. – կազմակերպութեանց գործունէութիւնները մաս կը կազմեն ինքնապահպանման պայքարին։

Միջին Արեւելեան տագնապը հետզհետէ ստացած է անսանձ ընթացք մը, քար ու քանդ ընելով յատկապէս Իրաքի ու Սուրիոյ տարածութիւններէն լայն մասեր, պատճառելով բազմահազար զոհեր, եւ յառաջացնելով բնակչութեանց զանգուածային արտագաղթեր։ Շրջանի հայահոծ գաղութները, ծանրօրէն տուժելով, նօսրացած են։ Մեծ պետութիւններ բացայայտ թէ քօղարկուած իրենց ծրագիրները կը հետապնդեն։

Մտահոգութիւնը խոր է ոչ միայն շրջանի դրացի երկիրներուն, այլ նաեւ՝ հայութեան համար, քանի Հայաստան կը գտնուի անմիջական հարեւանութեանը Միջին Արեւելքի այս տագնապալի շրջանին։

Ազերիական ռազմական սպառնալիքները, եւ ատեն-ատեն՝ ռմբակոծումները, այլազան տրամաչափի զէնքերու գործածութիւնը՝ Արցախի արեւելեան սահմաններու երկայնքին, պատերազմական հոգեվիճակի մէջ կը պահեն հայրենի ժողովուրդը։ Թուրքիա-Ատրպէյճան աքցանը Ռուսական Դաշնութեան ու Մինսքի Երրեակ Խորհուրդի (OSCE) ազդու հակակշիռով է որ զսպումի տակ առնուած է, կանխարգիլելով պաշտօնական բաց պատերազմը Ատրպէյճանի հետ։ Հայաստանին կը մնայ սպառազինուիլ արդիական զէնքերով, ու զինուորական բախում մը որեւէ ատեն դիմագրաւելու համար, պատրաստ վիճակի մէջ գտնուելու է։ 1994-ի զինադադարէն իվեր, վերիվայրումներով գոյատեւող վտանգաւոր կացութիւնը կը շարունակուի, առանց վերջնական զինադադարի մը յանգելու։ Կը թուի, թէ այդպէս կը պահանջեն հսկող երկիրներու դիւանագիտական շահերը…։

Սփիւռքի մէջ հայը պիտի շարունակէ իր աշխատասիրութիւնը դառնալով ինքնաբաւ, զարգացած, ապրած տեղական վարչամեքենային մէջ պաշտօններ ու դիրքեր գրաւելով, մարզական, մշակութային, ուսումնական թէ գիտական մարզերէն ներս նուաճումներ արձանագրելով։

ՀԲԸ Միութեան հետզհետէ ծաւալող ներդրումները Հայաստանի մէջ, մէկէ աւելի բնագաւառներէ ներս, յոյժ գնահատելի են։ Սակայն, այդ արեւելումը սկսած է ազդել անոր սփիւռքեան առաքելութեան վրայ։ Հետզհետէ անտեսելով արտասահմանի հայագաղութներէ ներս ազգապահպանման իր պարտաւորութիւնները, Բարեգործականը շեղած կ՚ըլլայ մէկ մասէն իր հիմնական նպատակակէտերուն։ Անիկա վերանորոգելու է անդամակցական պատկանելութիւնը, ժողովրդական լայն խաւերու մասնակցութեամբ։ Անոր արտասահմանեան կառոյցները՝ ուսումնական, ընկերային, մշակութային, մարզական բնագաւառներէն ներս կը կարօտին տեւական, մնայուն օժանդակութեան, բնական է շօշափելի լրացուցիչ ներդրումովն ալ տեղական ուժերուն։

Հայ Դատի մարմինները աւելի աշխուժացնելու են իրենց գործունէութիւնները, հաւաքաբար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը տարածելով, հայապատկան կորուսեալ կալուածի եւ ինչքի հատուցումներ իրականացնելով, ու վերջապէս՝ Հայաստանի եւ Արցախի ի նպաստ կեցուածքներ ապահովելու համար բոլոր երկիրներու մօտ։

Արտասահմանի մէջ միջկուսակցական քօղարկեալ պայքարը կը ջլատէ հետապնդումի կարօտ պահանջատիրական մեր դատին արդիւնաւորումները. զուգահերաբար նաեւ՝ տեղական այլ ծրագիրներու իրագործման ատեն։

Աթոռամոլութեան հետեւանքով ներկուսակցական պայքարը տարաժամ, պառակտիչ եւ այպանելի ընթացք մըն է, որ մեկուսացուելու է, լայնախոհ ու շինարար գործունէութիւններ ու ծրագիրներ իրականացնելու համար։

Նոր Տարին մեզ մղելու է խորհրդածութեան բարելաւելու մեր հաւաքական կենսամակարդակը, իւրացնելով հասարակարգին թեքնիք յառաջդիմութիւնները։

Լաւատեսօրէն դիմաւորենք Նոր Տարին, թիկունք կանգնելով նոր սերունդին, անոր վստահելով սփիւռքահայ մեր հասարակութեան ղեկավարութիւնը, իբրեւ մէկ ազգ միշտ գործակցելով հայրենիքի մեր եղբայրներուն հետ։

Վերանորոգուած աւիւնով բարի երթ բոլորին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ