Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները. Քննական Ակնարկ

ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ

 

Հայաստան բարդ ու դժուարին օրեր կ՚ապրի ներկայիս։ Ան, միաժամանակ կը դիմակալէ ներքին ու արտաքին շարք մը հարցեր, որոնք արմատական լուծումի կը կարօտին։ Հայաստանի ներքին դժուարութիւնները առաւելաբար տնտեսական բնոյթ ունին։ Անբաղձալի կացութեան մատնուած երկրին տնտեսութիւնը պատճառ հանդիսացած է անգործութեան, մասսայական արտագաղթի, լայնատարած դժգոհութեան եւ յոռետեսութեան։ Հաւանաբար երկրին բնակչութեան յիսուն տոկոսը թշուառութեան մատնուած է։

Տեղին է այստեղ մատնանշել, թէ երկրին իշխանութեանց գործը պարզապէս պաշտօն վարել չէ։ Անոնց բուն գործը երկիրը կառավարել է, մանաւանդ երբ երկիրը ծանր, չըսելու համար անել վիճակի մատնուած է։ Ասոնք, ամէն բանէ առաջ, ստիպողութեան գիտակցութիւն (sense of urgency) պէտք է որ ունենան։ Առանց ժամանակ կորսնցնելու գործի անցնելու, որպէսզի կարելի փութով, ժողովուրդին իրավիճակը բարելաւուի։

 

Որո՞նք են Հայաստանի ներքին ու արտաքին դժուարութիւնները 

Նախ, այդ առնչութեամբ աչքի առաջ ունենանք երկու միջադէպեր, որոնք տեղի ունեցան մօտաւոր անցեալի մէջ։ Իրադարձութիւններ, որոնք ցնցեցին երկիրը, զգաստութեան հրաւիրեցին մեր ժողովուրդը, թէ ինչ վիճակի մէջ կը գտնուինք ներկայիս։ Մանաւանդ՝ հարկ եղած դասերը քաղելէ ետք, անյապաղ պէտք է դիմենք արմատական միջոցառումներու։

Առաջին իրադարձութիւնը, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, անցնող Ապրիլին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմն էր։ Այդպիսի տարողութեամբ բախումներ, 1994-ի զինադադարէն ետք երբեք տեղի ունեցած չէին։ Բախումներ, որոնք տեղի ունեցան սահմանագծի ամբողջ երկայնքին, արդիական զէնքերով, բոլորովին յանկարծակի բերելով հայերը։ Եւ այդ արդիական զէնքերը, որոնք օգտագործուեցան քառօրեայ պատերազմին, ռուսերն էին Ատրպէյճանին վաճառողները։ Չորս միլիառ տոլարի արժողութեամբ զէնքեր։ Այո՛, Հայաստանի դաշնակիցին կողմէ։

Ընդհանուր բնութագրումով կարեւոր է ըսել, թէ քառօրեայ պատերազմը ի վնաս Ղարաբաղի եղաւ։ Նախ status quo-ն, որ ի նպաստ էր հայերուն, խախտեցաւ։ Թէեւ փոքր, սակայն յատկանշական բնոյթ ունեցող հողամաս մը, Ղարաբաղը զիջեցաւ Ատրպէյճանին։ Աւելին՝ հարիւրէ աւելի զոհեր ու աւերներ արձանագրուեցան։ Առ այսօր, սահմանագծի վրայ կը շարունակուին ազերիներու կողմէ կրակոցները։ Համատարած բախումի մը հաւանականութիւնը միշտ բարձր է՝ աննախատեսելի յառաջանալիք բարդութիւններով։

Մոսկուայի առած քայլերը պէտք չէր որ մեզ զարմացնէին։ Ներկայիս, տնտեսական եւ մանաւանդ աշխարհա-քաղաքական հաշիւներով, Ռուսիան եւ Թուրքիան մրցումի ելած են Ատրպէյճանը սիրաշահելու համար։ Հայաստանի շահը նկատի առնուելու համար, մեր երկիրը չունի կարեւոր լծակներ։ Մենք կախեալ ենք ռուսէն։ Քառօրեայ պատերազմէն ետք, ա՛լ աւելի։

Քառօրեայ պատերազմը իր որոշ անդրադարձը պիտի ունենար, յետագային, Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող տխուր միջադէպերուն վրայ։ Այսպէս կոչուած խմբակը՝ «Սասնայ Ծռեր»ը պիտի գրաւէր Երեւանի ոստիկանատունը, պահանջելով քաղաքական ընդդիմադիր տարրերու (Սէֆիլեան) բանտէն ազատ արձակումը։ Դէպքերու զարգացումը պատճառ պիտի հանդիսանար, որ հազարաւոր ցուցարարներ հրապարակ իջնէին։ Դժգոհ  “activist”ներու պիտի միանային նաեւ քաղաքական ընդդիմադիր հոսանքներ։ Այլեւս խնդիրը դուրս պիտի գար պարզապէս բանտարկեալներու ազատ արձակումի պահանջքէն։ Ցուցարարները նոյնպէս պիտի պահանջէին կառավարութեան եւ նոյնիսկ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը։ Բացայայտ էր, որ հրապարակային ցոյցերը կրնային աւելի տարողութիւն ստանալ, արծարծելով թշուառութեան մատնուած ժողովրդային դժգոհութիւնները։

“Activist”ները չունէին քաղաքական յստակ դիրքորոշում։ Սակայն անոնց միացած, իշխանութեանց դէմ դիրքորոշում ունեցող քաղաքական հոսանքները, կրնային օգտագործել ստեղծուած բարդ դրութիւնը։ Միւս կողմէ, նախագահ Սարգսեան լուրջ աշխատանք տարեր էր անցնող չորս տարիներու ընթացքին, որպէսզի կարենար վերջ դնել երկրին մէջ յառաջացած քաղաքական բեւեռացումին։ Բանտարկեալներ ազատ արձակելով եւ այլ միջոցառումներով։ Սակայն եւ այնպէս, այդ բոլորը արմատական պատճառ չէին։

Նախագահ Սարգսեան, ճիշդ գնահատելով տիրող բարդ եւ դեռեւս աւելի բարդացող հակամէտ կացութիւնը, երկխօսութեան ձեռնարկեց ընդդիմադիր հոսանքին հետ։ Ան ընդունեց  իշխանութեանց անցեալի թերիները։ Ան խոստացաւ նոր ոգիով եւ ազդու միջոցներով, երկրին բարեկարգման անյապաղ ձեռնարկել։ Այսպէս, կառավարական նոր կազմ մը իսկոյն գործի գլուխ անցաւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ։ Նախարարական նոր կազմը, լուսամիտ, պատրաստուած ու բարեկարգութեանց դիմելու վճռակամութեամբ օժտուած անձերէ կը բաղկանար։ Միւս կողմէ, նախորդ տարուան ձեռնարկուած Սահմանադրական բարեկարգութիւններու շարունակման թափ պիտի տրուէր, նպատակ ունենալով գործադիր իշխանութիւնը, նախագահական դրութենէն ձերբազատելով, անցնիլ վարչապետական-խորհրդարանական դրութեան, ուր վարչապետն էր որ պիտի ըլլար ուժի բուն տէրը եւ ոչ թէ նախագահը։

Տակաւին կանխահաս է որոշ գնահատական տալու նոր կառավարութեան աշխատանքին։ Զգուշաւոր լաւատեսութեամբ ըսենք, սակայն, որ մեր տպաւորութիւնները դրական են այդ մասին։ Ժողովուրդը, ըստ երեւոյթին, սպասողական դիրքի վրայ է։ Յստակ դիրքորոշումի չէ յանգած։

Այժմ, գանք բուն հարցին։

 

Երկրին տնտեսութեան հիւանդագին իրավիճակը 

Հայաստանի մէջ ստեղծուած է եւ կը գործէ, այնպէս կոչուած, ապրանքային առ ու ծախի դրութիւն մը, «commodity based cartel», որ մենաշնորհի տակ առած է գրեթէ ամբողջ տնտեսութիւնը։ Այդ մենաշնորհը երկրին պարտադրած oligarch-ները, տուրքեր չեն վճարեր եւ կարելի ալ չէ պետականօրէն հետեւիլ իրենց առեւտրական գործառնութեանց։ Աւելին ըլլալով, անոնք թափանցած են նաեւ երկրին քաղաքական մարզէն ներս։ Հայաստանի խորհրդարանը այնպէս հարկադրուած է շարժիլ, որ այդ «elite» դասակարգը, անկաշկանդ ու սանձարձակ գործել կարենայ։ Շատ վտանգաւոր է Հայաստանի համար տաքուկ ու սերտ յարաբերութիւնը տնտեսական եւ քաղաքական մարզերուն, oligarch-ներու հսկողութեան տակ։ Իրերու այդ դժբախտ կացութիւնը կ՚անդամալուծէ ամէն դեմոկրատական յառաջդիմութիւն։ Երկրին դատական, օրէնսդրական եւ գործադիր իշխանութիւնը, անջատ իրարմէ եւ ազատ չեն կրնար աշխատանք յառաջ տանիլ։ Այս ձեւով, երկրին իշխանութիւնները օրէ օր կը մաշին եւ նոյնինքն պետութեան գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն։ Արդի՞ւնք այս բոլորին.- համատարած թշուառութիւն, անգործութիւն, յոռետեսութիւն ու բարոյական անկում։

Եւ առանց չափազանցութեան կարելի է ըսել, թէ oligarch-ներու դրութիւնը, կղզիացած ու փակ վիճակի մէջ կը պահէ երկրին առեւտուրը, արտադրական միջոցները, ներդրումները եւլն.։ Մէկ խօսքով, առանց այլեւայլի երկրին պարտադրուած այս դրութիւնը «քաղցկեղ» է Հայաստանին համար։ Եւ եթէ երկիր կ՚ուզենք պահել, հարկ է արմատապէս, կտրուկ ու ազդու միջոցներով եւ հզօր կամքով խորտակել զայն։

Այդ մէկը, որքան որ գիտենք կրնայ ըլլալ պետական կառոյցներու (state regulatory institution) միջոցաւ, անոնց տրուելով օրէնքի ուժով լայն միջոցներ։ Նաեւ anti-trust օրէնքներու կիրարկումով։ Ատով է միայն, որ երկրին տնտեսութիւնը, ձերբազատ այդ ազգակործան կապանքներէն, կրնայ մտնել շրջանային եւ կլոպալ տնտեսական դրութեան մէջ։

 

Այժմ անցնինք Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան 

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը մեծապէս առնչուած ու պայմանաւորուած է աշխարհա-քաղաքական  (Geo-political) իրողութիւններէ ու իրադարձութիւններէ։ Ինչպէս տեսանք ղարաբաղա-ատրպէյճանական քառօրեայ պատերազմին պարագային, հայերը շրջանային կամ միջազգային տէրութեանց մէջ բարեկամ չունին։ Նոյնպէս, մեր երկրին սերտ դաշնակիցը, իր կարգին, շարժեցաւ համաձայն իր տնտեսական եւ քաղաքական շահերով։

Հայաստանն ու համայն հայութիւնը խիստ կարեւոր է որ խորապէս ըմբռնեն, թէ Հայաստան ուրիշներէ կախեալ երկիր մըն է։ Աշխարհաքաղաքական տարածք մը, որ կոչուած է երկար ատեն վարելու շրջագիծի վրայ քաղաքականութիւն։ Քանզի, չունին սեփական կարեւոր լծակներ։ Մեր երկրին մեկուսացած եւ կղզիացած իրավիճակը ա՛յդ կը պարտադրէ։ Ըլլալ միշտ զգօն ու արթուն, իրազեկ շրջանային եւ կլոպալ իրադարձութիւններուն եւ ճարպիկօրէն պէտք է որ գիտնանք օգտուիլ անակնկալօրէն ի նպաստ մեր երկիրն համար ստեղծուող բարեբաստիկ եղելութիւններէն։

Այսօր, Հայաստանը սեղմուած է երկու ուժերու միջեւ։ Թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութեան եւ Ռուսիոյ հարաւային Կովկասի գօտին ամէն գնով իր ազդեցութեան  տակ պահելու փառասիրութեան։

Ահա, այս իրավիճակը Հայաստանին կը պարտադրէ վարել ռուսամէտ քաղաքականութիւն։ Այլընտրանք չունինք։ Քանզի մեր խնդիրը վերապրելու հարց է։

Մեկնաբանենք.-

 

Պատմական ակնարկ 

Հարկ է պատմական ակնարկ նետել անցնող շուրջ երեք տասնամեակներուն վրայ, լաւապէս ըմբռնելու համար Մոսկուայի վարած այսօրուան քաղաքականութիւնը, այն ինչ կը վերաբերի Հարաւային Կովկասի եւ Սեւ Ծովի շրջանին։

1989-ին, երբ Պերլինի պատը փուլ եկաւ, այլեւս բացայայտ եղաւ, որ Սովետ կարգերու փլուզումը օրերու հարց էր։ Սովետական բանակները ոչ միայն Գերմանիան, այլ ամբողջ Եւրոպան պիտի պարպէին։ Ուաշինկթըն կը հաւաստիացնէր Սովետական ղեկավարութիւնը, որ ՆԱԹՕ-ն պիտի չլեցնէր Եւրոպայի մէջ ստեղծուող քաղաքական ու ապահովական պարապը։ Անցողակի կերպով աւելցնենք, որ յետագային Ուաշինկթըն պիտի հերքէր նման հաւաստիացում մը ռուսերուն տուած ըլլալը։

Յաղթողի հոգեբանութեամբ, ՆԱԹՕ-ի ուժերը դէպի Արեւելք սկսան տարածուիլ հասնելու համար մինչեւ Սան Փեթերզպուրկի արուարձանները, միաժամանակ ապահովելով պալթեան երկիրներու անկախութիւնն ու ապահովութիւնը ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեամբ։

Արեւելեան եւ հարաւային Եւրոպայի գրեթէ բոլոր երկիրները, Եւրոպական Միութեան եւ Ատլանտեան Ուխտի (ՆԱԹՕ) անդամակցութեան մէջ առնելէ ետք, կարգը պիտի գար Ուքրանիոյ եւ Վրաստանին։ Այս վերջին երկու երկիրներու մէջ այսպէս կոչուած գունաւոր յեղափոխութիւններ պիտի պայթէին Արեւմուտքի կազմակերպութեամբ եւ ֆինանսաւորումով։ Ռուսիոյ քանիցս բարձրացուցած բողոքները Ուաշինկթընի կողմէ փաստօրէն անտեսուած էին։

Կարելի չէր որ Ռուսիան անտարբեր մնար Արեւմուտքի դիմաց վերոյիշեալ ծառայողական արարքներու դիմաց։ Ռուս-վրացական կարճատեւ պատերազմ մը տեղի ունեցաւ 2008-ին։ Այդ պատերազմին իբրեւ հետեւանք, Վրաստան պիտի վերջնականապէս կորսնցնէր Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ ինքնավար շրջանները, Մոսկուան պիտի ճանչնար անոնց անկախութիւնը։ 2014-ին, կրկին արեւմտեան դրդումով ու ֆինանսաւորումով, Ուքրանիոյ կառավարութիւնը բռնի վար

պիտի առնուէր եւ արեւմտամէտ նոր կառավարութիւն մը իշխանութեան գլուխ պիտի գար։

Ռուսիան, ի միջի այլոց, առանց ժամանակ կորսնցնելու Խրիմը պիտի կցէր Ռուսական Դաշնակցութեան։ Այդ ձեւով, Սեւաստափոլի զինուորական խարիսխն ու Սեւ Ծովու վրայ Ռուսիոյ ունեցած ռազմական գերակայութիւնը պիտի պահպանուէին։

Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ վտանգաւոր առճակատում մը յառաջացած էր, վտանգելով ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւնը։ Սկսած էր նոյնիսկ խօսուիլ Երրորդ Համաշխարհային Պատերազմի մը կարելիութեան մասին։

Վերոյիշեալ զարգացումներէն ետք այլեւս յստակ կը դառնար այն իրողութիւնը, թէ Հարաւային Կովկասի գօտին որքա՛ն կենսական նշանակութիւն կը ստանար Ռուսիոյ ապահովութեան տեսակէտով։ Վասնզի, որեւէ պատճառով, եթէ Ռուսիա ստիպուէր քաշուիլ Հարաւային Կովկասէն, ան պիտի անցնէր կովկասեան լեռնաշղթային ետին, ուր կը գտնուէին իսլամական շրջաններ Չեչնիա, Տաղստան, Ինկուշեթիա եւլն.՝ քսան միլիոն, արագ աճող իսլամ բնակչութեամբ։ Չմոռնանք, որ ներկայիս, աւելի քան հինգ հազար այդ շրջաններէն արմատական իսլամներ կը կռուին ISIS-ի եւ ՏԱԷՇ-ի կողքին, Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։

Այսպէս, աշխարհա-քաղաքական եւ ռազմական տեսակէտով այնքան կարեւորութիւն ունի Հարաւային Կովկասը, որ Ռուսաստան վճռած է, ամէն գնով պաշտպանել զայն։

Եւ այս բոլորը կու գան ընդգծելու այն հաստատ իրողութիւնը, որ Գիւմրիի ռազմական խարիսխը, Ռուսաստանի ապահովութեան եւ ընդհանուր քաղաքականութհան համար կենսական նշանակութիւն կը ներկայացնէ։

Ուստի, կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծենք, որ Հայաստանի ապահովութեան համար, ռուսական տնտեսական եւ ապահովական կառոյցներու մէջ ըլլալը ճի՛շդ է։ Այլապէս Հայաստանի մինչեւ իսկ գոյութիւնը կրնայ ծանրօրէն վտանգուիլ։

 

Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակը 

Թուրքիոյ ներքին իրավիճակն ու արտաքին քաղաքականութիւնը մեծապէս կ՚ազդեն Հայաստանի եւ առհասարակ հայութեան վրայ։ Ան քաղաքական եւ ռազմական տեսակէտով ուղղակիօրէն կը նպաստէ Ատրպէյճանի։ «Երկու երկիր, մէկ ազգ» նշանաբան ըրած է ան։ Նաեւ՝ աւելի քան վաթսուն հազար հայեր կ՚ապրին Պոլիս։ Ուստի, կ՚արժէ որ հակիրճ կերպով անդրադառնանք անոր ներկայ իրավիճակին մասին։ Շուրջ կէս տարի առաջ, երկիրը ցնցող միջադէպեր պատահեցան Թուրքիոյ մէջ։ Արդարեւ, երկրին բանակին մէկ հատուածը պետական ձախող հարուած կատարեց, թիրախ ունենալով նախագահ Էրտողանն ու անոր Յառաջդիմութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը (APK) դուրս նետելու համար պետական հրապարակէն։ Երկրին ներկայ իշխանութիւնները խորունկ եւ արմատական մաքրագործումներու ձեռնարկեցին, որոնք ընդգրկեցին շուրջ հարիւր հազար ամէն խաւի պատկանող անձեր։ Բանակայիններ, պետական պաշտօնեաներ, թերթի խմբագիրներ, թղթակիցներ, դատաւորներ եւլն.։ Նոյնպէս այդ ձերբակալութիւններուն զոհ պիտի դառնային նաեւ պետական հարուածին մասնակից չեղող քաղաքական ընդդիմադիր հոսանքներու ղեկավարներ եւ այդ մաքրագործումները դեռեւս կը շարունակուին։

Միջազգային առումով, Թուրքիոյ վերջին պետական հարուածը մեծ ազդեցութիւն պիտի ներգործէր առաւելաբար Ամերիկայի, Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ վրայ։

Ամերիկա արդէն շարք մը տարակարծութիւններ ունէր Թուրքիոյ հետ, ի մասնաւորի Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ վերջինիս վարած քաղաքականութեան հետեւանքով եւ ահա այդ բոլորին վրայ կու գար բարդուելու Թուրքիոյ վերջին պետական հարուածը։ Պետական հարուած մը, որ Թուրքիոյ պետական իշխանութիւններն ու ժողովուրդը կը վերագրեն թուրք, իսլամ-կրօնական Ֆեթհուլա Կիւլէնի ընկերակցութեան։ Ուաշինկթըն Կիւլէնը Թուրքիոյ չյանձնելով, աւելի եւս զօրացուց թուրքերուն այն կասկածը, թէ Ամերիկան մեղսակից եղեր էր այդ ձախող պետական հարուածին։ Այսպէս, այդ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութեան խրամատը առաւել եւս պիտի խորանար։ Նոյնը պիտի պատահէր նաեւ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ։ Սուրիոյ գաղթականներուն եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն առանց վիզայի Եւրոպա մուտք գործելու հարցով տեղի ունեցած տարակարծութեանց վրայ պիտի բարդանար Թուրքիոյ մէջ, մահապատիժի վերստին որդեգրումը իշխանութեանց կողմէ։ Այս բոլորը պատճառ կը հանդիսանային, որ գոցուէր թղթածրարը Թուրքիոյ, Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու երկխօսութեան։

Ռուսիոյ պարագային, թուրք-ռուս փոխ յարաբերութիւնները սկսեր էին վերստին սերտանալ, վասնզի 2015-ի Նոյեմբերին, թուրք-սուրիական սահմանագիծին վրայ Թուրքիոյ կողմէ ռուս օդանաւ մը վար առնելու միջադէպին ստեղծած պատժական եւ այլ բարդութիւնները վերջ գտեր էին նախագահ Էրտողան անձամբ նախագահ Փութինէն ներողութիւն խնդրելով։

Հոս կարեւոր ճշդում մը։ Ռուս եւ թուրք փոխյարաբերութիւնները սկսան վերստին սերտանալ առաւելաբար տնտեսական մարզի մէջ,- զբօսաշրջիկութեան, առեւտուրի եւ շինարարական։ Ո՛չ աշխարհաքաղաքական. ուստի, կարելի է աներկբայօրէն ըսել, թէ տակաւին այդ երկու երկիրներու միջեւ բնականոն փոխյարաբերութիւն չէ հաստատուած։

Մեր կարիծիքն այն է, որ ուշ կամ կանուխ, Թուրքիա պիտի վերադառնայ իր նախկին դաշնակիցներուն կողքին։ Ի վերջոյ այդպէս պիտի վերադասաւորուին երկուստեք շահերը։

«Խաղաղութիւն երկրին մէջ, խաղաղութիւն արտասահման»։ Թուրք աշակերտութեան այդպէս շարունակ կրկնել տուեր էին դպրոցներու մէջ՝ Աթաթիւրքէն սորված։ Եւ եթէ նախագահ Էրտողան չհրաժարի «Neo-Ottoman»եան իր անիրագործելի փառասիրութենէն եւ անզսպելի թուող մենատիրական ձգտումներէն, այն ատեն Թուրքիան ո՛չ երկրին մէջ եւ ոչ ալ արտասահման խաղաղութիւն պիտի գտնէ։

Մեր բաղձանքն է, որ ան դառնայ նորմալ երկիր մը։ Դառնայ դեմոկրատական ազատ երկիր մը, որ գիտնայ յարգել իր պատմական պարտաւորութիւնները, ի միջի այլոց ճանչնայ իր նախնիներուն գործած ոճիրը եւ տայ արդար հատուցում հայոց։

 

Տանըլտ Թրամփ 

Հարկ է նաեւ անդրադառնալ իրողութեան մը վրայ, որ ոչ միայն Ամերիկայի, այլ՝ ամբողջ աշխարհի վրայ անկասկած իր զօրեղ անդրադարձը պիտի ունենայ։ Այդ մէկը Տանըլտ Թրամփի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ ընտրուիլն է։ Մեր ներկայ յօդուածին ծիրէն դուրս կ՚իյնայ խօսիլ Ամերիկայի նորընտիր նախագահին իշխանութեան գլուխ գալուն ընդհանուր կարեւորութեան մասին։ Կանխահաս է նաեւ նման փորձ մը կատարելը։ Բաւարարուինք մէկ երկու մատնանշումներ ընելով միայն։

Նորընտիր Տանըլտ Թրամփի ընտրութիւնը ինքնին մեծ երեւոյթ է։ Երեւոյթ՝ այն իմաստով, որ քաղաքական ասպարէզէն դուրս, գործարար մը եկաւ Ամերիկան փրկելու, ընելու «Great again», իր գործածած նշանաբանով։ Այդ կը նշանակէ, որ Ամերիկայի ժողովուրդը կը տեսնէ, որ «դանիական թագաւորութեան մէջ սխալ բան մը կայ» սրբագրութեան կարօտ։

Երկրորդ, բացայայտ իրողութիւն է, թէ ինչպէս Ամերիկայի, նոյնպէս Եւրոպայի մէջ ազատական ձախ թեքում ունեցող քաղաքական հոսանքները գետին կը կորսնցնեն։ Իսկ յաջողութիւն գտնողները, դէպի աջ թեքող պահպանողական աջերն են։ Այդ կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւր երկիր ունի զօրաւոր հոսանք մը, որ կը ցանկայ պահել պահպանողական արժէքներ, այլ նաեւ ու մանաւանդ որոշ արգելքներ դնել օտար ներս մտնողներու առջեւ, Անգլիոյ Brexit-ի օրինակով։

Աւելցնենք նաեւ հետեւեալ կէտը. Ամերիկայի նոր վարչակարգը, ըստ երեւոյթին կը ձգտի բարելաւել ռուս-ամերիկեան փոխ յարաբերութիւնները, որոնք խիստ վտանգաւոր աստիճանի հասած են այսօր։ Նախագահ Թրամփ, իր յայտարարութեամբ, նպատակ ունի Միջին Արեւելքի մէջ գործակցիլ Ռուսիոյ հետ, արմատախիլ ընելու համար իսլամ ծայրայեղական շարժումները։ Եւ եթէ այդ ուղղութեամբ, ապագայի առնելիք քայլերը նախատեսուած ուղղութիւնը բռնեն, այլեւս պատճառ գրեթէ չի մնար Ռուսիոյ դէմ առնուած պատժամիջոցները պահելու։ Յուսալի է, որ այդ ձեւով Ռուսիոյ տնտեսութիւնը կրէ զգալի բարելաւում։

Ինչ որ Հայաստանի համար կարեւոր է, այն է թէ վերոյիշեալ պարագային, հայերու կողմէ Ռուսիայէն դէպի Հայաստան ուղարկուող գումարները (20 տոկոսը Հայաստանի GDP–ին) յաւելում կրեն։

Վերջերս, միջազգային համաձայնութիւն գոյացաւ քարիւղի արտադրութիւնը զգալիօրէն նուազեցնելու եւ այդ գործին մէջ Ռուսիան մեծ դեր խաղաց։ Այդ մէկն ալ ազդակ մըն է Ռուսիոյ տնտեսութեան նպաստող։ Քարիւղի գիներու բարձրացումը կրնայ ի նպաստ ըլլայ Հայաստանի տնտեսութեան համար։

Ինչպէս ըսինք, տակաւին կանխահաս է յստակ եզրակացութիւններու յանգիլ։ Հարկ է սպասել։

 

Եզրակացութիւն 

Իրերու ներկայ դրութեան մէջ, Ատրպէյճան կրնայ նոր պատերազմ շղթայազերծել Ղարաբաղի վրայ։ Այդ եւ Հայաստանի ընդհանուր ապահովութեան տեսակէտով, կենսական նշանակութիւն ունի հայկական բանակին զօրացումը, մշտատեւ արդիականացումով, նորանոր զէնքերով, զինուորական մարզումով, փորձառութիւն ձեռք ձգելով եւլն.։ Հսկայ, համբերատար աշխատանք եւ նիւթական զոհողութիւն պահանջող իրավիճակ մը։ Ամէն մէկ հայ պէտք է, որ ինքզինք զօրակոչի տակ կանչուած տեսնէ այդ սրբազան գործին համար։ Հայկական բանակը պէտք է նկատել հայու գոյութեան եւ գոյատեւման գլխաւոր գրաւականը։

Հայ ժողովուրդի ամբողջական ներուժը կը կռթնի երեք սիւներու վրայ։ Հայաստան, Արցախ եւ Հայկական Սփիւռք։ Այսօր, համայն հայութենէն կը պահանջուի միատեղել, համադրել եւ յստակ ու գործնական ծրագիրներու իրականացման համար օգտագործել այդ ներուժը։ Մէկ նպատակի ծառայեցնելու համար։ Հայաստանի եւ Արցախի փրկութեան համար։

Այդ կապակցութեամբ կրնանք ըսել, թէ Արցախը իրեն վիճակուած պարտականութիւնը լիովին կը կատարէ։ Ամբողջ Արցախը մնայուն կերպով զօրակոչի տակ է։ Ամէն հայ, որ հոն կ՚ապրի, ամէն օր, ամէն ժամ արթուն կը հսկէ սահմաններուն պաշտպանութեան։

Հայաստանը ողնաշարն է համայն հայութեան պաշտպանութեան եւ գոյութեան։ Ան է որ մեզ կը ներկայացնէ միջազգային մարմիններու առջեւ։ Ան է օրինական տէրը մեր ազգային իրաւունքներուն։ Այս բոլորը ըսելէ ետք պէտք է ընդգծենք, թէ Հայաստանը առանձին ի վիճակի չէ մեր դէմ ցցուած մարտահրաւէրները դիմակալելու։ Ան անհրաժեշտօրէն կարիքը ունի սփիւռքի կարելիութիւններուն։ Սփիւռքը հսկայ շտեմարան մըն է ուժի – քաղաքական, ֆինանսական, մշակութային, արհեստագիտական, գիտական եւլն.։ Ան է որ կրնայ օտար պետութիւններ եւ ուժի կեդրոններ Հայաստանի հետ յարաբերութեան մէջ դնել։ Հոս, առաւելագոյն բարեացակամութեամբ եւ նուազագոյն քննադատական ոգիով, ցաւով արձանագրենք, թէ Հայաստան Սփիւռքին նայած է առաւելաբար որպէս ֆինանսական ներդրումներու աղբիւր. ո՛չ քաղաքական ուժի։ Ցանկալի է, որ այդ մտայնութեան վերջ տրուի։

Եզրակացնելու համար մէկ բան եւս ըսենք։ Վերոյիշեալ մեր խորհրդածութիւններով կը խորհինք, թէ առարկայականօրէն յստակ եղաւ այն իրողութիւնը, թէ Հայաստանն ու Արցախը լուրջ վտանգներու տակ կը գտնուին։ Խիստ կարեւոր է ներկայիս լուսամիտ եւ նուիրեալ ազգային ղեկավարութեամբ ու համազգային միատեղուած ուժերով, ծանրանանք մէկ նպատակի իրագործման շուրջ, ապահովութիւնն ու փրկութիւնը Արցախին եւ Հայաստանին։ Մեր գործելակերպը պէտք է ըլլայ նման նուագախումբի մը, ուր տարբեր թելերու, տարբեր գործիքներու վրայ, ներդաշնակօրէն հնչէ նոյն երգը։

1918-ի մայիսեան օրերու Սարդարապատի նման, նո՛ր ճակատամարտ մը դիմակալելու պատրաստ վիճակին մէջ պէտք է գտնուինք մենք բոլորս, ո՛ւր որ ալ կ՚ապրինք։

 

Լոս Անճելըս, Դեկտեմբեր 2016

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ