Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Անցնող հետաքրքրական 2016 տարին. Քաղաքական Ակնարկ

ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

 

Անցնող տարուան՝ 2016-ին ընթացքին հրատարակուած «Քաղաքական ակնարկ» վերնագրուած սիւնակի շարքին մէջ, Դեկտեմբերի աւարտին սովորութիւն է անգամ մը գոնէ ետ նայելու՝ խորաչափելու համար մեր անցած ուղին եւ հարց տալու.

«Ո՞ւր էինք, իսկ այսօր ո՞ւր ենք…»։ 

Իւրաքանչիւրս իրաւունք կու տանք մեր կատարածը գնահատելու, եւ ժպիտով մը, մեր դէմքը վաղուան կամ՝ անմիջական ապագային դարձնելով սպասելու 2017 Յունուար 2-ին, 3-ին, 4-ինու այդպէս՝ շարունակելու մինչեւ 2017 տարուան վերջին օրը։

Մեր անցնելիք ճամբան կը նմանի քաղաքական կեանքին մէջ առնուող հազարաւոր քայլերուն, այսինքն՝ գիտե՞նք թէ ուր պիտի հասնինքմօտաւորապէս, սակայն չենք գիտեր թէ ուրիշներ ո՞ւր պիտի առաջնորդեն մեզՍիրուն անորոշութիւնն ալ իր համը ունի։

Քաղաքական կեանքը զոր ապրեցանք, որու զարգացումները վայելեցինք, դժգոհեցանք եւ միայն այսօր է որ կը փորձենք գնահատել զայն, նոյն ուղիով պիտի շարունակուի եւ տանի մեզ դէպի անորոշը. ճիշդ այնպէս, ինչպէս է քաղաքական կեանքը, զոր կը փորձենքարժեւորել։

Աշխարհացունց երեւոյթները, պատահարներ եւ արկածներ չխանգարեցին 2016-ի մեր սովորական հանգիստը, կամ՝ խաղաղ ընթացքը մեր առօրեային։ Կ՚արձանագրենք անցնող շաբաթներուն եւ ամիսներուն կատարուածները եւ համբերութեամբ կը սպասենք յաջորդ տարուան՝ 2017-ի օրերու սահանքինՈւրեմն.

 

ՅՈՒՆՈՒԱՐ

Նախագահ Պարաք Օպամա իր իշխանավարութեան վերջին տարին՝ 2016-ը կը սկսի իրեն յաջորդելիք նախագահին ընտրութիւնը պատրաստելով։ Տարուան առաջին ամիսներուն կասկած չկայ թէ ո՞վ է տիրապետող թեկնածուն։ Միացեալ Նահանգներու բնակիչները առաջին անգամ ըլլալով պիտի քուէարկեն ու ընտրեն ԿԻՆ մը որպէս նախագահ։ Արդեօ՞ք դեմոկրատ շարքերուն մէջ աչքառու անձնաւորութիւնը Հիլըրի Քլինթընն է, պետական անսահման փորձառութեամբ, իր յաջողութիւններով ու նոյնիսկ՝ իր ձախորդ սխալներով։

Վերմոնթ նահանգի ծերակուտականը՝ Պըրնի Սէնտըրզ, 74 տարեկան, աշխոյժ ու կենսուրախ արտաքինով եւ ճառախօսելու տաղանդով, կը տպաւորէ երիտասարդ սերունդ մը քուէարկող դեմոկրատներու. …ու ա՞յդքան։ Հանրապետական կողմը անհասկնալի խճողումի մէջ է այս ամիսներուն. 15-16 թեկնածուներ ամէն կողմ տարածուած, Օպամային յաջորդութեան մասին կը զրուցեն, կը խօսին ու կը ճառեն։ Բոլորին մէջն է նաեւ նիւ եորքցի պիլիոնատէր, կալուածատէր ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓը, որու վայելած երկու թուանշանով առաւելութիւնը իր մրցակիցներուն վրայ, միա՛յն ժպիտ կը յառաջացնէ։ Անուանի մրցակիցներն են Թեքսասի ծերակուտական Թետ Քրուզը, Ֆլորիտայի Ծեր. Մարք Ռուպիոն, բայց մանաւանդ ծանօթ անունի տէր Ֆլորիտայի կառավարիչ Ճէպ Պուշը, որու ժողովրդականութիւնը տարօրինակ անկում մը կ՚ապրի…։

Վերջին «Պետութեան վիճակը» (State of the Union) ներկայացնող ճառին մէջ, նախագահ Օպամա Յունուար 12-ին կը դրուատէ ինքզինք, իր իրագործածները, տնտեսական իր յաջողութիւնները եւ արտաքին յարաբերութիւններու մէջ ստեղծուած նոր կապերը՝ Իրանի եւ Քուպայի հետ, երկիրներ, որոնք տասնամեակներ ամբողջ լուրջ թշնամիներ կը նկատուէին։ Հանրապետական Նիքքի Հէյլի կը մատնանշէ անշուշտ դեմոկրատ նախագահին ձախողութիւնները պետական վարչամեքենային կառոյցին մէջ…։

Ամսուան հետաքրքարական զարգացումներէն են Հիւսիսային Քորէայի անակնկալ յայտարարութիւնը, թէ՝ H-Bomb մը (ջրածնային) ռումբ մը փորձարկած է… անցնելով հզօր պետութիւններու շարքին։ Պրազիլէն կը յայտարարուի Զիքա վարակին (ZIKA virus) առկայութիւնը երկրէն ներս. կ՚ըսուի թէ 4,000 վարակեալներ կային 2015-ին եւ Զիքա-ն կրնայ տարածուիլ տարբեր երկիրներու մէջ եւս։

Հետեւելով Միացեալ Նահանգներուն, Եւրոպական Միութիւնն ու ՄԱԿ-ը պիտի թեթեւցնեն Իրանի դէմ կիրարկուող առեւտրական պատժական կաշկանդումները. ու որպէս հակազդեցութիւն, միջին արեւելեան դժգոհ պետութիւններ՝ Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Սոմալիա եւ ուրիշներ դիւանագիտական կապերը կը խզեն Իրանի հետ։

 

ՓԵՏՐՈՒԱՐ

Ամերիկեան քաղաքական կեանքին ակնառու զարգացումը՝ գալիք ընտրութեան կը վերաբերի։ Տանըլտ Թրամփ Փետրուար 12-ին կը շահի Նեւատայի, Նիւ Հեմշըրի եւ Հարաւ. Քարոլայնայի տեղական ընտրութիւնները, ետ ձգելով Թետ Քրուզը։ Նիւ Ճըրզիի Քրիս Քրիսթին կը հեռանայ ընտրապայքարէն։ Դեմոկրատներու մօտ Հիլըրի Քլինթըն երեք նահանգներու, իսկ Սէնտըրս մէկ նահանգի կուսակցական  ընտրութիւնները կը շահին։

Նիկերիա, Ափրիկէի ամէնէն բազմամարդ պետութիւնը, ներքին վտանգաւոր կացութիւն մը կը բոլորէ, երբ Պոքօ Հարամ կոչուած ահաբեկչական խմբակի երկու կին անդամներ իրենք զիրենք կը պայթեցնեն Տիքվա քաղաքին մէջ 58 անձերու մահ պատճառելով։ Պոքօ Հարամ արդէն տարածուած է Նիկերիոյ քաղաքներուն մէջ եւ 2009 թուականէն իվեր կատարած է 20 հազարէն աւելի անհարկի սպանութիւններ՝ մահմետական խալիֆայութիւն մը ստեղծելու երազով, Շարիայի օրէնքի վրայ հիմնուած։

Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսաստան Փետրուար 27-ին միասնաբար փորձեցին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին միջամտել՝ զինադադար մը իրագործելու միջոցով։ Մինչ այդ Սուրիոյ մէջ կը գործէին էլ Քայիտայի ճիւղ մը՝ Էլ-Նուսրա ճակատը, Իրաքի եւ Սուրիոյ Իսլամական Պետութիւն (ԻՍԻՍ) ահաբեկչական խումբը, քրտական զինեալ ջոկատներ, որոնց չէզոքացումին պատրուակով՝ թրքական ուժեր անսանձ մուտք գործած են Սուրիա։ ԻՍԻՍ խումբը պատասխանատուութիւնը առաւ Հոմսի եւ Դամասկոսի մէջ Փետրուար 21-ին կատարուած 140 անձերու սպանութեան։ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը արդէն բոլորած է չորս տարին։

Ամերիկեան Գերագոյն Ատեանի անդամ Անթոնին Սքալիա Փետրուար 13-ին մահացաւ Թեքսասի որսորդական հիւղաւանի մը մէջ, Ատեանին մէջ կարեւոր պարապ մը ստեղծելով։ Նախագահ Ռեկընի 1986-ին նշանակած պահպանողական դատաւոր մը, Սքալիա կը ճանչցուէր իր հռետորական ելոյթներով։ Ծերակոյտի հանրապետական ղեկավար Միչ ՄըքՔոնել նոյն օրն իսկ առաջարկեց Սքալիայի յաջորդին նշանակումը յետաձգել 2016-ի նախագահական ընտրութենէն ետք, բայց նախագահ Պարաք Օպամա յստակացուց. «Իմ սահմանադրական պատասխանատուութիւնս պիտի կատարեմ, իր ատենին նշանակելով յաջորդ մը»։

Անլոյծ մնացած հարց մըն է Քուպայի հարաւը գտնուող Կուանթանամօ բանտին ապագան։ Փետրուար 23-ին նախագահ Օպամա Քոնկրէսին ներկայացուց ծրագիր մը, ամերիկեան սեփականութիւն եղող բանտին մնացեալ բանտարկեալները ամերիկեան ցամաքամաս փոխադրուին։ Ծրագիրին դէմ են մեծ թիւով քոնկրէսականներ, պատրուակելով տնտեսական դժուարութիւնը։ Կուանթանամոյի բանտը 2015 Նոյեմբերին ունէր 91 շատ վտանգաւոր տեսակի ահաբեկիչ կալանաւորներ, որոնցմէ 35-ը անմիջապէս փոխադրելի՝ մայր ցամաք։ Փակումին բերելիք խնայողութիւնը պիտի ըլլայ 85 միլիոն տոլար, մինչ վերջին նորոգութեան ծախսուած էր մօտաւորապէս 475 միլիոն տոլար…։

Կաթողիկէ աշխարհի Սրբազան Պապ Ֆրանսիսի եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարք Կիրիլի պատմական հանդիպումը Փետրուար 12-ին, Քուպայի մէջ, առաջինն էր 1054 թուականի պատմական բաժանումէն իվեր։ Երկու կրօնապետերը համաձայնեցան գործակցիլ՝ ընդդիմանալու եւ առաջքը առնելու համար Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի տարածքին կատարուող հակաքրիստոնէական շարժումին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ