Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈԻԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ,

Վերջին քանի մը շաբաթներուն՝ համացանցային կայք մը կեանքի կոչուած է «Հայ Ձայն» (haydzayn.am) անունով, որ կը յաւակնի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան օրկանը ըլլալ եւ յերիւրածոյ լուրեր կը տարածէ Կուսակցութեանս մասին:

Սոյն յայտարարութեամբ, կու գանք հաստատելու հետեւեալները՝

1. «Հայ Ձայն» կոչուած կայքը աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի։

2. Աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը պատասխանատու չէ անոր մէջ տեղ գրաւող լուրերուն ընդհանրապէս կամ որդեգրած քաղաքական ուղեգիծին։

3. Անոր միջոցով տարածուած Կուսակցութեանս վերաբերող լուրերը անհիմն են։

4. Ոչ մէկ բանակցութիւն տեղի կ՚ունենայ ընկեր Սերխիօ Նահապետեանի եւ ընկեր Վարդան Նազիրեանի միջեւ:

5. ՌԱԿ գերագոյն խորհուրդ անունով մարմին մը գոյութիւն չունի ՌԱԿ-ի կանոնագրութեան մէջ։

6. 95-ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ունի մէկ ու միակ ղեկավար մարմին՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւն, որ պատմական յաջորդականութեամբ իր 27-րդ պատգամաւորական ժողովին ընտրած է սոյն յայտարարութիւնը ստորագրող իր օրինական ղեկավարութիւնը: Այս Վարչութենէն բացի ամէն նոյնանման հանգամանք կամ անուն կրող մարմին կամ վարչութիւն կեղծ է ու հերձուած:

 

Կը խնդրուի առ որ անկ է նկատի ունենայ այս պարագան եւ ըստ այնմ կողմնորոշուի վերոյիշեալ կայքին կամ անոր տարածած լուրերուն նկատմամբ:

Ի դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան                                                                Սերխիօ Նահապետեան

Ատենադպիր                                                                            Ատենապետ

29 Դեկտեմբեր 2016 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ