Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ծնունդն ու Ծնեալը

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

 

«Եւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ, ու խանձարուրով փաթթեց եւ զանիկա մսուրին մէջ պառկեցուց, քանի որ իջեւանին մէջ իրենց տեղ չկար» (Ղուկ. 2.7)

 

      Ղուկաս Աւետարանիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը նկարագրած ատեն կը յիշէ, թէ անոր ծնողքը, Յովսէփ եւ Մարիամ, Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքէն Հրէաստանի Բեթլեհէմ գիւղաքաղաքը եկան մարդահամարի արձանագրութեան համար: Մարիամի ծննդաբերութեան ժամանակը հասած էր, բայց Բեթլեհէմի իջեւանին մէջ իրենց համար տեղ չկար: Մարիամ ստիպուեցաւ ծնունդ տալ Յիսուսի՝ գոմի մը անկիւնը եւ նորածին մանկիկը փաթթեց խանձարուրով եւ դրաւ զայն մսուրի մը մէջ:

      Յիսուսի ծննդեան սոյն պատմութեան մէջ առաջին յատկանշական բայց տխուր պարագաներէն մէկը այն էր, որ իջեւանին մէջ Յիսուսի տեղ չկար…: Մեր մտքերուն մէջ հարց կը ծագի թէ արդեօք, եթէ Բեթլեհէմի պանդոկապետը գիտնար ծնելիք Մանուկին ո’վ ըլլալը, տեղ մը պիտի կարգադրէ՞ր Անոր իր իջեւանին մէջ: Հաւանաբար ան իր լաւագոյնը պիտի ընէր յարմար տեղ մը հայթայթելու:

      Այսօր, Յիսուսի Ծնունդէն աւելի քան քսան դարեր ետք, կան շատ մարդիկ, որոնք գիտնալով հանդերձ Յիսուսի ինքնութիւնը, անոր տիեզերական հմայքն ու ազդեցութիւնը՝ իրենց կեանքի «իջեւան» ներուն մէջ տեղ չունին Անոր: Գուցէ իրենց մտքի ու հոգիի «իջեւան»ները այնչա՜փ խռնուած եւ խճողուած են այլեւայլ բաներով եւ իրենց առօրեայ կեանքը այնքա՜ն նախապատուութիւններով լեցուած է, որ այլեւս տեղ չկայ հոն Տէր Յիսուս Քրիստոսի:

      Ծնունդի եղանակն է դարձեալ: Ամենուրեք ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտ կը տիրէ: Տուներու եւ փողոցներու գոյնզգոյն լոյսեր, ոսկեփայլ զարդեր, տօնածառերու շողշողուն մոմեր, խանութներու եւ վաճառատուներու մէջ լսուող գեղեցիկ երգեր ու մեղեդիներ, նուէրներ գնելու արշաւ, շքեղ ու փարթամ հաւաքոյթներ …:  Ի՞նչ է առիթը այս ամէնուն: Ինչո՞ւ համար տեղի կ՚ունենան այս արտակարգ եռուզեռն ու խանդավառութիւնը: Այս ամէնը կը կատարուին ի պատիւ Յիսուս Քրիստոսի, որ  դժբախտաբար շատերու կեանքի «իջեւան»ներուն մէջ երբեք տեղ չունի…:

      Ի՜նչ երգիծա-ողբերգութիւն է տօնել ծննդեան տարեդարձ մը առանց իրօք սիրելու ու պատուելու այն ենթական, որուն ի պատիւ կը տօնուի այդ տարեդարձը: Աւա՜ղ, առ հասարակ, Ծննդեան եղանակի տօնակատարութիւնները կրնան նկարագրուիլ «Ծնունդը առանց Ծնեալին», քանի որ շատեր Ծննդեան օրը իբրեւ տօն կը սիրեն, բայց օրուան Տէրը, Քրիստոս, տեղ չունի իրենց կեանքին մէջ: Անոնք կը նմանին այն հարսնեւորներուն, որոնց համար հարսանիքի ուրախութեան գլխաւոր առարկայ եղող ամուսնացող ամոլը կարեւոր չէ, այլ միայն հարսանեկան խրախճանքն ու իրենց հաճոյքը:

      Սուրբ Ծննդեան այս եղանակին հետ կապուած բոլոր արտաքին երեւոյթները, տօնական զարդերն ու զարդարանքները, երաժշտութիւնը, կերուխումները, ընկերային հաւաքոյթներն ու տօնական արարողութիւնները իրենց դերն ունին իբրեւ յիշեցում, ինչպէս նաեւ որպէս ուրախ ու զուարթ մթնոլորտ ստեղծող ազդակներ: Բայց ասոնք Ծնունդի տօնին սոսկ պարունակելիներն են,  եւ ոչ թէ Պարունակեալը:  Այս պարագային Պարունակեալը Քրիստոս Ի’նքն է: Ինչպէս առանց Պարունակեալին՝ պարունակելին մնայուն արժէք չունի, այնպէս ալ առանց Քրիստոսի Ծննդեան տօնակատարութիւնները արժէք եւ նշանակութիւն չունին:

      Քսան դարեր առաջ, մութ գիշեր մը, Տիրոջ հրեշտակը Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը կ’աւետէր Բեթլեհէմի դաշտերուն մէջ իրենց հօտերուն պահպանութիւն ընող զարհուրած հովիւներուն ըսելով, «Մի» վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ որ ամբողջ ժողովուրդին ուրախութիւն պիտի պատճառէ: Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկ. 2.10): Առանց Ծնեալին՝ Ծնունդի տօնին առթած ուրախութիւնը արուեստական է, խաբուսիկ ու վաղանցուկ: Միայն ու միայն Ծնեալն է, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որ իրական ուրախութիւն կը բերէ մարդոց կեանքին մէջ: Երբ Ան կ’իջեւանէ մարդոց սրտերուն ու հոգիներուն մէջ՝ այն ատեն անոնք կ՚ունենան հոգեկան ներքուստ, ճշմարիտ ու մնայուն ուրախութիւն, որ այս աշխարհի մէջ ոչ ոք եւ ոչ մէկ բան կրնայ տալ իրենց եւ ոչ ալ կրնայ խլել իրենցմէ:

      Մեր մաղթանքն ու աղօթքը այն է որ, Սուրբ Ծննդեան հրաշափառ տօնին առթիւ, ամէն անոնք, որոնք տակաւին Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի աշխարհ բերած ուրախութեան աւետիսը չունին,  աստուածային իմաստութիւնն ու երկնային շնորհքը ունենան իրենց սրտերը իջեւան դարձնելու Անոր:

 

      Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ.

      Ձեզի, մեզի մեծ աւետիս:

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ