ԱՒԵՏԻՍ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը ծանօթ իրաւաբան մըն է, սակայն, ան առաւելաբար ծանօթ է հայկական հարցերու իրաւական տեսանկիւնէն դիտուած իր մեկնաբանութիւններով, որոնք նոր ուղիներ կը բանան Հայ Դատին հետապնդման ճամբուն վրայ: Եւ արդէն Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, ինքը կը պարզէ այս հատորին, այսպէս ասած՝ առաքելութիւնը, որ կը յստակացնէ Հայ Դատին հետապնդման ճանապարհին վրայ գտնուող բազում հարցերը: Այսպէս՝ «Այս գիրքին կեդրոնական առաջադրանքն է հեռու մնալ մեր ենթակայական ու զգացական մօտեցումներէն և նկատի ունենալ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի հիմնական սկզբունքները, իրաւաքաղաքականօրէն ըմբռնելու համար Մեծ Եղեռնի տարողութիւնը, անկէ բխող մեր պահանջատիրութեան բովանդակութիւնը, և զայն հետապնդելու ուղիղ ճանապարհը»:
Արդ, առաջին առթիւ ճշդելով Ցեղասպանութեան հետեւանքով մեր ունեցած կորուստները, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան զանոնք կը թուէ մի առ մի, ինչ որ կ’ենթադրէ մեր պահանջատիրութեան ոլորտին տարողութիւնը: Բայց նախ տանք մեր կորուստներուն ցուցակը այնպէս, ինչպէս որ յստակացեցուցած է հեղինակը. «Ցեղասպանութեան լոկ մարդկային կորուստին կողքին, մենք կորսնցուցած ենք նաև՝ մեր հողերը, մեր մտաւորական ուժը, մշակութային ժառանգութիւնը, 21-45 տարիքի մեր աշխատունակ ու մարտունակ գործօն ուժերու ամբողջ սերունդ մը, մեր անշարժ ու շարժուն գոյքերն ու նիւթական խնայողութիւնները»:
Այնուհետեւ, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան մատը ճիշդ վէրքին վրայ դնելով, կը ցուցաբերէ անցեալ հարիւր տարիներուն ընթացքին մեր ցուցաբերած, ըսենք՝ անտարբերութիւնը Հայ Դատին իսկական բնոյթին հանդէպ, որ մեր հողային պահանջը պէտք էր որ ըլլար գլխաւորաբար, սակայն մենք մտանք սխալ ճամբու մը մէջ, որ չի կրնար մեզ առաջնորդել դէպի Հայ Դատին լուծումը. «Մենք 10 տասնամեակներու տեւողութեան, ժամավաճառ եղած ենք Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական ճանաչումներ մուրալով, և հասած ենք 2015 թուին, առանց պահանջելու Արեւմտահայաստանը»:
Եւ որպէսզի կարենանք մեր դատը հետապնդել իրաւականօրէն, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան նախապայման կը նկատէ, համազգային բնոյթով կառոյցի մը գոյառումը, զոր ինք կը կոչէ «Տարագիր Արեւմտահայութեան Համաշխարհային Քոնկրէս» (ՏԱՀՔ):
Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի այս տեղին նկատողութիւնը առաջինը չէ որ կ՚ըլլայ, այլ՝ առողջ մտածողութեամբ գործող մեր բոլոր մտաւորականներուն ալ պահանջը նոյնը եղած է, սակայն անոնց այդ իրաւացի կոչն ու կանչը միշտ ալ մնացած է ձայն բարբառոյ յանապատի: Սակայն, երբ ամբողջ հայութիւնը, իր բոլոր հատուածներով, անհրաժեշտ կը գտնէ նման մարմինի մը գոյութիւնը, իրականութիւն չի դառնար և կը մնայ միայն որպէս բարի ցանկութիւն: Որովհետեւ, սկզբունքով բոլոր կողմերն ալ համաձայն են գործակցաբար աշխատելու, սակայն, երբ հարցը գործնականին կու գայ, անհամաձայնութիւնները անմիջապէս գլուխ կը բարձրացնեն, և գործակցաբար աշխատելու բարի կամեցողութիւնը ջուրը կը տանի… Այնպէս որ վստահօրէն կրնանք հաստատել, թէ ՏԱՀՔ-ը գոյութիւն առնելու բախտին երբեք պիտի չարժանանայ, եթէ պիտի սպասենք, որ բոլոր կողմերն ալ համաձայն գտնուին… Որովհետեւ, մենատիրական մոլուցքը իրենց թոյլ պիտի չտայ, որ կողմերը հաւասար գետնի վրայ գործակցաբար աշխատին…
Որովհետեւ, յայտնի չէ, թէ ո՞վ պիտի նախաձեռնէ այդ համազգային մարմնին կազմութիւնը: Կուսակցութիւննե՞րը, Հայաստանեայց Եկեղեցի՞ն, Բարեգործակա՞նը, կամ Հայաստանի Կառավարութիւնը, որ չի ճանչնար հայ ժողովուրդին հողային պահանջը, այլ՝ ընդհակառակը, կը մերժէ անոր այդ տեղին ու արդար պահանջը, երբ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կը յայտարարէր. «Եթէ Թուրքիա ընդունի Ցեղասպանութեան իրականութիւնը և ներողութիւն մըն ալ խնդրէ, այնուհետեւ Հայաստան ուրիշ ոչինչ պիտի պահանջէ Թուրքիայէն»: Այսպիսով, նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կը ժխտէ հայ ժողովուրդին բոլոր իրաւունքները, մանաւանդ երբ կ’աւելցնէ. «Դուք կրնաք Ցեղասպանութիւն բառը չընդունիլ, բայց կոտորած մը եղած է: Սփիւռք կոչուածը այդ դէպքին հետեւանքով ծնունդ առած է: Ցեղասպանութեան ճանաչումը իրաւական հարց մը չէ, այլ հայ ժողովուրդին համար արժանապատուութեան հարց է: Արդէն, Օսմանեան շրջանին այսօրուան Հայաստանը չկար ու Հայաստան չի կրնար այդ հողամասերուն ժառանգորդը ըլլալ»:
Իսկ ներկայ նախագահը՝ Սերժ Սարգսեանը, Թուրքիոյ հետ իր կնքած արձանագրութիւններով, կը համաձայնէր. «Երկու երկիրները պիտի վերահաստատէին իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդհանուր սահմանի փոխադարձ ճանաչումը՝ սահմանուած միջազգային իրաւունքի համապատասխան պայմանագրերով», որուն համաձայն, Հայաստան միանգամընդմիշտ պիտի հրաժարէր որեւէ հողային պահանջէ: Ապա, կազմել «ենթայանձնախումբ մը, որուն նպատակն է անկողմնակալ գիտական ուսումնասիրութիւն պատմական փաստաթուղթերու և արխիւներու, առկայ խնդիրներու ձեւակերպման համար»: Ասոր հետեւանքով, Թուրքիա այլեւս Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունելու որեւէ պարտաւորութենէ պիտի ձերբազատուէր:
Հետեւաբար, հարց կը ծագի, թէ ո՞վ է Հայ Դատին իրաւատէրը, որ ենթադրուած էր առաջին հերթին ըլլար Հայաստանի կառավարութեան պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը: Սակայն, ինչպէս տեսանք, ան կը ժխտէ Հայ Դատին արդարացիութիւնը:
Այսպէս ուրեմն, կրկնեմ, երբ տարագիր Սփիւռքահայութեան բոլոր հատուածներն ալ անհրաժեշտ կը գտնեն մէկ և միասնական մարմնի մը կազմութիւնը, սակայն կառքը տեղէն չի շարժիր, առաջ չ՚ընթանար, անշարժ կը մնայ… Ինչո՞ւ… Պարզ է: Որովհետեւ, կառքին անիւները… քառակուսի են: Իսկ ո՞վ կառքին անցուցած է այդ քառակուսի անիւները… Պարզ է՝ հատուածամոլութիւնը… Եւ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան ճշգրիտ ախտաճանաչումը կատարելով, կ’ըսէ. որովհետեւ` «Համահայկականութեան ոգիին նուաճումն ու Տարագիր Արեւմտահայութեան վերակազմակերպումը արգելակող հատուածամոլութիւնն ու մենատիրական կեդրոնախոյս մոլուցքը՝ միայն այսպիսի բաբելոնեան խանգարում մը կրնային յառաջացնել… իրենց «ազատութեան» անիշխանական ընկալումով»:
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան շատ իրաւամբ, անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ ՏԱՀՔ-ի կազմութեան «ընտրովի» ըլլալուն: Սակայն, ո՞վ պիտի կատարէ այդ ընտրութիւնները: Կուսակցութիւննե՞րը, Բարեգործակա՞նը, Հայաստանեայց Եկեղեցի՞ն, թէ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը: Ի՞նչ ձեւով պիտի կատարուի ընտրութիւնը: Բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց շարքերուն մէջէ՞ն պիտի կատարեն, թէ իրենք միայն իրենց թեկնածուները պիտի առաջադրեն և Տարագիր Արեւմտահայութիւնը այդ ցանկին վրայէն պիտի կատարէ ընտրութիւնը: Իսկ ո՞վ պիտի կազմէ այդ ցուցակը: Ի՞նչ հիման վրայ պիտի կազմուի այդ ցուցակը: Ապա, Տարագիր Արեւմտահայութիւնը իր ներկայ խառնիճաղանճ և անկազմակերպ վիճակին մէջ, պիտի կարողանա՞յ ողջմիտ դատողութեամբ և անաչառ անկողմնակալութեամբ կատարել ընտրութիւնները, թէ ըստ սովորութեան, ամէն մէկը իր կառքը առաջ պիտի քշէ՝ յանգելու համար անել կացութեան մը…
Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի համաձայն, Հայ Դատին իրաւատէրը Տարագիր Արեւմտահայութիւնն է: Սակայն, ի՞նչ միջոցաւ Տարագիր Արեւմտահայութիւնը պիտի կարողանայ տէր կանգնիլ իր Դատին: Մեթր Գասպար Տէրտէրեան ցոյց կու տայ օրինակը Պաղեստինցի ժողովուրդին, որուն մէկ և միակ համաժողովրդական ներկայացուցիչն էր Պաղեստինի Ազատագրութեան Կազմակերպութիւնը՝ «ՊԱԿ-ը, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովէն ստացաւ՝ Պաղեստինի ժողովուրդին միակ օրինական և լիազօր ներկայացուցիչի ճանաչումը՝ ՄԱԿ-ի դիտորդ անդամի կարգավիճակով: (Յետագային) ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը ՊԱԿ-ը ճանչցաւ, այս անգամ՝ որպէս Պաղեստինի անկախ պետութեան լիազօր ներկայացուցիչը և Պաղեստին անկախ պետութիւնը ընդունեց՝ որպէս ՄԱԿ-ի դիտորդ անդամ պետութիւն»:
Նոյն կարգավիճակով, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը հաստատէ, թէ ՏԱՀՔ-ը պիտի ընդունուի ՄԱԿ-ի անդամ: Սակայն, ան կը հաստատէ նաև, թէ «Այս ճանապարհը երկար է՝ բայց կը սկսի ՏԱՀՔ-ի ստեղծումով միայն:» Արդ, եթէ ՏԱՀՔ-ը ՄԱԿ-ին դիմէ՝ անդամակցութեան համար, որեւէ կարգավիճակով, ՄԱԿ-ը պիտի ընդունի՞ երկու Հայաստաններու անդամակցութիւնը, թէկուզև անոնցմէ մին որպէս դիտորդ: Ապա, այս ըմբռնումով, ՏԱՀՔ-ը չի ճանչնար Արեւելահայաստանը՝ որպէս անկախ պետութիւնը համայն հայութեան, այլ՝ Արեւելահայութեան կառավարութիւնը միայն, որ իրաւունք չունի խօսելու Տարագիր Արեւմտահայութեան անունով, թէեւ արդէն, ինչպէս ըսի վերեւը, ներկայ անկախ Հայաստանի կառավարութիւնը չի ճանչնար Տարագիր Արեւմտահայութեան իրաւունքները, որուն սեփականատէրն է ան, իրականութեան մէջ:
Սակայն, Պաղեստինի ժողովուրդին և հայ ժողովուրդին միջեւ մէկէ աւելի էական և հիմնական տարբերութիւններ կան: Նախ, որ Տարագիր Պաղեստինցի ժողովուրդին բեկորները, իրենց բնակած երկիրներուն քաղաքացիները չեն, մինչդեռ, Տարագիր Արեւմտահայութեան բեկորներէն իւրաքանչիւրը, իր բնակած երկրին քաղաքացիներն են, և հետեւաբար, ենթակայ՝ անոր օրէնքներուն, անոր քաղաքականութեան, անոր կողմնորոշման: Այդ երկիրներուն կառավարութիւններէն ոմանք բարեկամ կամ դաշնակից են Թուրքիոյ, առաջին հերթին՝ Միացեալ Նահանգները, ի՞նչ հակազդեցութիւն պիտի ունենան ՏԱՀՔ-ի թեկնածութեան առթիւ: Այստեղ կարելի է ակնկալել, որ ՄԱԿ-ը կրնայ ՏԱՀՔ-ը ճանչնալ հակառակ Միացեալ Նահանգներուն և Թուրքիոյ կամքին, ինչպէս որ եղած է ՊԱԿ-ի պարագային, սակայն, ի՞նչ երաշխիք կայ որ նոյն պատեհութիւնը ներկայանայ նաև ՏԱՀՔ-ի առթիւ: Հոս կրնայ առարկուիլ, որ ՄԱԿ-ի անդամներէն շատ շատեր ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այնպէս որ անոնք կրնան թիկունք կանգնիլ ՏԱՀՔ-ի անդամակցութեան: Սակայն, տարբեր բան է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը, սակայն բոլորովին տարբեր բան է հողային պահանջի մը զօրավիգ կանգնիլը:
Ապա, Պաղեստինցի ժողովուրդը հայրենազուրկ, ազգային պետութենէ զուրկ ժողովուրդ մըն էր, որուն ՊԱԿ-ն էր մէկ և միակ կազմակերպութիւնը, և հետեւաբար, իր միակ ներկայացուցիչը: Մինչդեռ, հայութիւնը հայրենիք ունի և ազգային պետութիւն: Այս ձեւով, հետեւանքը պիտի ըլլայ գոյառումը երկու Հայաստաններու: Մին՝ Արեւելահայաստանը, իմա՝ ներկայ Հայաստանը, իսկ միւսը՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան հայրենիքը՝ Արեւմտահայաստանը, երբ կարելի ըլլայ զայն ձեռք ձգել…
Այնուհետեւ, ՊԱԿ-ը Տարագիր Պաղեստինցիներուն մէկ և միակ ներկայացուցիչն է: Մինչդեռ, Տարագիր Արեւմտահայութիւնը ունի բազմաթիւ և բազմատեսակ կազմակերպութիւններ, որոնք ունին հակոտնեայ և խայտաբղէտ գործունէութիւն:
Միւս կողմէ, դարաւոր փորձառութիւնը, զոր ունեցած է հայ ժողովուրդը, այն եղած է, թէ որեւէ ակնկալութիւն չի կրնար ունենալ Արեւմտեան մեծ պետութիւններէն, որոնք իրենց սեփական շահուն համար, միշտ ալ հայ ժողովուրդը գործածած են որպէս մանր դրամ՝ Թուրքիայէն առանձնաշնորհումներ ձեռք ձգելու համար: Հայ ժողովուրդին միակ բարեկամը եղած է, ինչպէս որ պատմական փորձառութիւնը ցոյց տուած է, միայն ու միայն Ռուսաստանը, ոչ թէ հայ ժողովուրդին սեւ աչքերուն համար, այլ պարզապէս որովհետեւ, իր շահերը միշտ և մինչեւ այսօր, եղած են համապատասխան հայ ժողովուրդին շահերուն:
Արդ, յոյս դնել Արեւմուտքի մեծ պետութիւններուն վրայ, թէ ՏԱՀՔը պիտի ընդունին որպէս Արեւմտահայութեան իրաւասու ներկայացուցիչ, տարակուսելի է, այնքան ատեն, որ անոնց շահերը կը համապատասխանեն Թուրքիոյ զաւթողական շահերուն, և խոտոր կը համեմատին հայ ժողովուրդին շահերուն հետ: Հետեւաբար, միայն զէնքի ուժն է, որ պիտի կարենայ լուծել Հայ Դատը, իսկ զէնքի ուժը՝ Հայաստանը չունի և երբեք ալ պիտի չկարենայ ունենալ, հետեւաբար, հայ ժողովուրդին կը մնայ ապաւինիլ մեծ պետութեան մը օգնութեանը: Այդ մեծ պետութիւնը կրնայ ըլլալ միայն Ռուսաստանը, որ սակայն, եթէ զէնքի ուժի դիմէ, այդ պարագային կը ծագի համաշխարհային պատերազմը, բան մը՝ որմէ ամէն կերպ կը խուսափի Ռուսաստանը, շատ արդարացիօրէն և իրաւացիօրէն: Ուրեմն, հայ ժղովուրդին կը մնայ համբերութեամբ սպասել այն պատեհութեան, երբ Ռուսաստանը պիտի կարենայ իր զէնքին ուժով ազատագրել Արեւմտահայաստանը:
Իսկ թէ ինչո՛ւ Արեւմտահայութեան հողային դատը հարիւր տարի անտեսուած մնաց, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը հաստատէ. «Հաւանօրէն, մեր հարիւրամեայ մոռացումը Արեւմտահայաստանի հողային դատին, հետեւանքն էր այն պատմական փաստին, երբ Դաշնակցութիւնը վերջնականապէս դուրս եկաւ Արեւելահայաստանէն, և Սփիւռքը պառակտուեցաւ՝ երկու հակադիր ճակատներու, Սովետահայաստանի ՀԵՏ և անոր ԴԷՄ, Դաշնակցութեան համար Հայ Դատը վերածուեցաւ Սովետ Հայաստանը «ազատագրելու» դատի, իսկ հակառակորդ ճակտին համար, Սովետ Հայաստանի պաշտպանութիւնը դարձաւ հիմնական դատը, և երկու ճակատներն ալ մոռցան Արեւմտահայաստանի հողային դատը և բաւականացան Ցեղասպանութեան ոճիրին լոկ բարոյական ճանաչումին պահանջատիրութեամբ»։
Այնուհետեւ, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը մէջբերէ մի ոմն Կարէն Միքայէլեանի կազմած «Արեւմտեան Հայաստանի Հայոց Ազգային Խորհուրդ»ը, որ արդէն համաձայնութիւն գոյացուցեր է Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան հետ, որպէսզի միասնաբար գործակցին… Ի՞նչ սկզբունքի վրայ հիմնուած է այդ համագործակցութիւնը, ի՞նչ նպատակի շուրջ անոնք պիտի համագործակցին… Անյայտ է… Սակայն, հարցը այդ չէ, հարցը այն է, որ պատահական մարդիկ կը յաջողին «միութիւն»ներ, «խորհուրդ»ներ, «յանձնախումբ»ներ «կազմել», մինչ Սփիւռքի տարածքին սունկի նման կը բուսնին Հայ Դատի ամուլ Յանձնախումներ, կամ Հայ Իրաւանց նոյնքան ամուլ Խորհուրդներ, սակայն, Սփիւռքահայութիւնը չի կրնար, չի յաջողիր մէկ ու միակ միասնական համահայկական կառոյց մը կեանքի կոչել, հակառակ բոլոր կողմերուն բարի կամեցողութեան և պատրաստակամութեան… Ինչո՞ւ…
Կը կրկնեմ՝ որովհետեւ, Հայ Սփիւռքը կը տառապի հատուածամոլութեան ախտով…։
Իսկ ինչ կը վերաբերի Սեւրի Դաշնագրին և Ուիլսընեան վճիռին, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան այսպէս կը բացատրէ. «Ուիլսընեան իրաւարարութեան գործընթացը, Սեւրի դաշնագրի գործընթացէն բոլորովին անջատ և անկախ գործընթաց է, որ սկսաւ Սեւրէն շատ առաջ՝ 1920 Ապրիլ 26-ին և իր աւարտին հասաւ Սեւրի դաշնագրէն շատ վերջ՝ 1920 Նոյեմբեր 22-ին: Արդ, ես որքան որ գիտեմ, Սեւրի Խորհրդաժողովը դիմած է ԱՄՆ-ի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի, որ Հայկական Հարցին իրաւարարութիւնը ստանձնէ և նախագահ Ուիլսըն իր իրաւարար վճիռը յանձնած է Սեւրի Խորհրդաժողովին: Սակայն, ինչպէս տեսանք, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան տարբեր բան կ’ըսէ: Արդ, եթէ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը սկսած է Սեւրի դաշնագրէն շատ առաջ՝ 1920 Ապրիլ 26-ին, մինչ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 10 Օգոստոս 1920-ին, ուրեմն, ո՞վ յանձնարարեց նախագահ Ուիլսընին, որ ստանձնէ Հայկական Հարցին իրաւարարութիւնը: Իսկ եթէ նախագահ Ուիլսընի վճիռը Սեւրէն շատ վերջ տրուած է, այդ պարագային, ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ Սեւրի դաշնագրին մէջ մտած են նախագահ Ուիլսընի վճիռին դրոյթները, երբ Սեւրի դաշնագրին 89-րդ Յօդուածը կ’ըսէ. «Թուրքիա և Հայաստան, ինչպէս նաև միւս դաշնագիր բարձր կողմերը, համաձայն են՝ ԱՄՆ-ի նախագահին իրաւարարութեան ենթարկելու Թուրքիոյ և Հայաստանի միջեւ սահմաններու ճշդումին հարցը ՝ Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի և Պիթլիսի վիլայէթներուն մէջ, և այս հիմամբ կ’ընդունին անոր որոշումը, ինչպէս նաև ամէն կարգադրութիւն, որ ան կրնայ նախատեսել, ինչպէս՝ դէպի ծով ելք մը Հայաստանին, նաև Թուրքիոյ տարածքէն մասի մը, որ սահմանամերձ է վերեւ յիշուած սահմանին ապազինուորականացումը»:
Խօսելով Ալեքսանդրապոլի և Մոսկուայի դաշնագիրներուն մասին, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան զանոնք անվաւեր կը նկատէ, իր հետեւեալ մեկնաբանութեամբ, որ բացարձակապէս ճիշդ է. «Ալեքսանտրապոլի 2 Դեկտեմբեր 1920 թ. դաշնագիրը ստորագրող երկու կողմերն ալ իրաւական հանգամանք ունեցող կողմեր չէին: Քեմալական շարժումը տակաւին չունէր իրաւական անձնաւորութիւն, ուրեմն և՝ տակաւին դարձած չէր միջազգային իրաւունքի ենթակայ, իսկ հայկական կողմը՝ 2 Դեկտեմբերէն առաջ իր իշխանութիւնը յանձնած էր Հայ Կոմկուսի Յեղկոմին: Հետեւաբար այս դաշնագիրը միջազգային պայմանագիր մը չէր՝ 1969թ. Վիեննայի Պայմանակցութեան 2-րդ յօդուածին համաձայն, որ կ’ըսէ. «Միջազգային պայմանագիր կը նշանակէ պետութիւններու միջեւ գրաւոր կերպով կնքուած և միջազգային իրաւունքի հիման վրայ կառավարուող միջազգային համաձայնութիւն»: Դաշնագրի երկու կողմերը պետութիւններ չէին՝ դաշնագիրը ստորագրելու թուականին»:
«Միեւնոյն իրաւական պատճառներով՝ Մոսկուայի 16 Մարտ 1921 թուի համաձայնագիրը ստորագրուած է երկու իրաւական հանգամանքէ զուրկ կողմերու միջեւ, որոնցմէ թրքական կողմը որպէս պետութիւն ճանաչում ստացաւ միայն 1923 թուին՝ Լօզանի դաշնագրով, իսկ ռուսական կողմը՝ միայն 1 Փետրուար 1924-ին»:
Գալով Լօզանի դաշնագրին բովանդակութեան, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան իւրովի մեկնաբանելով զայն, կը գրէ. «Լօզանի Յօդուած 16-րդը, կը յայտարարէ. «Թուրքիա կը հրաժարի այն բոլոր տարածքներու և կղզիներու տիտղոսէն և անոնց նկատմամբ իր բոլոր իրաւունքներէն, որոնք կը գտնուին ներկայ պայմանագրով գծուած սահմաններէն դուրս, ի բաց առեալ այն տարածքները, որոնց նկատմամբ ներկայ պայմանագրով ճանչցուած է Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը»: Եւ իր կողմէ մեկնաբանելով այս յօդուածին տրամադրութիւնները, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կ’եզրակացնէ. «Այսպիսով՝ Թուրքիա բացորոշ կերպով հրաժարած կ’ըլլայ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին գծած Արեւմտահայաստանէն»:
Այսօր, Հայկական Հարցը կամ Հայ Դատի լուծումը այն անհեթեթ հասկացողութեան հասած է, ուր Սփիւռքահայութեան համար ան պայմանաւորուած է պարզապէս այն ակնկալութեամբ, թէ Միացեալ Նահանգներուն նախագահը միայն «Ցեղասպանութիւն» բառը արտասանէ, իսկ Հայաստանի կառավարութեան համար՝ Թուրքիոյ կողմէ միմիայն ընդունմանը Հայոց Ցեղասպանութեան: Եւ այնուհետեւ, այլեւս որեւէ առկախ հարց չի մնար, քանի որ հայ ժողովուրդը իր պատմական իրաւունքներուն տիրացած կ’ըլլայ այլեւս … Ահա թէ ուր հասած է Հայ Դատի հետապնդումին իմաստազուրկ հասկացողութիւնը:
Եւ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը գրէ այս անիմաստ կացութիւնը մեկնաբանելով. «Ցեղասպանութեան ոճիրին լոկ բարոյական ապաքաղաքական ճանաչումին մեր «պահանջատիրութիւնը» հասաւ անհեթեթի թատրոնին, (երբ) թուրքերը լուռ կը քմծիծաղէին մեր վրայ, ամէն անգամ, որ ԱՄՆ-ի նախագահին չգործածելը «ցեղասպանութիւն» եզրին՝ յուսախաբ կ’ընէր մեզ»։
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան այլ կարեւոր հարց մը կը շօշափէ, երբ կը գրէ. «Ցեղասպանութեան ոճիրի կանխարգիլման և պատժումին մասին Պայմանակցութեան Յօդուած 2-րդը պայման չի դներ ամբողջական բնաջնջումը ազգի մը, ցեղի մը, կրօնքի մը, այլ՝ ցեղասպանութիւն կը համարէ նաև՝ մասնակի բնաջնջումը անոնցմէ մէկ մասին»: Ուրեմն, ահա թէ որքան անհեթեթ է Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ պատահածը եթէ ըլլար ցեղասպանութիւն, այսօր հայ մ’իսկ մնացած պիտի չըլլար …
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը շեշտէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահները «ցեղասպանութիւն» եզրին համապատասխան յայտարարութիւններ ըրած են, որոնք երբեմն նոյնիսկ աւելի ուժեղ են, քան ցեղասպանութիւն բառը: Սակայն, թուրքերը միայն այդ «ցեղասպանութիւն» բառէն է որ կը սարսափին…
Ապա, հայ ժողովուրդին իսկական թշնամիները բնորոշելով, կը բացայայտէ զանոնք. «Յստակ կը դառնայ, որ մեր վտանգաւոր թշնամիները եղած են ու կը մնան՝ Սիոնիզմը, Փանթուրքիզմը, Բրիտանիան, Գերմանիան, ԱՄՆ-ը և Արեւմուտքի բոլոր իմպերիալիստական տէրութիւնները»:
Այս առնչութեամբ, ես բազմիցս գրած եմ և այս առթիւ անգամ մը ևս կը կրկնեմ՝ երկրորդելով և ձայնակցելով Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին, թէ մեր իսկական թշնամին Արեւմուտքն է՝ ի նպաստ Թուրքիոյ և ի վնաս Ռուսաստանի վարած իր քաղաքականութեամբը: Արդարև, եթէ չըլլար խորքին մէջ իր բնոյթով հակահայ այդ քաղաքականութիւնը, ոչ Արեւմտահայութեան Ցեղասպանութիւնը տեղի կ’ունենար, ոչ ալ Արեւմտահայաստանը բարբարոս թուրքին դաժան անարգ լուծին տակ կը հեծեծէր մինչև այսօր: Սակայն դժբախտութիւնը հոն է, որ մենք չենք կրցած դասեր քաղել պատմութենէն, և մինչև այսօր տակաւին մեր յոյսը դրած ենք Արեւմուտքի վրայ, այդ անարդար Արեւմուտքէն արդարութիւն ակնկալելով ի զուր:
Այստեղ, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան անիրաւ վերագրումներ կ’ընէ հայ ժողովուրդին մէկ անշահախնդիր բաեկամին՝ Ճեֆրի Ռոպերթսընի հասցէին, զայն որակելով «Անգլիոյ Արքայական Պալատի վարձկան գրչակ՝ ոմն Ճեֆրի Ռոպերթսըն» և անոր գործը համարելով «սրբապղծութիւն՝ մեր 1,5 միլիոն անշիրիմ նահատակներուն դէմ» , որովհետեւ, «Երեւանի մէջ հրատարակեց՝ «Արդեօ՞ք եղել է Հայկական Ցեղասպանութիւն» պետական արտօնութեամբ»:
Արդ, Ճեֆրի Ռոպերթսըն աւստրալիացի իրաւաբան-պատմաբան մըն է: Երկրորդ, ես չեմ գիտեր, թէ վերոյիշեալ հատորին մէջ Ճեֆրի Ռոպերթսըն ի՞նչ մօտեցում ցուցաբերած է հանդէպ Հայոց Ցեղասպանութեան, որ այդքան ընդվզում և վրդովում պատճառած է Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին, սակայն, ես շատ լաւ տեղեակ եմ իր վերջին հեղինակութեան՝ «Անհանգստացուցիչ Ցեղասպանութիւն մը» հատորին բովանդակութենէն, ուր ան փաստացիօրէն կը հաստատէ, հատորին սկզբնաւորութենէն մինչեւ վերջաւորութիւնը, թէ «այն ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915 թուականին հայ ժողովուրդին հանդէպ՝ Ցեղասպանութիւն էր» յստակ ու մեկին:
Այնուհետեւ, ան գլխաւոր բանախօսն էր Սիտնիի, Աւստրալիա, հայ համայնքին կազմակերպած Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ոգեկոչումին: Ան նաև ելոյթ ունեցած էր Զուիցերիոյ մէջ՝ Փիրենչէքի դատավարութեան ընթացքին, ամէնուրեք փաստացիօրէն հաստատելով նոյն այդ ճշմարտութիւնը: Իր այս նոր հատորին մասին, անդրադարձած եմ 2015 թուականի «Միութիւն» ամսագրին քանի մը թիւերուն մէջ, իր տեղին պատշաճ դիտողութիւններ ընելով հանդերձ, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ հանրութեան մօտ, բայց մասնաւորապէս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Նուրհան Արք. Մանուկեանի համար, որ «խորապէս տպաւորուած» էր Ճեֆրի Ռոպերթսընի «խիզախութենէն»: Ամէն պարագայի տակ, եթէ ան «մեղանչած» էր այդ առաջին գործին մէջ, իր «մեղքը» քաւած էր լիովին՝ իր այս նոր հատորով …
Հայյկական հողային դատին Սփիւռքահայութեան ըմբռնումը քննադատելով արդարացիօրէն, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը գրէ. «Հիւանդագին երեւոյթ է, որ մեր գրողներուն 95 տոկոսը մոռցած է Արեւմտահայաստանը և անոր ազատագրութեան հողային-քաղաքական հիմնական դատը, և Հայ Դատը սահմանափակած՝ Ցեղասպանութեան ոճիրին լոկ բարոյական, պղատոնական ճանաչումին մուրացկանութեամբ օտարներէ»: Այս կացութիւնը կը տիրէ Սփիւռքահայութեան մօտ, պարզապէս որովհետեւ չունի համահայկական կեդրոնական մարմին մը, օրինակ՝ ՏԱՀՔ-ը, որպէսզի ուղղութիւն տայ անոր և կանխարգիլէ որ ան թափառի անհիմն վարկածներու շուրջ:
Մեթր Գասպար Տէրտէրեան համամիտ չէ, Սփիւռքահայութեան երկքաղաքացիութեան կարգավիճակին, թէ ինչո՞ւ, ան կը բացատրէ հետեւեալ կերպ. «Երկքաղաքացիութիւնը» Տարագիր Արեւմտահայութեան անկազմակերպ բեկորներուն օտար քաղաքացիութեասն վրայ կ’ուզէ աւելցնել Արեւելահայաստանի քաղաքացիութիւնը, որ հայկական քաղաքացիութիւն ըլլալով՝ Տարագիր Արեւմտահայը կը զրկէ հայրենազուրկ ըլլալու քաղաքական հզօր զէնքէն, քանի որ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը մարդոց տուած է միայն մէկ ազգային հայրենիք ունենալու իրաւունքը: Ասիկա կը նուազեցնէ թիւը հայրենազուրկ Արեւմտահայութեան , նուազեցնելով Արեւմտահայաստան վերադառնալու իր պահանջին տեսակարար կշիռը»:
Սակայն, մի՞թէ օտար երկրի մը քաղաքացիութիւնը նոյնպէս Տարագիր Արեւմտահայութիւնը չի զրկեր հայրենազուրկ ըլլալու քաղաքական զէնքէն, քանի որ ան այլեւս հայրենազուրկ ըլլալու հանգամանքը չունի, քանի որ ան այլեւս «հայրենիք» մը ունի, քանի որ ան իր այդ նոր «հայրենիք»ին լիիրաւ քաղաքացին ըլլալով, միջազգային օրէնքով, ան այլեւս հայրենազուրկ չի կրնար ըլլալ:
Արդ, միջազգային ատեանները պիտի ընդունի՞ն «ֆրանսացի» կամ «անգլիացի» հայերը որպէս Տարագիր Արեւմտահայեր … Իսկ եթէ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան Հայաստանի քաղաքացիութեան պարագան տարբեր կը նկատէ՝ օտարահպատակ հայերուն պարագայէն, քանի որ Հայաստան հայկական է իր բնոյթով, այդ պարագային, ուրեմն ան, հակառակ իր նախորդ հաստատումին, այժմ կ’ըդունի, թէ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ հայրենիքը ըլլալ նաև Տարագիր Արեւմտահայերուն …
Ապա, եթէ ՏԱՀՔ-ը դիմում ներկայացնէ ՄԱԿ-ի անդամակցութեան, ՄԱԿ-ը պիտի ընդունի՞ որ իր անդամ երկիրներուն քաղաքացիները անջատաբար անդամակցին իրեն …
Այնուհետեւ, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան նոր և կենսական հարց մը կը յարուցանէ. «Արդի Թուրքիոյ պնդումները, թէ 1915 թուին «պատահածները» Ցեղասպանութիւն չեն, թէ՝ արդի Թուրքիան պատասխանատու չէ Օսմանեան իշխանութեան գործած արարքներուն համար, և թէ՝ եթէ նոյնիսկ այդ արարքները ոճիրներ կը համարուին՝ ժամանցուած են: Այս բոլոր պատճառաբանութիւնները անհիմն են, որովհետեւ, այդ «պատահածները» «մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներ են» նոյնինքն Թուրքիոյ Զինուորական Ատեանին բնութագրումով, և մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները՝ համազօր են Ցեղասսպանութեան ոճիրին: Արդի Թուրքիան իրաւայաջորդն է Օսմանեան Թուրքիոյ և ուրեմն պատասխանատու՝ անոր գործած ոճիրներուն համար, և այս ոճիրները անժամանցելի են»:
Իսկ թէ ինչ միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ ազատագրել Արեւմտահաստանը, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կ’առաջարկէ. «Նախընտրելի է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինք պահանջէ Թուրքիոյ հետ իր սահմաններուն ճշդումը՝ Ուիսընեան իրաւարար վճիռին գործադրութեամբը»։
Այստեղ, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կ’առաջարկէ, որ ճշդումը Հայաստանի սահմաններուն կատարէ Արեւելահաստանը: Սակայն, վերեւ մենք տեսանք, թէ ՏԱՀՔ-ը կը մերժէ Արեւելահայաստանը որպէս Արեւմտահաստանի պահանջատէրը: Արդ, ո՞ւր է ելքը … Միւս կողմէ, արդէն ներկայ Հայաստանի իշխանութիւնները, իրենք ևս կը ժխտեն Հայ Դատին գոյութիւնը, երբ ենթադրուած էր, որ իրե՛նք ստանձնէին Հայ Դատին հետապնդումը: Ժամանակին, Դաշնակցութիւնը կ’ամբաստանէր Խորհրդային Միութիւնը, թէ կ’ուրանայ Հայ Դատը, այսօր, անկախ Հայաստանի կառավարութիւնն է, որ կ’ուրանայ Հայ Դատը, երբ Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ այդ կառավարութեան, և ձայն անգամ չի հաներ, որովհետեւ, կը վախնայ կորսնցնելէ իր «մինիստրական» և «պարլամենտական» աթոռները …
Նախ, «Հայ Դատ» ըսելով, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը ճշդէ. «Նախա-եղեռնեան հին սփիւռքի ղարիպ արեւելահայերն ու պանդուխտ արեւմտահայերը, որոնք բռնի չեն տեղահանուած հայրենի հողերէն, չունին միջազգային քաղաքական ու իրաւական դատ մը: … Միայն յետ-եղեռնեան սփիւռքի արեւմտահայերն են, որ ունին միջազգային քաղաքական ու իրաւական դատ մը, զիրենք իրենց հայրենի հողերէն բռնի տեղահանուած թուրք կառավարութեան դէմ»։
Ապա, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը յստակացնէ սա հարցը, թէ «Արեւմտահայաստանը (Թրքահայաստան) և Արեւելահայաստանը (Ռուսահայաստան) Միջազգային Հանրային Իրաւունքին մէջ, իրարմէ անջատ աշխարհաքաղաքական միաւորներ են»։ Ուրեմն, պէտք է հետեւցնել, որ Արեւելահայաստանի, այսինքն՝ ներկայ Հայաստանի իշխանութիւնը որեւէ իրաւասութիւն չունի, Արեւմտահայաստանի բռնագրաւուած հողերը պահանջելու …
Գալով ՏԱՀՔ-ի կազմութեան հարցին, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան ինքն ալ կը հաստատէ, թէ ո՞վ պիտի ստանձնէ նախաձեռնութիւնը զայն կազմակերպելու: «Պերթրանտ Ռասէլի Խաղաղութեան Հիմնարկի՞ն, Լելիօ Պասսօ ի խնդիր ժողովուրդներու Իրաւունքին և Ազատութեան Հիմնարկի՞ն, Նոպէլեան Խաղաղութեան Մրցանակի Յանձնաժողովի՞ն, ՀԲԸՄ-ի՞ն, ՀՕԿ-ի՞ն, Արաբ-Հայ Իրաւագիտական Միջազգային Խորհուրդի՞ն, ՄԱԿ-ի անդամ Հայաստանի Հանրապետութեա՞ն, թէ՞ այլ խաղաղասէր պետութեան մը»։
Ինչպէս կը տեսնենք, ես իրաւունք ունէի, երբ այդ հարցադրումը կ’ընէի, երբ նոյնինքն հեղինակին՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին, մտքին մէջ տակաւին անորոշ է այդ պարագան:
Սակայն, հոս նոր հարց մը կը ծագի … Արդ, ո՞ր իրաւասու անձնաւորութիւնը կամ կազմակերպութիւնը պիտի դիմէ այդ պետութիւններէն կամ կազմակերպութիւններէն մէկն ու մէկին, որպէսզի ան ստանձնէ ՏԱՀՔ-ը կազմակերպելու նախաձեռնութինը: Սակայն, տակաւին մեր դիմացը շա՜տ ժամանակ ունինք մինչեւ որ հասնինք այդ հարցին, քանի որ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը շեշտէ. «ՏԱՀՔ-ի ծրագրի նախագիծը մշակողներս, պիտի չփորձենք կազմել ոչ մէկ նախնական կամ նախաձեռնող մարմին, սպասելով, որ այս գաղափարը որդեգրուի հայ քաղաքական բոլոր հոսանքներուն և գործող ուժերուն կողմէ անխտիր»:
Ամէն պարագայի տակ, ինչպէս կը տեսնուի բոլոր այս եղելութիւններէն, ճամբան շա՜տ երկար է, գուցէ և սերունդներ փոխուին, մինչեւ որ հասնինք Արեւմտահայաստանը ազատագրուած տեսնելու մեր նպատակին … Մինչդեռ, ընդհակառակը, կորուստը ոչ միայն Արեւմտահայաստանին, այլև Արեւելահայաստանին մէկ խոշոր տարածութեան, տեղի ունեցաւ մէկ օրէն միւսը, հայ ժողովուրդին պատմական ճակատագրին տնօրինումը ձեռք առած օրուան ղեկավարներուն վարած տհաս և ապիկար, բայց մանաւանդ՝ հակազգային քաղաքականութեան հետեւանքով: Եւ այսօր, փոխանակ ընդունելու, չենք ըսեր՝ դատապարտելու, գործուած ճակատագրական սխալները, այդ յանցագործները պաշտամունքի առարկայ դարձած են, դժբախտաբար … Շատ ցաւալի է, որովհետեւ մենք չենք գիտցած մեր դաժան պատմութեան դասերէն օգտուիլ …
Իսկ ՄԱԿ-ի դիմելու պարագան նկատի առնելով, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը գրէ. «Առնուազն, եթէ Արեւելահայաստանի պետութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն կամ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովէն պահանջէ դատարանի մը հիմնումը՝ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռին գործադրութեան համար, ՏԱՀՔ-ը՝ եթէ կազմուի, կրնայ զօրավիգ կանգնիլ այդ պահանջին՝ Արեւմտահայութեան անունով, քանի որ այդ վճիռը Արեւմտահայաստանի որոշ վիլայէթներու փոխանցումը կը պահանջէ Արեւելահայաստանին»։
Ուրեմն, այստեղ հարցը բոլորովին նոր բնոյթ կը ստանայ, քանի որ այս անգամ ՏԱՀՔ-ը կ’ընդունի Արեւելահայաստանի իրաւասութիւնը, Արեւմտահայաստանի անունով պահանջելու զայն: Սակայն, հոս նկատի առնենք «եթէ» բառը, այսինքն՝ «եթէ» ՏԱՀՔ-ը կազմուի, և ոչ թէ «երբ» կազմուի, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ ՏԱՀՔ-ին կազմութիւնը թէական է …
Այստեղ վերջ կու տամ այս խիստ այժմէական և յոյժ կարեւոր հատորին բովանդակութեան մասին կատարածս քննարկումներուն որովհետեւ, անոր ընթերցումը մտքիս մէջ բազում հարցեր յառաջ բերաւ, որոնք միտքս կը չարչրկեն՝ անոնց պատասխան մը գտնելու ճիգով: Հետեւաբար, շատ ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, որպէս իրաւաբան, զանոնք լուսաբանէր իրաւական կողմով:
Այս հատորին վերջաւորութիւնը հարուստ է փաստաթուղթերու հաւաքածոյով մը, որուն մէջի անգլերէն և ֆրանսերէն գրութիւնները եթէ հայերէնի թարգմանուէին, աւելի մատչելի պիտի ըլլար ընթերցող լայն հասարակութեան, քանի որ անոնք իրաւական փաստաթուղթեր ըլլալով, իրաւաբան մը միայն պիտի կարողանար ճշգրտօրէն թարգմանել:
Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի յարուցած հարցերը մէկ օրէն միւսը լուծելի խնդիրներ չեն, այլ՝ յետագայ տարիներու վրայ երկարող աշխատանքի պահանջը կը ներկայացնեն, որոնք կը բանան նոր մարտահրաւէրներ ընթերցողին մտքին մէջ, որովհետեւ, Մեթր Գասպար Տէրտէրեան կը զբաղի հայ ժողովուրդին ցաւերով և անոնց դարման գտնելու ջանքերով, զորս միայն իրաւաբանական մօտեցումով իր միտքը կարող է վերլուծել: