Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

Աննախընթաց աճուրդ մը…

 

Աճուրդները ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենան վաճառելու համար թանկարժէք նկարներ, հռչակ առած ֆիլմերու մէջ գործածուած պիտոյքներ եւ կամ անոնց դերասաններուն հագած հագուստները ու վերջապէս հնադարեան հազուագիւտ իրեր, որոնք կը զետեղուին թանգարաններու մէջ։

Վերոյիշեալ ընդհանրացումին մէջ սակայն միշտ ալ բացառութիւններ կան եւ ես պիտի ներկայացնեմ այդ բացառութիւններէն մին, որ քիչ մը կարծես գռեհկութեան աստիճանին հասած է…

Արդարեւ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեանց ներկայացած Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի մերկ արձանը յանկարծ նոյն օրը երեւցաւ Նիւ Եորքի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Քլիվլընտի (Օհայօ), Սիաթըլի (Ուաշինկթըն) եւ Լոս Անճելըսի փողոցներուն անկիւնները (տեսնել նկարը)։

Սա նուաստացուցիչ երեւոյթ մըն է՝ յատկապէս անոր համար, որ կը պատահի նախագահական ընտրութեանց նախօրեակին. սակայն խօսքի ազատութիւն վայելող այս երկրին մէջ՝ ամէն ինչ թոյլատրելի կը թուի ըլլալ։

Վերոյիշեալ արձաններուն հեղինակն է Լոս Անճելըս բնակող քանդակագործ մը՝ Ճինճըր անունով։ Ան վարձուած է Indecline ընկերութեան կողմէ, այս գործին համար։ Հոս տեղին է յիշել, որ մերկ արձաններէն չորսը քանդուած են, ի բաց առեալ Լոս Անճելըսի արձանէն։

“The Washington Post” Ամերիկայի ամենատարածուն օրաթերթը, այս երեւոյթը անուանած է «Կայսրը ամորձիներ չունի», զայս վերագրելով «Կայսրին նոր հագուստները» նշանաւոր հէքիաթին, ուր ինքնահաւան կայսրը խափուած էր մերկ վիճակով պտոյտ գալու՝ իր ժողովուրդին մէջ։

Ուրեմն, Թրամփի միակ մնացած մերկ արձանը աճուրդի դրուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ՝ Julien’s Auctions-ի կողմէ եւ կ՚անկնկալուի որ ծախուի 10,000-էն 20,000 տոլարի միջեւ, որուն մէկ մասը պիտի յատկացուի National Immigration Forum-ին՝ որը ներգաղթը ջատագովող բարեսիրական ընկերակցութիւն մըն է։    

 

Զեղծարարութեամբ եւ մասամբ նորին…

Այս նիւթին տակ պիտի արծարծեմ նշանաւոր դրամատան մը գայթաղկութիւնը, որ մեծ արձագանգ արձանագրեց վերջերս՝ Ամերիկայի բովանդակ տարածքին։

Այդ դրամատունը Wells Fargo-ն է, հիմնուած 1852-ին՝  որու կեդրոնատեղին կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։ Իսկ ի՞նչ է այն գայթաղկութիւնը, որ ցնցեց դրամատիրական աշխարհը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Որեւէ դրամատուն կը ցանկայ, որ մեծ թիւով յաճախորդ ունենայ, որպէսզի անոնց պահ դրած դրամները շահագործէ եւ կարենայ իր ծախսերը հոգալ։

Այսքանը պարզ է եւ ընդունելի։ Սակայն անընդունելի է այդ նպատակին ծառայող՝ դրամատան վերին խաւի ի գործ դրած միջոցները։ Անոնք պարտադրած են իրենց պաշտօնեաներուն, որ կեղծ հաշիւներ բանան իրենց յաճախորդներուն անունով, առանց անոնց գիտակցութեան եւ հաւանութեան…

Այսպէս, վերոյիշեալ կեղծ հաշիւները վերջին հինգ տարիներու ընթացքին հասած են մինչեւ երկու միլիոնի։ Դրամատան Վարիչ Տնօրէնն է (Chairman & Chief Executive Officer) Ճան Սթամփ։ Ան հաշուետուութեան համար վերջերս կանչուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Օրէնսդիր Մարմնի “Տնտեսական Ծառայութեանց» խորհուրդին կողմէ (տեսնել նկարը), որոնք պահանջեցին անոր հրաժարականը, որ չուշացաւ… Իրմէ առաջ սակայն, շատ մը պատասխանատու պաշտօնեաներ գործէ արձակուած էին արդէն։

Հոս տեղին է յիշել, որ դրամատունը՝ իր գործած զեղծարարութեանց համար տուգանքի ենթարկուած էր եւ վճարեց մօտ 190 միլիոն տոլար, որը պիտի հատուցանէ խարդախուած յաճախորդներուն։

Վերջապէս արդարութիւնը ի գործ դրուեցաւ դրամատիրական հաստատութեան մը նկատմամբ, որ երեւակայական յաճախորդներու հաշիւներով՝ պարարտացուցած էր իր մեծաւորներուն քսակը։   

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ