Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Զօհրապ Շամմասեանի յիշատակին Մուսա Լեռ 1931 – Միշըն Վիէհօ, 2016

ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ

 

Մահուան Քառասունքին Առիթով

Ինչպէս Պարոյր Սեւակը ըսած է, մարդիկ կան, որոնք աշխարհի շալակը ելած են, իսկ ուրիշ մարդիկ ալ կան որոնք աշխարհը շալակնին առած կ՚երթան։

Զօհրապ Շամմասեանը մէկն էր անոնցմէ, որ իր գիտակցական կեանքը ամբողջ աշխարհը շալակին առած քաղաքէ-քաղաք կ՚երթար։

Մուսա Լեռան զաւակ՝ Զօհրապը ծնած էր 1931-ին, Վաքըֆի մէջ։ Հայերու վիճակուած ճակատագրով, ան տակաւին մանուկ հասակին, իր ծնողքին եւ ընտանիքին հետ կը պանդխտաւորուի դէպի Այնճար, Լիբանան, ուր կը ստանայ իր նախնական ուսումը։

Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութենէն 1951-ին շրջանաւարտ ըլլալէն ետք, Զօհրապը քիչ մը ամէն տեղ իր ստացած ազգային դաստիարակութիւնը կը սկսի ի սպաս դնել զինք ծնող ազգին։ Սակայն, անոր բուն առաքելութիւնը կը սկսի երբ ան Լոս Անճելըս կը հաստատուի։

Սերտ գործակիցներէն մէկը կ՚ըլլայ Պրն. Գաբրիէլ Ինճէճիկեանին հետ Էնսինոյի մէջ 1964-ին հիմնելու Ազգային Ֆերահեան Վարժարանը։ Բնականաբար, Զօհրապ մաս կը կազմէ նաեւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմերուն։

Ալեք Փիլիպոսի սկզբնական դժուար տարիներուն, ան մաս կը կազմէ վարժարանի հոգաբարձական կազմին։

Զօհրապը հիմնական մղիչ ուժերէն եւ հիմնադիրներէն մին կ՚ըլլայ նաեւ Օրէնճ Քաունթիի Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի եւ Սբ. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ։ Տարիներով կը ծառայէ նաեւ այս զոյգ հաստատութիւններու հոգաբարձական կազմերուն մէջ։

Շամմասեան անվերապահօրէն նուիրուած էր նաեւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Սանուց Միութեան։ Բնականաբար, ան արժանի է մեր գաղութին անվերապահ յարգանքին։ Դպրոցաշինութեան եւ եկեղեցաշինութեան մարզերուն մէջ իր վաստակը անգնահատելի է։ Բայց ես, որպէս մելգոնեանցի, պիտի ուզեմ խօսիլ Զօհրապին առաւելաբար մելգոնեանի եւ մելգոնեանցիներուն հանդէպ իր կատարած ծառայութիւններուն մասին։

Ան Մելգոնեան Սանուց Միութեան գլխաւոր շարժիչ ուժն էր։ Վերջին 30 տարիներուն ինքն էր որ  Սանուցի անդամները կը խրախուսէր հանգանակութիւններ կազմակերպելու Մայր Հաստատութեան օգնելու համար։ Գլխաւորաբար իր աշխատանքներուն շնորհիւ, աւելի քան 200,000 տոլար եւ կրթական այլ պիտոյքներ ղրկուած էին Հաստատութիւն։ Նոյնպէս, Զօհրապին եւ անոր գործակիցներուն ջանքերով, Հաստատութեան շարունակական օժանդակութիւն ապահովելու համար, Մելգոնեան Սանուցը ՀԲԸ Միութեան մօտ հաստատեց անձեռնմխելի Հիմնադրամ մը։ Մելգոնեանի 70-ամեակի առիթով եւ անկէ ետք,  գլխաւորաբար Զօհրապի ջանքերուն շնորհիւ, Հիմնադրամին գումարը անցաւ 350,000 տոլարը։ Հոս յիշենք, որ Հաստատութեան 70-ամեակի բացառիկ միջոցառումներուն կազմակերպիչ յանձնախումբին ատենապետն էր ան։

Շամմասեանը կիրքով փարած էր իր կրթական հաստատութեան։ 80-ական եւ 90-ական թուականներուն, երբ տակաւին «երիտասարդ» էր, մելգոնեանցիներու տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսներուն միշտ մուսատաղցիներու ազգային պարը կը մենապարէր զոյգ դանակներով։

Ան շատ լաւ գիտէր դիմացինը համոզելու ձեւը։ Նոյնիսկ եթէ մերժէիր, «կ՚ընես, կ՚ընես» կ՚ըսէր եւ պարտականութիւնը կը յանձնէր քեզի։ Բնականաբար կը հետեւէր նաեւ, որ քեզի վստահուած գործը լաւապէս կատարէիր։

Զինք ճանչնալէս ասդին (1981), երբեք չեմ լսած, որ ոեւէ մէկուն մասին ժխտական բան մը ըսէր։ Սանուցի ժողովներուն երբեմն կարգ մը տղաք շատ բուռն կերպով կը քննադատէին զինք. ինք շատ հանդարտութեամբ կը պատասխանէր անոնց, բայց երբե՛ք՝ ժխտական արտայայտութեամբ։

Իր լաւագոյն խրատներէն մին. «Եթէ մարդու մը մասին, կամ ուղղակի իրեն դրական բան մը ըսես, բան մը կը կորսնցնե՞ս, գրպանէդ բան մը կը պակսի՞, ո՛չ, ուրեմն, անոր մասին միշտ լաւ բաներ ըսէ։ Եթէ նոյնիսկ շատ համաձայն չես իր գաղափարներուն, դուն նորէ՛ն իր մասին միշտ լաւ խօսէ»։ Կեանքի փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ Զօհրապը հոս ալ ճիշդ էր։

Զօհրապ իր կեանքին վերջին 12 տարիները ամբողջութեամբ նուիրեց Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերաբացման աշխատանքներուն։ Բազմաթիւ նամակներ գրեց ՀԲԸ Միութեան ղեկավարութեան, բարերարներու, բարձրաստիճան եկեղեցականներու, ՀՀ պետական մարդոց, մամուլին, աշխարհացրիւ մելգոնեանցիներուն։ Մինչեւ անգամ ան գտաւ բարերարներ, որոնք տրամադիր էին մեծագումար յատկացումներ կատարել Մելգոնեանը վերաբանալու, բայց…։ Վերջին տարիներուն Հալէպահայ ուսանողներու սիրոյն եւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան համար ալ աշխատանք տարաւ Մելգոնեանը վերաբանալ տալու, բայց իր եւ այլ բազմաթիւ մելգոնեանցիներու եւ բարեկամներու դիմումները անպատասխան մնացին…։

***

Զօհրապ Շամմասեան իր դէպի յաւիտենականութիւն երթը սկսաւ Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2016-ին։ Իր մահուընէ քանի մը ժամ առաջ, իր վերջին ի-մէյլը ղրկեց մելգոնեանցի Պրն. Ժիրայր Մակարեանին, Մելգոնեանի վերաբացման համար իր աշխատանքներուն մասին տեղեկացնելով։

Զօհրապին կինը, Անահիտը, հաւատարիմ ամուսին մը եւ լաւ ընկեր մը կորսնցուց։ Իր զաւակները սքանչելի հայր մը կորսնցուցին, իսկ թոռնիկները՝ գուրգուրոտ մեծ հայր մը։ Մելգոնեանցիներուս մեծ ընտանիքի անդամներս ալ շատ հարազատ մեծ եղբայր մը կորսնցուցինք։ Զօհրապը մեր «նահապետ»ն էր։ Իր տեղը լեցնող մը չկայ, դժբախտաբար։ Հոն, ուր որ երկու մելգոնեանցիներ քով-քովի գան, մանաւանդ Լոս Անճելըսի մէջ, անպայման պիտի յիշեն Զօհրապը եւ անոր մասին «միշտ լաւ բաներ» պիտի խօսին։

Զօհրապը բարեկամական իր լայն շրջանակին, բայց մանաւանդ մեր բոլորին սէրն ու յարգանքը վաստակեցաւ իր մաքուր նկարագրին, եղբայրական խրատներուն, Մելգոնեանի եւ մելգոնեանցիներու հանդէպ իր անկեղծ սիրոյն եւ ինչպէս նաեւ Մելգոնեանի վերաբացումին համար տարած իր անխոնջ պայքարին համար։

Երթաս բարով Զօհրապ, գիտենք, որ վերէն ալ պիտի աշխատիս քու այնքան սիրած Մելգոնեանի վերաբացումը ապահովելու եւ մեզ ալ այդ ուղղութեամբ աշխատցնելու։

Մեզի, մելգոնեանցիներուս կը մնայ Զօհրապին յիշատակը վառ պահելու համար շարունակել անոր սրբազան պայքարը, Մելգոնեանը վերաբանալու անոր կապոյտ երազը։

 

(Յապաւումներով)

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ