Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանրապետականներու ցանկէն դուրս պիտի մնան վարչապետ Կարապետեանն ու նախագահ Սարգսեանը

Հայրենի «Ժամանակ» թերթին տեղեկութիւններուն համաձայն, Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի չյաջողի լուծել վարչապետ Կարէն Կարապետեանի՝ Հայաստանի մէջ հինգ տարի մշտական բնակութեան մասին փաստը, որ անհրաժեշտ է ՀՀԿ-ի ցանկով պատգամաւորութեան թեկնածու յառաջադրուելու գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար։ Կարապետեան հրաժարած է կեղծ փաստաթուղթերով թեկնածու ներկայանալէ։

Այնպէս կը սպասուի, որ վարչապետն ու երկրին նախագահը պիտի չըլլան Հանրապետականներու թեկնածուներուն ցանկին գլուխը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ