Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՍՈՒՐԻԱ.- Երկրին հիւսիսը գտնուող Թուրքիոյ սահմանակից Ազազ քաղաքին մէջ աւելի քան 60 հոգի զոհուեցաւ Յունուար 7-ին դատարանին շէնքին մօտ ականապատ ինքնաշարժի մը պայթիւնին պատճառով։ Կան նաեւ քանի մը տասնեակ ծանր վիրաւորներ։ Նշենք, թէ Ազազ քաղաքը կը գտնուի «Սուրիոյ Ազատ Բանակ» խմբաւորման հսկողութեան տակ։

ԹՈՒՐՔԻԱ.- Վերջերս, Թուրքիոյ իշխանութիւնները նորէն եւ այս անգամ վեց հազար հոգի պաշտօնանկ ըրած են, մեղադրելով, որ կապ ունին ընդդիմադիր քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի հետ։ Անքարա կը շարունակէ պնդել, թէ անցնող Յուլիսի յեղաշրջման փորձը կիւլէնականներու ծրագիրն էր, իսկ Կիւլէն կը շարունակէ հերքել իրեն դէմ եղած մեղադրանքները։ Մինչեւ հիմա Թուրքիոյ մէջ պաշտօնանկ եղողներուն թիւը անցաւ 120 հազարը, իսկ աւելի քան 40 հազար մըն ալ կը գտնուին բանտերու մէջ։

ԻՍՐԱՅԷԼ.- Երկրին ոստիկանութիւնը 4 օրուայ ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով հարցաքննած է վարչապետ Պենիամին Նաթանիահուն, որ կը կասկածուի փտածութեան մէջ։ Ոստիկանները նշած են, որ վարչապետին հետ հինգժամեայ զրոյցին ընթացքին խօսած են գործարարներէ նուէրներ ու ծառայութիւններ ստանալու մեղադրանքի,  ինչպէս նաեւ ուրիշ գործի մը մասին, որուն մանրամասնութիւնները չեն հաղորդուած։ Բնականաբար վարչապետը կը հերքէ ամէն ինչ եւ ինքզինք զոհ կը համարէ։

ԻՐԱՔ.- Կիրակի օր անձնասպանական երկու գործողութիւն տեղի ունեցած է Պաղտատի մէջ։ Երկուքն ալ շիի թաղամասերու մէջ, տալով աւելի քան քսան զոհեր։ Երկուքին ալ պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութիւնը։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Բեռնատար մը մխրճուած է մարդոց մէջ, պատճառ դառնալով առնուազն չորս զոհերու եւ երկտասնեակ մը վիրաւորներու։ Վարորդը սպաննուած է, որ պաղեստինցի է, ըստ իսրայէլեան ոստիկանութեան։

ՔՈՍՈՎՕ.- Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Քոսովոյի նախկին վարչապետ Ռամուշ Հարատինան, կը յայտնեն Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարութենէն։ Ֆրանսա այդ քայլին դիմած է Սերպիոյ պահանջքով։

Վերջինս կը պնդէ, թէ Հարատինան եւ անոր ձեռքին տակ գործած ջոկատները 1998-99-ին պատերազմական յանցագործութիւններ կատարած են։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ