ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
ՎԵՐԱՍԱՀՄԱՆԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՐԸ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Սփիւռքի անուանի արուեստագէտներէն՝ Վահէ Պէրպէրեան, Աթոմ Էկոյեան, Արսինէ Խանճեան, Էրիք Նազարեան, Սերժ Թանգեան եւ հասարակական այլ գործիչներ միասնաբար պիտի քննարկեն եւ վերարժեւորեն Հայաստանի դերը Սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ գործող եւ չգործող պետական բաժանմունքներու գործունէութիւնները:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 29-ին, կ. ե. ժամը 1։00-3։00, USC համալսարանի հայկական բաժնի «Պովար» սրահին մէջ:
ՔՈՍԹԱ ՄԵՍԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՅՈՒՆՈՒԱՐ 6-Ի ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Քոսթա Մեսայի եկեղեցին, գլխաւորութեամբ Ծուխի ժրաջան եւ հիմնադիր հովիւ Տէր Մուշեղ Քհնյ. Թաշճեանին, կը հանդիսանայ Օրէնճ Քաունթիի հայութեան բաբախուն սիրտը:
Հոգեւոր, մշակութային, ընկերային եւ հասարակական բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան այս եկեղեցիէն ներս: Դպրոց, պարախումբ, երգչախումբ, այլազան մարմիններ եւ յանձնախումբեր կը գործեն այս Ծուխէն ներս:
Ուրբաթ, Յունուար 6, 2017-ին, Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթ-միջոցառում մը եկեղեցւոյ Ֆէսճեան սրահին մէջ:
Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ
Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի՝ Կիրակի, Յունուար 15, 2017-ին Կլենտէյլի հանրային երկրորդական վարժարանի «Ճան Ուէյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ձեռնարկ մը: Գլխաւոր բանախօսն էր Արցախի Ազգային Ժողովի անդամ՝ Արմէն Սարգսեան: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր:
Իսկ Շաբաթ, Յունուար 21-ին, ժամը 7։30-էն սկսեալ Կլենտէյլի “Civic Auditorium”-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ կուսակցութեան տարեդարձի խրախճանքը: Ելոյթ կ՚ունենան Գառնիկ Սարգիսեանը եւ Անտրէն:
“LIFE IN ISTANBUL, A FAMILY ODYSSEY”
Կազմակերպութեամբ հայ տարեցներու տան Արարատ-Էսքիճեան թանգարանին, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան եւ հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց Ազգային Միութեան (NAASR), Կիրակի, Յունուար 8-ին, կ. ե. ժամը 4-ին տեղի ունեցաւ «Կեանքը Պոլսոյ մէջ, ընտանիքի մը ոդիսականը» հատորին ներկայացումը: Հատորին հեղինակն է Ալիս Քիթապճեան, որ ինք ներկայացուց իր գիրքը։
Հատորը կը ներկայացնէ հայու մը կեանքի դժուարութիւնները Պոլսոյ մէջ: Հեղինակին ծնողքը Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիք մըն է, որ կրցաւ մեծ դժուարութեամբ կեանքը շարունակել Պոլսոյ մէջ:
Հեղինակին դուստրը՝ Դոկտ. Թամարա Քիթապճեան ներկայացուց հեղինակը՝ իր մայրը:
ՀԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ
Armenian International Woman Association՝ AIWA-ի հաղորդագրութենէն կ՚իմանանք, թէ «Յասմիկ Մկրտիչեան» կրթաթոշակներու դիմումնագիրները կարելի է ձեռք ձգել aiwala.org կամ AIWALosAngeles.org կայքերէն:
Միութեան Կրթաթոշակի Յանձնախումբի ատենապետուհին է եկեղեցական եւ հասարակական ծանօթ գործիչ Սիլվա Քաջիկեան, իսկ անդամներն են՝ Լիլի Պալեան, Հերմինէ Ճանոյեան, Սինտի Տօրեան, Տայանէ Հեքիմեան, Տայանա Կարապալոֆ եւ Հուրի Աբոշեան:
«Յասմիկ Մկրտիչեան» կրթաթոշակէն պիտի օգտուին հինգ ուսանողներ, որոնց իւրաքանչիւրին 5,000 տոլար պիտի տրամադրուի:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱԿԸ
Լոս Անճելըսի ծանօթ եւ փայլուն արձակագիրներէն, գրաքննադատ եւ համարձակ հրապարակագիր Պօղոս Գուբելեան 80 տարեկան է… անհաւատալի, բայց իրաւ»: «Պայթում լռած թնդանօթներու», «Ֆրիուէյ», «Merci Beaucoup, Ասպետական Ֆրանսա», «Փասփորթ» եւ այլ գիրքերու հեղինակն է ան:
Պէյրութ ծնած, Ափրիկէ որպէս գրող ձեւաւորուած եւ մօտ երեսուն տարի Լոս Անճելըս ապրելով կրցած է տասնեակ մը արժէքաւոր գիրքեր հրատարակել, որոնք կը քննարկուին ամերիկեան համալսարաններու հայագիտութեան ամպիոններու ուսանողութեան կողմէ:
Ատենն է, որ արժանավայել համագաղութային ձեռնարկով մը մեծարուի հայ դպրութեան 60 տարիէ աւելի ծառայող այս մտաւորականը։
«Նոր Օր», իր հերթին, կը շնորհաւորէ Պօղոս Գուբելեանը իր տարեդարձին առիթով, մաղթելով բեղմնաւոր տարիներ:
ՄԵՐՏԻՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՇԷՆՔԸ
Ինչպէս ծանօթ է գաղութիս, քաղաքիս ազնիւ ազգայիններէն՝ Տէր եւ Տիկին Ալպեր եւ Թերի Պէզճեաններու մէկ միլիոն տոլարի իշխանական նուիրատուութեամբ կարելի եղաւ Մերտինեան վարժարանի «Պէզճեան» անունով շէնքին կառուցումը: Նորակառոյց շէնքը ունի գրադարան, տարրալուծարան, չորս դասարաններ, մարզական բաժնի վարիչ գրասենեակ:
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9-ին, Ս. Ծննդեան աւանդական հաւաքոյթին տեղի ունեցաւ այս շէնքին եւ անոր մասնաբաժիններու յուշատախտակներու բացման արարողութիւնը: Շէնքի բաժիններու բարերարներն են՝ Տոքթ. Հրայր եւ Քեթի Աթիկեան, Տոքթ. Միսակ եւ Հուրի Ապտուլեան, Մարի-Լուիզ, Ժիլպեր եւ Ռապըրթ Մենեշեաններ, Դանիէլ եւ Ճիւլիէթ Ապտուլեան, Տոքթորներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեան, Դոկտ. Վահէ եւ Սեդա Նալպանտեան:
ԻՐԱՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
Լոս Անճելըսի մէջ 1979-էն ի վեր կը գործէ Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւնը, պահելով Սփիւռքի առաջին շաբաթօրեայ անվճար վարժարան մը: Այս միութիւնը մօտ 8 տարի, Իրաքի ՀԲԸՄ-ին միջոցաւ նպաստած է Իրաքի կարօտեալ ընտանիքներուն, անոնց հասցնելով կրթական օժանդակութիւն:
2006-ին Իրաքի մէջ տիրող անիշխանական օրերուն, շնորհիւ այս միութեան, 135 իրաքահայեր, Հալէպ քաղաքէն օդանաւով Հայաստան տեղափոխուած եւ հաստատուած են, անոնց օրապահիկը մէկ տարի ապահովելով ժամացոյցի ճշդապահութեամբ։
Միութեան Շաբաթօրեայ վարժարանը, նախորդ տարիներու նման, այս տարի եւս, շատ ճոխ եւ գեղեցիկ ձեռնարկներով նշեց Թարգմանչաց տօնը, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօները, մասնակցեցաւ «Հայաստան» Հիմնադրամի տարեկան դրամահաւաքին: Դպրոցը ունի 65 աշակերտներ եւ 9 կամաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Հասցէն է՝ 214 W. Fairview, Կլենտէյլ։
ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՍԿԵՎԻՉԵԱՆԻ ՆՈՐ ԺԱՊԱՒԷՆԸ
Միշըն Հիլզի հայ տարեցներու տան Արարատ-Էսքիճեան թանգարանի Շին Մատուռին մէջ ցուցադրուեցաւ հայրենի արուեստագէտներէն Տիգրան Պասկեվիչեանի պատրաստած «Օհ, հայրենիք պաղ եւ քաղցր» ժապաւէնը: Ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբերի 11-ին, կ. ե. ժամը 4-ին:
Հայաստան ծնած ֆիլմարտադրիչը այս գործով տուած է 1949-ին Հայաստան ներգաղթողներու կեանքէն առնուած դէպքեր եւ իրականութիւններ: Փառք ու պատիւ մեր այն հայրենակիցներուն, որոնք յանձն առելով ամէն տեսակի դժուարութիւններ Հայաստան ներգաղթեցին։
Տիգրան Պասկեվիչեան 20 ֆիլմեր արտադրած է Հայաստանի մէջ:
ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՎԻԳԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Նոյեմբեր 6, 2016-ին Փասատինայի Brookside Golf Cours-ի
մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Իրաւաբաններու Միութեան կոլֆի երկրորդ մրցաշարքը, ի յիշատակ միութեան նախկին նախագահներէն, սքանչելի եւ բարեկիրթ երիտասարդ՝ Վիգէն Հրանտ Սիմոնեանի յիշատակին:
Միութեան այժմու նախագահ՝ Սարօ Քրքոնեան ըսաւ, թէ «այս մրցաշարքը շատ գեղեցիկ եւ իմաստալից ձեռնարկ մըն է, նուիրուած մեր սիրելի Վիգէն Սիմոնեանի յիշատակին եւ անոր կրթական ֆոնտին: Վստահ եմ, որ ան երկինքէն մեզ կը դիտէ եւ հոգին կը հրճուի ի տես այսքան շատ հայ փաստաբաններու ներկայութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկին, որուն հասոյթը, որ 10,000 տոլար է, ամբողջութեամբ «Վիգէն Սիմոնեան» կրթական ֆոնտին պիտի տրամադրուի»:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ
Բժիշկ Վարդան Թաշճեան ծանօթ անուն մըն է մեր գաղութին մէջ որպէս մտաւորական եւ բժիշկ, որպէս հասարակական գործիչ։
Վերջերս, անոր բեղուն գրիչէն, համով-հոտով հայերէնով լոյս տեսաւ «Բժիշկ, հիւանդ եւ դեղորայք» խորագիրը կրող բժշկական գիտելիքներու հատորը:
Ան քանի մը գիրքերու հեղինակ է Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս: Կը սպասենք սոյն շահեկան գիրքի գինեձօնին:
ՍԱԼՄԱՍՏԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ
Հայ վիպագրութեան մեծագոյն դէմքերէն է Ռաֆֆին, որ ծնած է Պարսկաստանի Սալմաստ քաղաքը։ Ներկայիս Սալմաստի մէջ հայ չ՚ապրիր: Ժամանակին հոն ունէինք եկեղեցի եւ դպրոց:
Լոս Անճելըս բնակող Սալմաստցիներու Միութիւն մը կազմուած էր Մաշտոց Քոլէճի հայագիտական բաժնի ղեկավար, հանգուցեալ Դոկտ. Օննիկ Հայրապետեանի կողմէ՝ «Սալմաստի Ժառանգութեան Միութիւն» անունով:
Թահանկայի “The Great Caeser” սրահին մէջ, մօտ 250 սալմաստցիներ հաւաքուեցան, UCLA համալսարանի հայկական բաժնին հետ միասնաբար Ռաֆֆիին ծննդեան 181-ամեակը նշելու եւ անոր գրականութեան հաւաքածոն տպելու համար:
Խօսք առին միութեան այժմու ատենապետ Էտիկ Հայրապետեան, UCLA-ի Նարեկացիի անուան հայագիտական ամպիոնի ղեկավար Դոկտ. Փիթըր Քաուի եւ Ռաֆֆիի հարազատներ եւ շարք մը հայրենակիցներ:
ՌԱՖՖԻ ԱՐԱՊԱԹԵԱՆԻ ՀՆԱՐԱԾ ԿԱԹԻ ԸՄՊԵԼԻՔԸ
Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի չորրորդ դասարանի 9-ամեայ աշակերտ՝ Ռաֆֆի Արապաթեանի հնարած կաթով ըմպելիքը վերջերս առաջնութիւն շահած է երեխաներու “Make a Wish” հիմնարկին ի նպաստ կազմակերպած «Ֆրեշ» ընկերութեան մրցանակին: Ռաֆֆիին հնարքը պիտի վաճառուի «Ֆրեշ» ընկերութեան 16,000 խանութներուն եւ կրպակներուն մէջ:
Ռաֆֆին տարիներէ ի վեր կը պայքարի ուղեղի քաղցկեղի դէմ, այնուհանդերձ, ան ֆութպոլի եւ պասքէթպոլի, պարի եւ ճաշեր պատրաստելու սիրահար մըն է:
ՅՈՒՇ ԵՐԵԿՈՅ՝ ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԼԵՒՈՆ ՔԱՐՄԷՆԻՆ
Կիրակի, Դեկտեմբեր 11-ին, Կլենտէյլի Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ երեկոյ մը, նուիրուած սփիւռքահայ բանաստեղծ, գրագէտ, ազգային գործիչ, Պաղտատի «Գոյամարտ» եւ Պէյրութի «Ազդակ» թերթերու խմբագիր՝ Լեւոն Քարմէնի ծննդեան 100-ամեակին եւ մահուան 50-րդ տարելիցին։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր խումբ մը իրաքահայերու կողմէ: Այդ օր խօսք առաւ Պարոյր Յակոբեան, հանդիսավարուհին էր՝ Արուեսակ Մելքոնեան: Գլխաւոր բանախօս՝ բազմավաստակ ուսուցիչ եւ դաստիարակ՝ Հայկազ Թրթռեան: Ասմունքեց՝ Անդրանիկ Սողոմոնեան, երգով ելոյթ ունեցաւ՝ Անահիտ Ներսիսեան, դուդուկահար՝ Ռուբէն Յարութիւնեան: Աղուորիկ Մեսրոպեան շատ տպաւորիչ ձեւով ընթերցեց Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի կողմէ գրուած վկայութիւնը, նուիրուած՝ Լեւոն Քարմէնին անոր մահուան առիթով, խռովելով բոլոր ներկաներուն հոգիները։
ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՀԱՅ ԵՐԻՑԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 120-ԱՄԵԱԿ
Ֆրեզնոյի Հայ Երիցական Եկեղեցին Յունուար 29-ին 120-րդ անգամ ըլլալով պիտի նշէ Քրիստոսի Ծննդեան մեծախորհուրդ եւ սքանչելի տօնը: Տօնակատարութիւնը բաց է հանրութեան եւ մուտքը՝ ազատ:
Հայ Աւետարանական Եկեղեւոյ Ամերիկայի Առաջնորդ՝ Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան ներկայ պիտի գտնուի տօնակատարութեան: 21 օր շարունակ աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ հոգեւոր երգերով պիտի նշուի այդ տօնը:
1988-Ի ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՖԻԼՄ
Կ՚իմանանք, թէ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժին նուիրուած Սարիկ Անդրէասեանի եւ Ռուբէն Տիշտիշեանի կողմէ պատրաստուած «Երկրաշարժը» (Earthquake) ֆիլմը ներկայացուած է Golden Globe Awards 2016 մրցանակին համար: Մրցանակի դատական կազմի անդամները խորապէս տպաւորուած են այս ֆիլմէն: Ֆիլմը կը ներկայացնէ 1988-ին Գիւմրիի մէջ ապրող ռուս ընտանիքի մը վիճակը երկրաշարժի օրերուն:
Սրտանց կը մաղթենք, որ այս ֆիլմը արժանանայ Golden Globe Award-ին:
ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ ՄԸ
Ֆրեզնոյի պետական համալսարանի վարչական բաժանմունքի նրբանցքները, սրահը եւ քանի մը գրասենեակները վերջին տարիներուն վերածուած են հայկական կերպարուեստի գործերու մնայուն ցուցադրասրահի: Հոնկէ բազմաթիւ ամերիկացիներ անցնելով կը տեսնեն եւ կը դիտեն հայկական կերպարուեստի կտորներ եւ նկարներ: Ցուցահանդէսը պտուղն է համալսարանի հայկական բաժնի եւ Ֆրեզնոյի ազգայիններէն Վարուժան Տէր Սիմոնեանի միասնական աշխատանքին: