Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Սահմանին վրայ նոր զոհ

Յունուար 16-ին, Պաշտպանութեան Բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեան գտնուող զօրամասերէն մէկուն մօտ, հրազէնային մահացու հարուած ստացած է 22-ամեայ զինուոր Արայիկ Սարգսեանը, որ Արցախի Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր գիւղէն էր։ Ան վեց երեխաներուն անդրանիկն էր։

 

Սահմանը կը մնայ անհանգիստ

Ատրպէյճան ամէն գիշեր կը շարունակէ խախտել զինադուլը Արցախի հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւելեան սահմանին երկայնքին։ Յունուար 16-ին անոնք յայտնեցին, թէ հայկական կողմը ատրպէյճանցի զինուոր մը սպաննած է. բան մը, որ չի համապատասխաներ իրականութեան։ Նման կեղծ լուրերուն կողքին, ամէն օր Ատրպէյճանն է որ կը խախտէ հանդարտութիւնը, որուն կը հակադարձէ հայկական կողմը։

 

Յետ մահու պարգեւատրում

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով, Արցախի պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող Գարիկ Վարդանեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով։

Ան մահացաւ Յունուար 15-ին Երեւանի զինուորական հիւանդանոցին մէջ։ Գարիկ Վարդանեան ծանրօրէն վիրաւորուած էր Դեկտեմբեր 30-ին։ Ան 21 տարեկան էր։

 

 

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ