Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ կը շնորհաւորէ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթներով

Չորեքշաբթի, Յունուար 18-ի երեկոյեան, Պըրպէնքի Առաջնորդարանին մէջ, ՌԱԿ Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հետ, գլխաւորութեամբ ՌԱԿ ԿՎ անդամ եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկեր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկեր Գէորգ Գրիգորեանի:

Ներկայ էր նաեւ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ` իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան։

Ամանորեան եւ Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորանքներէ եւ բարեմաղթութիւններէ ետք, հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ առաւել եւս խորացնելու գործակցութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին միջեւ: Կողմերը կարեւորեցին եկեղեցւոյ եւ քաղաքական ու հասարակական հայկական կառոյցներուն դերը արեւմտեան ափէն ներս: Քննարկման առարկայ դարձան նաեւ Արեւմտեան թեմի 90 ու «Նոր Օր»ի 95-ամեակները, որոնք կը զուգադիպին այս տարուան: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ