Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Եգիպտահայ Թեմը. Հարիւրամեայ տարեդարձ 1914-2014

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

Առաջնորդին Եգիպտոս Ժամանումը       

            Որպէս եգիպտահայ պարտք կը զգամ անդրադարձ մը կատարել Եգիպտահայ Թեմի հարիւրամեայ ծաղկուն շրջանին վրայ, սկսեալ 1914 թուականէն, երբ Թեմի  Առաջնորդ ընտրուեցաւ Արմաշական սերունդի ամէնէն ուշիմ եւ նուիրեալ հոգեւորականներէն՝ Թորգոմ արքեպիսկպոս Գուշակեան։ Սեբաստիոյ նախկին առաջնորդն էր Գուշակեան Սրբազան, երբ Եգիպտոս կը հասնէր 1914 թուի Մայիսի 3-ին։ 1912-ին նախկին առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Աղաւնունի հրաժարած ըլլալով իր պաշտօնէն, Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը կը հաստատէր Թորգոմ արքեպիսկոպոսի տեղապահութիւնը եւ կ՚ուղարկէր զինք Գահիրէ, ուր կը դիմաւորուէր «փառաւոր թափօր մը կազմած» Ազգային Իշխանութնէնէն, որ շոգեկառքի կայարանէն կը յառաջանար դէպի քաղաքի առաջնորդանիստ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին։ Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ իր առաջին ճառով Տեղապահը կը վստահեցնէր «թէ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէր իրմէ սպասուած ամէն աշխատութիւն յաջողութեամբ ի կատար հանելու»։

            Եգիպահայ թեմի ազդեցիկ դիրք եւ անուն ունեցող անձինք պատկառելի թիւ եւ որակ կը ներկայացնէին հարիւրամեակ մը եւ աելի առաջ, գլխաւորութեամբ Պօղոս Նուպար Փաշայի, որ հիմնադիր նախագահն էր նորակազմ ՀԲԸ Միութեան (1906), եւ միեւնոյն ատեն լիազօր ներկայացուցիչը Տ. Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին՝  Փարիզի մէջ կայացած հայկական բարենորոգումներու գործին։ Թորգոմ արքեպիսկոպոս շուտով առաջնորդ կ՚ընտրուէր Եգիպտահայ Թեմին, եւ կը գտնէր Պօղոս Նուպար Փաշայի անձին մէջ իսկական հայը, պատկառանքով, անկեղծութեամբ եւ ազգասիրութեամբ օծուն՝ որպէս իր գործակիցն ու խորհրդականը։

 

Քաղաքական Կացութիւնը 

            Եգիպտոս չէր նմաներ թրքահայոց վիճակին, ուր սեղմումներ կային եւ հարստահարութիւններ ու հալածանք կը տիրապետէր։ Եգիպտոս ազատ երկիր մըն էր արդարասէր կառավարութեամբ, ուր հայեր կ՚ապրէին վայելելով երկրի միւս տարրերուն իրաւունքները, մանաւանդ երբ 1918-ի զինադադարէն ետք Եգիպտոսի վրայ Թուրքիոյ գերիշխանութիւնը բոլորովին կը ջնջուէր։ Ս. Աստուածածին եկեղեցին Թեմի կեդրոնն էր, ուր նաեւ իմ մանկութիւնը անցաւ իբրեւ դպիր՝ մեր թաղին եկեղեցին ըլլալով։ Հոն մատուցած եմ նաեւ իմ անդրանիկ Ս. Պատարագը 1954 թուի ամրան։ Եկեղեցին մի քանի տարի ետք ապասեփականացուելով քանդուեցաւ պողոտայի շինութեան հետեւանքով։

 

Նորակառոյց Վարժարանները 

            Եկեղեցւոյ կողքին գոյութիւն ունէր հարիւրամեակ մը եւ աւելի առաջ, 1865 թուին հիմնադրուած, եւ ապա ընդարձակ եւ շքեղ շէնքերու մէջ փոխադրուած, Գալուստեան Ազգային Վարժարանը, կառուցուած Աղա Կարապետ Գալուստի կտակով, ուր նաեւ ես աշակերտեցայ քառասունական թուականներուն, 800-ի մօտ հաշուող աշակերտութեան հետ միասին։ Հոն աշակերտած էր նաեւ մայրս եւ իրեն հասակակից հայորդիներ, տնօրէնի եւ ուսուցչապետի պաշտօններով յայտնի Լեւոն Թաշճեանի, Արշակ Ալպօյաճեանի, Շահան Պէրպէրեանի (յետագային նաեւ մեր ուսուցիչը Անթիլիասի Դպրեվանքին մէջ),  Գարեգին Տիւլկէրեանի, Նահապետեանի ու Գայայեանի։ Կը յիշեմ շատ փոքր տարիքիս, երբ դպրոցէն եկեղեցի տարին մեզ՝ ներկայ ըլլալու Տնօրէն Լեւոն Թաշճեանի յուղարկաւորութեան, որ մեզմէ շատ տարիներ առաջ վարած էր տնօրէնի պաշտօնը։

            Եգիպտահայ ուսումնական ցանցին մէջ Պօղոսեան Ազգային Վարժարանը, բարերարութեամբը Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի 1890-էն ի վեր կը ծառայէր Աղեքսանդրիոյ հայ համայնքին։ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին Գահիրէի մէջ երկու վարժարաններ եւս ծաղկեցան, Պէրպէրեան Վարժարանը՝ տնօրէնութեանը ներքեւ Շահան Պէրպէրեանի, որ վերականգնել ուզեց իր հօրենական անուանի Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան Վարժարանը՝ հիմնուած իր հօր Ռեթէոս Պէրպէրեանի կողմէ։ Շուտով նաեւ Գահիրէի արուարձան Հելիոպոլիսի մէջ Նուպարեան Վարժարանը՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի հովանաւորութեամբ, եւ Մելգոնեան Մանկապարտէզը՝ բարերարութեամբ Կարապետ Մելգոնեանի Աղեքսանդրիոյ մէջ։ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան մեծ բարերարները նոյն տարիներուն՝ 1926-ին պիտի հիմնէին նաեւ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը։ Այս բոլորը կատարուեցան առաջնորդ Թորգոմ արքեպիսկոպոսի քաջալերանքովն ու անձնական հոգածութեամբը՝ դիմելով իրենց բարերարներուն։ Սակայն Առաջնորդին մեծագոյն արգասիքը եղաւ նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին ու Առաջնորդարանի շէնքը Գահիրէի լաւագոյն մէկ պողոտային վրայ։       

 

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին 

            Քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած էր Գաբրիէլ Մարաշցի եպիսկոպոսի ջանքերով 1839 թուին եւ միշտ ծառայած որպէս առաջնորդանիստ եկեղեցի։ Իննսուն տարիներ ետք, 1928 թուին պիտի բարձրանար Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ բարերարութեամբ Գրիգոր Եղիայեանի, մահացած 1911 թուականին, որ յետ մահու իր յատուկ կտակով, գործադրութեան կը դրուէր անոր թէ՛ նորաշէն եկեղեցւոյ եւ թէ՛ բարձրագոյն ուսմանց հետեւող ուսանողներու կրթաթոշակներու տրամադրութիւնները։ Մինչեւ մեր օրերը, կը յիշեմ, Եղիայեան Սանուց կրթաթոշակները, որոնք արժանի ուսանողներուն կը յատկացուին։ Կտակի գործադրութեամբ 1924 թուին Առաջնորդն ու Թեմական իշխանութիւնը ձեռնարկեցին հոյակապ աւանդական ոճով կառուցուած եկեղեցիի շինութեան՝ ճարտարապետութեամբ Լեւոն Նաֆիլեանի, երբ Օգոստոսին կատարուեցաւ հիմնարկէքը։

            Եկեղեցւոյ շինութիւնը աւարտեցաւ 1928 թուին սկիզբը, եւ Փետրուար 12-ին կատարուեցաւ օծումը՝ ձեռամբ Առաջնորդ Թորգոմ արքեպիսկոպոս Գուշակեանի, որ բարերարի անունով զայն անուանեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Եկեղեցի։ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի խմբագրապետ եւ տաղանդաւոր բանաստեղծ Վահան Թէքէեան կը գրէր. «Իր դաստակերտն է այս եկեղեցիին նիւթական շէնքը, ո՛ր կողմ որ դարձնէք ձեր նայուածքը, զինքը կը գտնէք անոր մէջ»։ Թորգոմ արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին կառուցուած են նաեւ Աղեքսանդրիոյ հայոց գերեզմանատան Ս. Գէորգ մատուռը, Գէորգ Թոփալեանի ժառանգորդներուն նուէրով, եւ Զակազիկի Ս.  Խաչ եկեղեցին` բարերարութեամբ քաղաքի ազգայիններէն Խաչատուր Կամսարականի։ Զակազիկ հայութեան թիւի առաւելութեամբ երկրին երրորդ գլխաւոր քաղաքը կը հանդիսանար, ուր 1926 թուին Կամսարական ծխախոտի գործատունը անուն եւ համբաւ կը վայելէր հայ գործաւորներու զգալի թիւով։

            Թեմի Առաջնորդարանի շքեղ երկյարկանի շէնքը կարելի եղած է կառուցանել Տիգրան Փաշա Տ՚ապրոյէ կտակուած գումարով եւ հաւասարապէս Պօղոս Նուպար Փաշայի նուիրատուութեամբ։ Նորաշէն եկեղեցոյ կից այս հոյակերտ շէնքի հիմնարկէքը առաջնորդ Թորգոմ արքեպիսկոպոս ինք կատարեց 1928 Յունուար 20-ին, եւ տարի մը ետք արդէն աւարտած էր անոր կառուցումը։ Նոյն ատեն Մշակութային Միութիւններ եւս ծաղկեցան, Նաւասարդ եւ «Յուսաբեր» օրաթերթի Կեդրոնը 1918-ին, Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութիւնն ու «Արեւ» օրաթերթի Կեդրոնը 1920 թուին, Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Ընկերակցութիւնը 1941-ին, Հայ Ազգային Հիմնադրամը 1942-ին եւ Կոկանեան Մշակութային Կեդրոնը 1945-ին, ինչպէս նաեւ Մարմնամարզական ՀՄԸՄ եւ ԱՐԱՐԱՏ Միութիւնները իրենց մարզասրահներով։

Մամբրէ Արքեպիսկոպոս Սիրունեան 

            Գուշակեան Սրբազանի շրջանին իրեն Աղեքսանդրիոյ մէջ փոխանորդ նշանակած էր Արմաշի վերջին սերունդէն Մամբրէ Ծ. Վրդ. Սիրունեան, եւ երբ 1931-ին առաջնորդ Սրբազանը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք ընտրուեցաւ ու Գահիրէէն Ս. Աթոռ մեկնեցաւ, Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանին յաջորդեց որպէս տեղապահ Մամբրէ Ծ. վարդապետ, որ իսկոյն Գահիրէ փոխադրուելով վարեց Թեմին ներքին գործերը։ Եգիպտահայ Թեմի զոյգ քաղաքական եւ թեմական ժողովները Ս. Էջմիածին խնդրանք նեկայացուցին Մամբրէ Ծ. վարդապետի եպիսկոպոսացումին համար։ Նորընտիր Տ. Տ. Խորէն Ա. Մուրատբէգեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 1933 թուականին եպիսկոպոս ձեռնադրելով Մամբրէ Ծ. վարդապետը Եգիպտոս ուղարկեց որպէս Տեղապահ Եգիպտահայ Թեմին։

            Նորապսակ Մամբրէ եպիսկոպոս Սիրունեան վարչական ճկուն եւ իմաստուն հեռատեսութեամբ վարեց իր պաշտօնը, եւ սակայն Թեմական իշխանութիւնները յապաղեցին իր առաջնորդի ընտրութիւնը, որ երկար տեւեց հակառակ անոր, որ առաջնորդի լրիւ գործերը կը վարէր իրեն յատուկ լաւատեսութեամբ, եւ 1945 թուին զինք Առաջնորդ ընտրեցին եւ Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գէորգ Զ. Չորեքճեան Կաթողիկոս զինք արքեպիսկոպոսութեան աստիճանով պատուեց։ Մամբրէ Սրբազան իր 40 տարիներու երկարատեւ պաշտօնին վրայ մնաց աշխատունակ, խղճամիտ ու բարձր գնահատուեցաւ երկու Հայրապետներուն՝ Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գէորգ Զ. եւ Տ. Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոսներուն կողմէ։ Որպէս երիցագոյն արքեպիսկոպոս Մամբրէ Սրբազան նախագահեց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ձեռնադրութեան եւ օծման կարգերուն 1955 թուին։ Իր Առաջնորդութեան շրջանին Վազգէն Ա. Հայրապետ չորս անգամ Եգիպտահայ Թեմ այցելեց, ուր նաեւ նախագահեց 1956 թուի Մարտ ամսու Առաջին Եպիսկոպոսական Ժողովին՝ առաջնորդարանի մեծ դահլիճին մէջ, ու վերջին անգամ՝ պատուելու համար Թեմի Մամբրէ Արքեպիսկոպոս Առաջնորդ Սրբազանը իր քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով։ Արմաշէն արտաքսեալ վերջին դասարանէն էր, երբ 1916 թուին Կ. Պոլսոյ մէջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ Մեսրոպ Նարոյեան եպիսկոպոսէն։

            Իր առաջնորդութեան շրջանին Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Գէորգ Զ. Կաթողիկոսի յանձնարարութեամբ Մամբրէ Արքեպիսկոպոս այցելու Առաջնորդն էր նաեւ Յունահայ Թեմին, ուր 1950 թուին վախճաներ էր Թեմի Առաջնորդը՝ Կարապետ արքեպիսկոպոս Մազլմեան։ Մամբրէ Սրբազան կատարած է քսանէ աւելի քահանայական ձեռնադրութիւններ Գահիրէի, Աղեքսանդրիոյ, Աթէնքի, Երուսաղէմի, եւ Երեւանի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Գահիրէի մէջ ձեռնադրած է երկու կուսակրօն  քահանաներ, եւ Երուսաղէմի մէջ Գարեգին Գազանճեան վարդապետը որ յետագային դարձաւ Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ։ Իր օրով կենսունակ դարձաւ Գահիրէի Առաջնորդարանը, որուն ականատես եղանք միշտ մեր պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան շրջանին, վայելելով նաեւ Մամբրէ Սրբազան Հօր արարողակարգն ու բծախնդիր պաշտամունքները երկու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ։ Գալուստեան Վարժարանի ուսանողներս Սրբազան Հօր ցուցմունքով յատուկ տօներուն մասնակից կը դառնայինք Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պաշտամունքներուն, երգելով նոյնիսկ մի քանի շարականներ՝ ղեկավարութեամբ մեր ուսուցչին եւ դպրապետին Ղազարոս Ղազարոսեանին։ Մենք աւելին ստացանք Առաջնորդ Սրբազանէն, երբ վերի կարգերուն կրօնքի դասեր կ՚աւանդէր Գալուստեան Վարժարանէն ներս։            Մամբրէ Սբազան յանկարծամահ կը վախճանէր 1966 թուի Հոկտեմբերին, ետին ձգելով քաջ հովիւի ու նուիրեալ հոգեւորականի պատուաբեր վաստակը։

 

Զաւէն Արքեպիսկոպոս Չինչինեան 

            Կանուխէն Մամբրէ արքեպիսկոպոս Երուսաղէմէն հրաւիրած էր Զաւէն Վրդ. Չինչինեանը, որպէս իր Փոխանորդը Աղեքսանդրիոյ մէջ, յուսալով որ իր ատենին կրնար օր մըն ալ յաջորդել իրեն։ Յարաբերութիւնը երկուքին միջեւ սակայն լարուած կը մնար, Վարդապետին Աղեքսանդրիոյ մէջ թեմական մի քանի անձերու ազդեցութեան տակ գործելով, մինչեւ այն ատեն, երբ առանց Առաջնորդ Սրբազանի գիտութեան Աղեքսանդրիոյ նոյն ազդեցիկ անձեր 1965 թուին Մայր Աթոռ գտնուած միջոցին խնդրեցին  Տ. Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, որ արդէն այդ օրերուն երեք թեկնածուներ եպիսկոպոսութեան պիտի բարձրացնէր, անոնց միացնէր նաեւ Զաւէն Վարդապետ Չինչինեանը, որ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան միաբան ըլլալով կարիքն ունէր Միաբանական Ժողովի իւրայատուկ ընտրութեան՝ ըստ Կանոնագրի։ Հապճեպ կատարուած ձեռնադրութեամբ Զաւէն եպիսկոպոս դադրեցաւ միաբան ըլլալէ, դարձեալ ըստ Կանոնագրի, եւ վշտացուց մանաւանդ առաջնորդ Մամբրէ Սրբազանը, որ անտեղեակ էր կացութենէն, երբ հոն Ս. Էջմիածին կը գտնուէր հանդիսութեանց մասնակցելու։ Հոն յանկարծ կը լսէր իր եպիսկոպոսանալը։ Տեղւոյն վրայ, ձեռնադրութիւններէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը իր բողոքը կը յայտնէր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Հոն արդէն յայտնի կը դառնար առաջնորդի ետին կատարուած անպատշաճ արարքը, որուն մասնակից կ՚ըլլար նաեւ Կաթողիկոսը, երբ ինք պէտք է ըլլար ճշդում կատարողը։ Անշուշտ Կաթողիկոսէն բացատրութիւն մը կը սպասուէր, եւ սակայն Մամբրէ Սրբազան ընկճուած Գահիրէ կը վերադառնար առանց մնալու Հայրապետական հանդիսութեանց լրումին ։

            Զաւէն Սրբազան Չինչինեանին լաւ օրեր չդիմաւորեցին, եւ հաշիւները սխալ դուրս եկան, եւ երբ տարի մը ետք, 1966-ին, Մամբրէ արքեպիսկոպոս վախճանեցաւ, թեմական իշխանութիւնները պատշաճ կարեւորութիւնը չընծայեցին Չինչինեան եպիսկոպոսին։ Առաջնորդական ընտրութիւն երկար ատեն չկատարեցին, զգացնելով իրեն, թէ զինք չէին ուզեր ընտրել, եւ փոխարէն Տեղապահ ընտրեցին Երուսաղէմէն Ներսեհ Վարդապետ Փապուճեանը, նախկին Կիլիկեան միաբան եւ իմ դասընկերն ու օծակիցը 1954 թուին, որուն Զաւէն Եպիսկոպոս ծայրագոյն վարդապետի աստիճանները շնորհեց Գահիրէի մէջ։ Զաւէն Սրբազան հեռացաւ թեմէն, նախ Արժանթին եւ ապա Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ, տասնամեակ մը եւ աւելի անպաշտօն մնալով։ 

            Տարիներ ետք Թեմական իշխանութիւնները ձեռնպահ մնացին նաեւ Տեղապահին նկատմամբ եւ զինք չընտրեցին Եգիպտահայ Թեմի Առաջնորդ։ Այստեղ միշտ յայտնի կը դառնար Թեմի իշխանութեանց անհարկի «բծախնդրութիւնը», որ կարծէք աւանդութիւն դարձեր էր։ Մնալով առանց Առաջնորդի, այս անգամ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրահանգին վրայ Թեմական զոյգ Ժողովները Զաւէն եպիսկոպոս Չինչինեանը առաջնորդ ընտրեցին եւ Հայրապետն ալ պատուեց զինք արքեպիսկոպոսի տիտղոսով։

 

Քաղաքական Վերիվայրումներ 

            Իմ պատանեկան օրերու Եգիպտոսի թագաւորութիւնը տապալած էր 1950 թուականին եւ Եգիպտական Հանրապետութիւն հռչակուած։ Երկիրը իր անդորրն ու միջազգային հովանաւորութիւնը կորսնցնել սկսած էր, եւ փոքրամասնութիւններ հետզհետէ կը հեռանային երկրէն։ Տեղացի ժողովուրդը հեռաւոր ու մերձաւոր գիւղերէն լեցուեցան մայրաքաղաք եւ անորոշութիւնն ու աղքատութիւնը ծայր տուաւ։ Մեր օրերուն հայութեան թիւը շուրջ 45,000 հոգի կը հաշուէր Եգիպտոսի մէջ, եւ սակայն յաջորդող յիսնամեակի աւարտին արդէն այդ թիւին հարիւրէն տասը միայն մնացած էին, եւ առ այսօր միայն երկու կամ երեք հազար հայութիւն կը հաշուէ հայութիւնը։ Աղեքսանդրիոյ մէջ միայն 400 հայեր կ՚ապրին։ Մեր վերջին երկու այցելութեան ընթացքին նկատեցինք անկումը, հակառակ անոր որ տակաւին մշակութային եւ դպրոցական, եկեղեցական ու մարզական շրջանակներ կը շնչեն ու յարատեւ գործի կը ձեռնարկեն, յաճախ Հայրենիքէն հրաւիրելով արուեստագէտներ եւ բանախօսներ։

 

Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան 

            Թեմակալ Առաջնորդ Զաւէն արքեպիսկոպոս Չինչինեանի հիւանդութեան հետեւանքով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետ Գահիրէ ուղարկած էր միաբաններէն Աշոտ Մնացականեան վարդապետը որպէս Առաջնորդական Փոխանորդ։ 2005 թուականին Զաւէն Սրբազան կը վախճանէր եւ Տեղապահ կ՚ընտրէին Մնացականեան Աշոտ վարդապետը, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն եպիսկոպոս կը ձեռնադրուէր որպէս միակ թեկնածուն Եգիպտահայ Թեմի առաջնորդութեան, ուր արդէն կը ծառայէր հինգ տարիներէ ի վեր։

            Հակառակ իշխող աննպաստ պայմաններուն Առաջնորդ Աշոտ եպիսկոպոս յարատեւ աշխատանք կը տանի թեմէն ներս։ Աշակերտութիւնը իր նուազագոյնին հասած ըլլալով փակեցին Գալուստեան Ազգային Վարժարանը ու միացուցին Նուպարեան Վարժարանին, որ ցարդ կը հոգայ հարիւրէ աւելի աշակերտութեան ուսումնական կարիքները։ Եկեղեցին ունի հովիւ մը եւ կիրակնօրեայ պաշտամունքները կը կատարուին, ինչպէս մենք ականատես եղանք մեր վերջին այցելութեան։ Ազգային սեփական գերեզմանատունն ալ Հելիոպոլիսի մէջ իր մատուռով միշտ բաց է հաւատացեալներուն առջեւ, ուր ամիսը անգամ մը Ս. Պատարագ կը մատուցուի։ Հոն եւս առիթը ունեցայ ներկայ  ըլլալու եւ քարոզելու իմ վերջին այցելութեան, ինչպէս ըրած էի Աշոտ Սրբազանի հրաւէրին վրայ նախորդող Կիրակին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

            Երկու ակումբներ գործօն են տակաւին, ուր մարզական շարժումը աշխոյժ է, ինչպէս աւանդական օրաթերթերը` «Արեւ»ն ու «Յուսաբեր»ը, որոնք համայնքը զիրար կը միացնեն տեղեկութիւններով եւ այլազան գործունէութիւններով։ Աւաղ սակայն, որ անցեալի փայլքը յաւէտ կորած է, եւ պատի՛ւ ներկայ ղեկավարութեան, որ փոքրիկ մնացորդացը կը կարողանան պահել որպէս աւանդ հին եւ պատուական Եգիպտահայ Գաղութին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ