Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8, 2024

Շաբաթաթերթ

Ռեքս Թիլերսըն կը խոստանայ աջակցիլ հայ-թրքական երկխօսութեան

ԱՄՆ պետական քարտուղարի թեկնածու Ռեքս Թիլերսըն կը խոստանայ աջակցիլ հայ-թրքական երկխօսութեան։ Նման կարծիք յայտնած է նաեւ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի  վարչակազմի այլ ներկայացուցիչ մը՝ ՄԱԿ-էն ներս Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքքի Հէյլին։

Թիլերսըն կը խոստանայ ընդունիլ նաեւ պատմական փաստերը։ Ան, պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերող սենաթոր Ռապըրթ Մէնենտէզի հարցումին, ըսած է. «1915 թուականի ողբերգական վայրագութիւնները կը մնան ցաւոտ խնդիր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ եւ Միացեալ Նահանգներու շահերէն կը բխի երկու երկիրներու միջեւ խաղաղ եւ կայուն յարաբերութիւններու ապահովումը։ Եթէ ես նշանակուիմ պետական քարտուղարի պաշտօնին, պիտի աջակցիմ պատմական դէպքերու լիակատար ընդունման ու բաց երկխօսութեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ՝ յանուն տարածաշրջանի կայունութեան»։

Միւս կողմէ, Հայոց ցեղասպանութեան ու հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ դիրքորոշում յայտնած է նաև ՄԱԿ-ի ԱՄՆ-ի դեսպան Նիքքի Հէյլին: Հայամէտ սենաթոր Ռապըրթ Մէնենտէզը դեսպանին հարցուցած է՝ «Արդեօ՞ք ան պիտի աջակցի ՄԱԿ-ի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձևին, դեսպանը տուած է դիւանագիտական պատասխան մը։

Աւելցնենք, թէ Թիլերսըն խօսելով Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդու իրաւունքներու ոտնահարման մասին, իր մտահոգութիւնը յայտնած է Էրտողանի կառավարութեան կողմէ առնուած բազմաթիւ քայլերուն դիմաց։ Ան խոստացած է պաշտօնի կոչուելու պարագային հետապնդել կրօնական փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները՝ գործակցելով Անքարայի հետ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ