Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Իսթանպուլ. Կարօ Փայլան, Էրտողան եւ… Շիրինօղլու

Քաղելով Իսթանպուլի «Ժամանակ» թերթէն, կ՚արտատպենք հատուած մը Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հասցէին ուղղուած կարծիքէ մը՝ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ, փոխանցուած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին։ Շիրինօղլու Ս. Փրկիչ  հիւանդանոցի գործադիր խորհուրդին նախագահն է, ծանօթ՝ իր կառավարամէտ տեսակէտներով…։

 

«…Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու կանգ ա­ռած է նաեւ ընդ­դի­մա­դիր հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան Կա­րօ Փայ­լա­նի խորհր­դա­րա­նի վեր­ջին ե­լոյ­թին, որ ստեղ­ծած է լայն ար­ձա­գանգ եւ ան զրկուած է ե­րեք նիս­տե­րու մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւուն­քէն։ …Այս ա­ռըն­չու­թեամբ Շի­րի­նօղ­լու Էր­տո­ղա­նին դի­տել տուած է, որ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ջախ­ջա­խիչ մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ ի­րեն հա­սած են հա­կազ­դե­ցու­թիւն­ներ։ Շի­րի­նօղ­լու բա­ցատ­րած է, թէ հա­մայն­քին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ան­հանգս­տա­ցած է այդ ե­լոյ­թէն եւ Փայ­լա­նի խօս­քե­րը ընդ­հան­րա­պէս չեն ցո­լաց­ներ հա­մայն­քի տրա­մադ­րու­թիւ­ննե­րը։ Հա­մայն­քին մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը այդ ե­լոյ­թը կը հա­մա­րէ ան­տե­ղի ու ան­ժա­մա­նակ եւ ցաւ կը զգայ այս բո­լո­րին բե­րու­մով։ Հա­մայն­քը հա­մա­միտ չէ այդ ե­լոյ­թին ու կը դիր­քա­ւո­րուի պե­տու­թեան կող­քին։ Նա­խա­գահն ալ այս բո­լո­րը լսե­լով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է թրքա­հայ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն»։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ