Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Անձնական Մտորումներ

Գիտենք, որ մարդիկ ընտանի կենդանիներ՝ յատկապէս շուն եւ կատու, կը սիրեն ու կը պահեն իրենց  բնակարաններուն մէջ։ Անոնք ընդհանրապէս շատ հոգատար են այդ կենդանիներուն նկատմամբ եւ յաճախ կ՚արտայայտուին անոնց մասին, որպէս իրենց ընտանիքի անդամները։

Ասկէ զատ, նկատած եմ, որ մարդիկ արտակարգ թովչանք մը ունին կարգ մը կենդանիներու նկատմամբ, յատկապէս արջի ընտանիքին պատկանող շարք մը միաւորներու հանդէպ։ Այս դասակարգին կը պատկանի՝ առաջին առթիւ, չինական փանտա արջը (giant panda bear):

Փանտան բուսակեր է եւ կը սնանի հնդկական եղէգով (bamboo): Սա՝ աշխարհի բոլոր երկիրներու կենդանաբանական պարտէզներուն փնտռուած անասունն է։ Այդ երկիրները Չինաստանէն փոխ կ՚առնեն զայն, ցուցադրելու համար իրենց հանրութեան։ Իսկ եթէ պատահի որ փանտան քոթոթ մըն ալ ծնանի, հետաքրքրութիւնը կը բազմապատկուի…

Փանտային մասին խօսելով՝ հետաքրքրական դէպք մը վերյիշեցի, զոր կ՚ուզեմ բաժնել ընթերցողներուն հետ։ 1972-ի ամրան կը գտնուէի Հիւսիսային Իռլանտայի Պէլիքէսըլ քաղաքը, առաջնորդի հանգամանքով մասնակցելու ուսանողական միջազգային ճամբարի մը՝ որ կազմակերպուած էր եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին կողմէ (World Council of Churches)։

Ուրբաթ օր մը, որ կոչուեցաւ bloody Friday, ութը ռումբեր պայթեցան մայրաքաղաք Պէլֆասթի մէջ, տասնեակ մը անմեղ զոհեր խլելով։ Նոյն օրը, Լոնտոնի կենդանաբանական պարտէզի փանտա արջը մաhացաւ։ Երեկոյեան՝ Լոնտոնի ձայնասփիւռի (BBC) լուրերու բաժինէն հաղորդուեցաւ փանտա արջի մահուան լուրը  եւ ոչ իսկ մէկ արտայայտութիւն Պէլֆասթի պայթումներուն մասին։

Հիւսիսային Իռլանտայի բնակիչները սաստիկ կատղած էին եւ զայրացած. պէտք է աւելցնել արդարօրէն, որ Լոնտոն դարձեալ անտեսած էր զիրենք։ Գիտէք անշուշտ, որ հոն ապրող կաթողիկէ համայնքի զաւակները կ՚ուզեն միանալ Իռլանտայի Հանրապետութեան, մինչ բողոքականները չեն ուզեր բաժնուիլ Մեծն Բրիտանիայէն։ Այս էր պատճառը այդ ահաւոր պայթումներուն։

Վերադառնալով մեր նիւթին, արջերու ընտանիքին յաջորդ միաւորը որ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ իր շուրջ՝ Աւստրալիոյ  քուալա արջն է (koala bear): Ան ալ բուսակեր է եւ կը սնանի eucalyptus ծառի տերեւներով։

Հոս հասարակաց սխալ ըմբռնում մը կայ անոր մասին այն իմաստով, որ թէեւ koala bear կ՚ըսեն, սակայն ան կը պատկանի ագեվազի (kangaroo) ընտանիքին եւ անոնց նման ունի պարկ մը (pouch), ուր կը պահէ իր ձագերը։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ քուալա արջը օրական 19 ժամ կը քնանայ եւ արթուն եղած ժամանակն ալ շատ շարժուն չէ։ Ան իր ժամանակին մեծամասնութիւնը կ՚անցընէ ծառին վրայ, տերեւներ ուտելով։ Ըստ վիճակագրական տուեալներու, անոնց թիւը մեծապէս պակսած է՝ յատկապէս վերջին տասնամեակին, եւ կրած է անկում՝ 90 տոկոսով։

Հիմա անցնինք արջի ընտանիքին պատկանող եւ արտակարգ հիացմունք պատճառող բեւեռային արջին։ Սպիտակ այս արջը ամենակեր է (omnivorous) եւ յատկապէս կը սիրէ ձուկը։ Ան կը բնակի հիւսիսային բեւեռի շրջանը եւ զինք կարելի է գտնել Քանատայի եւ Ալասքայի ձիւնապատ բարձունքներուն վրայ։

Ամառ մը՝ ընտանիքով նաւային շրջապտոյտի մը կը մասնակցէինք Քանատայի Վէնքուվըր քաղաքէն մինչեւ Ալասքայի Էնքըրէճ քաղաքը։ Նաւուն վրայ կային մարդիկ, որոնք Էնքըրէճէն անդին պիտի երթային Ֆէրպէնքս, ուրկէ շոգեկառքով պիտի բարձրանային Ալասքայի ձիւնապատ անտառները՝ որպէսզի սպիտակ արջ տեսնէին։ «Բազում աղմուկ, վասն ոչինչի» պիտի որակէի այդ առաքելութիւնը։

Բարեկամ, եթէ կ՚ուզես բեւեռային արջ տեսնել՝ գնա՛ որեւէ կենդանաբանական պարտէզ եւ դիտէ մինչեւ կշտանաս։ Պէ՞տք է անպայման այդ արջը տեսնել իր բնական միջավայրին  մէջ։ Ըստ ինծի ոչ, սակայն մարդիկ ազատ են, ինչպէս կ՚ըսէ ամերիկեան ասացուածքը՝ «to each, his own” եւ վերջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ