Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

«Թենոր մը կ՚ուզուի»

ՀԲԸ Միութեան Գրիգոր Սաթամեան Թատերախումբի նորագոյն թատերախաղը՝ «Թենոր մը կ՚ուզուի», ընթացք առաւ Շաբաթ, 14 Յունուար 2017-ին, ՀԲԸ Միութեան Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կեդրոնի «Պոյաճեան» սրահին մէջ։

Ամերիկացի թատերագիր Քէն Լուտվիկի «Lend me a Tenor» թատերախաղը՝ թարգմանուած եւ բեմադրուած Գրիգոր Սաթամեանի կողմէ, երկու արարնոց կատակերգութիւն մըն է, ուր դէպքերը կը պատահին 1930-ական թուականներուն՝ Օհայօ նահանգի Քլիվլընտ քաղաքին մէջ։

Եւ այսպէս, Շէյքսփիրի «Օթելլօ» երաժշտական թատերգութեան գլխաւոր դերին համար հրաւիրուած է իտալացի նշանաւոր թենոր Թիթօ Մերելլի, որ ներկայացման օրը պանդոկ կը հասնի հիւանդագին վիճակի մը մէջ եւ անկարող՝ ներկայացման մասնակցելու…

Ստեղծուած չարագուշակ կացութիւնը փրկելու համար, օփերայի պատասխանատուները կը ստիպուին տեղական ուժերէն՝ օփերայի աստղ դառնալու ձգտում ունեցող երիտասարդ մը բեմ բարձրացնել։

Սխալներու կատակերգութիւնը հոս է որ կը ստեղծուի եւ խիստ ծիծաղաշարժ դարձուածքներով կը շարունակուի մինչեւ կատակերգութեան աւարտը, գոհունակութիւն  պատճառելով բոլոր հանդիսատեսներուն անխտիր։

Թատերախաղին ներկայացումները կը շարունակուին Շաբաթ՝ 21 եւ 28 ու Կիրակի՝ 22 եւ 29 օրերու երեկոյեան։ Շաբաթ 21-ի ներկայացման համար արդէն տոմսերը սպառած են։ Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ տոմսերու համար կարելի է հեռաձայնել ՀԲԸ Միութեան գրասենեակ՝ (626) 794-7942 թիւին։ Տոմսերը կարելի է ապահովել նաեւ Itsmyseat.com-էն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ