ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
«Մեսրոպեան Ուխտ Լեզուապահպանութեան Միութիւն»
Ազգը յատկանշող գլխաւոր ազդակներէն են՝ պապենական հողը, ազգային լեզուն, կրօնքն ու մշակոյթը։ Ազատութեան եւ անկախութեան դրօշակակիրները ընդհանրապէս, այս նպատակներուն տիրանալու միջոցաւ կը ձգտին ժողովուրդին գոյատեւման, ապրելակերպին ապահովման, պահպանումին եւ բարելաւման։
Հայաստանի անկախացումով, կրօնական դաւանանքի ազատութեան, մասնակի պապենական հողի իւրացման հասանք, սակայն մեր մայրենի լեզուն մնաց աղճատուած ու աղաւաղուած իր օտարամուտ բառերով եւ խեղաթիւրուած ուղղագրութեամբ։
Գործնական ու վճռական քայլեր չառնուեցան օտարաբանութենէ մաքրազտելու հայերէն բառապաշարը. ընդհակառակը սանձարձակ նոր բառեր «հնարուեցան» օտար յունարէն, լատիներէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն արմատներով եւ հայերէն ածանցումներով «ստեղծուեցան» այնպիսի անիմաստ բառեր, որոնց գոյութիւնը անյարիր է հայերէն լեզուի քերականութեան օրէնքներուն։ Սակայն, այսօր անոնք այսպէս կոչուած «հայաստանեան հայերէնի» մէջ «ընդունուած» կը համարուին, ինչպէս՝ հեռուստամարաթոն – անիմաստ բառ, հեռուստաընկերութիւն – սխալ բառ, պէտք է ըլլայ հեռուստա(ցուցա)ընկերութիւն։ Հեռուստաընկերութիւն հեռուէն ընկերութիւն կը նշանակէ, որ նոյնպէս անիմաստ է։
Հեռուստասերիալ – սխալ, նախ հեռուստա(ցուցա)սերիալ պէտք է ըլլայ, սերիալ բառը օտար է, կը նշանակէ շարան, նմանաշար։ Իսկ շարունակական պատմուածքի պարագային, դրուագաշար կարելի է կոչել կամ հաղորդաշար եւ ոչ հեռուստասերիալ անճոռնի բառը։
Մի քանի օրինակներ տանք «շինծու, հնարուած» բառերու.
Պլանաւորել – ծրագրել
Ապամոնտաժել – քանդել, փլել, կազմալուծել
Ինտեկրացուած – համալրուած, ամբողջացուած
Դիֆերսիֆիկացնել – այլազանել
Սուբսիտաւորել – նպաստաւորել
Կուրսանտ – դասընկեր
Հայերէն լեզուն մէկ է իր երկու ճիւղաւորումներով եւ դասական աւանդական Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ։ Ուրիշ «դրածոյ ուղղագրութիւն» կամ «շինծու բառապաշարով» լեզու չունինք։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը անյապաղ լուրջ ու վճռորոշ քայլ պէտք է առնէ, որպէսզի հեռատեսիլի, շարժապատկերի, դիմատետրի միջոցով տարածուող այս լեզուական համաճարակին վերջ տրուի։ Ունենանք մեր մաքրազտուած հայերէն բառապաշարի բառարանները, որոնցմէ դուրս աղճատուած խառնածին եւ անհարկի փոխառնուած բառերը վերացուին եւ օրէնքով դադրեցուին…։
Այս լեզուական եւ բառապաշարի աղաւաղման մէջ իր մեծ մեղսակցութիւնը ունի Հայաստանի կաճառը, որ ջանք չթափեց ոչ միայն նորաստեղծ գիտական հայերէն բառերու յօրինումին, այլ նաեւ շրջանառութեան մէջ եղած օտար բառարմատներով բառերու գործածութիւնը կասեցնելուն։ Հայաստանի համալսարաններէն շրջանաւարտ գիտնականներու, նախարարներու, գործարարներու եւ դասախօսներու բառապաշարներուն մէջ կը վխտան օտար բառեր եւ օտար բառարմատներու վրայ ածանցուած՝ հայերէն բառեր։ Ամօթալի երեւոյթ է Հայաստանի անկախացումէն ետք Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնարանի կոչուիլը՝ ակադեմիա, տեսուչը՝ ռեկդորը եւ ուսումնապետը՝ դեկան։
Պարզաբանենք «Ակադեմիա» բառին ծագումն ու ստուգումը։ Akademos-Hekademos, Hekademus – Akademus յոյն հերոսը, որու անունով կոչուած էր այն ժամանակուան պարիսպներէն դուրս եղած Աթէնքի ձիթենիներու պարտէզը, ուր Պղատոնը ճեմարան-դպրոցը հիմնած էր, ուստի այդ անունով կոչուեցաւ Akademia – Պղատոնի դպրոցը։
Այս պարտէզը սրբազան վայր նկատուած էր Աթինա չաստուածուհիի եւ մասնաւոր պաշտամունք կը կատարուէր Աթինային… Hekademus անունը բարեփոխուելով ժամանակի ընթացքին դարձաւ Akademia ապա Academia։
Արդեօ՞ք ասոնք յոյն ու լատին անձնաւորութիւններ են, որոնք կառչած իրենց ազգային ակունքներուն Հայաստանի մէջ կը շարունակեն այդ բառերը։ Համալսարանի զանազան բաժանումները կը կրեն օտար անուններ, ինչպէս՝ ժուռնալիստական, անատոմիա, ուռոլոկիա, թերապիա եւլն.։ Ե՞րբ Ազգային Ժողովը կամ նախագահը ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ որոշում պիտի առնէ եւ հաստատել տայ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է ամրագրուած օրէնքճով…։
Ե՞րբ 7 օտար անուններով՝ էկոնոմիկայի, սոցիալականի, սպորտի, էներկետիկայի, ֆինանսի, տուրիզմի, տրանսպորտի նախարարութիւններու անունները հայերէն պիտի կոչուին։
Ե՞րբ պատգամաւորները, նախարարներն ու պետական պաշտօնները գրական հայերէնի լրացուցիչ դասընթացներու պիտի սկսին յաճախել, որպէսզի անճոռնի եւ պախարակելի օտար բառերը հայերէնին խառնած, ելոյթ չունենան հեռատեսիլէն եւ Ազգային Ժողովի մէջ…։
Եթէ «Հայաստան բոլոր հայերու հայրենիքն է», ինչո՞ւ ես Ամերիկա նստած հեռատեսիլէն ելոյթ ունեցող նախարարին կամ պատգամաւորին բերնէն յունա-լատինա-ռուսա-անգլիա-ֆրանսահայերէն բառերով զեկոյց պիտի ունկնդրեմ. ինչպէս՝ անհարկի փոխառնուած օտար բառեր.
Սալթօ (իտլ.) – ոստում
Միտիա (պէտք է ըլլայ նիւզմիտիա – լրատուական միջոց
Ակտիւ – գործօն, աշխոյժ
Ակցիա – ցոյց, միջոցառում
Օկուպացուած – գրաւուած
Ֆիրմա – հաստատութիւն, հիմնարկութիւն, ստորագրութիւն (իտալերէն)
Միկրացիա – գաղթ
Ժիւրի – ատեան, դատական կազմ, մրցատեան
Սեզօն – եղանակ
Բիզնէս – գործարք, զբաղմունք, գործարարութիւն
Ֆէրմեր – ագարակ
Շոու- ներկայացում, ցուցադրութիւն
Կորուպցիա – փտածութիւն, կաշառակերութիւն
Այս մարդիկ Հայաստանը կը ներկայացնեն, ուստի պարտին ըստ սահմանադրութեան «գրական հայերէնով» արտայայտուիլ։ Այդ է Հայաստանի պետական օրէնքը։
Հայաստանի մէջ փտածութիւնը տիրած է նաեւ հայերէն լեզուին վրայ։ Ժամանակն է, որ այդ փտածութիւնը վերացնելու գործնական քայլեր առնուին։ Աշխարհացրիւ հայութիւնը այդ կը պահանջէ։
Ներկայիս անհրաժեշտ է համայն հայութեան հայերէն ամբողջական բառարանի մը գոյութիւնը, որուն մէջ ներփակուին օտար բառերէ մաքրազտուած արուեստագիտական, արհեստագիտական եւ տարբեր գիտութիւններու մէջ գործածուած օտար բառերու համարժէք նորակերտ հայերէն բառերը։
Այդ արդի հայերէնի ամբողջական բառարանի աշխատանքին նախաձեռնութիւնը առած ենք Փրոֆ. Արտեմ Սարգսեանի հետ եւ կը յուսանք երկու տարիէն հանրութեան ներկայացնել…։