Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Գրախօսութիւն. Պարոյր Աղպաշեան. «Դիտարկումներ եւ դատումներ». Տպարան «Քեստէնեան», Պէյրութ, 2016, միջակ չափի 369 էջ

 

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ  

Նիւթերու անմիջականութիւնն ու հրատապութիւնը մղած են հեղինակը` Պարոյր Աղպաշեանը հաւաքելու եւ այս տարուան ամրան` «Դիտարկումներ եւ դատումներ» խորագիրով ժողովածուի մը մէջ վերահրատարակելու 2008-2015 ժամանակաշրջանին լոյս տեսած իր յօդուածները: Գիրքը հրատարակուած է անձնական նախաձեռնութեամբ, մեկենասութեամբ յարգելի ազգայինի մը, որուն անունը չէ յիշուած: Հեղինակը հատորը ձօնած է պայծառ յիշատակին իր վաղամեռիկ եղբօր` բժիշկ Եսայի Աղպաշեանի, զոր ճանչցած եմ իբրեւ հարազատ ազգային մը, յաջող նեարդաբան, քաղաքական վերլուծաբան եւ ծառայասէր մարդ:

Ինչպէս նշուած է գիրքին կողքին վրայ, հատորը ժողովածու մըն է` լիբանանեան-արաբական, ազգային-քաղաքական, հայրենական եւ խմբագրական-հրապարակագրական բնոյթի յօդուածներով, զորս հեղինակը մէկտեղած է միեւնոյն կողքին տակ: Լոյս աշխարհ բերուած են ո՛չ միայն նախապէս հրատարակուած յօդուածները, այլ նաեւ` մաս մը անտիպներ: Հրատարակուածները լոյս տեսած են «Ազդակ», «Արարատ», «Դիտակ», «Խօսնակ», «Նայիրի» (բոլորը` Լիբանան), «Ասպարէզ», «Նոր Կեանք», «Նոր Հայաստան», «Նոր Օր» (բոլորը` ԱՄՆ), «Միութիւն» (Սիտնի), «Նոր Յառաջ» (Փարիզ) թերթերուն եւ «Գեղարդ» ու «ՌԱԿ Մամուլ» էլեքթրոնային լրատուամիջոցներուն մէջ: Այս յօդուածները ժողովածուին մէջ զետեղուած են ժամանակագրական կարգով, որպէսզի ընթերցողին եւ ուսումնասիրողին օգնեն` ժամանակաշրջանին մասին ճիշդ պատկերացում կազմելու: Հեղինակը կը յայտնէ, թէ այս ժողովածուին առթիւ ինք կատարած է վերհպումներ, յաւելումներ կամ ջնջումներ, հոն ուր որ կարիքը զգացուած է:

Գիրքին Ա. բաժինը կ’ընդգրկէ արաբական, մասնաւորապէս լիբանանեան հարցերու շուրջ վերլուծումներ եւ մտորումներ: Այս բաժինին մէջ ամէնէն հետաքրքրական հրապարակումը, ըստ իս, «Լիբանանեան հարց, ձիւնհա՞լ թէ՞ տեղքայլ» յօդուածն է` նուիրուած Քաթարի մէջ գումարուած համալիբանանեան հնգօրեայ ժողովին: Մինչ լիբանանցիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մեծ յոյսեր կապած էր այդ ժողովին հետ, Աղպաշեան նախատեսած էր անոր բերելիք լուծման ժամանակաւոր ըլլալը: Այդ առիթով` հեղինակը 2008-ի Մայիսին գրած էր. «Ուզեցինք պատկեր մը տալ լիբանանեան հարցի զարգացումներէն, որոնք դրական ըլլալու քիչ հաւանականութիւն ունին, եթէ մոխիրին տակ կայծերը չմարին» (էջ 13): Ցաւօք, այդ կայծերը չմարեցան. փաստը այն է, որ Լիբանանի խորհրդարանը երկար ամիսներէ ի վեր չի յաջողիր հանրապետութեան նախագահ ընտրել` հակառակ բազմատասնեակ ընտրական նիստերուն: Այդ լուծումին ժամանակաւոր բնոյթ ունենալուն պատճառով, Պարոյր Աղպաշեան լիբանանեան հարցի մօտալուտ հանգուցալուծման կը մօտենայ կասկածով, ինչին արտացոլումը կը գտնենք մասնաւորաբար «Լիբանանեան գնացքը դէպի ո՞ւր» հրապարակման մէջ (էջ 14-16): Ան կը հարցադրէ. «Լիբանանեան գնացքի երկաթուղին կրնա՞յ առաջնորդել դէպի կայունութիւն, թէ՞… ապակայունութիւն»:

Պարոյր Աղպաշեան յաջորդական յօդուածներով օրը օրին կը խօսի օրուան կազմուելիք կառավարութեան, Լիբանանի մէջ շատ տարածուած կաղապարուած մտայնութեանց, Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններուն, լիբանանեան հարցի մնայուն լուծման կարելիութիւններուն եւ ներլիբանանեան համախոհութեան մասին: Ան կ’անդրադառնայ Զօր. Միշել Աունի դէպի Սուրիա կատարած պատմական այցելութեան (էջ 37-39), երեսփոխանական ընտրութիւններուն (էջ 42-44), Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ Արաբական Աշխարհի բերած նպաստներուն կամ վնասներուն (էջ 44-47) եւ Լիբանանի հարցերուն առաջնահերթութեան մասին: Այս բոլոր խնդիրները Աղպաշեան կը ներկայացնէ ու կը վերլուծէ առարկայականօրէն` իրեն յատուկ հանդարտ ոճով: Ան պառակտիչ կ’որակէ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Լիբանանի թղթածրարի պատասխանատու Ֆելթմանի գործունէութիւնը եւ կ’ըսէ թէ վերջինս կը փորձէ պայմաններ պարտադրել լիբանանեան կողմերուն (էջ 66-69)` անշուշտ ի շահ իր պետութեան եւ գրեթէ միշտ ի վնաս Լիբանանի կենսական շահերուն: Աւելին` հեղինակը կը քննարկէ Ամերիկայի կողմէ «Հըզպալլա»ն վերացնելու կամ մեկուսացնելու ջանքերը` մէջտեղ հանելով լիբանանեան կողմերուն վրայ Ամերիկայի բանեցուցած ճնշումին առնչուած յայտնի կամ ծածուկ ծալքերը ու վերլուծելով անոնց մէջ պահուած հեռահար նպատակները:

Գիրքին Բ. բաժինին մէջ հեղինակը կը վերլուծէ ազգային, քաղաքական, գաղութային. մտաւորական, կրթական, պահանջատիրական, լեզուական եւ համազգային հարցեր: Այս բաժինին միտք բանին է ազգային կեանք վարելը յօգուտ հայ ազգին եւ դատին: Յօդուածներուն մէջ մեծ տեղ գրաւած են Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան եւ Հայրենիքին սփիւռքին բերելիք նպաստի հարցերը: Անշուշտ, արցախեան թղթածրարը եւս մեծ չափով ներկայ է: Քննարկումներու եւ վերլուծումներու ուղիով, հեղինակը կը թելադրէ հայկական ամբողջութեան մը յոյժ կարիքը` դուրս գալով մասնակիութենէն եւ հատուածականութենէն: Ան կը շեշտէ ՀՀ-ի իշխանաւորներուն նկատմամբ միջին հայուն անվստահութիւնը` որպէս հետեւանք ՀՀ-ի իրարայաջորդ իշխանաւորներու մէջ համատարած եւ աղաղակող չափերու հասնող փտածութեան…: Աղպաշեան բոլորը կը հրաւիրէ սփիւռքը լաւ ճանչնալու եւ ըստ այնմ գործելու: Ան երեւան կը հանէ սփիւռքի պէտքերը առանց որոնց հայը չի կրնար իբրեւ հայ տեսակ գոյատեւել Հայրենիքէն դուրս եւ միեւնոյն ժամանակ օգտակար ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան:

Պարոյր Աղպաշեան շատ խստօրէն կը քննադատէ հայոց երեսին փչուած ամերիկեան ստապատիր խոստումները, զորս ան կը նմանցնէ օսմանեան երբեմնի շաքարապատ, բայց թունաւոր խնձորներուն…

Հեղինակը կ’անդրադառնայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէփ Թայյիփ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան, անոր ժամանման դէմ լիբանանահայոց բողոքի բուռն ցոյցերուն եւ հաստատ վճռակամութեան: Այս ուղղութեամբ ան կը շեշտէ հայուն պահանջատիրութիւնը եւ թրքական կողմը կը ներկայացնէ իբրեւ ուրացող, մերժող եւ նենգափոխող:

Աղպաշեան կ’արծարծէ նաեւ այժմէական եւ հրատապ նիւթ մը, որ տերեւաթափն է` հայապահպանումի հոլովոյթը շարունակելու հարցը: Ան կը գրէ յարատեւութեան եւ որակի մասին: Կը նկատենք, թէ ան հայերը կը հրաւիրէ հեռու մնալու միջակութիւններէ եւ ունենալու քաղաքական մտքի հասունութիւն ու տեսիլք: Հայը որքա՜ն պէտք ունի նման հասունութեան` կարենալ կիրարկելու համար յաջող դիւանագիտութիւն մը: Միթէ այս վերջին յատկութեան պակասը չէ՞ր հիմնական պատճառը, որ մենք պատմութեան մէջ յաճախ տուժած ենք եւ հալածուած:

Շահեկան վերլուծութիւն մըն է «Հայաստան-Արցախ ի՞նչ կ’ուզէ Սփիւռքէն, Սփիւռքն ալ` Հայաստան-Արցախէն» ազգային քաղաքական հրապարակումը (էջ 137-140): Այս հրապարակման մէջ «յստակ աշխատանքի ծրագիր» մը կը ներկայացնէ:

Յաջորդ յօդուածը զուտ լեզուաբանական է, մանաւանդ հայերէն խօսակցական լեզուի ծիրին մէջ: Հեղինակը հոս (էջ 140-143) կը քննարկէ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի «միաւորուած» տարբերակի մը կարելիութիւնը: Այս ուղղութեամբ Աղպաշեան կը գրէ. «Հայաստանի իշխանութիւնը եւ ենթակայ համապատասխան կողմեր, որքանո՞վ նախանձախնդիր, աչալուրջ ու հետեւողական են հայերէնը պահելու իր անաղարտութեան, ճշդախօսութեան եւ անհպելիութեան մակարդակներուն վրայ», տեղին հարցադրում մը, որ նոյնպէս գրեթէ ամբողջապէս անտեսուած է ՀՀ-ի իշխանաւորներուն կողմէ` իբրեւ «պիզնէսին խոչընդոտող աւելորդ գլխացաւանք»:

Աղպաշեան ապա կը խօսի ազգային պահանջատիրութեան մասին` յստակացնելով, թէ ի՞նչ են պահանջուածներն ու պահանջատիրութիւնը եւ ո՞վ է պահանջատէրը (էջ 146-149): Այս ծիրին մէջ ան կը գրէ Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն մասին ու կը նշէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային անդրադարձի, արձագանգի եւ որոշակի ճանաչումի արժանացաւ:

Պարոյր Աղպաշեան կ’արծարծէ մտաւորականութեան զօրակցելու հարցը: Ազգերու, մանաւանդ մեր ազգին մէջ մտաւորականութեան կարեւոր դերը բացատրելէ յետոյ, ան կ’ըսէ. «Մտաւորականութիւնը անփոխարինելի ներոյժ մը եղած է հայ ժողովուրդին համար, զայն կենսաւորողը ու շնչաւորողը… Պարզապէս այն անվիճելիութեամբ, որ անիկա հայկական ինքնութեան արմատաւորման ու պահպանման մէջ կը գրաւէ իւրայատուկ տեղ եւ կոչուած է մասնայատուկ դերակատարութեան» (էջ 185-187): Մտաւորականութիւնը յաճախ ինքզինք կը գտնէ դժուարին կացութեան մը դիմաց (եկամտային, կենցաղային, ընկերային, միջավայրային եւ այլն): Հեղինակը կը խօսի նաեւ մտաւորականներու նօսրացումի եւ ամլացումի երեւոյթներուն մասին: Ըստ հրապարակագիրին, ամէնէն վատ բանը եղած է անփափկանկատ վերաբերմունք ունենալը մտաւորականութեան հանդէպ, եւ կ’եզրակացնէ. «Այս յարգելի դասակարգը պէտք ունի գործնական, բարոյական եւ առարկայական ազդո՛ւ զօրակցութեան»:

Պարոյր Աղպաշեան հաշուեյարդար մը կը կատարէ Մեծ Եղեռնի 50-ամեակէն մինչեւ նախա100-ամեակային օրերը` հարց տալով` «Ի՞նչ ըրինք եւ… չըրինք»: 50-ամեակը կը յատկանշուի հայուն պահանջատիրութեան դրսեւորումով: Հեղինակին եզրակացութիւնը երկրորդ յիսնամեակին համար հետեւեալն է. «Նոր հարթութեամբ եւ նոր հորիզոնականութեամբ չկրցաւ նպաստել Հայոց Ցեղասպանութեան երկարահար եւ երկարաշունչ գնացքի յառաջացումին»:

Պարոյր Աղպաշեան ժողովածուին մէջ անգամ մը եւս կը շեշտէ սփիւռքի պէտքերն ու պահանջները` երկու գրութիւններով (էջ 166-169): Ան կոչ կ’ուղղէ աւելի մասնագիտականօրէն մօտենալու հարցերուն ու կազմակերպել սփիւռքի կեանքի զանազան մարզերը: Այս երկու պահանջները օրուան հրամայականն են:

Ապա Աղպաշեան կը կեդրոնանայ ուրիշ նիւթի մը` հանրային կարծիքը չխաբելու անհրաժեշտութեան վրայ (էջ 190-192): Ամէն ոք հանրային կարծիքը իբրեւ իր գաղափարներուն, ըրածին եւ ընելիքներուն վկայ կը բերէ, մինչդեռ հանրութիւնը… լուր անգամ չունի կատարուածէն: Սփիւռքի հանրային կարծիքին ընդմէջէն Աղպաշեան կ’առաջնորդուի ըսելու. «Ի՞նչ տեսակ սփիւռք կ’ուզուի. ինքնակո՞ւռ, թէ՞… խնկարկու» (էջ 192-194): Ան կը թելադրէ սփիւռքը կառուցել անոր «ինքնութեան եւ արժանապատուութեան պահպանումին վրայ, մինչ խնկարկութիւնը զինք կ’այլափոխէ»:

«Միաւորո՞ւմ` սկսի՛նք հայոց լեզուի ուղղագրութենէն» վերնագրուած հրապարակման մէջ (էջ 198-200) Աղպաշեան կրկին կ’անդրադառնայ հայոց լեզուի հարցերուն եւ կը թելադրէ սփիւռքի ու Հայրենիքի միաւորումն սկսիլ ուղղագրութեան միասնականացումէն` որոշակիացնելով, թէ ինք միանշանակօրէն ճիշդ կը գտնէ դասական ուղղագրութիւնը: Ան այս կապակցութեամբ կ’առաջարկէ լուծումն սկսիլ հայոց լեզուի ուղղագրութիւնը Հայրենիքին մէջ «նոյնացնելու եւ հարազատացնելու քաղաքականութենէն»:

Հրապարակագիրը այնուհետեւ կ’արծարծէ ուրիշ հրատապ նիւթ մը` արտագաղթը Հայրենիքէն: «Այսօրուան արտագաղթը կամ հայրենաթողութիւնը ուրիշ պատուհաս մըն է…» (էջ 218),- կը գրէ Աղպաշեան: Ան կը քննարկէ այս ազգակործան փաստին դիմաց անփոյթ կամ արտառոց կեցուածքները, որոնք կը բխին պատասխանատու ըլլալու կոչուած իշխանաւորներէ: Իբրեւ լուծում, Աղպաշեան կ’առաջարկէ արտագաղթը` իր բոլոր կողմերով, լուսարձակի տակ առնել «անյետաձգելիօրէն ու հրամայականօրէն, զայն պահելով մնայուն ու միակ համահայկական-համապետական գերագոյն հաւաքի մը ծիրէն ներս, այլապէս հայաթափումը նոր եւ անկանխատեսելի իր աւերները պիտի գործէ»:

Պետական գործիչ Կարլէն Դալլաքեանի մասին իր ակնարկին մէջ, Աղպաշեան զայն կը նկատէ անշեղ հայրենասէր եւ ազգային գաղափարախօս մը, որ «վիթխարի նպաստ եւ ներդրում» ունեցած է հայութեան վերելքին մէջ:

Ժողովածուի Բ. բաժինին վերջին նիւթին առանցքն են ՀՀ-ի մէջ գործող աղանդաւորական շարժումները: Ասոնք օտար բարքեր կը փորձեն ներմուծել մեր ազգային կեանքին մէջ` վնասելով հայու ինքնութեան եւ զայն հեռացնելով իր Մայր Եկեղեցիէն: Աղպաշեան խիզախօրէն կը թելադրէ օտարազգի աղանդաւոր ղեկավարներուն ՀՀ մուտքի արտօնութիւն չտալ եւ «այլապէս ալ` ականջները բռնելով» զանոնք «դուրս շպրտել Հայաստանէն»:

Ժողովածուին «Հայրենական-Արցախեան» խորագիրով Գ. բաժինը կը համատեղէ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն մասին հրապարակումներ (կարելի էր բաւարարուիլ խորագիրին միայն առաջին բաղադրիչով, քանի որ Արցախը հայոց հայրենիքին մաս կը կազմէ անվերապահօրէն. նոյնպէս, փափաքելի պիտի ըլլար չտարանջատել «Հայաստան»ն ու «Արցախ»ը, «Հայաստան»ի փոխարէն գործածելով «Հայաստանի Հանրապետութիւն» եզրը, որ «Հայաստան»ի ընդամէնը մէկ մասն է միայն): Հեղինակը կը շեշտէ սփիւռքի նախարարութեան կարեւորութիւնը ու անոր կը թելադրէ իր աշխատանքին մէջ առաջնորդուիլ «հաւասարակշիռ եւ անկողմնակալ սկզբունքներով»:

Այս բաժինի հրապարակումներուն մէջ ուշագրաւ է Իսրայէլի` Թուրքիոյ ցոյց տուած սպառնալիքին մասին յօդուած մը (էջ 246-248): Կարեւոր վերլուծումէ մը ետք, Աղպաշեան կ’եզրակացնէ, թէ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը արգիլողը «ամերիկածին հրեաներն ու անոնց համախոհներն» են` թրքական ճնշումներով եւ դրդումներով:

Աղպաշեան կը մերժէ որեւէ հողային զիջում կատարել Ազրպէյճանին: Ան յստակ ու կտրուկ է իր խօսքին մէջ` արդէն 2009 թուականին (տե՛ս էջ 251):

Պարոյր Աղպաշեան ժողովածուի վերջին մասին մէջ զետեղած է մամուլի վերաբերեալ իր մտորումները պարունակող յօդուածներ: Ըստ հեղինակին` մամուլին դերն ու նպատակը, կեցուածքն ու հեռանկարները կարեւոր տեղ կը գրաւեն հասարակական կեանքին մէջ: Աղպաշեան համոզուած է, թէ հայ կեանքի դիմադրականութիւնը շա՜տ կը նուազի «առանց մամուլի առողջացման` իր կազմակերպչական ու մտաւորական բաղադրիչներով» (էջ 353): Ինք եւս հայ մամուլի նուիրեալ մը, հեղինակը ազատ խօսքի հաւատացող մըն է: Օրինակ, «Անկախ մամուլի խօսք` դեռե՜ւս ազատ խօսք` հազի՜ւ թէ» յօդուածին մէջ (էջ 354-356) ան կը գրէ. «Անկախ եւ անձնական մամուլին մէջ ազատ խօսքը եւ միտքը պէտք է գրաւեն իրենց պատուական տեղը, երբ տակաւին կան հայ մամուլին կարեւորութեան ու շարունակականութեան հաւատացողներ»:

Շահեկան եւ շատ օգտակար է Պարոյր Աղպաշեանի «Դիտարկումներ եւ դատումներ» հրապարակումներու ժողովածուին ընթերցումը, մանաւանդ երբ ազգային հրատապ հարցեր կը քննարկուին մէկ կողքի տակ լոյս տեսած յօդուածներու մէջ: Հեղինակին մօտեցումը հարցերուն` բացառապէս շինիչ է, իսկ քննադատութիւնները` տեղին եւ առողջ, ամէն պարագայի իր ձգտումը դէպի բարին է ու դրականը: Նիւթերը օգտակար են ոչ միայն ընթերցող լայն զանգուածներուն, այլեւ` գիտնական-ուսումնասիրողներուն համար:

Հայագէտ-լեզուաբան, խմբագիր եւ դասախօս Պարոյր Աղպաշեանին կը մաղթենք կորով եւ յարատեւութիւն, ինչպէս նաեւ նորանոր իրագործումներ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ