Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան պիտի ներկայացնէ լիբանանահայ գիրքի հրատարակութեան պատմութիւնը

Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա – Հայկազեան Համալսարանի Օգն. Փրոֆեսոր Անդրանիկ Տագէսեան յատուկ դասախօսութիւն մը պիտի ներկայացնէ, նիւթ ունենալով՝ Լիբանանահայ գիրքի հրատարակութեան պատմութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA։  Մուտքը ազատ է: Հիւրասիրութիւն։

Միաժամանակ պիտի ներկայացուի Դոկտ. Տագէսեանի հեղինակած նոր գիրքը՝ «Լիբանանի հայօճախը՝ համարկումի խաչուղիները (1920-2005)»:  Հեղինակը պիտի ներկայացնէ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի տնօրէնուհի՝ Մակի Մանկասարեան-Կոշինը:

 

Դասախօսութիւնը նուիրուած է լիբանանահայ գիրքի հրատարակութեան պատմութեան: Լիբանանի մէջ հայերէն առաջին գիրքը տպուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ, 1894-ին: Դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ համապատկերը անցնող հարիւրամեակին Լիբանանի մէջ լոյս տեսած գիրքերուն՝ իբրեւ թուաքանակ եւ բնոյթ եւ զարգացման հոլովոյթ: Պիտի ներկայացուի նաեւ համառօտ պատմութիւնը լիբանանահայ տպարաններու եւ անոնց բերած նպաստին՝ Սփիւռքի գրահրատարակչական գործին ու ծաւալումին: Նիւթ պիտի դառնան նաեւ մատենաշարերը եւ գրական մրցանակները, որոնք լիբանանահայ գրահրատարակչութեան թափ տուող կարեւոր գործօններ են: Անդրադարձ պիտի կատարուի մանկական գրականութեան, երաժշտական գրականութեան զարգացման եւ լիբանանահայ այժմու գրական միջավայրին:   

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ծնած է Պէյրութ: Աւարտած է ՀԲԸՄ Յովակիմեան Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանը (1978): Վկայուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայ Գրականութեան բաժնէն Մագիստրոս վկայականով (1983), Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Քաղաքական Գիտութիւններու բաժնէն (Մագիստրոս Արուեստից, 1989), Ապըրտին Համալսարանէն դոկտորականը պաշտպանած է Սուանզի Համալսարանին մէջ (Ուէյլզ, 2012): Ան տնօրէնն է Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին (2011), Պատասխանատու Քարտուղարը՝ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին (1993), անդամ է «Հայագիտութեան Հարցեր» հանդէսի խմբագրակազմին (2014): Դոկտ. Տագէսեանի գիտական հետաքրքրութիւնները ուղղուած են ինքնութեան, համարկումի, Սփիւռքի պատմութեան, մշակոյթին եւ ժողովրդագրութեան, եւ Միջին Արեւելքի ժողովրդավարութեան հարցերուն:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ