Մեծագոյն ուրախութեամբ ստացայ եւ հաճոյքով կարդացի վերոնշեալ հատորը, որ իր եզակի բովանդակութեամբ եւ նիւթերու խիստ արհեստավարժ դասաւորումով, տպաւորիչ գործ մըն է:
Որպէս Իրաք ծնած հայ մը, բնաւ չէի լսած կամ կարդացած, թէ Աբբասեան խալիֆայութեան մէջ ծագումով հայ խալիֆա ունեցած ենք, նոյնիսկ իրենց մօր կողմէ հայեր ըլլալով: Այս հատորով նման տեղեկութիւններ ունենալով իրապէս հպարտ զգացի:
Հատորը հրատարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան
Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտին կողմէ, լուսահոգի Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեանի անունը կրող հիմնադրամի մեկենասութեամբ, որպէս 146-րդ հրատարակութիւնը:
Հեղինակը՝ Պետրոս Մովսէս Թովմասեան ծնած է Պասրա, Իրաք 1954-ին: Աւարտած է Պաղտատի Ազգային Կրթական վարժարանը, ապա աւարտած է Պաղտատի համալսարանի Ճարտարապետական գոլէճը, արժանանալով ճարտարապետի վկայականի:
Հմուտ, բանիմաց ճարտարապետ մը ըլլալով հանդերձ, Պետրոս Թովմասեան յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունի հայոց պատմութեան նկատմամբ: Ան հայոց պատմութեան խորաթափանց ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածաշարքեր ունի։ Փոքր տարիքէն դասախօսութիւններու շարքով ելոյթներ կ՚ունենար ան: Այսպէս, դասախօսած է Իրաքի, Յորդանանի, ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ, Հոլանտայի եւ այլ երկիրներու քաղաքներու մէջ:
Պետրոս Թովմասեանի այս հատորը կը հանդիսանայ անոր երրորդը: Նախապէս երկու պատմական գիրքեր հրատարակած է: «Հայկական Լեռնաշխարհը եւ Միջագետքը» լոյս տեսած է 2006-ին: Երկրորդը՝ «Արարատ-Ուրարտու Աստուածաշունչի ընդմէջէն», լոյս տեսաւ 2012-ին եւ այս վերջին հատորը, որ լոյս տեսաւ 2016-ին. երեք հատորներն ալ տպուած են Երեւանի «Զանգակ» տպարան-հրատարակչատան մէջ:
Պետրոսեան եւ իր ազնուափայլ տիկինը՝ Դոկտ. Հրաչուհի Թովմասեան, երկուքն ալ ճարտարապետներ են: Երկուքն ալ շատ լաւ եւ պատուաբեր գործ ունէին Լոս Անճելըսի մէջ: Այնուհանդերձ, անոնք կանուխ հանգստեան կոչուեցան ԱՄՆ-ի մէջ, Հայաստան տեղափոխուեցան եւ քանի մը տարիէ ի վեր Երեւան կ՚ապրին:
***
Աբբասեան Արաբ խալիֆայութիւնը, որուն մայրաքաղաքը Պաղտատն էր, իշխեց 500 տարի (750-1258): Այս խալիֆայութիւնը արաբական աշխարհի ամէնէն փայլուն էջերը կերտեց: Զինուորական, մշակութային, ճարտարապետական, տնտեսական, պետական աննման շրջան մը ապրեցան արաբները այս խալիֆայութեան օրերուն, որուն սահմանները անծայրածիր էին, կը հասնէին Պաղտատէն Սպանիա, Ափրիկէի հիւսիսային շրջանը, ողջ Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան եւ Պարսկաստանի մէկ մասը, Կովկասը եւ այլն:
1258-ին, Մոնկոլներ կոչուած հրէշներու արշաւանքներով հիմնայատակ եղաւ Աբբասեան խալիֆայութիւնը: Արմատախիլ եղան այս պետութեան մշակոյթի կոթողները, այրուեցան անոնց գիրքերը, կողոպտուեցան ժողովուրդին ունեցուածքները, քարուքանդ եղան անոնց աղօթքի մզկիթները, հազարումէկ գիշերներու քաղաքը՝ Պաղտատը աւերակներու վերածուեցաւ:
Այս հատորով Պետրոս Թովմասեան տուած է այս խալիֆայութեան միայն երեք հարիւր տարուայ պատմութիւնը (991-1258): Այս ժամանակներուն էր որ ծագումով հայ խալիֆաներ ունեցած են:
Աբբասեան խալիֆայութիւնը իր 500 տարուայ պատմութեան մէջ ունեցած է 37 խալիֆաներ, որոնցմէ շատերուն մայրերը արաբներ չէին, այլ՝ պարսիկ, յոյն, թուրք, հապէշ, վրացի, ռուս եւ անշուշտ հայ:
Ծագումով հայ խսլիֆաները իշխած են 142 տարի. անոնք թիւով 5 խալիֆաներ էին, որոնց մայրը կամ մեծ մայրը հայեր եղած էին:
Այս խալիֆաները Աբբասեան Խալիֆայութեան ամէնէն փայլուն եւ սիրուած խալիֆաներն էին: Շատ ծանօթ էին, որպէս ծագումով հայ խալիֆաներ:
Օրինակ, Ալ Կամ խալիֆան, որ իշխեց 1031-1075 թ.: Անոր մայրը հայ էր, անունը՝ Կաթր Ալ Նատա, որ հայերէնով կը թարգմանուի Շողակաթ, որ Ս. Էջմիածնի (Վաղարշապատ) քաղաքի մէջ կառուցուած եկեղեցի է, ըստ աւանդութեան հոն ուր Հռիփսիմեան նահատակներուն վրայ «շող կաթած» է, (մէջբերումը Պետրոս Թովմասեանէն):
Կաթր Ալ Նատան կը հանդիսանայ բացառիկ ձիրքերով եւ ուշիմութեամբ հայուհի մը: Զայն կարելի է դասել հայոց պատմութեան կարեւոր հայուհիներու շարքին: Ալ Կամ խալիֆայութեան օրերուն, Աբբասեան հարստութիւնը շատ ջերմ եւ սիրալիր յարաբերութիւններ ունէր հայոց հետ, շնորհիւ Կաթր Ալ Նատայի ներկայութեան:
Ալ Կամի որդին էր Ալ-Մուկթադին, որ իշխեց 1075-1094 թ.թ. եւ այս վերջինի որդին էր Ալ-Մուսթազհըր խալիֆան, որ իշխեց 1094-1118 թ.: Ուրեմն, այս երեք խալիֆաները՝ Կաթր Ալ Նատայի զաւակը, թոռն ու ծոռը, ծագումով հայ արմատներ եւ հայու արիւն ունին: Այս երեքը իշխեցին 87 տարի: Անկէ ետք ուրիշ շրջան մը եւս 55 տարի հայկական ծագումով խալիֆաներ եղան՝ Ալ-Մուսթանկիդի հայուհի Ղդդաթ կնոջ զաւակը՝ Ալ-Մուսթադիր (1170-1180) եւ անոր յաջորդող որդին Ալ-Նասըր (1180-1225) խալիֆան էր, որուն մեծ մայրը հայ էր: Ուրեմն ծագումով հայ Կաթըր Ալ-Նատան եւ Ղդդաթին որպէս մայր եւ մեծ մայր, ծնունդ տուած եւ հինգ խալիֆաներու, որոնք իշխած են 142 տարին:
Այս հինգ խալիֆաներու օրերուն, Աբբասեան խալիֆաներ շատ ջերմ եւ սիրալիր յարաբերութիւններ ունեցած են հայերուն հետ: Կիլիկիոյ, Վասպուրականի, Կովկասի եւ այլ շրջաններու հայերը միշտ ալ վայելած են Աբբասեան խալիֆաներուն սէրն ու յարգանքը:
Այս հինգ խալիֆաները, ըստ արաբական աղբիւրներու, բոլորն ալ ծանօթ էին իրենց հայ ծագումով: Նոյն աղբիւրներու համաձայն, այս խալիֆաները ծանօթ են որպէս արդար, մարդասէր, խալիֆայի անունին եւ կոչումին արժանի անձնաւորութիւններ:
***
200 էջնոց այս հատորը բաժնուած է 8 գլուխներու: Հեղինակը իւրաքանչիւր գլուխի սկիզբը գրած է ներկայացուելիք նիւթը, պատմական շրջանը եւ խալիֆաներուն դերն ու յարաբերութիւնները հայութեան եւ հարեւան պետութեանց եւ ժողովուրդներու հետ: Նմանապէս, հոն կը գտնենք այս խալիֆաներուն նուաճումները, խաչակիրներուն, սելճուքներուն եւ պարսիկներուն հետ ունեցած պատերազմները եւ նուաճումները: Սպանիոյ հարաւային շրջանին մէջ ծնունդ
առած Անտալուսեան մշակոյթը, ճարտարապետական կոթողները եւ այլն:
Հատորը հարուստ է քարտէսներով, յաւելեալ լուսաբանութիւններով, հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով օգտագործուած են մօտ 100-է աւելի աղբիւրներու անունները եւ հեղինակները, մօտ 10 էջ պարունակող անոր անուններու եւ տեղանուններու ցանկը:
Օտար հեղինակներ մեծ գովասանքով տուած են այս խալիֆաներու նկարագրի գիծերը եւ անոնց մասին դրական վկայութիւնները: Օրինակի համար, «Ալ Կամ» խալիֆայի մասին կ՚ըսուի, որ ան ծանօթ է որպէս «ժուժկալ, համբերատար, գիտուն, աստուածասէր, կրօնասէր, հաւատացեալ, օգնող եւ արդար մարդ»:
Իսկ Ալ-Մուկթադրի մասին կը յիշուի, որ ան խալիֆաներու լաւագոյնն է: «Քաջ էր եւ վեհանձն», «ընկերային էր», «մեծ բարեկարգիչ», «զօրաւոր անհատականութեամբ խալիֆա մը»:
Ալ Մուսթադիրին մասին կ՚ըսուի, որ ան «ժուժկալ, աստուածապաշտ, արդարասէր եւ թէ իր նմանը գթասէր խալիֆա մը չեն տեսած, քիչ կը պատժէր եւ շատ կը ներէր: Ապրեցաւ փառաբանուած եւ մեռաւ ուրախ: Ալ Նասըր խալիֆայի մասին ալ, որ իշխեց 45 տարի, անոր մասին ալ ըսած են, թէ ան շատ հոգատար էր ժողովուրդին, կը հետաքրքրուէր իր հպատակներուն վիճակով, գիշերները միշտ քալելով կը ստուգէր երկրին եւ ժողովուրդին վիճակը»:
Իսկ հայ մայրերուն մասին, ըստ արաբական աղբիւրներուն,
Կաթըր Ալ Նատան «լաւագոյն տիկիններէն էր խալիֆաներու տիկիններուն մէջ: Նկատուած էր օրհնուած կին մը, իրմով եւ իր օրհնութիւններով պահպանուած է Աբբասեան խալիֆայութեան տունը, բազմաթիւ փորձանքներէ եւ կռիւներէ փրկելով երկիրը»:
Արդարեւ, այս գիրքը մեծագոյն հետաքրքրութեամբ կը կարդացուի: Հոն ուսանելի շատ բան կայ հայ ժողովուրդին ու մանաւանդ աշխարհիկ եւ հոգեւոր ղեկավարութեան համար, որուն շատ կարիք ունի մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը:
Հսկայ, երկարատեւ եւ իրապէս տքնաջան գիտական աշխատանքի արդիւնք եղող այս գիրքին համար, կուրծքի ամուր սեղմումով կը շնորհաւորեմ մեր սիրելի բարեկամը՝ Պետրոս Թովմասեանը, այս բովանդակալից գործին համար, մաղթելով իրեն կենսառողջ օրեր եւ վիթխարի գիտական նման նորանոր հրատարակութիւններ:
Այս գիրքը կը փակենք յիշելով մեր անմահն Պարոյր Սեւակին խօսքերը, ուր կ՚ըսէ.
«Եթէ տիրել ենք,
Ձիրքերով միայն…»
Փառք ու պատիւ մեր ժողովուրդին, որ իր հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին, միշտ ալ մարդկութեան եւ ժողովուրդներուն համար օրհնութիւն եղած է եւ անոնց կեանքին լոյս եղած է, հաւատարմօրէն ծառայելով եւ օգտակար ըլլալով ապրած երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն: