Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Քաղաքական Ակնարկ. Տարեդարձներով հարուստ 2017 տարին

 

Ամէն տարուան սկիզբին բնական հետաքրքրութեամբ մը կը պրպտենք գալիք օրերուն տարեդարձներուն որակը։ 2017 տարին մեզի կը խոստանայ շարք մը տարեդարձներ՝ որոնց նշումը հաճելի անդրադարձներ կրնայ ունենալ տուեալ երկրին բնակչութեան վրայ։ Առայժմ, հայկական ոչինչ կայ այս տարեդարձներուն մէջ, այլ՝ որպէս պատմութեան եւ մշակոյթի «ուսանողներ», կ՚արժէ կարդալ տարբեր ժողովուրդներու անցեալին կապուած դէպքերուն մասին։

 

Մարթին Լուտըրի բարեփոխումները 500 տարի առաջ

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ամբողջական տիրապետութեան դէմ բողոքի եւ փոփոխութեան շարժումը կատարուեցաւ 500 տարի առաջ, աստուածաբան եւ կրօնաւոր Մարթին Լուտըրի կողմէ, 1517-ին, երբ Լուտեր Ուիթթընպերկի մէջ իր 95 թէզերը հրապարակեց, քննադատելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատքի չարաշահութիւններուն եւ չափազանցութիւններուն դէմ։ Իր անընդունելի արարքին հետեւանքով ան բանադրուեցաւ։ Լուտըրի արարքը սկիզբը կը նկատուի Գերմանիոյ մէջ յառաջացած Բողոքական Բարեփոխումին, որ բողոքական համայնքներու ծնունդին յանգեցաւ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ։

 

Մոնթրէալի հիմնադրութիւնը 375 տարի առաջ

Քանատայի Մոնթրէալ քաղաքը իր արմատները սկսած է տարածել 17-րդ դարու կէսէն ետք՝ 1642-ին, երբ ֆրանսական տիրապետութեան շրջանին կաթողիկէ կղերը ներկայութիւն հաստատած էր, ինչ որ այսօր կը ճանչցուի որպէս Մոնթրէալ։ Կղերականներու ներկայութիւնը ուղղակիօրէն կապ ունէր մուշտակի առեւտուրին հետ։

Ամբողջ տարուան ընթացքին այս տարեդարձը պիտի յիշատակուի ֆեսթիվալներով, նուագահանդէսներով, առեւտրական ցուցահանդէսներով եւ ժողովրդային համատարած ուրախութեամբ։

 

Ալասքան վաճառուեցաւ 150 տարի առաջ

Միացեալ Նահանգները աննախադէպ գնում մը կատարեց 150 տարի առաջ, երբ պետական քարտուղար Ուիլիըմ Սիվըրտ Ալասքան Ռուսաստանէն գնեց 1867 Մարտ 30-ին, վճարելով 7.2 միլիոն տոլար։ Ալասքայի վաճառքը իրականացաւ, երբ Ալեքսանդր Բ. ցարը խորապէս մտահոգ էր, որ ի վիճակի պիտի չըլլար հսկայ տարածքով Ալասքայի հողամասը պաշտպանել։ Ալէութ եւ Էնուի ցեղախումբերը Սիպերիայէն գաղթելով 6-10 հազար տարի առաջ հաստատուած էին Ալասքայի մէջ։ Ռուսերը մասնաւորաբար մուշտակի առատութեան պատճառով առեւտուր հաստատած էին սառած հողամասին վրայ։ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Ուիլիըմ Սիվըրտի գնումը ատենին կը կոչէին «Սիվըրտի խենթութիւնը». բայց ոսկիի յայտնութիւնը 1896-ին, վաճառքէն երեսուն տարի ետք, դուռը բացաւ մարդկային աննկարագրելի հոսքին՝ դէպի անծանօթ սառուցեալ շրջանը։ Ճէք Լանտընի եւ այլ գրողներու գրական անդրադարձը ամերիկեան գրականութեան մէջ, բացաւ բոլորովին նոր էջ մը՝ դէպի Ալասքա գաղթին հետեւանքներով։ Ալասքա գրեթէ դար մը ետք նահանգի վերածուեցաւ… 1959-ին միայն։ Ոսկիի, հում քարիւղի եւ արժէքաւոր մետաղներու անհաւատալիօրէն հսկայ շտեմարան մըն է նահանգը։

 

Քանատայի ծնունդը 150 տարիներ առաջ

Ֆրանսացի ծովագնաց Ժաք Քարթիէ, որ Սէյնթ Լորընսի ծոցը հասաւ 1534-ին, ընդհանրապէս կը նկատուի Քանատայի հիմնադիրը։ Ֆրանսացիներ, բրիտանացիներ եւ ամերիկացիներ երեք հարիւր տարիներու ընթացքին իրենց տիրապետութիւնը փոխնիփոխ հաստատած են գանատական տարբեր շրջաններու մէջ, բայց 1867-ին է որ Քանատայի գերիշխանութիւնը հաստատուած է սահմանադրութեամբ մը։ Այսօրուան Քանատայի ծնունդի պաշտօնական տարին կը նկատուի 1867-ը։ Տարեդարձի տօնակատարութիւնը մասնաւորաբար տեղի պիտի ունենայ 2017 Յուլիս 1-ին, Քանատայի Օրուան ընթացքին։

 

Ալֆրէտ Նոպելի 150 տարի առաջ ստեղծած պայթումը

Աշխարհի ամէնէն արժէքաւոր մրցանակին «հայրը»՝ Ալֆրէտ Նոպել 1867 Նոյեմբերի 25-ին, արձանագրել կու տայ իր սեփականութիւնը՝ տայնմայթը, որպէս իր գիւտը։ Նոպելի հաստատած Խաղաղութեան Մրցանակին ետին կանգնած հարստութեան աղբիւրը՝ պայթուցիկն ու իր պատմութիւնը, ծիծաղելի առնչութիւն մը ունին այս ձեւով։

 

Էլիս Կղզիին 125 տարիները

Էլիս կղզիին (Ellis Island) վրայ գտնուող գաղթականութեան գրասենեակը սկսաւ գործել 1892 Յունուար 1-ին։ Նիւ Եորքի նաւահանգիստի այս փոքրիկ կղզիէն անցան 12 միլիոն գաղթականներ, 1892-ի եւ 1924 տարիներուն միջեւ։ 1954 տարուան ընթացքին կղզիին գրասենեակը փակուեցաւ։ Եւրոպական, միջին արեւելեան, օսմանեան հողամասերէն սկսող գաղթականութիւնը անցաւ այս կղզիէն։ Կղզիին վրայ կը գտնուին 35 շէնքեր։ 1990-էն իվեր Ազատութեան Արձանի եւ Էլիս Կղզիի Հիմնարկին թանգարանը կը ներկայացնէ ամերիկեան գաղթականութեան հետաքրքրական պատմութիւնը։

 

Ռուսական յեղափոխութեան 100-ամեակը

Երբ Ռուսաստանի յեղափոխութեան մասին խօսինք, երկու յեղափոխութիւններու մասին պէտք է անդրադառնալ։ Առաջինը՝ Ռոմանոֆ կայսերական ընտանիքին դէմ ըմբոստութիւնն էր 1917 տարուան Մարտ 8-ին, երբ առանց արիւնահեղութեան Նիքոլա Բ. հրաժարեցաւ իր գահէն՝ ըմբոստութիւնը զսպելու ձախորդ փորձէ մը ետք։ Ալեքսանդր Քերենսքիի ժամանակաւոր կառավարութիւնը որոշեց շարունակել պատերազմը, բայց «հա՜ց, հա՛ց» փողոցի կանչերն ու ժողովրդային ըմբոստութիւնը «Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան» վերածուեցաւ Նոյեմբեր 7-ին, Լենինի վարպետ ղեկավարութեան շնորհիւ։

Դար մը անցած է այն թուականէն, երբ Վլատիմիր Լենին եւ իր համայնավար գործակիցները յաջողեցան Ռուսաստանի ժամանակաւոր կառավարութիւնը տապալել եւ հաստատել համայնավար վարչակարգ մը, որ հիմնովին փոխեց ռուս ժողովուրդին կենցաղն ու կառավարման ձեւը։ Խորհրդային կայսրութիւնը նոր ուղղութիւն տուաւ աշխարհը կառավարող գերհզօր ուժերու յարաբերութեանց ու հաւասարակշռութեան։ Աշխարհացունց այս յեղաշրջումի 100-ամեակին առիթով, 2017 տարուան ընթացքին վստահաբար ամերիկեան հեռուստացոյցի բազմաթիւ կայաններ պիտի արձագանգեն Յեղափոխութեան պատմութեան։ Աւելորդ չէ հաստատել, որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, ճակատագիրն ու անցնող դարուս որդեգրած ուղին եւս հիմնովին ազդուեցաւ Համայնավար Յեղափոխութեան յաջողութենէն եւ զարգացող պետական նոր հասկացողութենէն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ