Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Հզօր բանակ, հզօր Հայաստան Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը տօնեց Հայաստանի Բանակի Օրը

28 Յունուար 2017, Շաբաթ օր, Փասատինա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը տօնեց «Բանակի Օր»՝ հայկական յաղթական բանակի հաստատման 25-ամեակը: Այդ օր աշակերտները դպրոց եկած էին կանաչ տաբատներ եւ շապիկներ հագած ու բոլորը դարձած էին մէյ-մէկ հայ զինուոր:

 

Յայտագրի առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ, խաչքարին առջեւ: Վարժարանի 40 աշակերտները յարգանքի տուրք մատուցին զոհուած զինուորներուն յիշատակին, տեղի ունեցաւ ծաղիկներու խոնարհում եւ խունկի բարձրացող գուլաներու հետ պատանիները միաբերան աղօթեցին «Տէ’ր, Ողորմեա’»ն եւ Տէրունական աղօթքը:

 

Յայտագրի երկրորդ բաժինը տեղի ունեցաւ Տունայեանց սրահին մէջ: Աշակերտները նախ դիտեցին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ռազմական շքերթի տեսաերիզը: Փոքրիկները զարմանքով մնացին երբ օդուժը երկինքը Եռագոյն ներկեց: Անոնք նաեւ հիացումով դիտեցին «Հրացաններու պար»ը, ուր զինուորներու ընտրանի մը սպիտակ հրացաններով կը կատարէր յատուկ ցուցադրութիւն: Ապա երկու սկաուտներ բեմի վրայ պատուով բարձրացուցին հայկական դրօշակը, ու աշակերտները միասիրտ երգեցին հայրենասիրական երգեր եւ Հայաստանի օրհներգը:

 

Ընթացքին հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէն Պրն. Նորայր Տատուրեանը: Ան հարց-պատասխանի ձեւով հայկական զինուած ուժերու մասին հետաքրքրական թիւեր եւ տուալներ փոխանցեց աշակերտներուն: Իսկ իր եզրափակիչ պատգամին մէջ տնօրէն Ն. Տատուրեան ըսաւ. «Սփիւռքահայ ամէն աշակերտ զինուոր է: Քու զէնքդ քու մատիտդ է, գիրքդ եւ տետրակդ: Քանի որ ամէն շաբաթ դուն կու գաս հայկական վարժարան, կը կարդաս հայերէն, կը գրես հայերէն, կ’երգես, կ’արտասանես հայերէն՝ դուն պաշտպանն ես մ

այրենիի»:

 

Հանդիսութեան աւարտին սրահ բերուեցաւ բանակի օրուան կարկանդակը, որ զարդարուած էր «Հզօր բանակ, հզօր Հայաստան» գրութեամբ: Կարկանդակը կտրուեցաւ ոյժ, կորով եւ խաղաղ ծառայութիւն մաղթելով հայրենիքը պաշտպանող զինուորներուն:

 

Այս խանդավառ եւ տօնական միջոցառումը գալ շաբաթ կ’ունենայ իր յաջորդ հանգրուանը: Աւագ դասարանի աշակերտները նամակներ պիտի գրեն սահմանապահ զինուորներուն: Նամակները Հայաստանի հիւպատոսարանի միջնորդութեամբ պիտի հասնին զօրամասեր:

 

Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանը ունի կիսադարեան պատմութիւն: Ան Սան Կապրիէլ հովիտի հայորդիներուն կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն: Աշակերտները հայերէնի առընթեր կը սորվին հայոց պատմութիւնը, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները:

 

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ