Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Բանակին 25-ամեակին առիթով, Յունուար 28-ին Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կայացած հանդիսաւոր միջոցառումին ընթացքին հանդէս եկած է ծաւալուն ելոյթով։
Ան անդրադարձած է հայոց բանակի կազմաւորման, սերնդափոխութեան, նպատակներուն, Ապրիլեան պատերազմին ու եզրայանգումներուն, Եկեղեցիին՝ բանակին կողքին, ռազմավարական կապերուն, Ազգ-բանակին, պատերազմ-խաղաղութեան խնդիրին եւ ընդհանրապէս հայոց մարտունակ բանակին։