Անցեալ Շաբաթ օր ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ հրահանգած է անորոշ ժամանակով արգիլել սուրիացի գաղթականներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ, ինչպէս նաեւ կեցնել շարք մը իսլամական երկիրներու քաղաքացիներուն այցելութիւնը ԱՄՆ։
Խոստանալով երկիրը պաշտպանել «օտարերկրեայ ահաբեկիչներէ», Թրամփ հրամայած է 90 օրով կասեցնել ներգաղթը Սուրիայէն, Իրանէն, Իրաքէն, Լիպիայէն, Սոմալիէն, Սուտանէն եւ Եմէնէն, մինչեւ ներգաղթողներու «մանրազնին ստուգման» ձեւաչափերու ստեղծումը։ Թրամփ բացառութիւն ըրած է Սուրիոյ քրիստոնեաներուն համար, որոնք, անոր խօսքերով, հետապնդումներու կ՚ենթարկուին իրենց հայրենիքին մէջ։
Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ քննադատած են ԱՄՆ-ի նախագահին նախաձեռնած քայլերը, պնդելով, որ անոնք խտրականութիւն կը պարունակեն իսլամութեան նկատմամբ եւ կը հակասեն ԱՄՆ-ի սահմանադրութեան։
Իրանի քննադատութիւնները Թրամփին
«Այժմ պատեր կառուցելու ժամանակը չէ», յայտարարած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին, քննադատելով ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփի իսլամական եօթը երկիրներէ ներգաղթողներու հոսքը սահմանափակող վերջին հրամանագիրը։
«Այդ մարդիկ մռռցած են, որ Պերլինի պատը քանդուած է շատ տարիներ առաջ։ Նոյնիսկ եթէ այսօր ժողովուրդներու միջեւ կան բաժանարար գիծեր, անոնք պէտք է վերացնել», նշած է Ռոհանի։
Նոպէլեան մրցանակակիրները ընդդէմ Թրամփի
Նոպէլեան մրցանակի 11 դափնեկիր եւ գիտական հանրութեան հազարաւոր ներկայացուցիչներ դատապարտած են ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրամանագիրը գաղթականներու մուտքը կասեցնելու մասին։
Անոնք խտրականութիւն կը համարեն հրամանագիրը եւ վնասակար՝ ԱՄՆ-ի ազգային շահերուն համար։
Իրականութեան մէջ Թրամփի հրամանագիրը յստակօրէն չ՚ըսեր, թէ գաղթականներուն թիւը պիտի նուազի, այլ՝ կ՚ըսուի թէ կը քննարկուի կրօնական փոքրամասնութիւններու նախապատուութիւն տալ, որոնք հետանդումներու կ՚ենթարկուին։
Ի դէպ, Սենաթի Դեմոկրատական կուսակցութեան փոքրամասնութեան առաջնորդ Չարլզ Շումըրը նոյնպէս դատապարտած է նախագահ Թրամփի որոշումը։