Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

* Արցախ. նոր զոհ։ Երկուշաբթի օր ԼՂՀ-ի հիւսիս-արեւելեան սահմանին մօտ հակառակորդի կրակոցներէն մահացու վիրաւորուած է 1997-ի ծնունդ Գոռ Գարեգինեանը։

* Հայ Ազգային Կոնգրէս կուսակցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Ստեփան Դեմիրճեանի ղեկավարած Ժողովրդական կուսակցութեան հետ դաշինքով։ Ցուցակը պիտի գլխաւորէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ երկրորդ անունը պիտի ըլլայ Ստեփան Դեմիրջեանը։

* Փետրուար 6-ի դրութեամբ ամերիկեան մէկ տոլարը կ՚արժէր 485.79 դրամ, կը փոխանցէ ՀՀ կեդրոնական դրամատունը։

* Վրացի գործարար, «Քոքա-Քոլա Պոթլըրս Ճորճիա» ընկերութեան  տնօրէն Թիմուր Չքոնիան Հայաստանի մէջ McDonald’s բանալու արտօնագիր ստացած է։ Աշխատանքները նախնական փուլի մէջ են տակաւին։ Կը ծրագրուի բանալ 3-4 կէտ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պահանջէ շուրջ երեք միլիոն տոլար ներդրում։

* Հայաստանը Սինկափուրի եւ Քանատայի հետ օդային հաղորդակցութիւնը կարգաւորող համաձայնագիր պիտի ունենայ, որուն շնորհիւ երեք երկիրներն ալ կրնան զարգացնել զբօսաշրջիկութիւնը իրենց երկիրներուն մէջ։ Տակաւին կանուխ է խօսիլ օդային կապի մասին, սակայն աշխատանքները կը շարունակուին։  

* Նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հեռանալով ՀՀԿ-էն աշխոյժ աշխատանք կը տանի իրեն մօտիկ ծանօթ-բարեկամներ նոյնպէս դուրս բերելու Հանրապետականէն՝ դարձնելով ընդդիմադիր։

* Յայտնի երգահան եւ խմբավար Կոնստանտին Օրբելեան ժամանակաւորապէս նշանակուած է Երեանի Օպերային թատրոնի տնօրէն։ Իսկ մինչ այդ, այդ պաշտօնը զբաղեցուցած Անդրանիկ Արզումանեանը նշանակուած է մշակոյթի նախարարի խորհրդական՝ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանին կողմէ։

* Հայաստանի ֆինանսներու նախկին նախարար Գագիկ Խաչատրեանին մօտիկ ընկերութիւններու հետ տարօրինակ բաներ կը պատահին։ Այդ ընկերութիւններէն ոմանք այս տարի շատ քիչ հարկ տուած են, աւելի ճիշդ՝ նախորդ տարուան հետ համեմատ 16 տոկոս նուազ։

* Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Ալեքսանդր Արզումանեանը յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

* Անցնող 2016 թուականին, Հայաստան մօտ 45 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն ստացած է։ Այդ հսկայ թիւին մեծ մասը Երեւան հասած է Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպական Միութենէն։

QARTEZ նոր յաւելուած՝ զբօսաշրջիկներուն համար

Երեւանի մանրամասն քարտէսը ներկայացնող QARTEZ բջջային յաւելուածին միջոցով (App), այսուհետեւ Երեւան քաղաքի հիւրերն ու բնակիչները դիւրութեամբ պիտի կարենան գտնել անհրաժեշտ վայրը, խնայելով ժամանակ։

Օգտակար նորութիւն մըն է, որ ստեղծուած է ՎիվաՍել-ՄՏՍ եւ «Լոկատոր» ընկերութիւններու համագործակցութեամբ։ Նախատեսուած է, որ մօտիկ ապագային QARTEZ յաւելուածը ընդգրկէ նաեւ Դիլիջանը, Ծաղկաձորը եւ այլ քաղաքներ։

Կ՚առաջարկենք, որ անմիջապէս ձեր հեռաձայններուն մէջ աւելցնէք QARTEZ-ը եւ տարածէք։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ