Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հիւսիս-արեւելեան Միջերկրականի հայ բնակավայրերը» ժողովածուն

(Armenian Communities of the Northeastern Mediterranean, Musa Dagh, Dort-Yol, Kessab)

Խմբագրութեամբ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի

 

Դասախօսութիւն՝ նեկայացուած  ՞՞ Յունուար 2017-ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի ունեցած գրական հանդիպումին ընթացքին։ 

 

            Տքնաջան աշխատանքի արդիւնք մը եւս. արդէն 14-րդը այս շարքին, եւ դժբախտաբար վերջինը, կը յանձնուի պատմաբաններու, բանասէրներու եւ ինչու չէ նաեւ լայն ընթերցողներու ուշադրութեան։ «Հիւսիս-արեւելեան Միջերկրականի հայ բնակավայրերը» ժողովածուն (Armenian Communities of the Northeastern Mediterranean) իր ուշադրութեան կիզակէտը դարձուցած է Մուսա Տաղ, Քեսապ եւ Չորք-Մարզպան կամ Տէօրթ-Եոլ հայկական բնակավայրերը, որոնց անցեալի պատմութիւնը, ճակատագիրը, եղեռնեան եւ յետ-եղեռնեան տարիները ունին բազմաթիւ նմանութիւններ։ Շարքը կը կոչուի Historic Armenian Cities and Provinces, որուն մէջ զետեղուած են 1997-էն ի վեր UCLA-ի մէջ կազմակերպուած գիտաժողովներու եւ աշխատանիստերու ընթացքին ներկայացուած գիտական աշխատութիւնները։

            Այս շարքին հատորներու հրատարակութիւնը կը նմանցնեմ ժամանակակից բժշկութեան ճառագայթային սարքերու զննութեան – MRI, CATSCAN, Ultra Sound – եւ այլն։ Արդարեւ, ինչպէս որ այս սարքերը մեզ կը նկարեն վերէն վար եւ վարէն վեր՝ մխրճուելով մեր մարմնի անտեսանելի ներքին օրկաններու ծալքերէն ներս ու կը յայտածեն կամ երեւան կը հանեն իրական պատկերը մեր մարմինը բաղադրող մասերուն, այդպէս ալ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան երկու տասնամեակներէ ի վեր խորաթափանց պատմաբանի սարքով Հայաստան աշխարհն ու մերձակայ հայկական բնակավայրերը կը զննէ հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք՝ տալով ոչ միայն անոնց անցած պատմական փորձառութիւնը, այլեւ համապարփակ կերպով ներկայացնելով անոնց ազգագրութիւնը, բարբառը, սովորութիւնները, առանձնայատկութիւնները եւ այլն։

            Հոյակապ ծրագրաւորումով մը Փրոֆ. Ռ. Յովհանիսեան կ՚ընտրէ մասնագէտները, պատմաբանները եւ նիւթին քաջատեղեակ գիտնականները։ Վերջիններս միայն հայեր չեն, այլ օտարներ, տարբեր երկիրներու եւ տարբեր համալսարաններու եւ գիտահետազօտական կեդրոններու վկայեալ վաւերական մասնագէտներ, ամերիկացի, ֆրանսացի, գերմանացի, յոյն, արաբ, քիւրտ, թուրք, ռուս եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ։ Այն ինչ որ գրեթէ առանձինն գլուխ կը հանէ Փրոֆեսորը, նոյնը տարբեր համալսարաններու մէջ կ՚իրականանայ բազմանդամ աշխատակիցներով եւ հիմնարկներու ջանքերով։ Գիտական զեկուցումներու շարքը իրականացնելով չ՚աւարտիր իր ծրագիրը, այլ ան քայլ մը աւելի անդին երթալով կարդացուած զեկուցումները մասնագիտական խմբագրման ենթարկելով կը յանձնէ տպագրատուն, ի հարկէ իր ուսերուն բարձելով նաեւ այս գործին նիւթական աղբիւրներ քաղելու ծանր պարտաւորութիւնը։

            Ահաւասիկ այդպիսի բարեխիղճ ու հետեւողական աշխատանքի մը արդիւնքն է, զոր այսօր կը համարձակիմ ներկայացնել ձեզի ինծի տրուած կարճ ժամանակի մը ընթացքին։

            Վերջին հատորը բաղկացած է 15 աշխատութիւններէ, որոնք 7-8 տարիներ առաջ ներկայացուեցան UCLA-ի մէջ՝ երկօրեայ զեկուցումներու ընթացքին։

            14-րդ հատորը կը սկսի Փրոֆեսորին կողմէ խմբագրուած հեղինակներու համառօտ կենսագրութեան ու գիտական աշխատանքներու ներկայացմամբ, որուն կը յաջորդեն «Հիւսիս-արեւելեան Միջերկրականի հայ բնակավայրերը» յօդուածաշարքերու դարձեալ համառօտ նկարագրութիւնը եւ ներածական բաժինը։ Ժողովածուն համալրուած է երկոտասնեակ մը քարտէսներով եւ աւելի քան 200 նկարներով։

            Ներկայացուող տարածաշրջանը, որուն մեծամասնութիւնը թուրքեր չէին, 1938-1939-էն ասդին գաղութարար տէրութիւններու դաւաճանութեամբ կամ կայսերապաշտական շահերէ մղուած անցաւ Քեմալական Թուրքիոյ։ Հաթայի շրջան կոչուածը մեծամասնութեամբ բնակեցուած էր հայերէ, յոյներէ, յունացած հայերէ, ալեւիներէ։ Շրջանի գլխաւոր քաղաքներն էին Անտիոքը եւ Ալեքսանտրէթի նաւահանգիստը։ Թէեւ հայահոծ շրջանները պատմական Հայաստանի մաս չեն կազմած, կամ կարճ ատեն մը մտած են Կիլիկեան հայկական իշխանութեան սահմաններէն ներս, բայց Չորք-Մարզպանէն Քեսապ ընդգրկող տարածաշրջանի հայաբնակչութիւնը հոս հաստատուած էր Տիգրան Մեծի կարճատեւ կայսրութեան օրերէն՝ Ա. Դար Ք.Ա.։ Տարածաշրջանի հայութիւնը ունեցած է գրեթէ նոյն ճակատագիրը կամ անցած է պատմական նոյն դժխեմ փորձառութեան ընդմէջէն ՝ Համիտեան կոտորածներ, Կիլիկեան կամ Ատանայի կոտորածներ, 1915-18 բռնագաղթ դէպի անապատները, զինադադարէն ետք մնացորդացի վերադարձ, ապա կարճատեւ վերականգնումի շրջանէ մը ետք կրկին տեղահանութիւն, յատկապէս Չորք-մարզպանի եւ Կիլիկիոյ շրջակայից հայութեան պարագային։ Թէեւ հազարաւորներ հաստատուեցան իրենց պապենական դարաւոր հայրենիքին շատ մօտիկ Ալեքսանտրէթի շրջանին մէջ օր մը տուն վերադառնալու հաւատքով, բայց այդ յոյսերն ալ ի թերեւ ելան Ալեքսանտրէթի եւ շրջանի մէջ կեղծուած քուէարկութիւններու պատճառով։ Ալեքսանտրէթը պարպուեցաւ հայութենէ եւ քրիստոնէութենէ, Մուսա լեռցիք նոյնպէս ապագան խիստ վտանգաւոր նկատելով գաղթեցին արաբական երկիրներ, յատկապէս իրենց համար յատկացուած Սուրիոյ եւ Լիբանանի սահմաններու մօտ գտնուող Այնճարի շրջանը, ուր անոնք կեանքը զերոյէն սկսելով կառուցին Այնճար աւանը։ Գալով Քեսապին, այն մասը որ Սուրիոյ բաժնին մէջ մնաց, հայեր շարունակեցին ապրիլ առանց մեծ ցնցումներու՝ մինչեւ Սուրիոյ վերջին արիւնալի դէպքերը, որոնց ընթացքին լուրջ վնասներու ենթարկուեցաւ քեսապահայութիւնը։

            Ա.- Մուսա լեռան գլխուն մէջ հրատարակուած են եօթը աշխատութիւններ, որոնց հեղինակներն են Յակոբ Չոլագեան, որուն զեկուցումը, նուիրուած առհասարակ Անտիոքի շրջանի հայկական բնակավայրերուն, լայնօրէն կ՚անդրադառնայ Մուսա լեռան գիւղերու եւ քանի մը քլմ. հարաւ գտնուող Քեսապի հայութեան։ Այնուհետեւ Վահրամ Շէմմասեան երկու ուսումնասիրութիւններով կը ներկայացնէ 19-րդ դարու եւ 20-րդ Մուսա լեռան պատմութիւնը եւ յատկապէս մինչեւ օրս տակաւին հայաբնակ Վագըֆ գիւղը։

            Ինչպէս գիտէք, բազմիցս փորձ կատարուած է շարժանկարի վերածել Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լեռան քառասուն օրերը», բայց այդպէս ալ չէ իրականացած անիկա։ Արա Սողոմոնեան հանգամանօրէն կու տայ շարժանկարի պատրաստման գաղափարին նշանակութիւնն անոր չիրականացման հետ առնչուող քաղաքական հանգամանքները։

            Սոնա Զէյթլեան եւ Վերժինէ Սվազլեան քննութեան կ՚ենթարկեն ազգագրականօրէն հարուստ աւանդութիւններ ունեցող այս շրջանը՝ «Մուսա լեռան բանաւոր աւանդութիւնները» եւ «Մուսա լեռան հայերու բանահիւսութիւնը» յօդուածներու մէջ։ Սոնա Զէյթլեան յատկապէս ցոյց կու տայ Մուսա լեռցի կնոջ պատուախնդրութիւնը, անկախ մտածելակերպը, հպարտութիւնը եւ իմաստութիւնը, որոնք կը շեշտուին հայ կանանց կերպարներու մէջ։ Վերժինէ Սվազլեան, որ տասնամեակներ յատկացուցած է Մուսա լեռան բանահիւսութեան եւ յաջողած է փրկել հարիւրաւոր պատումներ, ցոյց կու տայ տարբեր սերունդներու մէջ յառաջացած լեզուական ու բարբառային փոփոխութիւնները, որոնք յառաջ եկած են Հայաստանի պայմաններու բերումով։

            Հրանդ Խաչատուրեան Այնճարի անհիւրընկալ ու կլիմայականօրէն խիստ տարբեր շրջանին մէջ հաստատուած մուսալեռցիներու առօրեան, հոգեբանութիւնը, վարուելակեպը եւ նոր ժամանակներու հետ յարմարելու դժուարութիւնները կը քննէ հոգեբանութեան տեսանկիւնէն։

            Քեսապի շրջանը կը ներկայացուի չորս ուշագրաւ աշխատութիւններով։ Սեդա Մավեան «Բանաւոր վկայութիւնները որպէս աղբիւր 1909-1922 տարիներու Քեսապի Պատմութեան» զեկուցման մէջ իր լուսարձակին տակ կ՚առնէ 1909-էն մինչեւ Ֆրանսական հոգատարութեան (Mandate) շրջանի Քեսապահայութեան պատմական յիշողութիւնները եւ ինքնութեան խնդիրները։ Երեք տարուայ վրայ երկարող իր ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին հեղինակը, հիմնուելով բազմաթիւ հարցազրոյցներու վրայ, մարդաբանական, պատմաբանական եւ ընկերաբանական գիտութեանց համար կու տայ կարեւոր հում նիւթ։

            Սիւզըն Փէթի «Քեսապը որպէս սփիւռքեան համայնք» գրութեան մէջ կը շեշտէ այսօրուան քեսապցիին անսահման սիրոյ զգացումը հանդէպ պապենական «դրախտավայր» երկրի։ Թէեւ քեսապցիները սփռուած են ամբողջ աշխարհով մէկ, սակայն տակաւին անոնք ամուր կերպով յատուկ կապուածութիւն մը կը զգան իրենց մեծ հայրերուն եւ մայրերուն ծննդավայրին հանդէպ։ Անոնք անցեալին կը դիմեն կամ անկէ կ՚օգտուին իրենց ներկան օժտելու համար ինքնութեամբ մը, որ իրենց փոխանցուած է ծնողներէն ու բանաւոր կամ գրաւոր պատումներէն։

            Չարլս Կլաս, որ թէեւ UCLA-ի գիտաժողովին չէ մասնակցած, բայց ինք, որպէս առաջին օտար լրագրող, 2014-ին այցելած է Քեսապ, երբ այդ տարի շուրջ երեք ամիս Քեսապը գրաւուած էր ու որոշ աւերածութեան էր ենթարկուած Ալ Նուսրա, Իսլամական ճակատ եւ այլ ծայրայեղական ահաբեկիչներու կողմէ։ Հեղինակը կը նկարագրէ տեղի հայութեան փախուստը դէպի Լաթաքիա եւ Հալէպ, կը քննէ Թուրքիոյ դերը այս ողբերգութեան մէջ եւ կը ներկայացնէ հայկական լոպիինկի ջանքերը համաշխարհային քաղաքական բեմին վրայ, որպէսզի Թուրքիա աւելի զգաստ գտնուի իր արարքներուն մէջ։

 

Գ.- Չորք-Մարզպան՝ Տէօրթ-Եոլ։

 

            Ալեքսանտրէթի ծոցի հիւսիս-արեւելեան ափին գտնուող Չորք-Մարզպան աւանն ու շրջակայ գիւղերն են Էօզէրլին, Նաճարլին, Գուզուլուճուն, Իճատիէն եւ Օճագլուն։ Տարածքի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը բաղկացած էր հայերէ, որոնք ունէին իրենց համեստ եկեղեցիները, նախակրթարանները, իսկ հետագային Չորք-Մարզպանը ունեցաւ իր Կեդրոնական վարժարանը, Քէլէկեան եւ Սիսուան որբանոցները։

            Երկու ուսումնասիրութիւն նուիրուած է Չորք-Մարզպանին, առաջինին հեղինակն է Վերա Սահակեան, որ հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Չորք-Մարզպանի դպրոցներու կեանքը եւ յատկապէս Քէլէկեան եւ Սիսուան որբանոցներու ստեղծման պարագաներն ու անոնց դերը հայափրկութեան բնագաւառին մէջ։

            Երկրորդ աշխատութեան հեղինակը տողերուս հեղինակն է, որ լայն հասարակութեան համար իր հրատարակած հատորը որպէս գլխաւոր հիմք ունենալով՝ հանրամատչելի լեզուով ու մակարդակով որպէս համապարփակ յուշամատեան մը լոյս ընծայած էր 2006-ին՝ շուրջ տասը տարի նիւթեր հաւաքելով, պրպտելով անտիպ յուշագրութիւնները եւ ստուգելով բազմաթիւ տեղեկութիւններ։ Ի վերջոյ, Չորք-Մարզպանի Հայրենակցական Միութեան ջանքերով լոյս տեսաւ նշեալ Յուշամատեանը։ Հետաքրքրութիւնը խորն էր, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին մօտ, որ նոյնիսկ հայերէն չիմանալով, գիրքէն օրինակներ գնեց՝ նուիրելու համար իրենց ծնողներուն։ Այս ուղղութեամբ պէտք է ըսեմ, որ հեղինակին կարդացած զեկուցումը UCLA-ի մէջ, քաջալերութեամբ Փրոֆ. Ռ. Յովհաննիսեանի, եկաւ ա՛լ աւելի սրելու հետաքրքրութիւնը, իսկ սոյն հատորին մէջ ներկայացուած անգլերէնով տպուած գրութիւնը առաջին գիտական աշխատութիւնն է գրուած օտար լեզուով, որուն շնորհիւ Չորք-Մարզպանի համառօտ պատմութիւնն ու մանաւանր երեք հերոսական դիմադրութիւններու պատմութիւնն ու պատումը մտաւ գիտական աւելի լայն շրջանառութեան մէջ։

            Երեք հերոսամարտերը եւ անոնց պատումը մաս կազմած են յետ-եռեռնեան շրջանին սփիւռքացած չորք-մարզպանցիներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ։ Առաջին հերոսամարտը ընդդէմ համիտեան յելուզակներուն տեղի ունեցաւ 1895-ին։ Չորք-մարզպանցիները որոշ չափով պատրաստ էին դիմադրելու շնորհիւ հնչակեան գործիչ Ժիրայր Պօյաճեանի, որ կրցած էր իր աշակերտներն ու երիտասարդները պատրաստել ապագային սպասուած յարձակումներու դէմ։ Մխօ Շահէն (Մխիթար Սեֆերեան) եւ Վարդան Ախիկեան – երկուքն ալ Հնչակեան – փրկարար դեր կատարած են Ա. Դիմադրութեան օրերուն։ Ի վերջոյ Համիտեան զօրքերը չկրցան ծունկի բերել տեղի հայութիւնը։ Երկրորդ կամ մեծ հերոսամարտը Չորք-Մարզպանցիներ մղեցին 1909-ին։ Հայութիւնը նոյնպէս պատրաստութիւն տեսած էր եւ կարելին ըրած աւանն ու մերձակայ հայութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Տասնհինգօրեայ յամառ դիմադրութենէ ետք թշնամին չկրցաւ մտնել Չորք-Մարզպան, մինչ այդ հայ երիտասարդներ ճեղքելով պաշարման օղակը հասան Ալեքսանտրէթ եւ եւրոպացի հիւպատոսներու միջոցաւ յաջողեցան ստիպել թուրքերուն դադրեցնել պաշարումը։ Չորք-Մարզպանը կրկին յաղթական դուրս եկաւ նուազագոյն վնասներով։ Բոլոր յուշագիրները կու տան Չորք-Մարզպան հաստատուած Տէր Մելքոնեան ընտանիքէն Միհրանի անունը (Դաշնակցական), որպէս կազմակերպիչ ու յանդուգն առաջնորդ։ Երրորդ հերոսամարտը կը սկսի 1919-ին, ֆրանսական գրաւման օրերուն։ Այս մէկը տեւեց քանի մը ամիս։ Առաջին անգամ ըլլալով Չորք-մարզպանցի զինեալները իրենց աւանէն դուրս դալով գրաւեցին մերձակայ թուրք բնակավայրերը։ Պատմագիրներն ու յուշագիրները կը յիշեն ու կը գովեն երկու առաջնորդի անուն՝ Զօրա Իսկէնտէրեան (Հնչակեան) եւ իր կողմէ նշանակուած յանդուգն ազատամարտիկ Էվիկ Մինասի անունը (Ռամկավար)։

            Ցաւօք սրտի մեր թափած արիւնը աշխարհի այս շրջանին մէջ մեզի չպարգեւեց Կիլիկեան, ֆրանսական գաղութատիրութեան եւ քեմալական Թուրքիոյ միջեւ ստեղծուած նոր քաղաքականութեան պատճառով։

            Ժողովածուին մէջ զետեղուած է նաեւ Keith David Watenpaugh-ի «Հայեր, Ալավիներ եւ Ալեքսանտրէթի ճգնաժամը» աշխատութիւնը, ուր հանգամանօրէն կը ներկայացուին այն պարագաները, որոնք պատճառ եղան որպէսզի Հաթայի հանրապետութիւնը, ուր թուրքեր փոքրամասնութիւն մըն էին սոսկ, լուծուի Թուրքիոյ հանրապետութեան կազմին մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ