Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Երգիծական. Հարցազրոյց մը ընկեր Ամբակումեանի հետ

Պրն. Ամբակումեան, բարի էք եկած մեր լրատուական կեդրոնըՈւրախ ենք որ ընդառաջեցիք մեր հրաւէրին, առիթը տալով մեր ունկնդիրներուն իմանալու ձեր հմուտ տեսակէտները կուսակցական որոշ հարցերու շուրջ:

– Այդ ուրախութիւնը ես ալ կը բաժնեմ: Հարցազրոյցը սկսելէ առաջ կ՚ուզէի շնորհաւորել ձեզ՝ ձեր իմաստութեան համար, որ գիտցաք զիս ընտրել օրուան ընթացիկ նիւթերու շուրջ որպէս ամենատեղեակ անձերէն մէկը: 

Շնորհակալութիւն այդ վստահութեան համարԱնցնինք բուն նիւթինԴուք կը ներկայացնէք ձեր կուսակցութեան «Վերականգնում և Միացում» շարժումըԻ՞նչ են այն գործնական քայլերը, որոնք կը ծրագրէք առնել այս նպատակին համար

– Նախ և առաջ կ՚ուզեմ շեշտել, որ մեր շարժումը վսեմ, վեհոգի և շինիչ բնոյթ ունեցող շարժում մըն է, որ միշտ ի մտի ունի կուսակցութեանս շահերը:  Ուրեմն, պատասխանելով ձեր բուն հարցումին ըսեմ, թէ կը ծրագրենք վերականգնումը սկսիլ առաջին հերթին վերականգնելով մեր… աթոռները:

Ի՞նչ օրինական հիմերու վրայ կը յենի ձեր աթոռներու վերականգման այս առաջադրանքը:

– Շատ պարզ է:  Տարիներ առաջ պատգամաւորական ժողով մը գումարուեցաւ, որուն ընթացքին մեր կուսակցութիւնը երկար տարիներ շարունակ ձեռնհասօրէն ղեկավարող փորձառու և կարող ընկերները փոխարինուեցան այլ ընկերներով:  Հոս տեղին կը գտնեմ յիշեցնել, որ մատի վրայ կը հաշուըուին կուսակցութիւնս առաջնորդելու կարողութիւնը ունեցող արժանի անձնաւորութիւնները, և դիպուածով չէ որ անոնց բոլորն ալ մեր շարժումին մաս կը կազմեն:

Արդե՞օք կրնաք այս մասին քիչ մը աւելի լուսաբանել մեզ:

– Ինչպէս որ քիչ առաջ ակնարկեցի, ամբողջովին սխալ է փորձառու և կարող ղեկավարութիւն մը փոխարինել անփորձ և անկարող ընկերներով:  Ամենայն դէպս, քանիցս յայտարարած ենք ասկէ առաջ, որ այդ ժողովէն ետք տեղի ունեցող բոլոր պատգամաւորական ժողովներն ալ ապօրինի են:  Օրինակ, անոնցնէ մէկուն պարագային, հակառակ անոր որ պատգամաւորներէն շատեր ժողովէն օրեր առաջ իրենց համաձայնութիւնը յայտնած էին մեր ընկերներէն մէկը ընտրելու որպէս ատենապետ, ժողովի ընթացքին իրենց քուէներով ուրիշ ընկեր մը ընտրեցին սոյն դիրքին համար: Այդ օրուընէ սկսեալ մենք մեր առաքելութիւնը ըրած ենք այս և նման ապօրինութիւնները ուղղել, և այս առաքելութիւնը յաջողցնելու միակ ձեւը կը նկատենք այդ աթոռները իրենց արժանաւոր տէրերուն վերադարձնելը։

Դուք օրինականութեան հետամուտ անձ մը կը թուիք ըլլալ: Արդեօ՞ք ձեր ատենուայ պատգամաւորական ժողովները բոլորն ալ օրինաւոր էին ամէն տեսակէտով:

– Որքան որ կարելի է այո, թերեւս որոշ բացատրելի խախտումներով:  Ի միջի այլոց, հոս կ՚ուզեմ շեշտել, որ այդ խախտումները ի շահ կուսակցութեան ըլլալնուն համար, խախտում չեն նկատուիր:  Ամէն պարագայի տակ այդքան ետ երթալու պէտք ալ չկայ:  Կարեւորը վերջին ժողովներն են:

Ձեր շարժումին երկրորդ բաժինը «Միացում»ն էԱյդ մասին ի՞նչ ունիք ըսելիք:

– Միացումը շատ կարեւոր է:  Կարելի չէ բաժնուած վիճակով շարունակել:  Ուրեմն, երբ մեր աթոռները վերականգնենք, արդէն բաժանումի գլխաւոր պատճառը վերացած կ՚ըլլայ և բոլոր շարքային ընկերները ուրախ զուարթ կը միանան նոյն դրօշին տակ և մեզի հետ նոր այգաբացը կը դիմաւորեն լաւատեսութեամբ:

Ի՞նչ կը մտածէք այն միջոցառումներուն մասին, որոնք կարելի են որդեգրել որպէսզի նոյնանման գայթակղութիւններ  չկրկնուին:

– Շատ խելացի և հեռատես հարցում է ատիկա: Նման բաժանողական շարժումներ միայն վնաս կրնան բերել մեր կուսակցութեան և իրեն յարակից կազմակերպութիւններուն:  Խուսափելու համար ապագայի նոյնատեսակ փառասիրութիւններ փայփայողներու արկածախնդրութիւններէն, անգամ մը որ վերականգնենք վերին մարմնի աթոռները, առ ի զգուշութիւն կը ներմուծենք իրենց աթոռները ցկեանս պահելու գործելակերպը:  Այս ձեւով այլեւս նորանոր խանգարիչ խնդիրներու առաջքը ընդմիշտ առնուած կ՚ըլլայ:

Բայց ընկեր Ամբակումեան, ձեր առաջադրանքը որքանո՞վ յարիր է ժողովրդավարական սկզբունքներուԻնչպէս գիտէք, աշխարհ իրար անցած է միապետները տապալելու և անոնց տեղ քուէարկութեամբ երկրին ղեկավարութիւնը ընտրելու գործընթացը իրագործելու համարՁեր պարագային մի՞թէ աւելի ճիշդ պիտի չըլլար, որ հետեւելով վերոյիշեալ սկզբունքին, ժողով մը գումարուի որուն ընթացքին քուէարկութեամբ ընտրուին կեդրոնական վարչութեան անդամները:

– Կուսակցութեան և ազգին շահերը գերիվեր են որեւէ նման սկզբունքային դիրքորոշումներէ:  Կարեւոր է գիտնալ, թէ ե՞րբ սկզբունքներու պէտք է հետեւիլ և ե՞րբ գործնապաշտ ըլլալ:  Ահա ճիշդ ասոր համար է, որ պէտք է վերականգնենք մեր աթոռները, որպէսզի ձեռնհաս և փորձագէտ անձնաւորութիւնները ըլլան յարմարագոյն կեցուածքներ տնօրինողները, անշուշտ միշտ յօգուտ մեր կուսակցութեան:

Շնորհակալ ենք ընկեր Ամբակումեան մեզի արտայայտած ձեր հակասական, ներողութիւն, ըսել կ՚ուզէի դրական գաղափարներուն համարԱյնպէս կ՚երեւի, թէ դուք շատ լաւ տիպար մը կը ներկայացնէք հասարակական գործիչներու ապագայ սերունդին համար:

ՏԻՐԱՑՈՒ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ