Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի յուշ Երջանկայիշատակ Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Գրիգորեանի 1932-2017

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

            Կորուստը մեծ եղաւ բարձրագոյն ուսմամբ վկայեալ մտաւորական եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ երկարամեայ ծառայութեամբ գնահատուած Դոկտոր Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Գրիգորեանի վախճանումով։ Սրբազան Հօր անունը սերտօրէն կապուած կը մնայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ մանաւանդ Վիեննայի գաղութի կազմաւորման կենսական գործին հետ։ Մեր ուսանողական տարիներուն արդէն կը նկատէինք բանասիրական ուսմանց հետաքրքիր, եւ մեր ուսուցիչ Սիմոն Սիմոնեանի լռելեայն խնամքին ենթակայ Գէորգին աշխատասիրութիւնը, մեզմէ կարգով տարի մը բարձր, երբ երեկոյի սերտողութեանց պահերուն աւելի երկար մնացողն ու նուազ հանգիստ փնտռողը ինք եղաւ, ինձ համար օրինակելի՝ իր սակաւախօսութեամբն, ու անտարբեր` աւելորդ հարցասիրութեան նկատմամբ, որմէ մեզմէ ոմանք վարակուած էին իր աշխատանքին արգելք ըլլալու աստիճան։

            Ժպիտը միշտ դէմքին, երբեմն քրքիջի վերածուած, Մեսրոպ Սրբազանի անկեղծ բարեկամութեան կնիքն էր, սկսեալ իր ուսանողական շրջանէն։ Բամբասել եւ գանգատիլ չէր ուզեր, իր վերապահութիւնը աչքերէն յայտնի կը դառնար, առանց խօսելու կը յայտնէր իր միտքը։ Մինչդեռ իր դասընկերները մարզական խաղերով ալ կը զբաղէին, Սրբազանը կը դիտէր կարճ ատեն մը գնդակին աննպատակ երթն ու դարձը, եւ իսկոյն կը հեռանար՝ կամ տպարան կը գտնէինք զինք եւ կամ իր գրասեղանին վրայ։

            Լրջօրէն ուսման հետեւող մը եղաւ, հայեացքին ներքեւ Երջանկայիշատակ Մեծ Հայրապետին Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոսին եւ մեր մատենագրութեան եւ գրաբարի ուսուցիչ Սիմոն Սմոնեանին, որմէ շատ բան սորվեցաւ, բոլորէն աւելի եւ բոլորէն կանուխ։ 1953 թուին, Հայրապետի վախճանումէն տարի մը ետք, ձեռնադրուեցաւ, երբ Մեսրոպ անունը ստացաւ, եւ այդ անունն իսկ նորընծայ հոգեւորականին սրտին տրոփումն ու միտքին փայլքը վերակերտեց։

            Իրապէս պատմական օրեր եղան, երբ Ամենայն Հայոց Տ. Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետ 1956 թուի Փետրուարին Կիլիկեան Աթոռ ժամանեց, երբ արդէն Մեսրոպն ու Սահակը եւ իրենց յաջորդող երեք աբեղաները, Գէորգը, Ներսեհն ու Զաւէնը ձեռնադրուած էինք, ու Հայրապետական բացառիկ այցելութեան ականատես վկաները կ՚ըլլայինք։ Պատմական երեւոյթը ինքնին աննախընթաց էր, երբ Ամենայն Հայոց Հայրապետ մը առաջին անգամն ըլլալով Կիլիկեան Աթոռ այցի կու գար ու կը բարձրանար Մայր Տաճարի Հայրապետական Գահը։

            Թափօրին առջեւէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին գաւազանը բարձր բռնած կը յառաջանար Մեսրոպ Աբեղայ Գրիգորեանը՝ գիտակից մեր պատմութեան ներքին ծալքերուն եւ ալեկոծ փոթորիկներուն, որոնք կ՚ուրուագծէին իր զգայուն ժպիտը։ Երբ Հայրապետը Գահ կը բարձրանար, Մեսրոպ Հայր Սուրբը իր կողքին գաւազանը բարձր բռնած կը դառնար պատմական այդ անկրկնելի դիպուածին երջանիկ գաւազանակիրը։ Յետագային նոյն Վազգէն Հայրապետն էր որ զինք պիտի բարձրացնէր եպիսկոպոսութեան աստիճանին ու պատուէր արքութեան տիտղոսով։

            Մեսրոպ Սրբազան իսկոյն կը դառնար Վազգէն Հայրապետի վստահելի հոգեւորականներէն մին, երբ տարի մը ետք հրաւէր կը ստանար 1957 թուի Սեպտեմբերին Մայր Աթոռ այցի երթալու յատուկ պատուէրով մը։ Կը յիշեմ ընկերացայ իրեն լեռնալիբանանէն մինչեւ օդակայան իբրեւ հպարտութիւն՝ զգալով որ մեր դասակիցներէն առաջինն էր ան որ հայրապետական բարձր ուշադրութեան կ՚արժանանար։ Վերադարձին շնորհազարդ ժպիտով կ՚ըսէր թէ Ս. Էջմիածնի մէջ տեսած էր նաեւ մեծանուն բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանը, որ կը մահանար մի քանի ամիսներ ետք։ Տարի մը ետք, 1958-ին, բախտը պիտի ունենայի ես ալ Եթովպիայէն Մայր Աթոռ այցելելու Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին վրայ, Հայրապետի ծննդեան 50-ամեայ, եւ Նորին Սրբութեան գահակալութեան երրորդ տարեդարձներուն առիթով, եւ առ այսօր կը մնամ միակ հոգեւորականը, որ արտասահմանէն կանխագոյն թուականին  այցելած ըլլայ Ս. Էջմիածին՝ յաջորդելով Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Գրիգորեանին։

            Սրբազանը մնաց մեզի հետ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի պատնէշին վրայ աներեր։ Բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար Անգլիա մեկնեցաւ եւ իր համալսարանական աշխատանքին արդիւնքը քաղեց ակադեմական դոկտորի աստիճանով, երբ նոյն տարիներուն ես եւս կ՚ուսանէի Լոնտոնի Համալսարանէն ներս։ Կը հանդիպէինք երբեմն Լոնտոնի մէջ որպէս վաղեմի դասակիցներ՝ Վահրամ Մավեանի պատահական ընկերակցութեամբ եւս, երբ Մավեան կ՚ուսանէր Պելֆաստի համալսարանին մէջ։

            Մեսրոպ Հայր Սուրբը պաշտօնի կոչուեցաւ Վիեննայի հայ համայնքին ուր աչքառու աշխատանք տանելով գտաւ բարերարն ու կառուցանել տուաւ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին։ Երկու տարի ետք Վիեննա Մեսրոպ Ծ. Վարդապետին այցելութեան գացի, եկեղեցւոյ կից իր բնակարանը։ Անհամար գիրքերով շրջապատուած, թէ՛ մտաւորականի եւ թէ՛ հոգեւոր հովիւի պաշտօնները զիրար լրացնելով։ Միասին այցելութեան գացինք Վիեննայի Մխիթարեանց Վանք, ուր վարկ եւ բանասէրի յատուկ պատիւ կը վայելէր։ Հայ եկեղեցականներուս մէջ բացառութիւն մը ըլլալով Մեսրոպ Սրբազան գերմաներէն դասախօսութիւններ կարդաց տեղւոյն համալսարանին մէջ մինչեւ վերջ։ Մեսրոպ Սրբազան կը տիրապետէր գերմաներէն եւ անգլերէն լեզուներուն, որոնց շնորհիւ յաճախ ներկայ կ՚ըլլար միջ-եկեղեցական ժողովներու։

            Մինչ կը հովուէի Ֆիլատելֆիոյ համայնքը, հանգուցեալ Մեսրոպ Սրբազան երկու անգամ Ֆիլատելֆիա այցելեց գիտաժողովներու մասնակից դառնալու, մին քաղաքի Փենսիլվանիոյ Համալսարանի հայագիտական կաճառի հրաւէրով, ուր Եւրոպայէն եւ հեռաւոր երկիրներէ ժամանած հայագէտներու կարգին կար նաեւ ինք եւ ես, երբ երկուքս կարդացինք մեզմէ ակնկալուած աշխատանքը՝ 7-րդ դարու հայ պատմիչ Սեբէոս Բագրատունեաց Եպիսկոպոսի միակ երկին՝ «Պատմութիւն ի Հերակլն» գիրքի մասին։ Երկրորդ անգամ Սրբազանը Ֆիլատելֆիա եկաւ, երբ զինք առնելով մեկնեցանք Ուաշինկթըն, ուր հրաւիրուած էի օրուան Քոնկրէսի ժողովը աղօթքով բանալու։ Զինք ներկայացուցի Ատեանի chaplain-ին եւ Բաբգէն եպիսկոպոս Վարժապետեանին, որ մայրաքաղաքի Հայ Եկեղեցւոյ նուիրակն էր։ Ապա մասնակցեցանք Ուաշինկթընի մէջ գումարուած հայագիտական գիտաժողովին։ Հոն կարդացի իմ պատրաստած աշխատանքը՝ 8-րդ դարու հայ պատմիչ Ղեւոնդ Վարդապետի երկի մասին։ Ի պատիւ Սրբազան Հօր պէտք է ըսեմ, թէ իմ մէջ զարգացուցած հայ մատենագրութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնս որ յետագային զիս առաջնորդեց դոկտորայի ակադեմական աշխատանքին, անուղղակիօրէն կը պարտիմ Մեսրոպ Սրբազանին։

            Ամենայն Հայոց Վեհափառ Վազգէն Հայրապետ յաճախ կա՛մ Մայր Աթոռ կը կանչէր, եւ կա՛մ գործի կը լծէր Հանգուցեալ Սրբազանը որպէս Կաթողիկոսական Պատուիրակ Կեդրոնական Եւրոպայի, որուն վրայ եպիսկոպոս կը ձեռնադրէր զինք 1986-ին։ Շուտով կը ստանար նաեւ արքեպիսկոպոսութեան տիտղոսը Վեհափառ Հայրապետէն։ Վերջին անգամ լուսահոգի Սրբազանին հանդիպեցայ Ս. Էջմիածնի մէջ, ուր մեր պատմագիտական աշխատանքներու մասին զրոյց ունեցանք այժմ հանգուցեալ Սանդրօ Բեհբուդեանի ներկայութեան Էջմիածնի  եւ ապա Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ, ուր հրաւիրուած էի բանախօսելու։ Մեսրոպ Սրբազան չմոռցաւ զիս ներկայացնելու որպէս «Ազգապատում»ի վերջին հատորներուն հեղինակը։

            Անթիլիասէն մինչեւ Անգլիա, Վիեննա եւ Ս. Էջմիածին մեր հանդիպումները կը մնան յիշատակելի, եւ իր մատենագիտական վաստակը կը փայլի որպէս վկայութիւն հոգեւորականի մեր անցեալ սերունդներուն իբրեւ ժառանգորդ, ինչպէս յաճախ կը մտաբերեմ անունները Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսին, Կարապետ Եպս. Տէր Մկրտչեանին, Մեսրոպ Մագիստրոս Եպիսկոպոս Մովսէսեանին, Գալուստ Տէր Մկրտչեանին եւ այլոց, որոնց շաւիղէն Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Գրիգորեան քալեց ու գործեց անաղմուկ։

            Հանգիստ իր հոգիին՝ Մեսրոպեան Փաղանգին լուսատու հայրերու շարքին։

 

ՆԿԱՐ

Ուաշինկթընի Քոնկրէսի բացման աղօթքէն ետք Զաւէն Ծ. Վրդ. Արզումանեանի կողմէ։ Ձախէն՝ Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Գրիգորեան, chaplain, Հայր Զաւէն եւ Բաբգէն Եպս. Վարժապետեան, Նոյեմբեր 8, 1979։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ