Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Քրիստոնէութեան «Մէքքա»ն

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, Հռոմի Ֆրանսիս Պապը, Վենետիկի մէջ, Իտալիա, ի ներկայութեան հայ ժողովուրդի երկու կաթողիկոսներուն՝ Գարեգին Բ.-ի, Արամ Ա.-ի, և հարիւրաւոր օտար երկիրներու ներկայացուցիչներու, քաղաքական և կղերական դէմքերու, պատմական հզօր տարողութեամբ կը յայտարարէր, թէ հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուածը, 1915 թուին, իր սեփական հողին վրայ, բացայայտօրէն՝ ցեղասպանութիւն էր և այդպէս պէտք էր կոչուէր բնաջնջման նպատակով կատարուած կոտորածը յանուն մարդկային արդարութեան, վերջնականօրէն փարատելով տարակուսանքները, տարակարծիքները և «պատմական քննարկումները» :

Ֆրանսիս Պապ, կաթողիկէ եկեղեցւոյ գլխաւոր կղերականը, յայտարարեց նաև թէ՝ հայ ազգը քրիստոնէական կրօնքը պետականօրէն ընդունման արարքով, առաջինը հանդիսացաւ աշխարհի մէջ, դառնալով քրիստոնէութեան աւետեաց երկիրն ու ուխտավայրը, իր Արարատ սարով, Էջմիածնով ու «Խոր Վիրապով»:

Եթէ իսլամութիւնը ունի իր «մէքքան», ինչո՞ւ քրիստոնէութիւնը չունենայ իր «մէքքան», եթէ կայ Հայաստան մը, քրիստոնէութեան առաջին օրրանը, որ դարեր շարունակ, յամառ կամքով ու հաւատքով, 1700 տարիներ շարունակ կը պայքարի քրիստոնէութեան և իր երկրի գոյութեան և պահպանման համար: Թող որ Երուսաղէմը մնայ որպէս քրիստոնէութեան ծծնդավայր, սակայն Հայաստանը՝ պիտի ըլլայ անոր ուխտագնացութեան յուշակոթողը: Հայ ազգը իր դարաւոր պատմութեան մէջ հանդիսացած է աշխարհի քրիստոնէութեան հաւատքի ու աշխարհիկ կենցաղի սննդատու աղբիւրն ու սերունդներու պտղաբեր հունտն ու ծիլը: Հայ ազգի զաւակները, իրենց դարաւոր հալածանքներու և հետապնդումներու հետեւանքներով աշխարհի չորս ծագերուն տարածուած, եղած են իրենց ապրած երկիրներու մէջ շինարար, բարեկարգիչ, բարգաւաճ ու կենսատու տարրը, հասնելով գործնական նախանձելի բարձրագոյն դիրքերու, թագաւորական թէ իշխանական պալատներու մէջ: Կառուցած ենք «ուրիշին» և «օտարին» համար պալատներ, եկեղեցիներ կամ քաղաքներ և կամուրջներ: Հիմնած ենք քաղաքակրթութիւն, մշակոյթ և օրէնք, որոնք յաճախ թիրախ դարձած են վայրագ ազգերու և անասնական բնազդով սնած անմարդկային խուժաններու: Որևէ ազգ, կրօնք կամ հոսանք չէ կարողացած մեզ կործանել: Մենք տակաւին կանգուն ենք ու կը մնանք հաստատ «այնքան ատեն որ հայ ենք և ուր որ ալ լինենք», մեր հաւատքով ու կամքով: Նախաքրիստոնէական շրջանէն սկսեալ և ապա՝քրիստոնէութեան պետական պաշտօնական ընկալումէն ետք, 3-րդ դարէն սկսեալ, Եւրոպայի, Ափրիկէի թէ Ասիոյ մէջ ներդրած ենք մեր մշակոյթը եկեղեցիներու և քաղաքակրթութեան բարձրագոյն մակարդակով: Կերտած ենք օտար ազգերու համար ևս մշակոյթ, կենցաղ,  քաղաքակրթութիւն և ապրելակերպ, մեր ապրած երկիրներուն մէջ: Տուած ենք ազգերու այբուբենն ու անաղարտ քրիստոնէական հաւատքը կրօնքի առաջին իսկ օրէնսդրութեամբ՝ Մխիթար Գօշի 12-րդ դարու «Դատաստանագիրք»-ով, որ 13-րդ դարուն ընդունուած է Լեհաստանի պետական կառոյցով, «ԻՒՆԵՍՔՕ»-ի և  Եւրոմիութեան երկիրներու համակրանքին և ընկալման արժանացած որպէս քրիստոնէութեան օրէնսդրութիւն և  պատշաճօրէն ունենալով համալսարան Երեւանի մէջ:

Եթէ  այս բոլորը կը վկայեն հայ ազգի հովիւի առաքելութիւնը քրիստոնէութեան հաւատքին և առաջնորդի իր հանգամանքին մէջ,  ինչո՞ւ չունենանք աշխարհատարած քրիստոնէութեան ուխտատեղիի իրաւունքը, քրիստոնէութեան «մէքքան»:

Թող աշխարհ իմանայ, թէ Հայաստանը արժանի է այդ իրաւունքին իր աւետեաց երկրի հողով ու հոգւով և պատրաստ ընդունելու աշխարհի բոլոր ուխտաւորները:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ