Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Նոր Հրատարակութիւններ. «ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ԻՐԱՔԻ ՀԲԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ (1911-2011)». Հեղինակ՝ Համբարձում Աղպաշեան

Դեկտեմբեր 2016-ին, Կլենտէյլի մէջ, «Երեւան» տպարանէն լոյս տեսաւ Իրաք ծնած եւ վերջին քանի մը տարիներուն Կլենտէյլ հաստատուած ծանօթ հրապարակագիր-մտաւորական՝ Համբարձում Աղպաշեանի վերոնշեալ շնորհակալ գործը:

Շնորհակալ գործ ըսենք, քանի որ այս միութեան հիմնադրութենէն ի վեր, նման գործ մը չէ եղած: Վերջին տասը-տասնհինգ տարիներուն, միութեան վարչութիւնը այդ ուղղութեամբ շատ համեստ աշխատանք մը տարաւ, բայց զանազան պաճառներով այդ գործը չշարունակուեցաւ:

Հեղինակը իրեն մօտ պահուած բոլոր տեղեկութիւնները ԱՄՆ հետը բերելով, խղճամիտ աշխատանքով եւ նուիրումով այս գորը իր լրումին հասցուց:

Համբարձում Աղպաշեան եղած է բեղուն գործիչ մը, իր նպաստը բերելով իրաքահայ գաղութի եկեղեցական եւ միութենական կեանքին: Մաս կազմած է բազմաթիւ փորձագիտական եւ ազգային կազմակերպութիւններու: Եղած է ՀԲԸ Միութեան Օհան ակումբի վարչութեան անդամ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշակութային յանձնախումբի անդամ:

Իրաքի ՀԲԸ Միութիւնը, ինչպէս շատ մը երիտասարդներու համար, Համբարձում Աղպաշեանի համար ալ եղած է անոր ազգային կեանքի մկրտութեան աւազանը: Իր ընտանիքի եւ այս միութեան հայաբոյր եւ հայրենասիրական ջերմ մթնոլորտին մէջ ձեւաւորուեցաւ եւ կազմուեցաւ Աղպաշեանի ազգային կեանքի նկարագիրը: Ան պաշտելու աստիճան սիրեց իր ժողովուրդը, հայրենիքը, եկեղեցին ու մանաւանդ հայ մշակոյթը: Ան խորապէս կը հաւատայ, որ Իրաքի ՀԲԸ Միութիւնը եղած է եւ մինչեւ օրս ալ կը մնայ Իրաքի հայութեան համար որպէս մեծ օրհնութիւն, եւ այս գործը Համբարձում Աղպաշեանի սիրաջերմ զգացումներուն արդիւնքն է: 

Հեղինակը այս գործը նուիրած է իր  զէյթունցի հօր՝ Մինաս Աղպաշեանին, որ 11 տարեկանին բռնի գաղթած է Զէյթունէն, Տէր-Զօրի անապատին մէջ կորսնցուցած է ողջ ընտանիքը եւ խնամուած է Մուսուլի որբանոցին մէջ, որ կը վայելէր ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութիւնը:

Գիրքին մէջ հեղինակին կողմէ գրուած յառաջաբանին մէջ, ան կը յիշէ թէ ինչո՞ւ համար այս Յուշամատեանը գրուած է:

Ապրիլ 15, 1906-ին Գահիրէի մէջ հիմնուեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, հինգ տարի ետք՝ 1911-ին Իրաքի մէջ հիմը դրուեցաւ Իրաքի ՀԲԸ Միութեան: Այդ թուականէն ի վեր միութիւնը՝ շնորհիւ իր լուսամիտ, շրջահայեաց ղեկավարութեան, անմիջապէս գործի անցաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող հայութեան օգնութեան հասնելու համար: Իրաքը ամէնէն մօտ երկիրն էր Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան:

Ցեղասպանութեան տարիներուն մեծ թիւով հայեր Սուրիա եւ Իրաք եկան՝ Տէր-Զօրի անապատներէն անցնելով: Բարեգործականը այդ գաղթականները ապահոված է սնունդով, վրաններով եւ այս միութիւնը շարունակած է այդ գործը մօտ 10 տարի անվճար կերպով պահելով, որբացած աշակերտութեան ձրի ուսում եւ տաք կերակուր տալով:

Միութիւնը շրջան մը (1948-1959) դադրեցաւ քաղաքական պատճառներով: 1959-էն ի վեր նոր թափով եւ բեղմնաւոր աշխատանքով շարունակեց եւ կը շարունակէ իր ծառայութիւնները իրաքահայ գաղութին: Այսօր այս միութիւնը իրաքահայութեան ծանրակշիռ միութիւններէն մէկն է, իրաքահայ գաղութի պարծանքն է:

Համբարձում Աղպաշեան գիրքին մէջ կը յիշէ, թէ ինք դժուարութիւն ունեցած է առաջին շրջանի 1911-էն մինչեւ 1948-ին, հերոսավայել ծառայութիւններ մատուցող անձնուրաց եւ նուիրեալ ղեկավարներուն անունները լրիւ ունենալ, անոնց գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ հաւաքել, բայց քաջ գիտէ թէ ինչպիսի՜ աստուածահաճոյ գործ ըրած են այս միութեան հիմնադիրները մեր ժողովուրդին համար, այնուհանդերձ հատուկենտ տեղեկութիւններ կրցած է ունենալ ՀԲԸ Միութեան «Ոսկեմատեան ՀԲԸՄ-ի 1906-1931 Ա. հատոր, Փարիզ»էն:

Նմանապէս, հակառակ որ երկրորդ շրջանին, դարձեալ գրաւոր շատ արխիւներ չկան, բայց գոնէ անդամներէն շատերը տակաւին ողջ են, անոնցմէ կրցած է հաւաքել երկրորդ շրջանի տեղեկութիւններ, գոյութիւն ունեցող ատենագրութիւններու եւ անդամներու մօտ եղած նկարներէն օգտուելով:

Գիրքին մէջ շատ շահեկան տեղեկութիւններով տուած է Իրաքի պետութեան եւ իրաքահայ գաղութի պատմութեան մասին:

Ապա, հեղինակը տուած է Իրաքի ՀԲԸ Միութեան պատմութիւնը, երկու մասի բաժնելով զանոնք:

Առաջին մասը՝ 1911-1958 եւ երկրորդ մասը՝ 1958-էն մինչեւ հիմա:

Այս երկու բաժիններով հեղինակը կու տայ Միութեան գործունէութիւնները, վարչութեան անդամներու, ատենապետներու եւ փոխ-ատենապետներու, մասնաճիւղերու գործունէութիւնները, ղեկավարութեան մասին ունեցած երբեմն հակիրճ, երբեմն մանրամասնեալ (կախում ունի ունեցած տեղեկութիւններէն) պատմութիւնը:

Այդ շրջանին ալ միութիւնը ունէր մարզական, ընկերային, մշակութային, մանաւանդ կրթական գործունէութիւն մը: Իրաքի թեմի առաջնորդին խնդրանքով, Իրաքի ՀԲԸ Միութիւնը 10 տարի հոգաց Պաղտատի Սվաճեան վարժարանի ուսուցիչներուն եւ դպրոցին ծախսերը առանց ոչ մէկ գումար առնելու աշակերտութենէն, առաւել, ինչպէս ըսինք, այդ փոքրիկներուն ամէն օր տաք կերակուր կու տար:

Երկրորդ շրջանը սկսաւ թագաւորութեան տապալումէն ետք, 1958-ին Իրաքի մէջ յեղափոխութեամբ մը իշխանութիւնը թագաւորութենէն փոխուեցաւ հանրապետութեան: Իրաքի ՀԲԸ Միութեան ղեկավարները վերսկսան միութենական գործունէութեան եւ մօտ 60 տարի անդադար գործելով, այսօր ունին գեղակերտ կեդրոն մը իր լողաւազանով, մարզական դաշտերով, ընկերային սրահներով, աշխոյժ գործունէութեամբ տիկնանց, համալսարանականներու, երիտասարդաց մարմիններ, սկաուտական խումբեր, մարզական ամէն տեսակի դաշտեր եւ խումբեր, ճոխ գրադարան ընթերցասրահով, հայերէն լեզուի եւ այլ նիւթերու դասընթացքներ, թատերախումբ, պարախումբ եւ երգչախումբեր:

Իրաքի ՀԲԸ Միութեան կեդրոնը երկրորդ տունն է Իրաքի հայութեան: Այս միութիւնը ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան դարբնոց մըն է բառին իսկական իմաստով: Մեր նորահաս սերունդը այդ ջերմ, հայրենաբոյր  եւ հայաբոյր շրջանակին մէջ հայօրէն կը մեծնայ, միշտ իր հայեացքն ու նայուածքը ուղղած մեր յաւերժական Հայրենիքին՝ Մայր Հայաստանին:

Վերջաւորութեան, հեղինակը յիշած է, թէ այս հատորը պատրաստելու համար օգտագործած է 20 աղբիւրներ:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի միութենական եղբայրը՝ Համբարձում Աղպաշեանը այս խիստ շահեկան գործին համար:

Շնորհաւորանքի յատուկ խօսք Իրաքի ՀԲԸ Միութեան բոլոր հին ու նոր անդամներուն, այս գիրքին համար, քանի որ այս գիրքին մէջ անոնցմէ իւրաքանչիւրին կեանքէն պատառիկ մը, կամ քաղցր եւ թանկագին յիշատակ մը կայ եւ անոնց բոլորին համախառն եւ հաւաքական աշխատանքի մատեանն ու պատկերն է այս հատորը:

Արդարեւ, այս գործը կարդալով, մենք կրկնապատիկ հիացմունք կ՚ունենանք հայ ժողովուրդի ծոցէն ելած եւ հայ ժողովուրդի վէրքերուն բալասան եղող, յաջողութեանց պատճառ հանդիսացող Իրաքի  ՀԲԸ Միութեան բոլոր հին եւ նոր նուիրեալներուն, որոնք կերտեցին այս միութեան լուսաշող պատմութիւնը: 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ