Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական. Աւարայրէն՝ Սարդարապատ եւ Արցախ, Սումկայիթէն՝ ճերմակ ջարդ…

Այո՛, 1566 տարիներ անցեր են Աւարայրի դաշտին վրայ մղուած ճակատամարտէն, եւ Սրբոց Վարդանանց ոգին թեւածելով հասաւ Սարդարապատ, Շուշի եւ անոր երթը յաւերժ է՝ ինչպէս հայն ու Հայաստանը։

Փետրուար է։ Հայաստանեայց եկեղեցին եւ համայն հայութիւնը կը նշեն Վարդանի եւ անոր զինակակիցներուն նուիրումը քրիստոնէութեան եւ հայութեան նկատմամբ։ Այդ օրերուն մեզ յօշոտել փորձողը պարսիկն էր, իսկ հարիւր տարի առաջ՝ Սարդարապատի պատին տակ պատ դարձած էր հայ ժողովուրդը, այս անգամ թուրքին դէմ։

Փետրուար է։ 1988-ի Փետրուարը տարբեր եղաւ բոլորէն։ Ամսուն 27-28-29 օրերուն նախապէս պատրաստուած ու ծրագրուած յարձակումի, խոշտանգումներու, սպանութեան, բռնաբարութեան ու թալանի զոհ գնաց Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքի խաղաղ հայ բնակչութիւնը։ Պաշտօնական Մոսկուան յայտարարեց 27 հայերու մահուան մասին, բայց իրական թիւը հարիւրներով է… 29 տարիներ առաջ այս օրերուն, երբ արցախահայութիւնը անկախութեան եւ Հայաստանի հետ վերամիասնութեան դրօշ բարձրացուցած էր, Սումկայիթի ոճիրը եկաւ ցոյց տալու… այս անգամ հարեւան Ատրպէյճանի կենդանական ու գազանային մոլուցքը։

Փա՜ռք մեր ժողովուրդին եւ անոր զինուորներուն, որոնք յաջորդ տարիներուն շարունակեցին պայքարը, ապահովելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը, Շուշիի ազատագրումը, մեր սահմանները։

Այսօր, յետադարձ ակնարկով մը կը յիշենք հին ու նոր Ղեւոնդ Երէցները, հին ու նոր Վարդանները, հին ու նոր Վռամշապուհ  արքաները, եւ հին ու նոր յաղթանակները, որոնք կը պարտաւորեցնեն, որպէսզի մենք այսօր ըլլանք՝

ա.- Հաւատարիմ քաղաքացին Հայաստանի Հանրապետութեան,

բ.- Օրինապահ քաղաքացին մեր ապրած երկրին,

գ.- Նուիրեալ զինուորը հայոց բանակին,

դ.- Եկեղեցանուէր բարեպաշտը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ, եւ՝

ե.- Կրողն ու շարունակողը Մեսրոպեան փառապանծ Այբուբենին։

***

Սոսկ բառեր ըլլալէ դուրս պէտք է գան այս տողերը, որպէսզի ձեւ ու մարմին ստանան, մուտք գործեն մեր տուներէն ներս, մեր հոգիներէն, մեր սրտերէն ներս, ընդունելու այն ճշմարտութիւնը, որ առանց հող-հայրենիքի, առանց հաւատք-քրիստոնէութեան եւ առանց լեզու-հայերէնի չի՛ք հայութիւն։

Համաշխարհային հսկայական տագնապ է լեզու կորսնցնելու խնդիրը այս դարուն։ Անգլերէնի տիրապետութիւնը կեռակապերու ընկերային ցանցերէ ներս, ետ կը մղէ հարիւրաւոր լեզուներ, որոնց մէջ մեր հայերէնին տարբեր ճակատագիր չի սպառնար, քան՝ դանդաղ նահանջը։ Այս տողերը կը գրուին Հայաստանի մէջ մայրենի լեզուն՝ հայերէնը պահելու ճիշդ օրը՝ Փետրուար 21-ին։ Որքան ալ հայերէնը տակաւին հաղորդակցութեան առաջին միջոցն է հայութեան միջեւ, կայ հսկայական զանգուած մը հայութեան, որ այսօր ռուսերէնը, ֆրանսերէնը եւ կամ անգլերէնը կը գործածէ իրարու հետ հաղորդակցութեան որպէս գլխաւոր միջոց։ Ցա՛ւ է, բայց նաեւ իրականութիւն է, որմէ չենք կրնար խուսափիլ։ Ճերմակ ջարդը կը գործը կը տեսնէ, սակայն բարեբախտաբար, կայ նաեւ հայախօսներու բանակ մը տակաւին… Հայաստանէն դուրս նաեւ. անոնք մեր յոյսն են, ներկան եւ ապագան։

Փա՜ռք ու պատիւ Վարդաններուն, Մեսրոպներուն, Վռամշապուհ արքաներուն եւ հայութեան, որոնց շնորհիւ «կա՛նք, պիտի լինենք, ու դեռ շատանանք»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ