Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Յիշատակի օր եւ ոգեկոչում՝ նուիրուած Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան բարերար եղբայրներուն. Կիրակի, 15 Յունուար 2017

Աշխարհասփիւռ մելգոնեանցիներու համար տասնամեակներէ ի վեր գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով հաւաքուիլ եկեղեցւոյ սուրբ կամարներուն տակ  իրենց յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրքը մատուցելու Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան բարերար եղբայրներուն անթառամ յիշատակին եւ աղօթելու անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար:

            Կիրակի, 15 Յունուար 2017-ին Մելգոնեան Սանուց Միութեան հրաւէրին ընդառաջելով՝ աւելի քան երկու հարիւր մելգոնեանցիներ եւ հիւրեր հաւաքուած էին Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: Օրուան պատարագիչը՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Սարգիս աւագ քահանայ Փեթոյեան, խորան հրաւիրեց Դոկտ. Տէր Զաւէն աւագ քահանայ Արզումանեանը՝ ներկայ հաւատացեալներուն տալու իր պատգամը: Տէր Զաւէն իր քարոզը յատկացուց առաւելաբար Մելգոնեան բարերար եղբայրներուն թողած անգնահատելի աւանդին եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան առաքելութեան, որ տասնամեակներ շարունակ դաստիարակելով նորահաս հայ սերունդներ՝ զանոնք պատրաստած էր ազգային ծառայութեան նուիրական գործին: Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն նուիրուած՝ Մելգոնեան բարերար եղբայրներուն: Հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրուեցաւ նաեւ նորօք հանգուցեալ Մելգոնեան Սանուց Միութեան նուիրեալ գործիչ Զոհրապ Շամմասեանի եւ մելգոնեանցի մտաւորական ու վաստակաւոր գիտաշխատող Բարսեղ Թուղլաճեանի հոգիներուն համար:

Ապա, մելգոնեանցիներն ու հիւրերը ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահը, մասնակցելու համար հոգեճաշին եւ անոր յաջորդող հանդիսութեան: Յայտագիրը սկիզբ առաւ Մելգոնեանի քայլերգին խմբային երգեցողութեամբ: Հանդիսավար Ասպետ Փողարեան (1980-ի շրջանաւարտ) իր բարիգալուստի եւ բացման խօսքին մէջ արտայայտեց իր եւ բոլոր մելգոնեանցի սաներու երախտագիտական խոր զգացումները հանդէպ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան, որ տարիներ շարունակ ծառայած էր որպէս ապահով երդիք ու հարազատ տուն բազմահարիւր հայ պարման-պարմանուհիներու, եւ անոնց ջամբած՝  ազգային դաստիարակութիւն ու բարձրորակ ուսում, պատրաստելով զանոնք համալսարանական բարձրագոյն ուսման մարտահրաւէրներուն:

            Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր «Մելգոնեան Սանուց եւ Բարեկամներ» միութեան ատենապետ Ռաֆֆի Ցնծալեանը (1974-ի շրջանաւարտ): Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ Մելգոնեանէն շրջանաւարտ եւ թերաւարտ սերունդներ մինչեւ այսօր ամուր կը պահեն Մելգոնեանի աւանդը իրենց սիրտերուն մէջ, եւ թէ՝ անոր  փակումէն ե՛տք իսկ Մելգոնեանը տակաւին կը շարունակէ ապրիլ իր սաներուն հոգիներուն մէջ: Մելգոնեանցիներու հաստատ համոզումն է, որ համաշխարհայնացումի (globalization) այս դարուն, եթէ տակաւին կը հաւատանք հայ ինքնութեան պահպանման, պէտք է պայքարինք կանգուն պահելու մեր դպրոցները, որպէսզի կարենանք պահպանել մեր մայրենի լեզուն, մշակութային ժառանգութիւնը եւ տոհմային արժէքները որպէս երաշխիք մեր ազգային կեանքի գոյատեւման՝ սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ: 

            Մելգոնեան եղբայրներուն յիշատակի ոգեկոչման այս հանդիսութիւնը յարմար առիթ մըն էր նաեւ նշելու հանգուցեալ Զոհրապ Շամմասեանի քառասունքը, եւ յետ մահու յարգանքի տուրք մատուցելու անոր՝ իր  նուիրեալ ծառայութիւններուն համար: Այդ առիթով պատրաստուած էր սահիկներու ցուցադրութիւն մը:

            Սարգիս Պուքիւճեան եւ Կոնսդանդին Կոլովին, ջութակի եւ թաւ ջութակի (cello) նուագակցութեամբ (duet) հրամցուցին դասական ու ժողովրդական մեղեդիներու գեղեցիկ փունջ մը: 

          Պուլկարահայ երաժիշտ եւ ջութակահար Կարօ Պալթայեան ջութակի վրայ կատարեց երկու մենանուագներ.- «Մելամաղձոտ պոէմա»  (Melancholic Poem) որ ինք յօրինած էր եւ զայն նուիրած՝ Զոհրապ Շամմասեանի յիշատակին, եւ՝ Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Էքսփրոմբթ» (Exprompt) կտորը, արժանանալով ունկնդիրներու ջերմ գնահատանքին:

            Մելգոնեանցի արհեստավարժ երգիչ եւ յօրինող Ճոն Վարդօ (Jon Varto) հրամցուց գողտրիկ փունջ մը իր հեղինակած երգերէն, կիթառի վրայ նուագելով ու միաժամանակ երգելով:

            Սարին Ճապրայեան (մելգոնեանցի Անժէլ Ճապրայեան-Միսիսեանի եղբօր աղջիկը) մեներգեց Կոմիտասի «Կռունկ»-ը եւ «Քելէ-քելէ»-ն, եւ իր քնքուշ ձայնով տպաւորեց ունկնդիրները:

            Մելգոնեանցի Յակոբ Հայրապետեան (1989) ապրումով ասմունքեց հայրենի տաղանդաւոր բանաստեղծուհի Մարօ Մարգարեանի «Մելգոնեանցի ազնիւ սաներ» քերթուածը, որ ձօնուած էր մելգոնեանցի սաներուն:

            Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վաստակաւոր կրթական մշակ եւ երկարամեայ տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանը (1966), որպէսզի թարգմանը հանդիսանար բոլոր մելգոնեանցիներուն՝ յարգելու համար յիշատակը մեզմէ յաւէտ բաժնուած Զոհրապ Շամմասեանին: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց Զոհրապին մասնակցութիւնը Քալիֆորնիոյ կարգ մը հայկական վարժարաններու հիմնադրման ճիգերուն, ինչպէս՝ Ֆերահեան, Ալեք Փիլիպոս եւ Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարաններուն, որոնց ծառայած էր նաեւ որպէս հոգաբարձական կազմի անդամ: Ապա ան նկարագրեց Զոհրապի նուիրեալ ու եռանդուն ծառայութիւնը ի խնդիր իր մայր կրթարանին՝ Մելգոնեան Հաստատութեան գոյատեւման, եւ ապա անոր փակումէն ետք՝ Մելգոնեանի կրթական առաքելութեան վերահաստատման:  Զոհրապ ամբողջական նուիրումով ծառայեց Մելգոնեան Սանուց Միութեան մշակած ծրագիրներու իրականացման, անձեռնմխելի հիմնադրամի հաստատման, նիւթական հանգանակութիւններուն եւ այլն: Նախաձեռնողի եւ առաջնորդողի իր նկարագրով, անուշ լեզուով եւ համոզիչ խօսքերով ան յաճախ կը յաջողէր գրաւել սիրտերը իր վարչական ընկերներուն, միշտ իր անկեղծ գնահատանքը արտայայտելով անոնց աշխատանքներուն եւ իրագործումներուն:

            Հանդիսութեան ներկայ էին Զոհրապի ընտանեկան պարագաները,  անոր տիկինը՝ Անահիտը, զաւակները՝ Մայքն ու Սիլվան, ինչպէս նաեւ անոր թոռնիկներն ու կարգ մը այլ հարազատներ: Ընտանիքին կողմէ խօսք առաւ Զոհրապին տղան՝ Մայքը, որ դիպուկ կերպով նկարագրեց իր հօր ազնիւ, հոգածու ու մարդկայնական գիծերը, պատմելով հաճելի դրուագներ անոր կեանքէն:

            Յայտագրին եզրափակիչ մասին մէջ ներկաներուն հրամցուեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն մը, որ կը ներկայացնէր անցեալ ամրան մելգոնեանցիներու համախմբումը Կիպրոսի մէջ, 14-22 Յուլիս 2016-ին, Մելգոնեանի  90-ամեակի տօնախմբութեան առիթով: Տեսաերիզը պատրաստուած էր Արսինէ Շիրվանեանի նախաձեռնութեամբ, որ մղիչ ուժն ու գլխաւոր կազմակերպիչն էր Կիպրոսի մէջ կայացած ընդհանուր հաւաքին: Նկարներու ցուցադրութենէն ետք video-ն ցոյց տուաւ Արսինէ Շիրվանեանին ձայնագրուած պատգամը, որուն մէջ ան կ’առաջադրէր ստեղծել շարժում մը, “Melkonian Global Overture” անուան տակ, որուն նպատակը պիտի ըլլար յաւերժացնել Մելգոնեան բարերարներու աւանդը եւ շարունակել անոնց գործը, պահպանելու համար մեր ինքնութիւնը  եւ միաժամանակ քայլ պահելու դարուս արդիական զարգացումներուն հետ:

            Տարբեր սերունդներու մելգոնեանցիներ, հաւատարիմ՝ նուիրագործուած գեղեցիկ աւանդութեան, առիթը ունեցան դարձեալ իրենց յարգանքի ու երախտագիտութեան տուրքը մատուցելու ազգային անզուգական բարերարներ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներուն անթառամ յիշատակին, միաժամանակ վերստին հաղորդուելու Մելգոնեանի քաղցր յուշերով եւ ամրապնդելու իրենց վաղեմի բարեկամութեան կապերը: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ