Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներուն՝ Իրան նախապատուութիւնը կու տայ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաւատ Զարիֆը Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովին ըսած է, որ իր երկիրը կը մերժէ սպառնալիքներու եւ պարտադրանքներու քաղաքականութիւնը եւ նախապատուութիւնը կու տայ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու վրայ հիմնուած դիւանագիտական համաձայնութիւններու։

Այդպիսով Զարիֆ արձագանգած եղաւ միջ-մայրցամաքային հրթիռներ փորձարկելու գծով Իրանը ուշադրութեան տակ դնելու Միացեալ Նահանգներու  նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութեան։

«Մենք չենք ենթարկուիր պարտադրանքներու, մենք չենք ենթարկուիր սպառնալիքի, բայց մենք դրականօրէն կ՚արձագանգենք փոխադարձ յարգանքին», ըսած է Զարիֆ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ