Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Երուսաղէմի Պատրիարքին այցը Իսթանպուլ

Չպղտորենք մթնոլորտը. ամէն մարդ իր տան բակի մաքրութեամբ զբաղելու է 

 

            Վերջին երկուքուկէս տարիներու ընթացքին Ամենապատիւ Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի հրաւէրով իմ ունակութիւններս փորձեցի ի սպաս դնել Սրբոց Յակոբեանց Մայրավանքէն ներս մասնաւորապէս։ Այս ընթացքին փորձեցի նաեւ օգտակար հանդիսանալ փոքրաթիւ, բայց տակաւին բաբախուն Սաղիմահայութեան։ (*)

            Որպէս Պատրիարք Հօր խորհրդականներէն մին, «Սիոն» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Ժառանգաւորաց վարժարանի արեւմտահայերէնի եւ սփիւռքագիտութեան դասախօս, նաեւ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի աւարտական դասարանի հայերէնի ուսուցիչ, բաւական քաջածանօթ դարձայ Միաբանութիւնն ու յատկապէս Պատրիարք Հայրը յուզող ու մտահոգող հարցերուն։

            Այս ընթացքին նկատեցի եւ լուրջ վերլուծման ենթարկեցի Միաբանութիւնն ու առհասարակ մեր նօսրացող (աւա՜ղ) համայնքի դժուարութիւններ պատճառները, որոնք արդիւնք են արտաքին (պետական, յարանուանական) եւ ներգաղութային հակասութիւններու եւ ճնշումներու։

            Երուսաղէմի Ս. Աթոռին համար նորութիւն չեն այս դժուարութիւնները հիմնադրման օրէն, այսինքն Ե.-Զ. դարերէն սկսեալ։ Անբնական երեւոյթ մը պէտք չէ նկատել սա՝ նկատի առնելով Միջին Արեւելքի յարափոփոխ ռազմա-քաղաքական հոլովոյթներն ու անցուդարձերը։ Սակայն շնորհիւ դարերու ընթացքին յայտնուած իմաստուն առաջնորդներու Մայր Աթոռը կրցած է ՄԵԾ ԶՈՀՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ու ԽՈՀԵՄ քայլերով ընդունիլ մարտահրաւէրները եւ շատ յաճախ յաղթական դուրս գալ ժամանակի փորձանքներու եւ փորձութիւններու ընդմէջէն։

            Երուսաղէմի հայապատկան տարածութիւնը եւ այլ սրբավայրերը միշտ ալ գտնուած են մեզ շրջապատող քաղաքական եւ կրօնական այլ յարանուանութիւններու  եւ շահերու ուշադրութեան կեդրոնը. մեզ շրջապատող զանազան ուժերը աջալրջօրէն հետեւած են ու սպասած յարմար առիթներու «բան մը պոկելու» մեր անցեալի հաւատացեալներու, իշխան-իշխանուհիներու եւ արքաներու ջանքերով ճոխացած կալուածներէն։ Հաւատացեալ հայուն համար Երուսաղէմ երթալով Քրիստոսի ծննդեան Այրին մէջ ու պատանքաքարի վրայ աղօթք մրմնջելը, ապա Սրբոց Յակոբեանց Տաճարի կամարներուն տակ իր քրիստոնէական ուխտը նորոգելէ ետք «մահտեսի» ըլլալը եղած է կեանքի գերագոյն երազանք։

            Մայրավանքի պահպանութեան ու գոյատեւման համար հաւատացեալ հայութիւնը տուած է իր սիրտէն ու հոգիէն, նիւթական աղբիւրներէն,– ամէն մէկը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ,– արեւելքէն սկսելով Ղարաբաղի Մելիքներէն մինչեւ Պոլիս, Ամսթերտամ, Մոսկուա, Կեսարիա, Սեբաստիա, Եդեսիա, այլեւ մինչեւ Լիզպոն (Կիւլպէնկեաններ) ու Եգիպտոս Մելգոնեան եղբայրներ, ԱՄՆ (Ալեք եւ Մարի Մանուկեան)։ Նուիրատուութիւններուն (կտակ) մէջ զգալի տեղ կը գրաւեն կալուածներ, տուներ եւ այլ անշարժ ստացուածքներ։

            Փառք ու պատիւ յայտնի ու անյայտ մեր նուիրատուներուն։

***

            Մեր արխիւային արձանագրութիւնները կը վկայեն, թէ Արեւմտահայութիւնը Օսմանեան կայսրութեան շրջանին, Արաքսի ափերէն մինչեւ Պոլիս, Իզմիր, Կուտինա (Քէօթահիա) եւ յարակից հայաբնակ բնակավայրեր, մասնայատուկ երկիւղածութեամբ գուրգուրանք ցուցաբերած են մեր սրբավայրերու հանդէպ, կալուածներ եւ այլ սրբազան անօթներ նուիրած են Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան, որպէսզի կանգուն մնայ Ս. Յակոբայ Աթոռը։ Եւ մենք հպարտ պէտք է զգանք, որ քանի մը միլիոն հայութիւն հաւասարէ հաւասար իրաւունքներ ունի Սուրբ Տեղեաց մէջ։

            Ինչպէս վերը նշեցինք արդէն, այսօրուան Թուրքիոյ հանրապետութեան տարածքին մէջ կը գտնուին Երուսաղէմի Միաբանութեան նուիրուած կալուածներ (կտակներ), որոնց դրամական արժէքը եթէ աստղաբաշխական չէ, արհամարհելի ալ չէ։ Խօսքը միլիոններու մասին է։ Վերջին հարիւրամեակին Թուրքիոյ տարածքին մենք ականատեսը եղած ենք (բայց գրեթէ ոչինչ կրցած ենք ընել) այն տխուր իրականութեան, ուր հայկական սրբավայրեր զոհ գացած են հանրային շինարարական ծրագրերու (ճամբաներ, հանրային պարտէզներ եւ այլն), մեր աչքին առջեւ անոնք վերածուած են հանրային ծառայութեանց շէնքերու, թանգարաններու եւ մեծաւ մասամբ մզկիթներու, եւ այսպէս աւելի քան երկու հազար հայկական սրբավայրեր։(**) Ոչ-ամբողջական ցանկը կայ դաժան ճակատագրի ու կանխամտածուած աւերածութիւններու զոհ գացած բազմաթիւ եկեղեցիներու, վանքերու (ինչպէս Խծկոնքի հինգ հոյակերտ եկեղեցիներէն չորսը, Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետը…), գերեզմանատուներու եւ այլն։ Բացի այդ հազարաւոր հայապատկան տուներ, այգիներ ու սեփականութիւններ իւրացուած են կամ ատենին էժանագին գիներով վաճառուած են թուրքերու, եւ քիւրտերու իբրեւ «անտէր» կալուածներ։

            Վերջին տասնամեակին նպաստաւոր հով մը առիթ տուաւ, որ անհատ հայեր, հայկական կազմակերպութիւններ, երեք յարանուանութեանց պատկանող հայկական եկեղեցական հաստատութիւններ հանդէս գան կալուածային պահանջատիրութեամբ. բան մը, որ  Բ. Համաշխարհային Պատերազմէն անմիջապէս ետք համաշխարհային Հրէութիւնն ու Իսրայէլի պետութիւնը յաջողապէս կրցան գլուխ հանել Եւրոպայի մէջ։ Տողերուս հեղինակը տեղեակ է նաեւ, թէ հրեաները սկսած են նաեւ փնտռել ու ցուցակագրել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող սինակոկներն ու գերեզմանները։

            Վերջին տարիներուն Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը եւ անոր գահակալը նոյնպէս մասնաւոր հետաքրքրութիւն սկսան ցոյց տալ Միաբանութեան կտակուած կալուածներու հանդէպ։ Պատրիարքութիւնը սկսաւ ներկայանալ արդար պահանջատէրի հանգամանքով, որ ամբողջովին կը համապատասխանէ միջազգային օրէնքներուն եւ տրամադրութեանց։ Հետեւաբար ո՛չ թէ զարմանալի այլեւ ողջունելի պէտք է նկատել կատարուած սկզբնական ջանքերը, որոնք կը միտին արդարութեան վերականգնումին։ Խօսքը միլիոններու մասին է, թէ քանի՞ միլիոն, ոչ ոք կրնայ այժմէն յստակ թիւ մը տալ։ Եւ որովհետեւ մեծ գումարներու մասին կը խօսուի, միանգամայն հասկնալի պէտք է ըլլայ, որ նման պարագաներու աւելի լաւ կ՚ըլլայ քիչ խօսիլ, խելամտօրէն աշխատիլ, ցոյց տալ գաղտնապահութիւն՝ միշտ ի մտի ունենալով որ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը կը գտնուի աշխարհի զգայուն մէկ տարածաշրջանին մէջ, ուր տակաւին չէ մարած Հրեաստան-Պաղեստին հակամարտութեան կրակը եւ ուր ներկայի իշխանութիւնները ուշի ուշով կը հետեւին մեր իւրաքանչիւր շարժումին ու կը փնտռեն խոցելի կէտեր։

            Գաղտնապահութիւն կը պահանջուի նաեւ այն պատճառով, որ մենք գործ ունինք քաղաքական բախումներու մէջ եռեւեփող Թուրքիոյ հետ, ուր հակամարտող կողմերը ցոյց կու տան բաւական անզիջող դիրքորոշում իրարու հանդէպ։ Իրերու այս կացութեան լոյսին տակ ինծի համար քիչ մը տարօրինակ կը հնչեն Իսթանպուլի «Ժամանակ»ին մէջ սեւով ճերմակի վրայ տպուած խօսքերը. «Սա (այցելութիւնը – Մ.Գ.) Երուսաղէմի Պատրիարքին հերթական անպաշտօն ու առեղծուածային (ընդգծումը մերն է) այցելութիւնն է» (Ուրբաթ, 17 Փետրուար 2017)։ Ի՞նչ «առեղծուածային»ի մասին է խօսքը։ Ո՞ր հիմնարկութիւնը կամ հաստատութիւնը նման պարագաներուն տհոլ-զուռնայով արար աշխարհին պիտի յայտարարէր, թէ գիտէ՞ք մենք հոս եկած ենք…եւ այլն, եւ այլն։ Որքան մենք տեղեակ ենք, այսպիսի գործերու եւ պահանջքներու պարագային կը վարձուին փաստաբանական գրասենեակներ,– տեղական կամ միջազգային,– որոնք կ՚ուսումնասիրեն բոլոր օրէնքները եւ յօդուածները, ապա հայցը կը տարուի դատարան։ Որեւէ պահանջք ունեցող կողմ,– մանաւանդ մեծ գումարներու հասնող,– բնականաբար պիտի վարուէր ողջախոհութեամբ, համբերատարութեամբ, այո՛, եթէ պէտք է՝ գաղտնապահութեամբ, որպէսզի չխանգարուի գործը։

            Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնն ալ ճիշդ այդպէս վարուած է։

            Երանի՜ թէ «Ժամանակ»ի մէջ տպուած տոմսակը բաւարարուէր այսքանով եւ մենք ալ մեր պատասխան կարծիքն ու մեկնաբանութիւնը աւարտէինք հոս։ Մեր քով մեծ յարգանք վայելող պոլսահայ թերթը կը շօշափէ Պատրիարք Հօր իջեւանած պանդոկի պարագան՝ գրելով. «Բայց եւ այնպէս, աշխատանքային տրամադրութեան եւ նպատակներու տեսակէտէ ծայր աստիճան կասկածայարոյց կը համարուի անոր (Անոր) Վոսփորի եւրոպական ափի ծովեզերեայ գեղատեսիլ պանդոկներէն մէկուն մէջ իջեւանիլը։ Աւելորդ է նշել, որ այդ պանդոկներուն մէջ իջեւանիլը կ՚արժէ շատ սուղ, իսկ Նուրհան Պատրիարք իր այդ նախընտրութիւնով ինքնին շուքի տակ կը թողու այցելութեան աշխատանքային բնոյթը»։

            «Կասկածայարո՞յց», «շուքի տակ թողուլ աշխատանքային բնո՞յթը»։ Եթէ դաւադրութեան վարկածին հաւատանք (conspiracy theory), կրնանք կորսուիլ ու շեղիլ մեր ըսել ուզածէն։ Ենթադրենք թէ «մութին մէջ բան մը» կատարելու նպատակով «շատ սուղ» պանդոկ մը իջեւանիլ նախընտրած է Պատրիարքը, բայց չէ՞ որ «մութին մէջ» կատարուելիք բաները կրնային չորս կամ հինգ աստղանի պանդոկներու մէջ ալ կատարուիլ։

            Բնականաբար Պատրիարք Հայրը իր առաքելութեան ճամբուն վրայ պէտք է տեսակցութիւններ ու հանդիպումներ ունենայ արհեստավարժ անձերու հետ, որոնք կրնան ըլլալ դատական մարզէն կամ պետական կառոյցներէն ներկայացուցիչներ։ Աշխարհի մէջ ամէն տեղ այսպէս կ՚ընթանան գործարքները։ «Կասկածայարոյց». չէ՞ք կարծեր, թէ այս բառը կը պղտորէ մարդոց միտքերը եւ հասարակութեան մէջ անբարեացակամ տրամադրութիւններ կը ստեղծէ մեր նուիրապետական աթոռներէն մէկուն շուրջ։

            Պահ մը կը փորձուիմ մտածել, թէ մի գուցէ ակնարկութիւն մը կը կատարուի հաշուետուութեան ու համարատուութեան մասին։ Երանի՜ թէ ըլլար այն գերագոյն ազգային մարմինը, որուն համարատու ըլլայինք ԲՈԼՈՐՍ ԱԶԳՈՎԻՆ, Հայաստանեայց Եկեղեցին իր երեք նուիրապետական աթոռներով, մեր քաղաքական կազմակերպութիւնները, բարեսիրական միութիւնները, կրթական ու մշակութային հաստատութիւնները եւ առհասարակ սփիւռքի թէ հայրենիքի կառոյցները։ Չենք ունեցած, չունինք եւ եթէ այսպէս շարունակենք՝ գեղեցիկ երազ մը պիտի մնայ այդ մարմինը դեռ երկար ժամանակ։

            Եկէք ամէն մէկս մեր տան բակի մաքրութեամբ զբաղինք։

 

Լոս Անճելըս, 22 Փետրուար 2017

 

(*) Առ ի տեղեկութիւն յայտնեմ, թէ 28 Դեկտեմբեր 2016-էն սկսեալ կարգ մը պաշտօններէս դադրած եմ անձնական պատճառներով, բայց կը շարունակեմ Միաբանութեան «Սիոն» պարբերաթերթի հրատարակութիւնը Լոս Անճելըսէն։

(**) Թուեմ քանի մը սրբատեղիներ. Թաքսիմի հրապարակի (Իսթանպուլ) հայկական գերեզմանատունը, Այնթապի Ս. Աստուածածին տաճարը, Կեսարիոյ Ս. Աստուածածինը (վերածուածմարզարանի, fitness center), Էւէրէկի Ս. Թորոս գեղակերտ եկեղեցին, եւ այլն)։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ