Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ երկդիմի քաղաքականութիւնը «Ճիհատիսթ»ներու նկատմամբ. Խմբագրական «Էլ-Մոնիթըր»ի

Ճնշումի քաղաքականութիւն հանրաքուէի նախօրեակին

 

Փետրուար 9-ի անմիջական նախօրեակին, թուրք ոստիկանութիւնը ձերբակալեց ահաբեկութեան գործով չորս կասկածելի անձեր, ու բռնագրաւեց պայթուցիկներ եւ «ինքնասպանութեան գօտիներ» (suicide belts) թաքստոցէ մը, CIA-ի վարիչ-տնօրէն Մայք Փոմփէոյի պաշտօնական բանակցութեան համար Պոլիս ժամանումէն անմիջապէս առաջ։

Վերոյիշեալ ձերբակալութիւնները մաս կը կազմեն ապահովական ընդարձակ նախաձեռնութեան Սալաֆի եւ ահաբեկչական այլ ցանցերու դէմ։ Փետրուար 5-6-ին, Թուրքիոյ 20 քաղաքներու մէջ, ձերբակալուեցան ԻՍԻՍ-ի 820 ենթադրեալ համակիրներ ու գործիչներ։ Արդարեւ, 2016-ի ընթացքին թրքական ոստիկանութիւնը կալանաւորած եւ ամբաստանած է 2,936 հոգիներ՝ Սալաֆիի հետեւորդ կամ ահաբեկիչ։

Ըստ Մեթին Կուրճանի «գլխաւոր պատճառաբանութիւն»ը յիշեալ նախաձեռնութեանց «Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական մթնոլորտն է, որ նախապատրաստութիւնն է յառաջիկայ Ապրիլին տեղի ունենալիք հանրաքուէին, որ նպատակադրուած է լայնօրէն ընդարձակելու նախագահական իշխանութիւնը։ AKP-ի կառավարութիւնը խորապէս գիտակից է  Իսթանպուլի գիշերային ակումբին վրայ նոր տարուան սեմին գործուած ահաբեկչական արարքին։ Այս յարձակումը սարսափեցուց թուրք ժողովուրդը այդ կազմակերպութեան յետագայի ալ ահաբեկչական կարելիութիւններով։ Կառավարութիւնը ծանրօրէն ամբաստանեց երկրին գաղտնի կազմակերպութեանց թերութիւնները։ Սալաֆիական յիշեալ նախաձեռնութիւնները աւելի եւս պիտի սարսափեցնեն հանրութիւնը ու տկարացնեն կառավարութիւնը, նպաստելով ժխտական քուէներու թիւի յաւելումին»։

Թրքական պետութեան նպատակային հեռանկարները բարդացած են բարեկամ-թշնամի ճիհատիսթներու հանդէպ։ Այլ խօսքով, կան Ճեպհէթ Ֆեթըհ Էլ-Շամ (ճանչցուած իբրեւ Ճեպհէթ Էլ-Նուսրա), Ալ-Քաիտայի սուրիական զօրաւոր գործակիցը, ինչպէս նաեւ՝ «չափաւորական» սուրիական զինեալ խումբերը, որոնց ուղղակի թիկունք կը կանգնէր Թուրքիա։

Ըստ Կուրճանի, «Թուրքիոյ դժուարագոյն մարտահրաւէրը, ճիհատիսթ շարժումին հանդէպ Սուրիոյ մէջ, դիրքորոշուիլ է ո՛չ թէ անոր ղեկավարութեան դէմ, այլ՝ անոր հետեւորդ զինեալներուն, որոնք հետեւողականօրէն կը փոխեն իրենց պատկանելիութիւնը (affiliation)։ Օրինակի համար, Ապտուլքատիր Մաշարիփով, որ ընդգրկուած է Իսթանպուլի գիշերային ակումբի ահաբեկումին մէջ, նախապէս մաս կը կազմէր «չափաւորական» զինեալ խումբերու։ Եթէ լրջօրէն ուսումնասիրենք  անցեալը սալաֆիսթ հետեւակ զինուորներու – յատկապէս՝ Կեդրոնական Ասիայէն, ույկուր կամ ռուս – պիտի տեսնենք թէ անոնք շփման մէջ գտնուած են ԻՍԻՍ-ի, Ճեպհէթ Ֆեթըհ Էլ-Շամի, ու չափաւորական խմբաւորումներու հետ։ Այս երեւոյթը դժուար է հակակշռել»։ Օրինակի համար, Անքարա ինչպէ՞ս պիտի վստահի ասիացի կամ ույկուր զինեալի մը, որ ներկայիս Սուրիոյ մէջ կը գործէ Սուլթան Մուրատի կիսաբաժնին (brigade) մէջ, թուրք զինուորներու կողքին։ Մինչդեռ անոնք նախապէս ծառայած էին Ճեպհէթ Ֆաթըհ Էլ-Շամի, ու նոյնիսկ՝ ԻՍԻՍ-ի հետ։ Այս վերջինը կրնա՞ր համոզել յիշեալ «չափաւորական» զինեալները, որոնք ազատ մուտք ունէին դէպի Թուրքիա, հոն ահաբեկումներ կատարելու համար»։

Թուրքիա լուսանցքային դիրքի վրայ Սուրիոյ մէջ

 

Փետրուարին, նախագահներ Տ. Թրամփի ու Ռ. Էրտողանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդագրութենէն երկու օր ետք, Մայք Փոմփէոյի անդրանիկ պաշտօնական այցելութիւնը Թուրքիա որոշ փողահարութեամբ դիմաւորուեցաւ։ Թէեւ փոխադարձ յիշեալ խօսակցութեան մեկնաբանութիւնը անորոշ էր, թրքական պաշտօնական աղբիւրները յայտնեցին, թէ երկու նախագահները համաձայնած էին միացեալ պայքար տանելու ԻՍԻՍ-ի դէմ, Ռաքքայի եւ Էլ-Պապի մէջ։ Մ. Նահանգներ, ցարդ, գրեթէ լիովին վստահած էին Սուրիոյ Տեմոքրաթական Ուժերուն (SDF), Ռաքքայի վրայ առաջին յարձակումներու ատեն։ Այդ զօրքերը բաղկացած էին գլխաւորաբար սուրիացի քիւրտ միաւորներէ (Kurdish People’s Protection Units YPG)։ Թուրքիա կը պնդէ, որ Մ. Նահանգներ դադրեցնեն իրենց նեցուկը YPG-ին, որ Թուրքիոյ կողմէ նկատուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը, եւ որ կապուած է Թուրքիոյ Բանուորական Կուսակցութեան (PKK), որ համազօր կը նկատուի ԻՍԻՍ-ի։

Համաձայն լրագրող Սեմիհ Իտիզի, Թուրքիա յուսահատած է, երթալով աւելի առանձնակի մնացած ըլլալուն համար։ «Անքարա խորապէս վրդովուած է Թրամփի առաջարկով՝ ապահով շրջաններ ստեղծելու Սուրիոյ մէջ, հակառակ որ Թուրքիա երկար ատենէ իվեր կոչ ըրած է նման գօտիի մը ստեղծման համար հիւսիսային Սուրիոյ մէջ (թրքական հարաւային սահմաններու երկայնքին)։ Ըստ Իտիզի, «ոմանք Թրամփի առաջարկը կը նկատեն քիւրտերուն սեփական շրջան մը շնորհելու նախերգանքը»։

Անքարա դժգոհ է նաեւ Մոսկուայի առաջարկով, որ ինքնավարութիւն կ՚առաջարկէ սուրիացի քիւրտերուն Միացեալ Սուրիոյ մէջ։ Համաձայն Իտիզի, «Անքարա աւելի եւս պաշտպանողական դիրքի վրայ է այս օրերուն քան՝ անցեալին, ռուսական եւ ամերիկեան ծրագիրներուն նկատմամբ Սուրիոյ հարցով։ Թէեւ այնպէս կը տեսնուի, որ մօտէն կը գործակցի Մոսկուայի հետ, եւ Ուաշինկթընի հանդէպ եռալու աստիճանի չէ հասած իր բարկութիւնը», յանգելու համար դիւանագիտական տագնապի մը երկու երկիրներուն միջեւ…։ Շարունակելով անկարողութիւնը՝ փոփոխութեան ենթարկելու համար դէպքերու ընթացքը Սուրիոյ մէջ, դիւանագէտներ վախ կը յայտնեն, որ Անքարա որոշած է, փոխանակ դրական ու գործօն կեցուածք որդեգրելու, հակազդեցիկ ու խափանիչ դեր մը խաղալ սուրիական բանակցութեանց ընթացքին։

 

Սուրիացի քիւրտերը կողմնակից դաշնակցային դրութեան

 

Ղազի Այնթապէն լրագրող Ամէտ Տիճլէ կը հաղորդէ. «Այս հանգրուանին, սուրիացի քիւրտ խմբաւորումները նկատի ունին զինուորական արշաւանք մը Ռաքքայի վրայ, ու միաժամանակ, յետ պատերազմի, դաշնակցային դրութեան մը հաստատումը Սուրիոյ մէջ։ Արդարեւ, Ռաքքան հիւսիսային Սուրիոյ ու Ռոճավայի միակ օրակարգը չէ։ Այս շրջանի քիւրտերը մօտէն կըմ հետեւին Ասթանայի ու Ժընեւի բանակցութիւններուն։ Օրակարգի վրայ է Ռուսաստանի կողմէ ներկայացուած սահմանադրութեան մը նախագիծը, որ ո՛չ վաերացուած է եւ ո՛չ ալ մերժուած, այլ՝ ենթակայ խորհրդակցութեանց։ Ան կը նկատուի իբրեւ անբաւարար առաջին քայլ մը, նկատի առնուելու համար միջազգային ուժերուն կողմէ։ Ասթանայի ու Ժընեւի հանդիպումները տակաւին եզրակացութեան մը չեն յանգած։ Այս առաջին քայլով Ռուսիա ինքնավարութիւն կ՚առաջարկէ քիւրտերուն համար, որոնք կը խորհին թէ իրենց հարցը լուծուած չ՚ըլլար ինքնավարութեամբ, այլ՝ ժողովրդավարական ու դաշնակցային դրութեամբ Սուրիոյ մէջ։ Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած սահմանադրութեան մէջ նկատի չեն առնուած այլ փոքրամասնութիւններ, ու դաւանանքներ անտեսուած են։ Կարեւոր է, որ այս պաշտօնագրով, առաջին անգամ ըլլալով կը յիշատակուին քրտական իրաւունքները։

«Թուրքիա մխրճուած է էլ-Պապի մէջ, եւ անկարող դարձած է կատարելու զինուորական նոր գործողութիւններ։ Այլ խօսքով, բանակին այս նախաձեռնութիւնը ձախողած կը նկատուի։ Անիկա կը յիշեցնէ այլ դէպք մը. Էրտողան Շիպայի շրջանը (Հալէպի հիւսիսը) նուաճեց, տեղացիները հակաքիւրտ զգացումներ ունենալով. միաժամանակ, արգելք հանդիսացաւ, որ քիւրտերը որոշ հանգամանք ձեռք ձգեն Սուրիոյ մէջ։ Նաեւ գրաւեց Ճարապլուսը եւ յարակից շրջաններ ԻՍԻՍ-էն։ Նախ ըսուեցաւ, թէ արգելակ շրջան մը (buffer zone) ստեղծելու համար է, այսինքն Ճարապլուսը ու Տապիքը գրաւելէն ետք, ԻՍԻՍ-ի սահմաններէն 20 քլմ. հեռաւորութեամբ։ Տեղական ուժերը անդրադարձան, թէ Էրտողան այլ նպատակներ կը հետապնդէր։ Այդ պատճառով ալ, էլ-Պապի մէջ Թուրքիոյ դաշնակից սուրիական ազատ բանակը (Free Syrian Army) ինքզինք խաբուած նկատեց Էրտողանէն։ Այս դժգոհութիւնը պիտի բացայայտուի մօտ օրէն։

 

«Էլ-Մոնիթըր», 12 Փետրուար 2017

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ