Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

1531 թեկնածուներ՝ Ազգային Ժողովի Ապրիլ 2-ի ընտրութիւններուն

Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը կը տեղեկացնէ, թէ www.elections.am կայքին վրայ հրապարակուած են Ապրիլ 2-ի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն գրանցուած հինգ կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու չորս դաշինքներու ընտրական ցանկերը։

Գրանցուած է 1531 թեկնածու. մինչեւ գրանցումը ինքնաբացարկ ներկայացուցած է չորս թեկնածու, մէկ թեկնածու մահացած է մինչեւ գրանցուիլը, իսկ երկու թեկնածուներու գրանցումը մերժուած է։

Ստորեւ՝ 5 կուսակցութիւններն ու 4 դաշինքները.

1.- Ազատ Դեմոկրատներ կուսակցութիւն

2.- Ելք դաշինք

3.- Ծառուկեան դաշինք

4.- Կոնգրէս-ՀԺԿ կուսակցութիւններու դաշինք

5.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

6.- Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութիւն

7.- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն

8- Հայկական Վերածնունդ կուսակցութիւն

9.- Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան դաշինք

Նշենք, թէ Եւրոպական Միութիւնը մեծ գումարներ ներդրած է, որպէսզի Ապրիլ 2-ի ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ անցնին աւելի լաւ կազմակերպուած։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ