Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ (95-ԱՄԵԱԿ)

«Երախտաւոր դասախօսներ»

(Դիմաքանդակային հպումներ) 

Հեղինակ՝ ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ, 104 Էջ, Պէյրութ, 2015

 

Ներկայ հատորը իր իսկութեան մէջ կարելի է կոչել նաեւ «Մատեան երախտիքի»: Գիրք մը, որ կը խտացնէ իր մէջ երախտագէտ ուսանողի մը զգացումները հանդէպ իր դասախօսներուն, որոնք հայրենի Պետական Համալսարանի հայոց լեզուի ու գրականութեան բաժանմունքէն ներս պատրաստեցին հայ գիրի, լեզուի ու պատմութեան մասնագէտներու սերունդներ:

Իր սերունդի այն բախտաւոր ուսանողներէն է Պարոյր Աղպաշեան, որուն ուսումնառութեան ու կազմաւորման տարիներուն՝ դրականօրէն մեծ դեր կատարած է նաեւ իր ընտանեկան դաստիարակութիւնը, իր ծնողքէն իրեն ջամբուած հայրենասիրական շունչն ու ոգին: Ան որդին է հանրածանօթ ու վաստակաշատ հրապարակագիր-խմբագիր ու երգիծաբան Յովհաննէս Աղպաշեանի: Իսկ աւելի ուշ, հայրենի պետական համալսարանն ու Երեւանի մշակութային անմիջական մթնոլորտը՝ անշուշտ թէ մեծապէս նպաստեցին իրենց խնամքին յանձնուած ուսանողութեան ամբարած գիտելիքներու զարգացման ընթացքին: Այսպէս, 1960-1990 յատենի հայրենի պետութեան աւանդութիւն դարձած երախտաշատ այս գործը սփիւռքահայ ուսանողութեան մատակարարեց անհրաժեշտ եղող համալսարանական բազմաճիւղ կրթութիւն, որ հիմնովին բարեփոխեց սփիւռքահայութեան ուսումնական եւ հասարակական կեանքը:

Սոյն հատորին հեղինակը 1970-էն իվեր, գիտակից յանձնառութեամբ եւ գործունէութեամբ լծակից եղած է լիբանանահայ մեր ազգային –հասարակական ու կրթական կառոյցներէն ներս: Երկարամեայ պատասխանատու խմբագիրի պաշտօն վարած է ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» ամսագրի եւ ՌԱԿ-ի «Զարթօնք» օրաթերթի, խմբագրակազմի անդամ՝ «Կամար» եւ «Շիրակ» պարբերաթերթերու, աշխատակից՝ «Նոր Օր»ի եւ «Դիտակ»ի եւ «Գեղարդ» համացանցային թերթի: Առաւել՝ եղած է դասախօս ՀԲԸՄ-ի Եր. Հիւսիսեան Հայագիտական Հիմնարկէն եւ Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական բաժինէն ներս: Վարած է նաեւ պատասխանատու եւ պատուակալ բազմաթիւ պաշտօններ հայ եւ օտար մարմիններու մէջ:

Վերջին տասնամեակին, Պ. Աղպաշեան ի լոյս ընծայեց շուրջ տասնեակ մը հատորներ, որոնք ընդգրկեցին իր հրապարակագրական յօդուածներն ու մատենախօսական վերլուծումները: Ներկայ հատորը յետադարձ ակնարկ մըն է՝ ուղղուած Երեւանի Պետական Համալսարանին: Եւ այս՝ երբ կը գտնուինք անոր հիմնադրութեան 100-ամեակի շեմին: Գիրքը կը բացուի հեղինակին յառաջաբանով, որ կ’ուրուագծէ Ե.Պ.Հ.ի Հայոց Լեզուի ու Գրականութեան բաժանմունքի հիմնադրութեան պատմականը: Ապա, իբրեւ ներածական խօսք, իր գրաւոր վկայութիւնը կու տայ նոյն ժամանակահատուածի ուսանող իր ընկերներէն՝ բանասիրական գիտութիւններու Դոկտ. Փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան, այժմ Ե.Պ.Հ. Հայ Գրականութեան ամբիոնի վարիչ եւ Հ.Հ. Գիտութեան վաստակաւոր գործիչ: Ան հանգամանօրէն կը վերլուծէ գիրքին բովանդակութիւնը եւ կ’անդրադառնայ Աղպաշեան երախտագէտ ուսանողի մտայղացումին:

Առաջին բաժինը՝ «ԴԻՄԱՔԱՆԴԱԿՆԵՐ» ունի թիւով քսան երախտաւորներ: Դէմքեր, որոնք 1965-1970 ու յետագայ թուականներուն հայոց լեզուի, գրականագիտութեան ու յարակից բնագաւառներէն ներս արժանաւոր յաջորդներն էին այն ՄԵԾերուն, որոնք 20-րդ դարու առաջին քառորդին հիմներ էին Ե.Պ.Հ.ի բանասիրական գիտութիւններու բաժանմունքը: Հեղինակը կը ներկայացնէ զանոնք մականուններու այբբենական հերթականութեամբ, որ այս պարագային ընդունելի կարգն է, խուսափելու համար անհարկի նախասիրութիւններէ:

Ծանօթանանք անուններուն.-

Էդուարդ Աղայեան, Գառնիկ Անանեան, Մանուէլ Ասատրեան, Սահակ Բազեան, Յովհաննէս Բարսեղեան, Սերգէյ Գալստեան, Գուրգէն Սեւակ (Գրիգորեան), Հրանդ Թամրազեան, Հայկազ Ժամկոչեան, Մկրտիչ (Մկր.) Մկրեան, Մելիք Մելքումեան, Ռուսէթ Յովհաննիսեան, Վաչէ Նալբանդեան, Լեւոն Ներսիսեան, Պաւել Շարաբխանեան, Հրանդ Պետրոսեան, Պօղոս Պօղոսեան, Գէորգ Ջահուկեան, Էդուարդ Ջրբաշեան եւ Աշոտ Սուքիասեան: Այս դիմաքանդակները մեզի կը ներկայանան իրենց մտերիմ յուշերով ու նկարագրի դրական գիծերով: Խիտ եւ ամբողջական:

Երկրորդ բաժինով հեղինակը կ’անդրադառնայ յիշեալ դասախօսներուն կենսագրական գիծերուն ու հրատարակած երկերուն, որոնք կ’ընդգրկեն հայագիտութեան բազմաճիւղ բաժինները: Իսկ լուսանկարները դասախօսներուն եւ «Նկարները կը խօսին» զոյգ բաժինները միասնաբար՝ կու տան բարենիշ մը սոյն հրատարակութեան:

Պարոյր Աղպաշեանի կենսագրութեան հնգամեայ այս շրջանին բնութագրումն է ներկայ հատորեակը: Բազում կոչեցեալներու ընդմէջէն սակաւաթիւ ընտրեալներուն վիճակուած է զգալ, մտածել, գրել ու հրատարակել նման գիրքեր:

Սակայն, անցեալի իր 40-ամեայ ամբողջանուէր ծառայութեան մէջ, մենք կ’ողջունենք վաստակաշատ հրապարակագիրն ու մատենագիտական քննարկումները, արժանի՝ յատուկ անդրադարձումներու:

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Պէյրութ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ