Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Անդրադարձ՝ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կոչին. Ականջ տուր սիրելի Սփիւռքահայ

Սիրելի Սփիւռքահայ,

Յուսանք կարդացած կ՚ըլլաք արդէն Հայաստանի ներկայ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին կոչը ուղղուած Սփիւռքահայութեան: Լուրջ և գործնական առաջարկ մըն է, յղուած պետական կարգով, ուր երաշխաւորութիւններ կ՚առաջադրուին մեր՝ Սփիւռքահայութեանս դիմաց:

Ակնածանքով շնորհաւորելի և գնահատելի կը գտնեմ Հայաստանի պետութեան երկրորդ բարձրագոյն ներկայացուցիչ՝ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանին Սփիւռքահայութեան ուղղուած կոչը, որ աշխարհատարած հայ համայնքներուն մէջ լայն արձագանգ գտաւ, ինչպէս կը տեսնենք հայ մամուլին մէջ:

Յաճախ կը լսենք տարաձայնութիւններ «այնտեղ կարևորութիւն տուող չկայ», «իրենք իրենց գործը գիտեն» և այլ պոռոտախօսութիւններ որոնք մտքեր պղտորած, գործարքներու և ներդրումներու արգելք հանդիսացած են և տակաւին կը ջանան պղծել համերաշխ գործակցական մթնոլորտը Հայաստանի և Սփիւռքահայութեան միջեւ:

«Նոր Օր» շաբաթաթերթի 43-րդ թիւով, 2016 թուականի Նոյեմբեր ամսուան 10-ին լոյս տեսած «Սփիւռքահայութեան պարտաւորութիւնները» խորագրով յօդուածին ստոյգ պատասխանն էր մեծայարգ Վարչապետին կոչը, որպէս երաշխաւորական առաջարկ համայն Սփիւռքահայութեան, փարատելու համար բոլոր տարակուսանքներն ու մտմտուքները հայրենիքի մէջ տնտեսական, գիտական և արդիւնաբերական այլ ներդրումներու հարազատ հրաւէրով:

Յատկանշական է առաջադրանքին գործունէութիւնը, ուր կը վերանայ բարերարութեան մակարդակը, անցնելու համար գործնական համատեղ աջակցութեան:

Ասկէ աւելի ի՞նչ կը փափաքէինք Սփիւռքահայերս:

«Կարևոր չէ քանի-քանի անգամներ լեզուդ խածած ես, սակայն ակռադ և լեզուդ նոյն բերնի անբաժանելի մասնիկները կը մնան», կամ՝ «հակառակ անոր որ մէկ աչքը միւսը չի տեսներ, սակայն երկուքով միասին աշխարհ կը տեսնես» կ՚ըսեն առածները, որոնց միակ բացատրականը կրնանք որակել որպէս ներողամտական արարք, որ մեզ կրնայ հետեւեցնել դէպի միացում:

Բարեկամներ ունիմ, որոնք արդէն իսկ կալուածներ և բնակարաններ կը գնեն հայրենիքի մէջ, այնտեղ հաստատուելու համար կամ՝ տարուան մէկ մասը այնտեղ անցկացնելու համար: Շատեր արդէն սովորութիւն ըրած են ամառները այնտեղ «անցընելու»: Բոլորին տպաւորութիւնները բարձր են: «Ուր որ երթաս հայերէն է», «շատ ապահով է», «հանգիստ և մանաւանդ՝ մատչելի է» և այլ գովասանքներ, որոնք խայտ կու տան հոգւոյս, զիս ոգեւորելով: Սակայն, այլ երեսակով տակաւին կը լսենք և կը տեսնենք սփիւռքահայեր, որոնք իրենց զանազան ներդրումներով հանդէս կու գան օտար միջավայրերու մէջ, մեր հայեացքներուն առաջ: Անշուշտ մեր հասանելիութենէն հեռու են ընդմիջելու մեր կարողութիւնները, մէկ խօսքով կամ մէկ արհամարհական հայեացքով զանոնք այպանելու կամ պախարակելու իրենց հակահայ և հակազգային արարքին համար: Բայց և այնպէս՝ իրականութիւնը կը մնայ ցաւալի, երբ անոնց առարկութիւնները կը դառնան խուսափողական կամ յանդիմանական: Ուստի, տեղի կու տաս, մթնոլորտը աւելի չթէժացնելու սիրոյն: Վերջ ի վերջոյ, կ՚ապրինք «ազատ» երկրի մէջ և երբ չենք կրնար հասկցնել, չենք կրնար ևս ստիպել:

Զարմանալիօրէն՝ հայրենիքի մէջ ներդրումներէն խուսափող կամ մերժող հատուածին մեծ մասը տարրեր են, որոնք իրենց յատուկ պայմաններով, հայաստանաբնակ կամ սփիւռքահայ, չեն կրցած համակերպիլ հայրենիքի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան հետ: Բացառութիւնները անշուշտ միշտ յարգելի եղած են և մանաւանդ՝ գնահատելի և օրինակելի:

Անոնք հաւանաբար ունեցած են դառն փորձառութիւններ նախորդ ժամանակաշրջաններուն, որոնք արգելք կը հանդիսանան իրենց ներկայ կացութեան կողմնորոշուելուն: Սակայն վեհանձնութիւնը պարտի տեղի տալ նման անհատներու որոշման հանգամանքներուն մէջ, երբ արդէն՝ Հայաստանի պետական իշխանութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ մը, յանձին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, կ՚ընդունի նախկինին երկուստեք կատարուած սխալները, ըլլան անոնք «առարկայական կամ ենթակայական գործօններու հետ», երաշխաւորելով՝ «գիտակցած ենք թերութիւնները և հերթական սխալները կրկնելու իրաւունք չունինք այլևս» հռչակագրով:  Նաև՝ խոստանալով ուղղել այդ բոլորը յանուն հայրենիքի բարեկարգման և բարգաւաճման: Առաջարկը հմայիչ և վստահութեան ներշնչում առթող հրաւէր է համայն հայութեան, որպէսզի բոլոր անոնք որոնք կարողութիւնը ունին տնտեսական ներդրումներ կատարելու այնտեղ, չզլանան իրենց առաւելութիւնները արգասաբերելու համար հայրենիքին մէջ:

Վստահութեան ներշնչումն ու երաշխաւորութիւնը անհրաժեշտ տուեալն է միատեղ գործակցութեանց, ուր պետութիւն մը, իր բարձրագոյն իշխանութեան կարգով, կը հրաւիրէ համայն սփիւռքահայութեան կառավարիչներ, մշակութային և մասնագիտական ոլորտներու ներկայացուցիչներ, բերելու իրենց նպաստը հայրենիքի բարգաւաճման և յարատևման ի խնդիր. խօսքը՝ վստահօրէն վերաբերելով նաև հայրենաբնակ գործարարներուն, իրենց գործարքներուն ներդրումներն ու եկամուտները զարգացնելով հայրենիքին մէջ միայն:

Շնորհակալութիւն պարոն վարչապետ:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ