«Քաջ Վարդանանց տօնն է այսօր,
Զայն կը տօնենք հայերս բոլոր…»
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Մերտինեան վարժարանի աշակերտութիւնը, Փետրուար ամսուան ընթացքին կարդաց, երգեց ու արտասանեց Վարդանանց նուիրուած գրութիւններ ու տաղեր, հիացաւ անոնց հաւատքի զօրութեան ու քաջութեան վրայ եւ ներշնչուեցաւ անոնց ոգիով։
Փետրուար 13, 2017-ին Բ. կարգի աշակերտները, ընկարակցութեամբ իրենց դասատուներուն՝ տիկիններ Լենա Էքմէքճեանի, Ալիս Տէր Գէորգեանի եւ Նինէլ Իրանոսեանի, այցելեցին «Արարատ» Տարեցներու տունը՝ հայ մամիկներու ու պապիկներու ներկայացնելու համար Վարդանանց հերոսներուն նուիրուած յայտագիր մը, որ անսահման հրճուանք պատճառեց անոնց։ Մեր փոքրիկ տղաքն ու աղջիկները արժանացան բարձր գնահատանքի։
23 Փետրուարին, Մերտինեանի աշակերտները յիշատակեցին Վարդանանց հերոսամարտի 1566-րդ տարեդարձը։ Բ. կարգի աշակերտները արտասովոր ուրախութեամբ տօնեցին «Վարդանի տարեդարձը», որուն ներկայ էր ինքը՝ Քաջն Վարդանը։ Ան իր ներկայութիւնը բացատրեց ըսելով՝ «Մի՛ զարմանաք, որ ես ձեր մէջ եմ. ես պիտի ապրիմ այնքան ժամանակ, որ հայ պատանիներ զիս կը յիշեն, կը սորվին հայոց պատմութիւնը եւ կը հետեւին իրենց նախահայրերու օրինակին»։ Յայտագրին առաջին մասը վերջ գտաւ յաղթանակի պարով մը։
Վարդանանց ոգեկոչման այս հանդիսութեան ներկայ էին վարժարանիս հոգաբարձական կազմի անդամներ եւ հիւրաբար Լոս Անճելըս գտնուող Վեր. Դոկտոր Վահան Թութիկեանը՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի վարիչ-տնօրէնը, որ նաեւ օրուան պատգամախօսն էր։ Ան մեծապէս գնահատեց աշակերտները՝ իրենց պատրաստած յայտագրին համար, ապա վեր առաւ Վարդանի եւ իր զինակիցներուն հայրենասիրութեան ու հաւատքի զօրութիւնը եւ անոնց անձնազոհութիւնը՝ «Վասն հաւատքի, վասն հայրենեաց»։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Լինա Արսլանեանը, որ իր կարգին շնորհաւորեց փոքրիկ դերակատարները եւ իր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնեց նախ այս աշակերտները հայու շունչով թրծող ուսուցչուհիներուն, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր ծրագիրներուն թիկունք կանգնող եւ սատարող ծնողներուն։
Համադրուած՝ Վարժարանի թղթակցութենէն