Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու Վարժարան. Վարդանանց տօնակատարութիւն

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Փետրուար ամսուն Վարդանի հոգին կը թեւածէր Հայ Քոյրերու վարժարանի երկնակամարին վերեւ, մինչ վարդանանց խորհուրդը կը դրոշմուէր իւրաքանչիւր աշակերտի մտքին ու հոգիին մէջ, անոնց սորվեցնելով պայքարիլ կամքի ազատութեան իրաւունքին համար:

 

Այս տարուան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2017-ին. առաւօտեան ժամը 9:00-ին սկսաւ աշակերտական Սուրբ Պատարագը, նուիրուած Աւարայրի մարտիրոսներու յիշատակին։ Օրուան պատարագիչն էր  Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան՝ Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Քանատայի Կաթողիկէ Հայոց, որ նախ բացատրեց աղօթքի տեսակները, ապա յորդորեց աշակերտները որ աղօթեն եւ աղօթքով զօրանան եւ դէմ դնեն ամէն տեսակի դժուարութիւններու, եզրափակելով օրուան խորհուրդով։

Երրորդ դասարանէն վեր բոլոր աշակերտները հաղորդուեցան վարդանանց քաջերու օրինակով եւ պատրաստուեցան մասնակցելու օրուան հանդիսութեան:

***

Պաշտօնական հանդիսութիւնը սկսաւ նոյն օրը յետմիջօրէին, վարժարանի Դանիէլեան սրահէն ներս ներկայութեամբ՝ մայրապետներուն, ծնողներու, հիւրերու, ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան: Օրուան հանդիսավարն էր դասատու Մարօ Գոյումճեան,  որ բացման խօսքով ներկայացուց հայոց պատմութեան այն շրջանը, ուր հայաստան բաժնուած էր երկու մեծ պետութիւններու միջեւ, թագաւոր չունէր բայց դժուար պայմաններու տակ հայ ժողովուրդը դարձեալ կրցաւ օրհասական պատերազմ մղել «վասն հայրենեաց եւ վասն կրօնի»:

Վարժարանի բոլոր դասարաններն ալ, սկսեալ Մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ, բեմ բարձրանալով յաղթանակի գիտակցութեամբ եւ հպարտանքով մեկնաբանեցին Վարդանի եւ 1036 նահատակներու նուիրուած արտասանութիւններ եւ երգեր, արդարացնելով իրենց դասատուներուն անդուլ աշխատանքը: Այս տարուան նորութիւնն էր ընտրողական դասարաններու պարախումբին ներկայացուցած հայ զինուորի յաղթական պարը, առաջնորդութեամբ ուսուցչուհի Կարին Օ.Գրիգորեանի։

 Հայ Քոյրերու վարժարանի Վարդանանց հանդիսութիւնը սակայն յատկանշական է իր Վարդանանց թատրոնով։ Ամէն տարի  երրորդ դասարանի աշակերտները կը պատրաստեն ու կը ներկայացնեն մեր պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար ճակատագրական նկատուող այս միօրեայ պատերազմը։

Այս տարի եւս հիանալի էին երրորդ դասարանի աշակերտները, որոնք արդարացուցին իրենց ուսուցչուհի՝ Մարօ Գույումճեանի բծախնդիր աշխատանքը։ Սքանչելի էր Գօգօ Հինտոյեան, որ իր բարկութեամբն ու գոռոզ ինքնավստահութեամբ դարձած էր իսկական Յազկերտ, Արին Քարազեան իր հաստատ ու կշռուած խօսքերով Վարդանն էր վճռակամ ու անվեհեր, Արին նաեւ իր «Հիմի էլ Լռենք» մեներգով դիւթեց ներկաները։ Նոյնն էր պարագան Մեղեդի Պաղտասարեանին՝ Ղեւոնդ Երէցի դերով, Շուշանիկի հայրենասիրութեամբ՝ ներկայացաւ Սարին Թերզեան, Լարա Հաննէեան՝ Վարդանի մայրը, որ մեռելներու մէջ կ’որոնէր իր Վարդանը, մինչ Իզապէլ Սապինա յուզիչ եւ հաղորդական վերացումով կը մեկնաբանէր «Լռեց Ամպեր»ը արցունքներ խլելով ներկաներու աչքերէն. միջոցին բոլոր աղջիկները մէջ ընդ մէջ երկլեզու պատմեցին հայոց արծիւներու անուրանալի խոյանքը, բոլորն ալ համոզիչ ձեւով ներկայացուցին իրենց վստահուած բաժինները:

Ոգեկոչման աւարտին խօսք առաւ հանդիսութեան հիւրաբար եւ որպէս մեծ ծնող ներկայ գտնուող Հոգեշնորհ Տէր Ղեւոնդ Քհն. Քարազեան եւ դրուատեց աշակերտներուն այսքան հայրենասիրութեամբ եւ խոյանքով կատարած ներկայացումը. ապա, անդրադարձաւ ճակատամարտի խորհուրդին եւ յայտնեց իր լաւատեսութիւնը ի տես հայ մանուկներու նուիրումին եւ հայ դաստիարակներու աշխատանքին:

Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Քոյր Լուսիա փակեց հանդիսութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով հայրենաւանդ ուսուցիչներուն եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիին, ապա «Տէրունական աղօթք»ի երգեցողութեամբ աշակերտները բաժնուեցան սրահէն։

 

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

(Յապաւումներով)

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ