Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր. Դրօշակի մասնագէ՞տ (Vexillologist)

Մեր ըմբռնումով, մասնագիտութիւնները կ՚ըլլան արհեստավարժ ասպարէզներու մէջ՝ ինչպիսին են բժշկութիւնը, երկրաչափութիւնը, իրաւաբանութիւնը եւ այլն։ Քսանմէկերորդ դարու ճարտարարուեստի արագ թաւալումին մէջ սակայն, կարծես մասնագիտութիւններ կը բուսնին քիչ մը ամէն տեղ։

Եւ ահա քեզի դրօշակի մասնագէտը… Սա լսուած բան է՞ր, ոչ։ Բայց եւ այնպէս՝ ո՛չ միայն դրօշակի մասնագէտներ կան, այլեւ անոնք հիմնած են ընկերակցութիւն մը, որ կը կոչուի «Հիւսիսային Ամերիկայի Դրօշակի Մասնագէտներու Ընկերակցութիւն»։

Դժբախտաբար այս խայտառակութիւնը հոս չի վերջանար, որովհետեւ վերոյիշեալ ընկերակցութիւնը նոյնիսկ հրատարակած է ուղեցոյց մը՝ դրօշակի ծրագրումի մասին, որ կը բաղկանայ 5 կանոններէ։

Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ են լաւ դրօշակի մը տուեալները, ըստ իրենց։ Անոնք կը խորհին, թէ դրօշակը պէտք է ըլլայ՝

            – պարզ,

            – իմաստալից,

            – գունաւոր,

            – յատկանշական,

            – առանց բառի։

Ուրեմն ըստ դրօշակի մասնագէտ Ռոմըն Մարսի, ծովահէններու դրօշակը (տես նկարը) լաւագոյն օրինակներէն մին է, որ գրեթէ կ՚ամբողջացնէ վերոյիշեալ տուեալները։ Առաւել, անցեալին՝ եւ ըստ իրենց, այդ դրօշակը ծառայած է մարդկանց այնքան վախցնելու, որ անոնք հրաժարած են կռիւ ընելէ։ Իսկ հեգնականօրէն այդ դրօշակը կոչուած է «Jolly Roger”, այսինքն՝ «Ուրախ Ռոճըր։»

Հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ որ դրօշակի մասնագէտ Ռոմըն Մարս անցեալ տարի դասախօսութիւն մը տուած է, որուն նիւթը եղած  է «Ինչպէ՞ս ծրագրել քաղաքի մը դրօշակը։» Անհաւատալի, բայց իրաւ…

Բնակարան՝ ծառի վրայ (Tree House)

Երբ այս վերնագիրը կարդացի, անմիջապէս մտաբերեցի փայտէ այն փոքրիկ տուները, որոնք կը կազմուին բնակարանի մը պարտէզին մէջ, որպէս երեխաներու սբօսավայր։

Սակայն այդ ենթադրութիւնս բոլորովին սխալ էր, հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ ինչու։

Ուրեմն, 65 տարեկան մեծ մայր մը՝ Շանի Չէսըր անունով, 1992-էն ի վեր կը բնակի տան պարտէզին մէջ գտնուող ծառի մը վրայ (տեսնել նկարը)։ Այդ տունը կը գտնուի Ֆլորիտա նահանգի Մայամի քաղաքի հիւսիսային մասին մէջ, իսկ ծառը կը բաղկանայ երկու յարկերէ։

Առաջին յարկին վրայ կը գտնուի նստասենեակ մը եւ խոհանոց մը, որ օժտուած է փուռով մը եւ ծորանոցով (sink) մը։ Նստասենեակին մէջ կայ բազմոց մը, որ կը ծառայէ որպէս անկողին` իր ընտանի կենդանի ջրարջին (raccoon), որու տարիքը երկու ամսական է:

 Իսկ երկրորդ յարկը՝ որ սանդուխներով կը բարձրացուի, կը ծառայէ որպէս ննջասենեակ։

Մինչեւ հոս ոչ մէկ անպատեհութիւն, սակայն եկուր տես որ քաղաքի պատկան մարմինները կը ստիպեն, որ ան դադրի հոն բնակելէ, քանի որ ապահով չէ։ Եւ անոնք մինչեւ իսկ սպառնացած են քանդելու ծառային այդ բնակարանը, եթէ մեր մեծ մայրիկը տեղի չտայ…

Հոս պէտք է աւելցնել, որ ան ցարդ 3,000 տոլարի տուգանք մը վճարած է, որուն վրայ կրնայ աւելնալ 7,000 տոլար եւս՝ եթէ մեր յամառ մեծ մայրիկը յամենայ մնալ հոն։

Առ ի պատասխան այդ սպառնալիքին, Շանի Չէսըր դիտել տուած է, թէ ան երբեք համամիտ չէ ծառային իր բնակարանէն հեռանալու եւ աւելցուցած է ըսելով, թէ ան պատրաստ է մինչեւ իսկ ինքզինք շղթայով կապելու՝ ծառին։

Դժբախտաբար տեղեակ չեմ, թէ այդ առճակատումը՝ եօթը միլիառ պիւտճէ հաշուող քաղաքային իշխանութեան եւ համեստ ապրելակերպ ունեցող մեծ մայրիկին՝ որ բորած (popcorn) ծախելով կը հոգայ իր ապրուստը, ո՞ւր հասաւ։    

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ